«Խենթեր»-ու Բարձրացուցած Մայիսեան Նշաձողը
27 Մայիս 2022
Հարիւր եւ չորս տարի առաջ այսօր էր, երբ հնար մը գտնուեցաւ:
Մասնագէտ գիտնականներու, հանճարներու կամ ճարտարագէտներու պէտք չունեցանք այդ հնարը գտնելու համար։
Կամք, զոհաբերութիւն, հաւատք եւ մանաւանդ միակամութիւն: Այս բոլորը միասնաբար կողք-կողքի բերելով՝ «խենթ» հայորդիները, պարզ աշխատաւորէն մինչեւ մասնագիտացած ղեկավարը, հնարը գտան եւ կերտեցին Մայիսեան փառաւոր յաղթանակը:
Յաղթանակ մը որ եղաւ եզակի, անկիւնադարձային եւ պատմական: Բաղդատած Կովկասեան բարձրաւանդակի եւ յատկապէս Հայաստանի ներկայ կացութեան, այդ օրերուն նշաձող եզրոյթը գոյութիւն չունէր, ո՛չ ոք կը մտածէր նշաձող իջեցնելու մասին: Իսկ եթէ պահ մը բաղդատական մը ընենք ներկայ օրերուն բազմիցս կրկնուող՝ նշաձողը իջեցնելու մտայղացումին, պիտի մտաբերենք, որ այդ օրերուն գետնին տակ խրուած ձող իսկ գոյութիւն չունէր, կամ ալ ջարդուած անթացուպի կը նմանէր:
Եւ այսպէս՝ «խենթեր»-ը գտան անհնարինին հնարը եւ իրենց կամքի՛ նշաձողը բարձրացնելով ու բարձրափողը հնչեցնելով, սլացան դէպի Ղարաքիլիսէ, Բաշ Ապարան եւ Սարդարապատ: Անոնք համոզուած էին, որ օրուան ճառը՝ ճարն էր ու «խենթեր»-ու հնարը, յաղթանակի… համաճարակը:
Պատմութիւնը անվիճելի վկան է. բաղդատած թշնամիին բանակներու թիւին եւ ուժին, «խենթեր»-ը կատաղի եւ սաստիկ դիմադրութիւն ցուցաբերեցին եւ կրցան շրջել կացութիւնը:
Պատմութիւնը բոլորովին տարբեր պայմաններու տակ եւ տարբեր ձեւով կրկնած է ինքզինք: Այսօր այն պահն է, երբ նահանջած ենք: Ճգնաժամային է իրավիճակը: Հայրենիքի ու ազգի գոյութեան լուրջ հարց կայ:
Տարբեր է ներկայ օրերու ճգնաժամը, երբ դիւանագիտական գետնի վրայ աշխատանք կը տարուի հանգոյցներ քակելու եւ բազմազան հարցեր լուծելու:
Հարիւր եւ չորս տարի առաջ մղուած Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ Սարդարապատի ճակատամարտները, որոնք մեր անջնջելի պատմութեան մաս կը կազմեն, այսօր կը մղուին դիւանագիտական դաշտերու վրայ, մերթ Պրիւքսէլի, մերթ Մոսկուայի մէջ ու մերթ այլուր:
44-օրեայ ահաւոր պատերազմէն աւելի քան մէկ ու կէս տարի ետք, տարբեր տեսակի՝ փրոթոքոլային ճակատամարտներ կը մղուին. օգտագործուած զինամթերքը շատ աւելի ազդեցիկ եւ աւերիչ է, կրնայ արդիւնաւոր ըլլալ: Դիւանագիտական սարքը մարդուժն է, որուն բացակայութենէն կը տառապինք, իր դերը (չ)կատարողը ապաստան կը փնտռէ «մեզմէ կը պահանջեն նշաձողը իջեցնել» քարոզին մէջ, մոռնալով, որ պատմութենէն մեզի հասած է նշաձողի այլ պատմութիւն մը՝ խրիմեանական պատգամ մը, որ կը թելադրէ ի հարկին թուղթէ շերեփի տեղ երկաթէ շերեփ գործածել եւ ըստ այնմ ճշդել նշաձողին բարձրութիւնը…
Կարելիութիւնը ունի՞նք դարձեալ շրջելու կացութիւնը եւ երկաթեայ շերեփներով ուղղուելու դիւանագիտական բեմահարթակ: Անշո՛ւշտ որ ունինք, սակայն անկէ առաջ, պայման է որ վերականգնենք կամքը, դուրս գանք պարտեալի հոգեվիճակէն եւ յիշենք Սարդարապատն ու Մայիս 28-ը, որ արարուեցաւ հայու բազուկով, զոհաբերութեամբ ու արիութեամբ, պարտութեան մատնելով նո՛յն համաթուրանականութիւնը իրականացնելու ելած թուրքը:
Վհատելու, տեղի տալու պահը անցած է: Թուրքին ու ազերիին անվերջանալի պահանջներուն դիմաց կոյր ու խուլ ձեւանալն ալ լուծում չէ, իսկ ի՜նչ որակում կարելի է տալ անոր, որ Հայաստանն ու հայութիւնը ի սպառ ջնջելու ելածներուն հետ խաղաղութեան ու բարեկամութեան էջի բացում կ’երազեն եւ… հաւատացող մանկամիտներ ալ կը գտնեն:
Ուրեմն, «Զարթի՛ր, լաօ»… Կը ղօղանջեն նշաձողը բարձրացնելո՛ւ զանգերը, մեր պատմութեան անիւը ճիշդ հունին վերադարձնելո՛ւ զանգերը:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական