Արդեօ՞ք այդ համաձայնագիրը ստորագրող իշխանութիւնը ի վիճակի է այս առաջադրանքներու գործնականացումը երաշխաւորելու
08 Օգոստոս 2022
Երէկ, 7 օգոստոսին, Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան իր պաշտօնական ֆէյսպուքեան էջով անդրադարձած է վերջին օրերու ազրպէյճանական յարձակումներուն։ Կացութեան գնահատումէն, վտանգերու ներկայացումէն ու թշնամիի հետապնդած նպատակումներու յստակացումէն ետք Բեգլարեան հաստատած է՝ նկատի ունենալով որ Արցախը բացառիկ նշանակութիւն ունի Հայաստանի եւ ողջ հայութեան համար եւ հաշուի առնելով վերոնշեալ վտանգները, միակ լուծումը Արցախի եւ Հայաստանի ռազմավարական դիմադրողականութեան մակարդակի շարունակական ու արագ բարձրացումն է հետեւեալ ոլորտներուն մէջ՝
Ա-Կայուն անվտանգութիւն
Բ-Աճող ժողովրդագրութիւն
Գ-Զարգացող տնտեսութիւն
Դ-Որակեալ կրթութիւն
Ե-Արդիւնաւէտ կառավարում
Զ-ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ (ընդգծումը մեր կողմէ)
Է-Գործնապաշտ միջազգային յարաբերութիւններ
Եւ շարունակելով հաստատած, որ այս բոլորին հասնելու համար մեզ անհրաժեշտ է Արցախի հայկական ապագայի եւ հայոց պետականութեան զարգացման ու զօրացման շուրջ ապահովել համազգային կայուն ու գործնական համախմբում։
Բեկլարեան եզրակացուցած է ընդգծելով որ՝ ԵԹԷ ԿՈՐՍՆՑՆԵՆՔ ԱՐՑԱԽԸ, ԱՊԱ ԿԸ ՇՐՋԵՆՔ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵԹԷ ՈՉ ՎԵՐՋԻՆ, ԱՊԱ ՆԱԽԱՎԵՐՋԻՆ ԷՋԸ։
Այս բոլորի մասին, 9 նոյեմբեր 2020-ի յանձնուողական ու պարտուողական համաձայնագրի ստորագրութենէն ետք, հայ քաղաքական միտքը բազմիցս բարձրաձայնած ու նաեւ աւելի՛ խոր ու համապարփակ շեշտադրումներ կատարած է։
Պրն․ Բեկլարեանի գրառման մէջ կը պակսի այս բոլորի գործնականացման միջոցներու ու գործօններու յստակացումը։ Այդ յստակացման ուղին բիւրեղացնելու համար անհրաժեշտ է, որ ան նոյն յստակատեսութեամբ անդրադառնայ նաեւ այն հիմնահարցին ու հարցադրումին, որ՝ արդեօ՞ք այդ համաձայնագիրը ստորագրող իշխանութիւնը ի վիճակի է այս առաջադրանքներու գործնականացումը երաշխաւորելու, որպէսզի չշրջուի հայոց պատմութեան ոչ վերջին եւ ոչ ալ նախավերջին էջերը։ Այս կէտի յստակացումը համազգային հնչեղութիւն ու հրատապութիւն ունի այսօր եւ պետական նախարարի գրառումը կ՛օժտէ ամբողջական խորքայնութեամբ եւ պատասխանատուութեան դրսեւորմամբ։
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ