Յ. Բագրատունի. «Մենք Յանձնառու Ենք Պահելու Լիբանանի Հայութիւնը Իբրեւ Ուժեղ, Խիզախ, Գոյատեւող Հաւաքականութիւն»
14 Դեկտեմբեր 2021
ՀՅԴ 131-ամեակի Հանդիսութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը․
Եւ այսպէս,
130 + 1 տարեկան է ՀՅ Դաշնակցութիւնը:
Հրամայական կարիք էր եւ պահանջ` անոր ծնունդը, յեղափոխելու համար հայ ժողովուրդի ստրկացած հոգեվիճակը ու զայն ազատագրելու իր հողն ու տունը, հոգին ու միտքը գրաւած, իր պատիւը բռնաբարած զաւթիչ բռնատիրութենէն:
13 տասնամեակ եւ տարի մը, Սասնոյ լեռներէն մինչեւ Արցախ, Կոստանդնուպոլսէն մինչեւ Երեւան, Ցեղասպանութենէն մինչեւ մայիս 28, Դաշնակցութիւնը եղաւ մի՛շտ իր ժողովուրդին կողքին, առաջին դիրքերու վրայ, խրամներու մէջ եւ բլուրներու գագաթին, բռունցքը բարձր եւ բազուկը պիրկ` հարուածելու հայ ժողովուրդի թշնամիները, ուր որ ալ գտնուին, միշտ բարձր պահելով հայ ժողովուրդի ու անոր հայրենիքին ազատութեան դրօշը, սրբագրելու պարտադրուած քարտէսները, ազատագրելու ստրկացած հոգին եւ թումբ կանգնելու ապազգայնացումի առաջնորդող ամէն տեսակի օտար, թէկուզ եւ պսպղուն փաթեթով ներմուծուող կասկածելի եւ մոլորեցնող գաղափարներու դէմ:
1 դար, երեք տասնամեակ եւ 1 տարի հայութեան պարտադրուած սփիւռքի, սփիւռքացած մեր ժողովուրդին առօրեայ կեանքին հետ եւ անոր կեանքին մէջ եղաւ Դաշնակցութիւնը` Միջին Արեւելքի երկիրներու գաղթակայաններէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա, Աւստրալիայէն մինչեւ Իրան, Միացեալ Նահանգներէն ու Քանատայէն մինչեւ Արաբական ծոց ու Եւրոպա, ապրեցաւ տարբեր ժամանակահատուածներու գաղթականական տեղաշարժը, մեր ժողովուրդին հետ ապրեցաւ իւրաքանչիւր երկրի քաղաքական, տնտեսական վերիվայրումները, հսկայական դերակատարութիւն ունեցաւ նոր գաղթաշխարհի հայ կեանքի կազմակերպման, գոյատեւման եւ զարգացման գործընթացին մէջ:
131 տարեկան այս անխոնջ կուսակցութիւնը եղաւ առաջին դիրքերու վրայ, երբ հաւաքական մեր գոյութիւնը վտանգուեցաւ տարբեր շրջաններու մէջ: Լիբանան, Սուրիա, Իրան պաշտպանական իր առաքելութեան ծառայ մեր աննման տղոց նահատակութիւնը վկա՛յ:
Եղաւ հո՛ն, ուր ժողովուրդը կանչեց զինք:
Եղաւ հո՛ն, ուր ցեղին ձայնը կանչեց զինք:
Եղաւ հո՛ն, ուր կարիք կար:
Դպրոց կառուցեց եւ եկեղեցւոյ գմբէթին խաչը պաշտպանեց:
Հայ մշակոյթը տարածեց եւ երիտասարդութեան առողջութեամբ ու զայն մոլորութիւններէն հեռացնելու համար մարմնակրթութեամբ զբաղեցաւ:
Հայ մարդուն առողջութեամբ եւ ընտանիքի բարօրութեամբ մտահոգ` ձեռնարկեց մարդասիրական, բարեսիրական կառոյցներու հաստատման:
Պաշտպանեց հայութիւնը հաւաքաբար, ու հաւաքականութեան ընդմէջէն իւրաքանչիւր հայ անհատ եղաւ իր հոգածութեան առարկան:
Ու չմոռցաւ թշնամին: Չմոռցաւ, չէր կրնար ու չի կրնար մոռնալ հայութեան բնաջնջումը ծրագրող եւ գործադրութեան դնող Թուրքիան: Պատժելով Ցեղասպանութեան պատասխանատուները, համակ ուժի վերածուեցաւ` հետապնդելու հայ ժողովուրդի իրաւունքները, Ցեղասպանութեան ճանաչումը, հատուցելու վնասը եւ վերադարձնելու գրաւուած հողերը: Ու այդ ճամբուն վրայ հանգիստ ու դադար չճանչցաւ: Երիտասարդ թէ երէց, կին թէ այր մարդ, բանուոր եւ ուսանող` բոլորը լծեց աշխատանքի, սրբազան աշխատանքի եւ այդ ճամբուն վրայ ազատութեան բագինին տուաւ թանկագին զոհեր:
Ամբողջ 131 տարի յարատեւ պայքար` ամէն ճակատի վրայ: Խանասորի արշաւանքէն ու Պանք Օթոմանի գրաւումէն մինչեւ Արցախի ազատագրում, ֆետայական խումբերէն ու «Նեմեսիս»-էն մինչեւ ազատամարտիկներու գումարտակ եւ պայքար` յանձնուողական ու պարտուողական տարատեսակ իշխանաւորներու, ուժերու եւ կամովին թէ ակամայ գործիքի վերածուած գիտակից ու անգիտակից տարրերուն դէմ:
Այսպէ՛ս է Դաշնակցութիւնը ամբողջ 131 տարի:
Եւ որովհետեւ անկախապաշտ ու ազատատենչ կուսակցութիւն է, եւ որովհետեւ գաղափարական ինքնուրոյն ուժ է, եւ որովհետեւ դժուար ու եզակի տեսակի կազմակերպութիւն է, դիմացած է, ապրած է ու կը շարունակէ ապրիլ մեր ժողովուրդին սրտին ու հոգիին մէջ, ապրած է ու կը շարունակէ ապրիլ մեր ժողովուրդին զաւակներուն մտքերուն մէջ:
Ու որովհետեւ այդպիսին է, կողքի դաշոյն եղած է բոլոր անոնց, որոնք անոր գոյութիւնը նկատած են իրենց հանգիստը խանգարող, իրենց նպատակներու իրականացումը խոչընդոտող ուժ:
Ու որովհետեւ այդպիսին է, ենթակայ եղած է մնայուն հալածանքի: Հարուածներ ստացած է ամէնուրեք: Դաշնակցութեան լաւագոյն տղերքը հալածուած են: Սպաննուած են, կացինահարուած են, դաւադրաբար ահաբեկուած կամ առեւանգուած են: Բանտերը նետուած են: Դաշնակցութեան յուղարկաւորութիւն կազմակերպուած է: Անուանարկած ու վարկաբեկած են պատասխանատուները: Ստապատիր զրպարտութիւններով մոլորած են մեր ժողովուրդը:
Անոնք եղած են թուրք եւ ազերի:
Եղած են օտար պետութիւններ եւ անոնց գաղտնի սպասարկութիւններ:
Եղած են գաղութներու մէջ պտտող օտար եւ հայանուն գործակալներ:
Եղած են հայ դաւաճաններ:
Եւ հակառակ այս բոլորին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ապրեցաւ 131 տարի:
Ու պիտի ապրի մի՛շտ:
Կա՛նք ու կը մնա՛նք, այնպէս` ինչպէս կան ու կը մնան Հայաստանն ու Արցախը, կա՛յ ու կը մնա՛յ հայ ազգը:
Այսօր, հոս, միասին ենք դարձեալ:
1902-ին դաշնակցական առաջին խումբը կազմուած է Լիբանանի մէջ:
131 տարեկան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը այսօր 119 տարեկան է:
Օսմանեան գրաւումի օրերուն Պէյրութի մէջ հաստատուած Դաշնակցութիւնը այսօ՛ր, փաստօրէն, լիբանանեան ամենահին կուսակցութիւնն է, որ կը շարունակէ գործել ի խնդիր Լիբանանի եւ հայութեան:
Ամբողջ 119 տարի ՀՅ Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ ոչ իսկ վայրկեան մը եղած է առանձին, այլ` տեւաբար իր ժողովուրդին հետ, ու ոչ իսկ վայրկեան մը մեր ժողովուրդը առանձին ձգած է Դաշնակցութիւնը:
Ա. Համաշխարհային պատերազմ, Ցեղասպանութիւն, բռնի տեղահանութիւն եւ հայութեան հոսք` Լիբանան, ֆրանսական հոգատարութիւն, 1943` Լիբանանի անկախութիւն, 1958-ի դէպքեր, վաթսունական թուականներու անկայունութիւն, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը` մինչեւ ԹԱԷՖ, հայկական ինքնապաշտպանութիւն եւ դրական յանձնառու չէզոքութիւն, պատերազմի աւարտ եւ քաղաքական վերիվայրումներ, Տոհայի համաձայնութիւն ու այնուհետեւ, մինչեւ այսօր, տագնապահար Լիբանան եւ անշնչելի կացութիւն… Միշտ Դաշնակցութիւնը իր կիզակէտը դարձուցած է Լիբանանի հայութեան պաշտպանութիւնը եւ ստանձնած` անոր ազգային, հասարակական, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, կենցաղային, կրթական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական, երիտասարդական եւ ուսանողական կեանքի կազմակերպման ու զարգացման, Հայ դատի հետապնդման հիմնական դերակատարութիւն` միշտ նկատի ունենալով հայկական կուսակցութիւններու, միութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ հայ անհատներու դրական դերակատարութիւնը:
119 տարի եղած ենք միասին:
Միասին էինք երէկ:
Միասին ենք այսօր:
Այսօրը սակայն տարբեր է անցեալէն:
Ահաւոր կերպով տագնապալի է Լիբանանի վիճակը: Անորոշութիւն է ամէնուրեք: Վերջին տարիներու շարունակական տագնապները երկիրը հարուածեցին` ընկճելով լիբանանցի քաղաքացին, որուն համար հացն ու ջուրը, ելեկտրականութիւնն ու վառելանիւթը, երեխայի կաթն ու կրթութիւնը վերածուեցան կեանքի առաջնահերթութեան, լիւքսի, մինչ այլապէս անոնք բնական իրաւունք են ոեւէ քաղաքացիի:
Տասնամեակներէ ի վեր քաղաքական վերնախաւի, ելեւմտական ու տնտեսական անկուշտ գործատէրերու, կրօնական թէ տեղեկատուական մարզի ու դրամատնային հաստատութեանց սանձարձակ անհեռատես գործունէութիւնը առաջնորդեցին այսօրուան անել վիճակին: Փտածութիւն, պետական գանձի յափշտակութիւն, նիւթական զեղծումներ, օրէնսդրութեան եւ հաշուետուութեան բացակայութեամբ քողարկուած գումարներու արտահանում` երկիրը վերածեցին անշնչելի միջավայրի, որուն բնական հակազդեցութիւնը պէտք էր ըլլար քաղաքացիական պոռթկում:
Ու երբ 17 հոկտեմբեր 2019-ին բռնկեցաւ փողոցը, յոյսը վերադարձաւ: Ու մենք զօրակցեցանք ու հաւատացինք: Դժբախտաբար, սակայն, յոյսը արագօրէն անշքացաւ: Բացառաբար համայնքային բաժանումներով ղեկավարուող այս երկիրը շատ արագ վերադարձաւ հացն ու կաթը համայնքայնացնելու ենթահողին ու դուռը լայն բացաւ օտար միջամտութիւններու, քաղաքական հաշիւներով պայմանական օժանդակութիւններու ամբողջ պետականութիւնը հարուածելու, հաւաքական հեղինակազրկումի ծրագրուած գործընթացի: Արդար պոռթկումը վերածուեցաւ խափանարարական աքթերու, դարձեալ հարուած ստացաւ տնտեսութիւնը, ստեղծուեցան քաղաքական անել ու պետութեան բացակայութիւն:
Վրայ հասան «Քորոնա» համաճարակը ու 4 օգոստոս 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստի ոճրային պայթումը:
Լիբանանցին յոգնած է այլեւս:
Ընկճուած ենք բոլորս անխտիր:
Ընդհանուր յուսալքում կը տիրէ ամէնուրեք:
Խուճապային տրամաբանութիւնը եղած է համատարած:
Իսկ յուսալքումի եւ խուճապի մատնուած անհատը կրնայ միայն խուճապային մտածողութեամբ առաջնորդուելով` սխալ ընտրանքներու կամ որոշումներու հասնիլ:
Ու հոս հարկ կա՞յ յիշեցնելու մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, որ առանձին չէ:
Հարկ կա՞յ յիշեցնելու, որ 131 տարի իր ժողովուրդին հետ եղած Դաշնակցութիւնը աշխարհով մէկ եւ 119 տարի Լիբանանի մէջ գործող Դաշնակցութիւնը աւելի քան երբեք իր ժողովուրդին կողքին է հոս, Լիբանանի մէջ` Թրիփոլիէն Այնճար, Զահլէ եւ Ռայաք, Պաթրունէն Ժիպէյլ, Անթիլիաս, Մեթնի բարձունքներ, մինչեւ ծովեզերեայ շրջաններ, Պուրճ Համուտ, Քարանթինա թէ Էշրէֆիէ, Պէյրութի արեւմտեան շրջաններ թէ հարաւային արուարձաններ եւ հո՛ն, ուր մէկ հատիկ հայ կայ` թէկուզ օտարացած, թէկուզ հայութենէ հեռացած, թէկուզ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հարուածած, անարգած կամ անոր պատասխանատուները վարկաբեկած:
Հարկ կա՞յ յիշեցնելու, որ տասնամեակներ ամբողջ իր ժողովուրդին հետ ցաւն ու ուրախութիւնը բաժնեկցած, անոր սիրոյն նահատակներ տուած, իր հայրենակիցներուն առողջութեան համար դաշնակցական երիտասարդներուն առողջութիւնը վտանգած այս կուսակցութիւնը է՛ եւ կը մնայ իր ժողովուրդին կողքին:
Խնդիրը նիւթական, կենցաղային, կրթական, առողջապահական, ուտեստեղէնի, վերաշինութեան կամ առօրեայ պետական կարգադրութիւններու մէջ չի կայանար:
Մենք յանձնառու ենք մեր ժողովուրդի պահպանման: Փաստը տուած ենք, գործը ինքը լաւագոյն փաստն է:
Այո՛, պիտի ըլլան կոյրեր, որ չտեսնեն փաստը:
Պիտի ըլլան խուլեր, որ չլսեն, թէ ժողովուրդը առանձին չենք կրնար ձգել:
Պիտի ըլլան համրեր կամ վճարուած լռակեացներ, որ պիտի չուզեն արտայայտուիլ այն բոլորին մասին, որ լաւ գիտեն:
Պիտի ըլլան շահագործողներ, պատեհապաշտներ, առեւտրական ցեցեր, հայկական արեւելումը մերժող հոսհոսներ, որոնք պիտի փորձեն ջուր խառնել Դաշնակցութեան գործով հրամցուած գինիին:
Բայց միշտ եղած են ու միշտ պիտի ըլլան այդպիսիներ:
Մեր ժողովուրդին ցաւն ու տառապանքը կարելի չէ շահագործել, ո՛չ ալ քաղաքական հաշիւներու ծառայեցնել:
Եթէ կը լռենք, կը հանդուրժենք, կ՛ամբաստանուինք կամ ցեխարձակումներու կ՛ենթարկուինք եւ չենք պատասխաներ, այդ չի նշանակեր, որ ճշմարտութիւններ են ըսուածները:
Տեւաբար մեր ժողովուրդին կողքին ըլլալու դաշնակցական դպրոցին մէջ սորված մեր առաքելութիւնը, մեր ժողովուրդին ծառայելու, զայն պաշտելու չափ զոհաբերուելու մեր հաւատքն է, որ մեզ կը պահէ լուռ, որովհետեւ կը ձգտինք վնասազերծել Լիբանանի հայութեան համար լարուած թակարդները եւ կանխել որեւէ վտանգաւոր եղելոյթ:
Պարզապէս կ՛ըսենք ու կ՛անցնինք:
Ու դարձեալ կը կրկնենք:
Մեր ժողովուրդը առանձին չէ:
Լիբանանահայութեան զօրավիգ է սփիւռքը ամբողջ, Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետն ու բոլոր թեմակալ առաջնորդները, Դաշնակցութեան բոլոր կառոյցները` Արցախէն Հայաստան մինչեւ հոն, ուր դաշնակցական խումբ գոյութիւն ունի: Մեր հետն են Հայաստան եւ այլուր ապրող մեր բարեկամները, ուղեկից միութիւնները:
Դուք առանձին չէ՛ք, սիրելի՛ ժողովուրդ:
Համայն հայութիւնը եւ մենք ձեր կողքի՛ն ենք:
Աշխարհատարած հայութիւնը գիտէ Լիբանանի առանձնայատկութիւնն ու Լիբանանի հայութեան կարեւորութիւնը: Մեր տկարացումը կը տկարացնէ համայն հայութիւնը: Մեր ընկրկումը ընկրկումի կը տանի ամբողջ սփիւռքը եւ հայրենիքի պաշտպանութեան գործը:
Եւ իբրեւ այդպիսին` մենք պիտի մնանք միասին:
Լիբանանի հայութիւնը աշխարհով մէկ միակ քաղաքական համայնքն է սահմանադրական իր իրաւունքներով:
Պարտաւոր ենք պաշտպանել զայն ու պիտի շարունակենք պաշտպանել մեր համայնքը` յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, դարձեալ մեր ժողովուրդի շահերուն պաշտպանութեան ի խնդիր, մեր ինքնուրոյն քաղաքականութեամբ երկրին գերիշխանութիւնը, անկախութիւնը, ազատութիւններն ու հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու ի խնդիր:
Մենք պարտաւոր ենք միասին մնալ, որպէսզի վերջ տրուի փտածութեան, վերադարձուին յափշտակուած գումարները, արդարութիւնը յայտնաբերուի Պէյրութի նաւահանգիստի ոճիրին կապակցութեամբ:
Մենք պարտաւոր ենք միասին մնալ, որպէսզի վերադարձնենք արժանապատուութիւնն ու համեմատական բարօր կեանքը լիբանանցի քաղաքացիին:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յանձնառու է` կանգնելու մեր ժողովուրդին կողքին, ապահովելու անոր անվտանգութիւնը, հեռու մնալու եղբայրասպան կռիւներէն:
Մենք յանձնառու ենք ու միասնաբար զօրաւոր ենք` ձախողութեան մատնելու հակահայ որեւէ սադրանք, որու կողմէ ալ լարուած ըլլայ անիկա:
Մենք յանձնառու ենք պահելու Լիբանանի հայութիւնը` իբրեւ ուժեղ, խիզախ, գոյատեւող հաւաքականութիւն, անոր քաղաքական իրաւունքներն ու երկրին ապագային մէջ անոր դերակատարութիւնը:
Մեր քաղաքական յանձնառութիւնը կը բխի բացառաբար մեր ժողովուրդին եւ Լիբանանի գերագոյն շահերէն: Ոչ մէկ քաղաքական դաշինք, համաձայնութիւն կամ գործակցութիւն գերադաս կը նկատենք լիբանանեան եւ հայկական մեր հաւաքական շահերէն:
Ու այս սկզբունքներով կը ներկայանանք մեր ժողովուրդին եւ քաղաքական ուժերուն` յառաջիկայ մայիս 8-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
ՀՅ Դաշնակցութեան տօնը զգաստութեան հրաւէր է:
Զգաստութեան հրաւէր նախ մեզի` դաշնակցականներուս: Պատասխանատու դիրքեր վարող կամ վարած դաշնակցականներ կամ շարքային ընկերներու:
Մենք` բոլորս, Դաշնակցութեան զինուորներն ենք, երդում կատարած` ի հարկին կեանքի գնով զոհուելու հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին համար:
Կը տկարանանք երբեմն, կը թերանանք յաճախ, կը մոլորինք ու երբեմն կը սայթաքինք:
Ճգնաժամային այս օրերուն, երբ աշխարհի տարածքին իւրաքանչիւր հայ Արցախի յանձնումով կոտտացող սիրտ մը ունի բաբախող, երբ հոս` Լիբանանի մէջ ամէն օր անժպիտ հայրենակիցներու կը հանդիպիք կամ անօգնական տարեցներու, մենք պարտաւոր ենք վերահաստատել մեր ուխտը, պարտաւոր ենք վերադառնալ` մեր աւանդներուն, դաշնակցականի աննկուն կամքին, զոհաբերող ոգիին, անշահախնդիր նուիրուածութեան, անսակարկ ծառայութեան:
Դաշնակցութեան տօնը հրաւէր է մեր ժողովուրդին, համակիրներու հսկայ զանգուածին` վերանորոգելու իրենց հաւատքը Դաշնակցութեան նկատմամբ, անոր կենսափորձէն մեկնած տուած խոստումներուն:
Դաշնակցութեան կատարած ու ներկայիս կատարուող գործը ի՛նք կը խօսի, ինքզինք կ՛արտայայտէ: Կրնան անհատներ կասկածիլ, կրնան երդուեալ հակադաշնակցականներ, երբեմն հակահայ տարրեր տկարացնել հոգիները, որոմ սերմանել արգասաբեր դաշտերուն մէջ, սակայն արեւը մար չմտած` ճշմարտութիւնը ինքզինք կը ցոլացնէ արդէն:
Այս տօնը միաժամանակ տօնն է մեր երիտասարդութեան` աշխատաւոր թէ ուսանող, տօնն է մեր մտաւորականութեան, որոնք հրաւիրուած են յաւելեալ դերակատարութիւն ունենալու համատարած մեր աշխատանքներուն մէջ, սրբագրելու բացթողումները, քննադատելու եւ քննարկելու, բայց մանաւանդ աշխատելու եւ գործելու: Հեռուէն կարելի չէ միայն դիտել ու արտայայտուիլ: Պահանջը միաժամանակ, սակայն, գործն է:
Մենք միասին ե՛նք ու միասին պիտի մնա՛նք:
Մի՛շտ ձեր կողքին:
Ու միասնաբար` բոլորս Հայաստանի ու հայութեան համար:
Կեցցէ՛ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը,
Կեցցէ՛ Լիբանանը,
Կեցցէ Հայաստանն ու յաւերժ ապրի հայութիւնը:
Միշտ միասին` մինչեւ վերջնական յաղթանակ:
10 դեկտեմբեր 2021