Մայիս 28-ը Ապագայի Փարոսը Կը Մնայ
28 Մայիս 2022
Մայիս 28-ը ծնունդ է անհաւասար պայքարի մէջ կորզուած ռազմական յաղթանակի՝ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն, առանց անտեսելու Պաքուի 1918-ի հերոսամարտի դերը։
Մայիս 28-ով 30-ամսեայ անկախ պետականութիւնը եւ անոր կենսունակութեան ապացոյցները օրուան ղեկավարութեան տեսլապաշտ աշխատասիրութեան եւ նուիրումին հետեւանքն էին։
Երկու հաստատումներուն միջուկը ո՛չ ռազմական, ո՛չ վարչական, գիտական կամ նիւթական հնարաւորութիւններով չէր պայմանաւորուած։ Միջուկը՝ երեսուն-քառասուն տարի տարբեր բնագաւառներու մէջ պայքարին մէջ կոփուած ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՎՃՌԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆն էր, որուն շուրջ ալ ծաւալեցաւ կեանքի եւ յառաջդիմութեան կռիւը։
Մայիս 28-ով ստեղծուած՝ Սիմոն Վրացեանի բնորոշումով «անձեւ քաոսը» այդ սերունդին մարտահրաւէրը դարձաւ։ Մարտահրաւէր՝ որ յեղափոխական վճռականութեամբ զինուած գործիչները տիւ ու գիշեր ջանացին յաղթահարել։ Եւ կարելի է միայն գլուխ խոնարհել այդ տիտանեան ճիգին դիմաց, որ Արամի նման դէմքերու կեանքը արժեցաւ եւ զանոնք անմահացուց։
Եւ այս վճռական, գիտակից ու հաւատաւոր ինքնանուիրաբերումը մնաց մեծարժէք ժառանգը այդ հերոսապատումին։
Ռազմական, գիտական, վարչական կամ ֆինանսական հնարաւորութիւնները բնական է որ մեծ առաւելութիւն են զանոնք ունեցողներուն ձեռքին։ Մահուկենաց պայքարի դուրս եկած հաւաքականութեան եղունգով ու ատամներով ուղի հարթած եւ բիւրեղացած կամքերը բաւարարուած են իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող միջոցներով անկարելին կարելի դարձնել։ Այդտեղ ալ կը գտնուի իրենց անկրկնելի սխրանքի բանալին։
Հաւաքականութիւն մը պիտի իմանայ եւ գնահատէ այս ԲԱՆԱԼԻԻՆ ԱՐԺԷՔԸ, որպէս ժառանգուած արժէք։
Արամ Մանուկեան, Դրօ, Նժդեհ եւ բազում ուրիշներ, սոսկական գործիչներ պիտի մնային սերունդներու յիշողութեան մէջ, եթէ լայն հնարաւորութիւններով ու միջոցներով աշխատած ըլլային՝ աւերի, գաղթականութեան, համաճարակի, սովի եւ որբի անձեւ քաոսը կարգի բերելու, կանոն դնելու, վարչամեքենայ եւ համակարգ ստեղծելու, բանեցնելու զանոնք։
Կը հետեւի, որ արտաքին բացասական ազդակներէ զերծ, կարելի է ներքին կեանքը սուղ միջոցներով ալ կազմակերպել եւ զայն տանելի դարձնելու ճիգ թափել։
Մայիս 28-եան հրաշքի հիմնական եւ անզուգական գործիքը ղեկավարներն էին՝ ինչպէս պատերազմի դաշտին վրայ, այնպէս ալ խաղաղ՝ ստեղծագործ կեանքի մէջ։
Մեր պատմաբաններուն պարտքն է մամուլի էջերէն թէ յուշագրութիւններու ընդմէջէն պրպտումներով այդ օրերու իրական՝ տքնաջան աշխատանքի պատկերները ցայտուն դարձնել, որպէս օրինակ ժամանակակից գործիչներու եւ հասարակութեան։ Նո՛յնքան կարեւոր, որքան ռազմական ճակատամարտերը։
Աւելին․ հանրապետութեան մէջ գործած են ընկերային օրինաչափութիւններ, որոնք նոյնքան եւ աւելի օրինակելի են, տարբեր են մեր օրերու մտապատկերացումներէն եւ այսպէս կոչուած արժէքներէն։
Ասոնք պէտք է վեր հանուին, ժամանակի գործող անձանց կենսագրութիւններուն առընթեր, որպէս Հայաստանի քաղաքացիի ձեւաւորման եւ իր արժեհամակարգին անբաժան մաս։
Եթէ սպասենք, որ անցած երեսնամեակի ինքնահոսի օրինակով մենք կ’ունենանք կենցաղո՛վ անկաշառ, ազնիւ եւ գիտակից քաղաքացի, որ ոչ հեռուէն եւ ոչ ալ մօտէն շփուած է, առնչուած կամ կոփուած ու ձեւաւորուած է այն հնոցին մէջ, որ կոչուեցաւ ազգային-ազատագրական պայքար, աւելին՝ արդէն հարիւր տարիէն աւելի է, որ խզուած է այդ գաղափարական աշխարհէն, մեր տխուր առօրեան վերջ պիտի չունենայ։
Չենք կրնար ըսել, որ մեր անկախ պետականութեան օրերուն ունեցած ենք այդ որակի քաղաքացի․ բնական է՝ բացառութիւններ եղած են․ բայց տարբերութիւնն այդ օրերու եւ ներկային միջեւ ղեկավարութեան որակն է եւ անոր պատրաստակամութիւնը։
Եթէ հարիւր եւ աւելի տարի առաջ ունեցած ենք անկախ Հայաստանի քաղաքացի ձեւաւորելու հայեցակարգ, առնուազն գործնական քայլերով, եթէ ոչ թուղթի վրայ արձանագրուած, այդ ալ պեղելու արժանի արժէք է, որ անպայման տարբեր պիտի ըլլայ նախորդած եւ յաջորդած օտար հայեցակարգերէն, եւ նկատի ունեցած անկախ երկրին կարիքները։
Ի հարկ է կարող էինք արդի հայեցակարգ պատրաստելու կոչ ուղղել։ Սակայն կը կասկածինք, որ արեւելեան թէ արեւմտեան ազդեցութեան տակ անկա՛խ Հայաստանի քաղաքացիի ձեւաւորման հայեցակարգ կ’ունենանք, լաւագոյն պարագային՝ աշխարհաքաղաքացի կրնանք ունենալ, թէկուզ՝ օրինապաշտ ու պարտաճանաչ։
Անկախ Հայաստանի քաղաքացին պարտաւոր է ըլլալ աւելի՛ն քան օրինակելի բնորդներէն որեւէ մէկը։ Հայաստան մշտապէս վտանգուած եղած է պատմութեան ընթացքին ու ոտքի կոխան աշխարհակալներու։ Հայաստանի քաղաքացին պարտաւոր է հոգալ իր հայրենիքի անվտանգութիւնը անկախաբար բարեկամ կամ աջակից երկիրներէ։ Նոյնը՝ կրթութեան, պարէնի, ջուրի, առողջապահութեան ապահովութեան եւ բնութեան պահպանման առումով։
Քաղաքացիի նախանձախնդրութիւններուն մաս պիտի կազմէ երկրի ժողովրդագրական վիճակի բարելաւումը, ընկերատնտեսական վիճակի բարելաւման առընթեր բազմազաւակութեան խթանումը։ Անկախ Հայաստանը պիտի զարգանայ նաեւ ժողովրդագրօրէն։
Եւ ամենակարեւորը, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք անտեսուեցաւ, սպառողական ընկերութեան գրաւչութիւնները գիտա՛կցաբար անտեսող մարդու, քաղաքացիի կազմաւորումն է։ Եւ թիւ մէկ ուսուցիչը առաջնորդող խաւի կենդանի օրինակն է։ Ընկերային հիւանդութիւններէ բուժումը այլընտրանք չունի։ Եւ ասիկա հասարակութեան բարոյականութեան մաս պիտի դառնայ։
Անկախ Հայաստանը աշխարհաքաղաքական իր կշիռին կողքին պարտաւոր է ձեւակերպել նաեւ քաղաքակրթակա՛ն իր դերակատարութիւնը, ի մի բերել մեր հազարամեակներու պատմական աւանդը եւ հայեցակարգ ձեւաւորել։ Եւ ատիկա պիտի չըլլայ սոսկական ընդօրինակում հեռու թէ մօտիկ ազգերու փորձառութեան, այլ պիտի բխի սեփական փորձառութենէն անդին մեր ազգային տեսլականէն եւ կարիքներէն։ Բազմահազարամեայ պատմութիւն, մշակոյթ, գիր-գրականութիւն յիշողութիւններ ըլլալէ անդին կենդանի ներկայութիւն եւ առաջնորդ պիտի ըլլան, դեր պիտի ունենան, դերակատարութեան կոչուին այսօրուան եւ վաղուան համար։
Վերջապէս ինքնավարութիւնը, անկախութիւնը նախ եւ առաջ իմացական արժէքներ են եւ հայ ազգը երբեք աղքատ չէ եղած անոնցմէ․ կը մնայ մէկտեղել եւ խճանկարը կազմել, որ կը պատշաճի մեր աշխարհագրութեան եւ դերակատարութեան հնարաւորութիւններուն։
Տակաւին, անկախ պետականութիւնը պիտի գտնէ իր անխափան շարունակականութեան եւ վերանորոգման բանաձեւը, առաջնորդ ունենալով երկրի ու ժողովուրդի շահերը, այլ երբեք դասակարգերու կամ խաւերու եսական նկրտումները։ Հայաստանի անկախ պետականութիւնը հարիւրամեակներով ընդհատումներ ունեցած է պատմութեան ընթացքին․ ասիկա պիտի բացառուի հետագային, որպէսզի պարտաւորուած չըլլանք ամէն անգամ անձեւ քաոսէ սկսիլ։
Եւ վերջապէս, որպէսզի Հայաստան ըլլայ անկախ, պէ՛տք է ըլլայ միացեալ, պէ՛տք է ունենայ անկախ ապրելու հնարաւորութիւններ, կենսատարածք, որուն ճանչցուած իրաւունքը վաստկած ենք վաղուց, կը մնայ աշխատանքով եւ քրտինքով, իսկ եթէ պէտք ըլլայ նաեւ արեամբ հասունացնել կենսագործման պահը։
Մայիս 28-ը խտացուած պատասխանն է մեր ազգի դարաւոր տառապանքներուն․ տիրութիւն պէտք է ընել եւ զարգացնել անոր աւանդը։
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՅՈՒՍԱԲԵՐ»Ի