Փնտռուած Յաղթանակը (Մայիս 28-ի Առիթով)
28 Մայիս 2022
Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Հայաստանի անկախութեան 104-րդ տարեդարձը` մայիս 28-ը երկու տարիէ կը նշենք տօնական մթնոլորտէ շատ հեռու:
Ի՜նչ տօն եւ ի՜նչ տօնախմբութիւն, երբ 9 նոյեմբեր 2020-էն ի վեր ազգովին, օրական կ՛ենթարկուինք նոր նուաստացումի, նոր պարտութեան եւ նոր նահանջի:
Երկրորդ տարին է, որ մայիս 28-ը կը նշենք առանց Շուշիի եւ Հադրութի: Արցախը վիրաւոր է եւ արիւնաքամ. 215 գիւղ ու քաղաք բռնագրաւեալ են, 40 հազար ժողովուրդ` տեղահան:
Ի՜նչ տօն եւ ի՜նչ տօնախմբութիւն, երբ ազրպէյճանական զօրքը մեր հողին վրայ է: Օր մը Սիւնիք, օր մը Գեղարգունիք, օր մըն ալ` Վայոց Ձոր ու Տաւուշ:
Ի՜նչ անկախութիւն, երբ յանուն «խաղաղութեան դարաշրջանի», սահմանազատման եւ սահմանագծման անունով հայրենի հողէն հատուածներ մաս առ մաս թշնամիին կը յանձնուին` ողջ-ողջ անդամահատելով «երկիր հնամեան»:
Մայիս 28-ը կը նշենք հեղինակազրկուած պետութեամբ եւ վարկաբեկուած բանակով: Չէ՞ որ 5000 նահատակ տուած ենք, 200 գերիներ ունինք թշնամիին մօտ եւ բազմաթիւ անյայտ կորսուածներ, հաշմանդամներ եւ ծանր վիրաւորներ: Չէ՞ որ քանի՜ քանի՛ ծնողներ իրենց մատաղ զաւակները բանակին յանձնած են եւ միայն մասունք առ մասունք ստացած են զանոնք:
1918-ին մեր ժողովուրդը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ անձեւ քաոսէն հայրենիք ու պետութիւն կերտեց, բանակ եւ սահմանադրութիւն ստեղծեց, միացեալ Հայաստանի քաղաքական հանգանակ բանաձեւեց, Սեւրի պայմանագիրը ստորագրեց:
Այսօր, դժբախտաբար, ականատեսը կը դառնանք հակառակին փաստերուն: Երկիրը աստիճանաբար կ՛առաջնորդուի դէպի քաոս եւ անտիրութիւն, մենիշխանութիւն եւ բռնատիրութիւն: Բանակը կը տկարանայ, տնտեսութիւնը կը նահանջէ, երկիրը կը կծկուի օրէ օր, եւ թշնամին կը կանգնի հայրենիքի սեմին, յաճախ նաեւ` սեմէ՛ն ներս: Մինչ իշխանութիւններ 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի անձնատուական յայտարարութիւնները ստորագրելէ ետք կը պատրաստուին նորանոր զիջումներու` մեր երկիրն ու ժողովուրդը դնելով պետականութեան կորուստի լուրջ վտանգին դիմաց:
Մայիս 28 է այսօր: Օրն է խոնարհելու Ա. Հանրապետութեան կերտիչներու յիշատակին դիմաց եւ վերահաստատելու մեր հաւատքն ու յանձնառութիւնը, ի գին ամէն դժուարութեան մայիսեան ոգին վառ պահելու եւ ի գին ամէն զոհողութեան անկախ հայրենիք եւ գերիշխան ժողովուրդ ունենալու:
Մայիս 28 է այսօր: Օրն է դարձեալ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ համաժողովրդային պայքարի` համազգային դիմադրութեան մեր կամքը կռանելու, յուսահատութեան եւ հիասթափութեան բոլոր տրամադրութիւնները թօթափելու, փրկելու համար ո՛չ միայն մեր երկիրը, այլեւ` մեր ազգային ինքնութիւնը, որ սերտօրէն կապուած է հողին:
Մայիս 28 է այսօր: Օրն է Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսամարտեր մղած մեր ժողովուրդի զաւակներուն օրինակով, մէ՛կ մարդու պէս ծառանալու թշնամիին դէմ, համախմբուելու, մեր սեփական ճակատագիրին տէրը կանգնելու, միջազգայնօրէն ճանչցուած մեր երկրի սահմանները անառիկ պահելու, Արցախը վերականգնելու եւ մեր ժողովուրդին վերադարձնելու իր ազգային արժանապատուութիւնն ու հպարտութիւնը:
Մայիս 28 է այսօր:
Շնորհաւոր տօնդ, Հայաստա՛ն, տօնես զայն յաղթակա՛ն:
aztagdaily.com