ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Նետերլանտներու Դեսպանին
25 Նոյեմբեր 2021
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 24 նոյեմբերին Լիբանանի մէջ Նետերլանտներու դեսպան Հանց Փիթըր վան տեր Վուտէի յղեց նամակ մը, որուն մէջ ողջունեց 23 նոյեմբերին Նետերլանտներու խորհրդարանին կողմէ հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան ու հայ գերիներու վերաբերեալ երկու բանաձեւերու որդեգրումը:
Խորհրդարանը բանաձեւերէն մէկուն ճամբով երկրի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` Եւրոպական Միութեան հետ աշխատելու Հայաստան-Ազրպէյճան հակամարտութեան փաստերուն վերաբերեալ անկախ հետաքննութիւն կատարելու համար եւ կարճ ժամանակահատուածի մէջ այդ աշխատանքի արդիւնքներուն մասին զեկուցելու խորհրդարանին: Երկրորդ բանաձեւը, որուն մէջ կը յիշատակուին Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու, ազատ խօսքի, մամուլի ազատութեան հարցերուն մէջ առկայ լրջագոյն խնդիրները, անդրադարձ կը կատարէ նաեւ Ազրպէյճանի մէջ մինչեւ օրս պահուող հայ պատերազմական գերիներուն:
Մարմինը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց, որ այդ իրողութիւնը պատերազմական գերիներու վերաբերեալ Ժընեւի հռչակագիրին բացայայտ խախտում մըն է:
Հաշուի առնելով 15 դեկտեմբերին նախատեսուած Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին Եւրոպական միութեան արժէքներէն հեռու եղող Ազրպէյճանի մասնակցութիւնը` Նետերլանտներու խորհրդարանը կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան բանակցութիւններու ընթացքին հետեւութիւններ ընելու վերոնշեալ իրավիճակներէն:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր գնահատանքը արտայայտեց Նետերլանտներու խորհրդարանի կողմէ նշեալ բանաձեւերու որդեգրման համար` յոյս յայտնելով, որ Նետերլանտներու կառավարութիւնը կ՛ընդառաջէ երկրի օրէնսդիր մարմինի այս յստակ ու արդար կոչին:
Հայ դատի մարմինը նաեւ այս գծով տեղեկատուութիւն փոխանցեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն:
aztagdaily.com