Արցախի Նախագահը Հանդիպեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ
22 Նոյեմբեր 2018
Նկարին մէջ, ձախէն աջ՝ Դաւիթ Բաբայեան, տոքթ. Քարմէն Օհանեան, դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, նախագահ Բակօ Սահակեան, Աւետիք Իզմիրլեան, Լեւոն Կիրակոսեան, Միքօ Մելքոնեան. ետեւի շարքին վրայ, ձախէն աջ՝ Ռոպերթ Աւետիսեան, Ռազմիկ Ստեփանեան, Կարօ Մատէնլեան եւ Արման Մկրտչեան
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Պաշտօնական այցելութեամբ Լոս Անճելըս գտնուող Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Երեքշաբթի, 20 Նոյեմբերի երեկոյեան այցելեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի գլխաւոր գրասենեակը, ուր հանդիպեցաւ Կեդրոնական կոմիտէին հետ:
Նախագահը անդրադարձաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արցախին ցուցաբերած հետեւողական եւ լայն աջակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ծրագիրներուն անվերապահ զօրակցութեան, մեծապէս գնահատելով կուսակցութեան ներդրումը Արցախի պետականութեան ամրապնդման գործին մէջ:
ՀՅԴի ներկայացուցիչները, ողջունելով նախագահին այցելութիւնը՝ գնահատեցին այն մեծ աշխատանքը, որ իրականացած է Արցախի մէջ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին առաւել թափով աջակցելու Արցախի ժողովուրդին՝ իր հայրենի հողին վրայ արժանապատիւ կեանք ապահովելու համար: ՀՅԴ ԿԿի անդամները յատկապէս գնահատեցին Արցախի պաշտպանութեան բանակի զինուորներու նուիրաբերումը՝ հայրենի հողի պաշտպանութեան առաքելութեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-Սփիւռք համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող զանազան հարցեր:
Նախագահ Սահկեանին կ՛ընկերանային Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան, հիւպատոսի խորհրդական Ռազմիկ Ստեփանեան, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ Արցախի նախագահի օգնական Դաւիթ Բաբայեան:
Նշենք, որ նախագահ Սահակեան Լոս Անճելըիս մէջ հանդիպեցաւ նաեւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան շրջանային ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներու հետ:
asbarez.com