Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի շնորհաւորական նամակը Արցախի Հայ դատի գրասենեակի բացման առթիւ
06 Սեպտեմբեր 2021
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը, կ’ողջունէ Հ.Յ.Դ. Արցախի Հայ դատի գրասենեակի բացման կարեւոր նախաձեռնութիւնը, մաղթելով յաջողութիւն իր ազգանուէր առաքելութեան մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան յարատեւումը ու հայութեան արդար իրաւունքներու պահանջատիրութիւնը, կը հանդիսանան Հայ դատի աշխատանքներու կիզակէտը, որոնք անմիջականօրէն շաղկապուած են Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ժողովուրդի ապագային ու յարատեւութեան հետ:
Այս իսկ ըմբռնումով, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի գրասենեակի բացումը Արցախի մէջ, կարեւոր ներդրում պիտի բերէ, Հայրենիքի եւ Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու եւ շահերու վերահսկման աշխատանքին:
Արցախի Անկախութեան նուիրական թուականէն 30 տարիներ ետք, խիստ անհրաժեշտութիւն մըն էր Հայ դատի գրասենեակի մը ներկայութիւնը Արցախի Հանրապետութեան տարածքին, որ այլեւս իրականութիւն է: Մեր խոր հաւատքն է որ ան պիտի հանդիսանայ այն յենակէտը, ուրկէ Հայ դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու համաշխարհային ցանցը պիտի սնուցանուի ու ընդարձակէ իր գործունէութեան դաշտը:
Յաջողութեան մաղթանքներով՝
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբ