Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ ԼԵՄ Պատգամաւորական 30-րդ ժողովի
03 Մարտ 2026
ՀՅԴ ԼԵՄ Պատգամաւորական 30-րդ ժողովը, որ սկիզբ առաւ 28 փետրուար 2026-ին խոր մտահոգութեամբ անդրադարձաւ համաշխարհային վերջին զարգացումներուն եւ յատկապէս հայրենիքի մէջ կատարուած վերջին իրադարձութիւններուն:
Հայաստանի այսօրուան իշխանութեան հայատեաց մօտեցումը մերժելով` ՀՅԴ ԼԵՄ-ը կը դատապարտէ Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած ապազգային քաղաքականութիւնը, անոնց շղթայազերծած ապօրինի ձերբակալութիւնները, անարդար դատաքննութիւնները, ինչպէս նաեւ` Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ դէմ կատարուող լայնածաւալ հալածանքները: Արժանապատիւ կեանք մը կերտելու համար անհրաժեշտ է հաւաքական արժէքները վեր դասել անձնական շահերէն, յարգել խօսքի ազատութիւնը եւ գործել միայն ի խնդիր Հայաստանի ազատութեան, բարօրութեան եւ իսկական խաղաղութեան:
Աւելի՛ն. ՀՅԴ ԼԵՄ Պատգամաւորական 30-րդ ժողովը զօրավիգ կը կանգնի Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանի իշխանութեան ու միջազգային հանրութեան` հետապնդելու Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով դատապարտուած բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցը եւ ապահովելու անոնց տունդարձը: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը կը շեշտէ, որ իսկական խաղաղութիւն կը հաստատուի միայն այն ատեն, երբ հայ ժողովուրդը վերատիրանայ իր ամբողջական եւ արդար իրաւունքներուն:
ՀՅԴ ԼԵՄ Պատգամաւորական 30-րդ ժողովը նաեւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումներուն, որոնք կ՛ապացուցեն, որ համաշխարհային քաղաքականութիւնը սկսած է փուլ առ փուլ կերպարանափոխուիլ եւ ստանալ նոր ու անորոշ դիմագիծ մը: 28 փետրուարին Իրանի դէմ սկսած ամերիկեան-իսրայէլեան օդային յարձակումները ապացոյցն են այս իրողութեան: Այս բոլորին լոյսին տակ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներ կը գտնուին վտանգի եւ անորոշութեան մէջ, իսկ խաղաղութեան հաւանականութիւնը կը նուազի: Այս գծով ՀՅԴ ԼԵՄ Պատգամաւորական 30-րդ ժողովը իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Միջին Արեւելքի բոլոր հայ գաղութներուն եւ երիտասարդական միութիւններուն` յուսալով, որ այս դժուարութիւններն ալ կարելի կ՛ըլլայ շրջանցել, եւ միասնական բռունցքով ու աշխատանքով կարելի կ՛ըլլայ դիմագրաւել հայութեան դիմաց ծառացած բոլոր մարտահրաւէրները:
ՀՅԴ ԼԵՄ Պատգամաւորական 30-րդ ժողովը նաեւ քննեց լիբանանեան վերջին իրադարձութիւնները, յատկապէս` լիբանանահայ երիտասարդութիւնը յուզող հարցերը: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը` իբրեւ երիտասարդական թեւ եւ դաստիարակչական միաւոր, հետամուտ է այս բոլոր խնդիրներուն եւ պատրաստակամ է պահպանելու իր ինքնութիւնը, ազգային ու յեղափոխական դիմագիծը եւ յարատեւ աշխատանք կատարել իր շուրջ համախմբելու համար հայ երիտասարդութիւնը:
Հետեւաբար, այս բոլորը լուսարձակի տակ առնելով, ՀՅԴ ԼԵՄ Պատգամաւորական 30-րդ ժողովը կու գայ հաստատելու, որ Հայ դատի աշխատանքներէն մինչեւ հայկական գաղութներու պահպանում անհրաժեշտ է համայն հայութեան միասնականութիւնը եւ համագործակցութիւնը` յանուն մէկ եւ արդար նպատակի, յանուն արժանապատիւ խաղաղութեամբ կերտուած ամբողջական Հայաստանի:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ը` իբրեւ հայու արդար իրաւունքներու պաշտպան, միշտ եղած է եւ պիտի շարունակէ մնալ իր յառաջատար դիրքին վրայ մինչեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականի իրագործումը:
ՀՅԴ ԼԵՄ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ 30-ՐԴ ԺՈՂՈՎ
1 մարտ 2026թ.
