ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպութեամբ բողոքի ցոյց Վանգուվըրի մէջ
02 Դեկտեմբեր 2021
Երեքշաբթի, 30 Նոյեմբեր 2021ին Հ.Յ.Դ. Գանատայի Երիտասարդական Միութեան «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի անդամները իրենց ձայնը միացուցին Գանատայի միւս շրջանններու մասնաճիւղերուն հետ եւ կազմակերպեցին բողոքի ցոյց՝ ի զօրակցութիւն Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարոիւած հայ զինուորներուն:
Բողոքի ցոյցը տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 6:30ին (Metropolis at Metrotown) շուկային մէջ եւ շրջակայքը:
Ցուցարարները Ատրպէյճանի բռնարարնքերը դատապարտող կոչեր հնչեցնելով եւ շղթայուած արշաւելով, օտար հանրութեան ծանօթացուցին թուրք-ատրպէյճական բռնութիւնները:
ՀՅԴ Սիմոն Վրացեան Կոմիտէութեան Լրատուական Յանձնախումբ
horizonweekly.ca