Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանը Կանգնած է Արցախի Կողքին
11 Մայիս 2022
Մայիս 5-ին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւելեան Ա.Մ.Ն. -ի Կեդրոնական Կոմիտէն, Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութիւնը, Հայ Դատի յանձնախումբը, Հայ Օգնութեան Միութեան, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան եւ Համազգայինի Հայ Կրթական – Մշակութային Միութեան շրջանային վարչութիւնները միասնաբար յայտարարութիւն մը լոյս ընծայեցին անգլերէն լեզուով, տեղեկացնելով, թէ շարունակ թիկունք կը կանգնին Արցախին:
Յայտարարութեան մէջ կը փոխանցուի, թէ Խորհրդային Միութեան փլուզումի օրերուն, երբ պատահած էին Սումկայիթի ջարդերը, Արցախի քաղաքացիները դիմած էին ինքնապաշտպանութեան եւ հանրաքուէով ստեղծած էին Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Ինքնավար Հանրապետութիւնը:
Այդ հանրաքուէով Արցախի ժողովուրդը արտայայտած էր իր մտադրութիւնը՝ ապրելու ազատ եւ ինքնավար: Միեւնոյն դիրքորոշումը որդեգրած էին ամերիկացի յեղափոխականները 220 տարի առաջ։ Քաղաքացիներու հալածանքներն ու սպանութիւնները, դարերու վրայ երկարող պատմական եկեղեցիներու հետեւողական աւերումը, գերեզմաններու պղծումը եւ տարածաշրջանէն ներս հայերու հազարամեայ ներկայութեան հետքերը ջնջելու փորձերը յստակօրէն կը հաստատեն, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
«Ուստի մենք կը յայտարարենք, թէ կողքին ենք Արցախի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն եւ կոչ կ՛ընենք Հայաստանի կառավարութեան եւ միջազգային հանրութեան, որպէսզի իրենց կարգին ամէն գնով պայքարին եւ չզիջին Արցախը՝ Ատրպէյճանին: Արցախի քաջարի ժողովուրդը արժանի է ինքնավար եւ խաղաղ պայմաններու տակ ապրելու: Մենք կը մնանք Արցախի Կողքին», կ՛եզրակացնէ յայտարարութիւնը:
hairenikweekly.com