Քաղաքական բովանդակութեան վերադառնալու «Հայաստան» դաշինքի փորձը
20 Հոկտեմբեր 2021
Անդառնալիօրէն բեւեռացուած է պատմութեան մեր այս դարաշրջանը թէ՛ համաշխարհային եւ թէ՛ տեղական կեանքին մէջ: Այս բեւեռացումը յատկապէս մեր՝ հայ իրականութեան մէջ համատարած աւեր կը գործէ։ Բեւեռացում Հայաստանի մէջ, բեւեռացում Սփիւռքի ամբողջ տարածքին, բեւեռացում Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կործանարար չափերու հասած է։ Կը յանդգնիմ ըսելու, որ արդէն ունինք անբուժելի եւ վերջնական հետեւանքներ։
Այն, ինչ որ անցեալ տարիներուն կը դիտուէր իբրեւ սոսկ հռետորական պայքար մրցակից քաղաքական գաղափարներու եւ իտէալներու միջեւ, այսօր կրնայ աւարտիլ համապարփակ քաղաքացիական պատերազմով, ներսփիւռքեան սառը պատերազմով, Սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ պատերազմով։ Վերջին երեսուն տարիներու նէօլիպերալ գաղափարախօսութիւնը գործարկելու հայկական փորձերը` փաթեթաւորուած բաց ու թափանցիկ հասարակութիւն ստեղծելու ագրեսիւ մեթոտներով, այսօր յանգած են բոլորիս համար անըմբռնելի խառնաշփոթութեան մը։ Չքացած է իրարու նկատմամբ վստահութիւնը։
Անհանդուրժողականութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ, անձնական յարաբերութիւններէն սկսած մինչեւ քաղաքական, ընկերային յարաբերութիւնները հիւծած, հասած են ոսկորին։ Կա՛մ կը կոտրուին, կա՛մ ալ կը վերակերտուին։ Վերակերտման յոյսը այսօր նուազագոյնի հասած է։
Յունիսի 20-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Հայաստան» դաշինքի մասնակցութիւնը փորձ մըն էր` բան մը վերականգնելու, երկրին մէջ քաղաքացիին կամքէն անկախ տեղի ունեցող մութ գործարքներու վրայ լոյս սփռելու, ընդդիմութեան ձայնը քաղաքացիին հասցնելու։ Իշխանութիւններուն կողմէ պարտադրուող լռութեան պատը ճեղքելը կենսական էր, եթէ մտահոգ քաղաքացին կ’ուզէր ինչ-որ ձեւով կասեցնել հակապետական մոլուցքը։
Սակայն կային նաեւ երկու շատ կարեւոր նպատակներ`
1. ահազանգել կեղծիքի եւ սուտ-փաստահէն քաղաքականութեան վտանգներու մասին եւ բարձրացնել գիտակցութեան մակարդակը,
2. կրկին ներմուծել ներքաղաքական մերձեցման քաղաքականութիւնը, նորոգել մեր հասարակութեան անհատներու միջեւ իրարհասկացողութեան ուխտը եւ այդպէս չէզոքացնել մոլեռանդութեան, անդրդուելի ինքնահամոզուածութեան եւ եսաճշդութեան համատարած երեւոյթը, վերջ տալ սեւ-սպիտակին, հանդուրժողականութիւնը բերել առաջին պլան եւ հասնիլ հայութեան միասնական ուժերու լարման։
Սակայն ի՞նչ չափով այս նպատակներն իրագործուեցան, կամ հնարաւորութիւն կա՞յ դեռեւս իրագործելու՝ կը մնայ անորոշ։
Ի՞նչ տեղի ունեցաւ։ Ինչո՞ւ մեր հասարակութիւնն ընտրած է ինքնակործանման ճամբան։ Ինչպիսի՞ մեքանիզմներ ի գործ դրուեցան մեզ այստեղ հասցնելու համար։ Մենք ունինք պառակտուած, բզկտուած հասարակութիւն պատմական այս պահուն, երբ միասնական տեսիլք ունենալը հաց ու ջուրի պէս կենսական է։ Իրարու կը հակադրուին գաղափարախօսական այնպիսի էական սկզբունքներ, ինչպիսիք են ժողովրդավարութիւնը, ազգային գաղափարախօսութիւնը։ Իրարու կը հակադրենք բաներ, որ կարելի չէ հակադրել։
Փաստօրէն, ՀՅԴ-ի համար ազգային գաղափարախօսութիւնը անբաժանելի է ժողովրդավարութեան սկզբունքներէն. մեզ մօտ համադրուած են ազգայինը, ընկերվարականը եւ ժողովրդավարականը։ Սա սոսկ խօսք չէ. սա մեր էութիւնն է:
Կ’ընդգծեմ, որ անսակարկելի են ազգային տեսիլքը եւ ազգային գաղափարախօսութեան շաւիղը։ Այդ ինծի համար գոյութենական է։
Կա՛մ հայ ենք, կա՛մ չենք։ Այնպէս որ հոս քննարկման առարկայ չեմ դարձներ այդ մէկը։ Սակայն ժողովրդավարութիւնը, որուն կը հաւատամ հոգով եւ միտքով, մեզի համար ստեղծած է լուրջ խնդիրներ։ Ժողովրդավարութիւնը անդադար կատարելագործուող գործընթաց է, եւ աշխարհի ամէնէն զարգացած եւ ամէնէն ժողովրդավար երկիրները հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր կը բախին նորանոր
դժուարութիւններու։
Ի՞նչ իրավիճակ է մեզ մօտ։
Այո՛, մեզ մօտ ժողովրդավարութիւնը փխրուն, չկայացած համակարգ է, որ զարգացման կարիք ունի, եւ որ մինչեւ հիմա կը մնայ շահագործման առարկայ, քաղաքական խաղի գործիք։ Շահագործման եղանակները ամէն օր «ծաղկունք» կ’ապրին, աշխարհաքաղաքական շահերու գործիքի կը վերածուին։
Փաստօրէն, մեր հասարակութիւնը կանգնած է ժողովրդավարութեան եւ ժողովրդավարութեան հիմնարկներուն սպառնացող ե՛ւ դասական, ե՛ւ ոչ դասական վտանգներու առջեւ։ Մեզի քաջածանօթ եւ այժմ արդիականացուած ապատեղեկատուութեան, դաւադրութեան եւ տգիտութեան սպառնալիքներուն աւելցած է երրորդ վտանգը՝ անհանդուրժողականութիւնը, մոլեռանդութիւնը, սեփական քաղաքական համոզուածութիւնը, սեփական անսխալականութիւնը:
Մարդը առաջընթաց կ’ունենայ միայն այն միջավայրին մէջ, ուր առողջ քննադատութիւն կը տիրէ, կը զարգանայ համակարգի մը մէջ, որ կը խրախուսէ շինիչ տարակարծութիւնը: Այսօր մեր համակարգը թափանցած են թշնամիները, գրաւած են մեր հայրենիքը տարատեսակ մակարդակներու վրայ` դպրոցէն մինչեւ համալսարան, աշխատատեղերէն մինչեւ ընտանիք, քաղաքական կուսակցութիւններէն մինչեւ Ազգային ժողով ու կառավարութիւն։ Ամէն տեղ գլուխ բարձրացուցեր են մարդիկ, որոնք կը պնդեն իրենց համոզմունքի ճշմարտացիութիւնը։ Անոնց համար այլակարծութեան եւ տարակարծութեան տեղ չկայ, իսկ այլախոհները թշնամիներ են, սեւեր են, որոնք պէտք է վերացուին ամէն գնով, նոյնիսկ հայրենիքի կորուստի գնով։ Այս մոլեռանդութեան, քաղաքական անհանդուրժողականութեան հետեւանքներուն եւ վնասներուն մասին գիտենք բոլորս, նաեւ պարտաւոր ենք քննարկել զանոնք իրենց բոլոր երեսներով։
Կը թուի, որ խնդրահարոյցը միայն դաւադրութեան տեսաբաններն են, որոնք չեն կրնար իրականութեանը դիմակայել, վերլուծել եւ ընդունիլ գիտական փաստերը: Բայց դաւադրութիւնը մերկացնող՝ շղարշը պատռողներու մոլեռանդ համոզուածութիւնը նոյնքան խնդրահարոյց է եւ այդքան ալ չի տարբերիր դաւադրութեան տեսաբաններու անդրդուելի ինքնավստահութենէն: Քանի՞ անգամ փորձութեան մատնուեր ենք եւ այս կամ այն գիտական յօդուածը ուզած ենք ուղարկել մեր քրոջը կամ մօրը, բարեկամին կամ հարազատին, որ չի վստահիր կամ կը վստահի այս կամ այն քաղաքական գործիչին, օրինակի համար` քովիտ-19-ի դաւադրական յիմարութիւնները, պատուաստով մարդկանց «չիփաւորելու» մասին շրջող լուրերը, «Պայտընը հայերուն վերադարձուց Արեւմտեան Հայաստանը», «Մաքրոնը բալիստիկ զէնքեր վաճառեց հայոց բանակին» կամ «Թուրքիան ներողութիւն խնդրեց հայերէն» յիմարապատումները եւ այլն։
Ապատեղեկատուութիւնը այսօր եւս ժողովրդավարութիւնը խարխլող հիմնական սպառնալիք է։ Տեղեկատուական աներեւակայելի չափերու հասնող աղմուկին ու աղբին կողքին ուղղորդուած ապատեղեկատուութիւնը ազդեցիկ զէնք է հասարակութիւնը պառակտելու համար։ Թիրախը սովորական քաղաքացին է, կը կուրացնէ զայն, կը շեղէ անոր ուշադրութիւնը` սողոսկելով աւելցնելով անդրդուելիութեան, ամենագիտութեան եւ համոզուածութեան նոր տարրեր: Այս մոլուցքը կը հիւծէ մեզ, կը սպառէ մեր ուժերը, քաղաքականութիւնը կը տանի ամուլ բանավէճերու ծուղակ` նախկիններու, դիմակ կրելու եւ պատուաստի արգելքներու շուրջ ոչ բանական խօսակցութիւններու, Արցախը հայկական է, հայկական չէ, հողերը տալ կամ չտալ կեղծ օրակարգերու, այն պահուն, երբ հայ մարդը պարտաւոր է պատասխան տալ քաղաքական գերկարեւոր եւ անյետաձգելի խնդիրներու։ Մէկ կողմ ձգած ենք ժողովրդավարութեան տապալման, մարդու իրաւունքներու ոտնահարման, 2020-ի պատերազմի մութ երեսներու, բանակի կազմալուծման, անվտանգութեան չքացող համակարգի, բնակչութեան անվտանգութեանն առնչուող ամէնէն տարրական կարիքներու՝ ջուրի, ելեկտրականութեան, սնունդի անվտանգութեան, ապիկար իշխանութիւններու ձախողութիւններուն խնդիրները… շարքը երկար է։
Սակայն ժամանակը անգութ է. այս խնդիրները կը պահանջեն անյապաղ լուծումներ, բայց միեւնոյն ատեն ալ կը մնան անպատասխան։ Մեր ուշադրութիւնը կը շեղեն ապատեղեկատուութիւնը, անգիտութիւնը, տգիտութիւնը եւ մոլեռանդութիւնը։ Մեծ աւեր կը գործէ մոլեռանդութեան հասնող «ես գիտեմ, ես փաստարկներ ունիմ»-ի, բոլոր հարցերուն պատասխան ունենալու մոլուցքը։ Մեր հասարակութիւնը կարծես թէ բաղկացած է 3 միլիոն գիտուններէ, որոնք խիստ կառչած են արտայայտուելու իրենց իրաւունքին, սակայն կը հրաժարին այդ իրաւունքները իւրացնելու անհրաժեշտ պարտականութիւններէն եւ քաղաքացիական պարտաւորութիւններէն։ Այս անտրամաբանական իրավիճակը անդամալուծած է մեր երկիրը, եւ մարդիկ, քոյր, եղբայր, ծնողք, դրացի, համակերպուելով իրենց ձեռնաթափութեան, հեռուէն կը դիտեն՝ ինչպէս բոլորս միասին կը վազենք դէպի ինքնասպանութիւն։
Անհատ քաղաքացիին սորվեցուցինք, որ ինք իրաւունքներ ունի, բայց մոռցանք յիշեցնել իր պարտաւորութիւններուն մասին։ Սորվեցուցինք, որ իր խնդիրները ուրիշները պիտի լուծեն։
Իրաւունքի լուսաբանման այս գլխիվայր ներկայացումը ժամանակին լուրջի չառինք։ Անհատ քաղաքացիին՝ իր իրաւունքները իւրացնելու այն կազմակերպուած արշաւը, որ կար մեր երկրին մէջ վերջին 30 տարիներու ընթացքին, դժբախտաբար կը հետապնդէր այլ նպատակներ։ Այս մասին կասկած չկայ այսօր: Սակայն նայինք, թէ ինչ տեղի ունեցաւ, ինչպէս բաց հասարակութեան փոփերեան գաղափարախօսութիւնը աղաւաղուած ձեւով մուտք գործեց մեր երկիր։ Բաց հասարակութեան մտքի թերի գործարքը` դիտումնաւոր թերի, արդէն կու տայ իր լեղի պտուղները։
Նէօլիպերալ եւ յատկապէս փաշինեանական յեղափոխութենէն ետք քարթերը արդէն բաց են։ Այս ուժերը աւանդական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու քարոզչութիւնը եւ ազգային-պետական շահերու պաշտպանութիւնը կը համարէին վտանգաւոր իրենց ապրելակերպին համար եւ կը սերմանէին այն միտքը, որ իշխանութիւնները, «նախկինները» Հայաստանը տարած են անձնաւորուած բռնակալական կարգերու: Անոնք կը քարոզէին, որ այս բռնակալ, «թալանչի» մարդոց ազդեցութիւնը եւ կառավարման ոճը անհամատեղելի են ժողովրդավարութեան հետ, որ անոնք ամէն օր կ’ոտնակոխեն քաղաքացիին իրաւունքները, ընկերային փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, որ ընտանեկան բռնաբարութիւնը այս կամ այն ղեկավարին յանցանքն է։ Մէկ խօսքով` ժողովրդավարութեան անուան տակ փաթեթաւորուեցան ամէն տեսակի խնդիրներ, ներմուծեցին ինքնաքննադատութիւն, որ այս պարագային կը նշանակէր ազգային ամէն ինչ հարցականի տակ առնել։ Հարցականի տակ առնել պետական եւ հասարակական բոլոր կառոյցները, մերկացնել քաղաքացին եւ զայն յանձնել յորձանուտին։ Անհատապաշտութիւն սերմանելով հասնիլ հաւաքականի կործանման։
Ես հեռու եմ այն միտքէն, որ մեր երկրէն ներս 2018-էն առաջ կը տիրէր բացարձակ ճշմարիտ ժողովրդավարութիւն։ Ես ու իմ կուսակցութիւնը կը հաւատանք ու կը պաշտպանենք բոլորի՝ անհատի եւ փոքրամասնութիւններու անվիճելի իրաւունքները։ Սակայն ժողովրդավարական ոչինչ կար փաշինեանական այս շարժման մէջ. կար միայն ժողովրդավարութեան սկզբունքներու շահարկում, հայ մարդու հաւատքի եւ յոյսի շահարկում։
Հայաստանի մէջ երբեք, երբեք չէ ստեղծուած բաց հասարակութիւն։ Չկայ նաեւ հիմա։ Նպատակ չկար զայն ստեղծելու։ Դիպուկ էր փաշինեանական, այսպէս կոչուած, յեղափոխութենէն մի քանի ամիս անց «յեղափոխականներու» առաջարկը՝ բանալ յեղափոխութեան ցուցահանդէս, որ այցելուներուն պիտի տար այն խաբուսիկ համոզուածութիւնը, որ իրենք «յեղափոխութեան» զանգուածներու մասնիկ են:
Լուսանկարներու, թեքսթերու եւ այլ իրերու տեղադրումը նպատակ ունէր իւրաքանչիւր քաղաքացիի հնարաւորութիւն տալ ինքզինք տեսնելու որպէս յաղթանակի կենսական եւ անփոխարինելի տարր եւ այս ձեւով հակակշիռ ապահովելու, հաւատարմութիւն ապահովելու, բան մը, որ կրնար յառաջանալ նոյն քաղաքացիին մօտ, եթէ հնարաւորութիւն ունենար հակառակին մասին տեղեկատուութիւնը։ Ընդհանուր ուղերձը մանրակրկիտ մշակուած էր՝ քաղաքացիին մէջ յառաջացնել այն զգացումը, որ ինք ընտրեց իր սեփական ճանապարհը, բան մը, որ խորքին մէջ ունէր այլ հեռակայ նպատակ՝ ամրապնդել տարիներէ ի վեր մշակուող անհատապաշտութեան փորձը Հայաստանի մէջ:
Ըստ Փոփերի` բաց հասարակութիւն կը նշանակէ ընկերային բաց համակարգ։ Այսինքն` երթալ դէպի համակարգ մը, որ չունի վերջնական նպատակ եւ չի շարժիր ըստ որոշակի օրէնքներու: Այսօր, փաստօրէն, մենք կը դիմագրաւենք նէօլիպերալներու կողմէ ստեղծուած եւ, այսպէս կոչուած, բաց հասարակութեան մէջ ապրելու եւ արարելու դժուարութիւնները եւ անյարմարութիւնները, անոր ստեղծած, մեղմ ըսած, քաոսը։
Ի՞նչ է բաց հասարակութիւնը։
Ժողովրդավարութեան դասական աթէնքեան ըմբռնումով՝ «ո՞վ պէտք է իշխէ» հարցին պատասխանն էր «մարդիկ՝ դեմոսը, պէտք է իշխէ»: Իւրաքանչիւր քաղաքացի կարեւոր է: Քաղաքական որոշումները, ինչպիսիք են պատերազմը եւ խաղաղութիւնը, կ’ընդունուէին բոլոր լիիրաւ քաղաքացիներու ժողովին կողմէ: Սա այսօր կը կոչենք ուղղակի ժողովրդավարութիւն, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ աթէնքեան քաղաքացիները կը կազմէին բնակիչներու փոքր մասը: Այստեղ կարեւորն այն էր, որ գործնականին մէջ աթենացի դեմոկրատները իրենց ժողովրդավարութիւնը կը համարէին բռնակալութեան բացառման այլընտրանք, կամայական կառավարման կասեցում ժողովրդական քուէարկութեան ճամբով: Բայց անոնք շատ լաւ գիտէին, որ ժողովրդական քուէարկութիւնը կրնայ սխալիլ յատկապէս ամենակարեւոր հարցերու` պատերազմի եւ խաղաղութեան պարագային: Աթենացիները ճիշդ էին. այո՛, ժողովրդավարական հիմքերով քուէարկութիւնը կրնայ սխալիլ եւ տանիլ կործանման: Դժուար է, եթէ ոչ անհնար, ունենալ սահմանադրութիւն մը, որ հարիւր տոկոսով հասարակութիւնը կը պաշտպանէ սխալներէ:
Հակառակ անոր, որ ժողովրդավարութեան գաղափարը սնուցելու եւ փայփայելու ամէնէն ուժեղ արդարացումներէն մէկն այն է, որ սխալը կանխելու համար ժողովրդավարութիւնը հիանալի գործիք է, միայն գործիք եւ ոչ կառավարման աստուածային իրաւունք՝ տրուած ժողովուրդին: Յիշենք փաշինեանական «պողպատէ մանդատ»-ի մասին խօսքերը` ժողովուրդին կողմէ իրեն տրուած. «Ժողովուրդը մեզ ընտրեր է, ինչ ուզենք, կ’ընենք»-ի ոճը միայն ժողովրդավարութեան այլասերում է. Փաշինեանը իշխելու աստուածային իրաւունք չէ ստացած մեզմէ։
Եթէ ներկայի իշխանութիւնները որդեգրած են բաց հասարակութեան փոփերեան տարբերակը՝ բոլորիս ծանօթ եւ շահարկուած Սորոսի աշխարհայեացքի հիմքը, ապա պէտք է նայիլ, թէ ինչ կ’ըսէ նոյն ինքը` Փոփերը։ «Բաց հասարակութիւնը եւ անոր թշնամիները» գիրքով Փոփեր կ’առաջարկէ նոր հիմնախնդիր. ան նորը կը տարբերի հին՝ «ո՞վ պէտք է իշխէ» հարցէն։ Նոր խնդիրը ան կը ձեւակերպէ այսպէս. «Ինչպէ՞ս ստեղծել պետութիւն, ուր վատ իշխանաւորներէն հնարաւոր է ձերբազատուիլ առանց արիւնահեղութեան, առանց բռնութեան գործադրման (այստեղէն է նաեւ յեղափոխութիւններու` Արեւմուտքի կողմէ ստեղծուած «թաւշեայ» կամ «գունաւոր» անուանումները)։
Ըստ Փոփերի, ի տարբերութիւն հին հարցադրման, խօսքը միայն գործնականի մասին է, խնդիրը տեխնիկական է: Եւ ժամանակակից ժողովրդավարութիւնը ստեղծած է գործնական լուծումներու լաւ փորձեր, սակայն, ըստ Փոփերի, կայ մեծ խնդիր մը, այն է` արդի ժողովրդավար բոլոր հասարակութիւնները լուծումը կը տեսնեն պարզեցուած մէկ սկզբունքի մէջ, որ կարելի է չգործող կամ վատ գործող կառավարութիւն մը վար բերել ձայներու մեծամասնութեամբ:
Տեսականօրէն, սակայն, ժամանակակից ժողովրդավարութիւնը դեռ կը շարժի հին հարցադրումով՝ «ո՞վ պէտք է իշխէ»։ Եւ եկած են այն եզրահանգման, որ ժողովուրդն է (հայկական «ժող ջան»-ը)` ողջ չափահաս բնակչութիւնն է իրական, վերջնական եւ միակ օրինական իշխանատէրը: Բայց, իհարկէ, իրականութեան մէջ ոչ մէկ տեղ` ո՛չ Ֆրանսայի, ո՛չ Միացեալ Նահանգներու եւ ո՛չ ալ Շուէտի մէջ, վերը նշուած ժողովուրդն է, որ կ’իշխէ: Իրականութիւնը մէկ է` կը կառավարեն կառավարութիւնները (մեր քաղաքական այրերը, պաշտօնեաները, պետական ծառայողները, որոնց դժուար է, եթէ ոչ անհնար, պատասխանատուութեան ենթարկել իրենց վատ ու երբեմն վտանգաւոր արարքներուն համար):
Ի՞նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ կառավարման այս պարզ եւ գործնական տեսութիւնը։ Փոփերի բաց հասարակութիւնը գործնականի եւ ոչ թէ տեսութեան մասին է։ Նոր հարցախնդիր դնելով եւ բաց հասարակութեան լուծումը առաջադրելով` ժողովրդավարութեան փոփերեան ընկալումը ոչ թէ ժողովուրդի իշխանութեան տեսութիւն է, այլ օրէնքի գերակայութեան մասին է` հետապնդելով մէկ նպատակ՝ ապահովել գործող կառավարութեան անարիւն պաշտօնանկութիւնը ձայներու մեծամասնութեամբ։
Բաց հասարակութեան աղաւաղուած եւ ժողովրդավարութեան միրաժին դիմաց ո՞ւր է այսօր հայ մարդը։
Անցեալին հայ հասարակութեան կայունութիւնը եւ ազգային հաւաքական նպատակները կ’որոշուէին աստուածային հրամանագրով ու կ’ապահովուէին ազնուական տոհմերու կողմէ, աւելի ուշ՝ այլ կայսրութիւններու եւ ուժեղ պետութիւններու կողմէ։ Ժողովրդավարական կարգերու հաստատումը Հայաստանի անկախացումէն ետք հայ մարդը դրած է որպէս առանձին անհատ՝ երկրի կառավարմանը մասնակցելու դժուար ու անհանգստացնող պահանջին դէմ դիմաց։ Այս փոփոխութիւնը սովորական քաղաքացիին համար կ’ենթադրէ ծանր աշխատանք։ Անկէ կը պահանջուի անխոնջ ու անվերջ սորվիլ սեփական փորձ-սխալի վրայ: Եւ ուրեմն առաջընթաց ու արդիւնք ապահովելու համար անկէ կ’ակնկալուի հասարակական եւ պետական հիմնարկները շարունակական հարուածի տակ պահելու եւ զանոնք մաս-մաս քանդելու եւ նորոգելու գործընթաց:
Ժողովրդավարութիւնը իտէալական տեսլականի վարդապետութիւն չէ, եւ անոր յաջող իրագործումը կ’ենթադրէ իրական կեանքի մէջ փորձարկում։ Հայ մարդը հրաժարած է այս առաջադրանքէն եւ իր գործը վստահած՝ գունաւոր յեղափոխականներու։ Սորվիլ չ’ուզեր, քանի որ սորվիլը կը բացայայտէ իր իսկ թերութիւնները։ Բաց հասարակութիւնը անդառնալիօրէն կորսուած է. հայ մարդը որոշած է ընտրել պարտութիւն, անկում, ինքնագլխատում։
Իսկ ի՞նչ կը պատահի, եթէ ժողովուրդ մը որոշէ եւ ընտրէ բռնապետ։ Ի՞նչ կը պատահի, երբ անհաւանականը տեղի ունենայ այնպէս, ինչպէս պատահեցաւ մեզ մօտ։ Ի՞նչ պէտք է ընել, եթէ ժողովուրդը քուէարկէ ի նպաստ բռնապետութեան։ Փոփերի տեսութիւնը իհարկէ կը խուսափէ այս եւ այլ երկուութիւնները քննարկելէ։ Հայրենի իշխանական շրջանակները կը հաւաստիացնեն, որ այդպիսի բան տեղի չ’ունենա, եթէ քուէարկութիւնը ազատ ըլլայ: Բայց չէ՞ որ այս մէկը տեղի ունեցեր է բազմաթիւ անգամներ։ Եւ տեղի ունեցաւ 2018-ին, 2021-ին։
Պատասխանը մեր աչքերուն առաջ է ամէն վայրկեան, արդէն գիտենք. հայրենիքի կորուստ, մահ, պարտութիւն, աղքատութիւն, քայքայուած պետական հիմնարկներ, հետզհետէ աւելի անհանդուրժող դարձող իշխանաւորներ եւ հասարակութիւն մը, որ բեւեռացուած իր դիրքերէն չի գիտեր ինչպէ՞ս վերադառնալ իրական կեանք։
Տարբեր երկիրներ ունին սահմանադրութիւններ, որոնց մէջ խնդիրը դիմագրաւելու համար շարադրած են խիստ պահանջներ` շատ աւելի, քան ձայներու մեծամասնութիւնը։ Սահմանադրական դրոյթները բարեփոխելու կամ փոխելու համար, օրինակ, կը պահանջուի, այսպէս ըսած, որակեալ մեծամասնութիւն: Նման պահանջը ցոյց կու տայ մէկ բան, որ սահմանադրութիւնը կը նախատեսէ նման փոփոխութիւն։ Սակայն չունի պատասխան «Ո՞վ պէտք է իշխէ» հարցին։ Ինչպէ՞ս կրնանք լաւագոյնս խուսափիլ այն իրավիճակներէն, երբ վատ իշխանաւորը չկարենայ մեծ, չափազանց մեծ վնաս պատճառել։
2021 թուականի յունիսի ընտրութիւնները մեր երկիրը տարին անելի վիճակի։ Մեզի յայտնի լաւագոյն լուծումը Սահմանադրութիւնն էր, որ թոյլ կու տայ մեծամասնութեան ձայներով հեռացնել կառավարութիւնը, սակայն Սահմանադրութիւնը չի խոստանար, որ մեծամասնութեան ձայները միշտ ճիշդ կ’ըլլան։ Փաստը կը մնայ այն, որ ժողովրդավարական այս ոչ կատարեալ կարգը մինչ այժմ յօրինուած կարգերէն լաւագոյնն է: Եւ եկէք ընդունինք, որ արժէ՛ պայքարիլ ժողովրդավարութեան համար, թերեւս նաեւ մեռնիլ անոր համար: Սա է «Հայաստան» դաշինքին առաքելութիւնը։
Հիմա արդէն մեր երկրին մէջ նորմալ ժողովրդավարութիւն չունինք։ Սկսած ենք ապրիլ կառավարման բռնապետական պայմաններու մէջ, իսկ բռնապետներուն կարելի չէ հեռացնել առանց արիւնահեղութեան։
Մեզի համար կայ ընդամէնը երկու այլընտրանք՝ կա՛մ բռնապետութիւն, կա՛մ ժողովրդավարութեան ինչ-որ ձեւ: Մեր ընտրութիւնը հիմնաւորենք բացառապէս բռնապետութեան չարիքի անընդունելիութեան թեզով: Եւ դա ոչ միայն այն պատճառով, որ բռնապետը հակուած է չարաշահելու իրեն վստահուած իշխանութիւնը, այլեւ այն պատճառով, որ բռնապետը, նոյնիսկ բարեհոգի բռնապետը, որ ամէն վայրկեան կը յայտարարէ, որ «սիրում է» մեզ, ծունկի կու գայ մեր առջեւ, չի վարանիր մեզի՝ միւսներուս զրկելու պատասխանատուութենէ եւ հետեւաբար մեր իրաւունքներէն ու պարտականութիւններէն:
Այսօր մեր ձեռքէն խլած են մեր իրաւունքներն ու պարտականութիւնները։ Սա բաւարար հիմք է` պայքարելու ժողովրդավարութեան համար, այո՛, օրէնքի գերակայութեան համար, որ մեզի հնարաւորութիւն կու տայ ձերբազատուելու այս կառավարութենէն: Ոչ մէկ մեծամասնութիւն, ինչքան ալ «մեծ» ըլլայ ան, չի կրնար որակեալ ըլլալ օրէնքի գերակայութիւնը շրջանցելու համար:
Սյուզան Խարտալեան