Ընկ. Սագօ Սարգիսեանի յիշատակի օրն է
22 Նոյեմբեր 2021
37 տարիներ առաջ այս օրուան պէս, Լոս Անճըլըսի մէջ, ընկեր Սագօ Սարգիսեան, 1981-1984 Բիւրոյի Երիտասարդական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն հրաժեշտ կու տայ կեանքին, 39 տարեկան հասակին:
Ընկեր Սագօն ծնած էր Լիբանան, փոքր տարիքէն անդամակցած էր ՀՄԸՄ Սկաուտական միաւորներու, ՀՅԴ Աշակերտական Միութեան եւ ետքը 1965-ին ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան, Ընտրուած էր Լիբանանի ԿԿ անդամ եւ ապա 1981-ին ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովին՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ստանձնած Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատուութիւնը:
Իր ճիգերուն շնորհիւ` հիմը դրուեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու կեդրոնական օրկան` «Կայծեր» պարբերականին: Ինքն էր նախաձեռնողը ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու համագաղութային երկու բանակումներուն (առաջինը` Յունաստանի մէջ, 1983-ին եւ երկրորդը` Ֆրանսա, 1984-ին) եւ երկու համագումարներուն գրեթէ նոյն տարիներուն: Ան այդ շրջանին մղուած հակաթուրք պայքարին մէջ կարեւոր դեր ունէր:
Ընկեր Սագօն գաղափարապաշտ էր, աշխատասէր, խստապահանջ եւ վճռական, նոյնիսկ տագնապալի օրերուն յուսահատական արտայայտութիւն չէր լսուեր իրմէ:
Այսօր, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը պատկառանքով կը յիշէ սիրելի ընկերոջ:
Եւ եթէ մեր հետ ըլլար ան արդեօ՞ք ինչ պիտի յանձնարարէր հայ ազգին այս խայտարակ պայմաններուն ի տես:
Չյուսալքուիլ, անսահման նուիրումով եւ անկեղծութեամբ անդուլ պայքար մղել հայ ժողովուրդի շահերն ու իրաւունքները ոտնահարող քաղաքականութեանց ու թշնամիներուն դէմ: Բնաւ չընկրկիլ մեր իտեալներուն առջեւ: