Աբրահամ Աշճեանի Ուղիով (Առեւանգման 40-Ամեակին Առիթով)
29 Դեկտեմբեր 2022
Ամբողջացաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի վաստակաշատ անդամ, լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան համակարգի գլխաւոր ճարտարապետ եւ յեղափոխական աւանդներու վերադարձով յատկանշուող գործունէութեան յատկանիշներով խորհրդանշուող Աբրահամ Աշճեանի առեւանգման 40¬ամեակը:
Դաշնակցութեան առաջնային դէմքերուն դէմ անցած համազարկի շարքին` Աբրահամ Աշճեանի առեւանգումի արարքը միակն էր, որուն դիմաց ՀՅԴ Բիւրոն կ՛ամբաստանէր Թուրքիոյ պետութիւնը:
Այս հասցէականութիւնը կ՛ընդգծէր Աբրահամ Աշճեանով յատկանշուող եւ թշնամիին հետ ազդեցիկ լեզուով ու ոճով յարաբերելու վճռակամութիւնը:
Փաստօրէն, թշնամին նենգ միջոցներով, մութին մէջ առեւանգած էր ղեկավար ընկերը` հարուածելու համար ամբողջ դիմադրութիւն մը:
Աբրահամ Աշճեանը չէզոքացնելով թշնամին կը փորձէր հարուածել ամբողջ համայնքի մը դիմադրողական ոգին, համակարգը, կառոյցը:
Աւելի՛ն. հայոց մարտունակութիւնը մարմնաւորած մեր ընկերոջ անյայտացումը ծրագրելով եւ իրականացնելով, նոյն թշնամին կը միտէր ի սպառ չէզոքացնել իրեն հետ ուժային եղանակով ուղերձներ փոխանցող ամբողջ կարողականութիւն մը, Աբրահամ Աշճեաններու արմատաւորած դրութիւնը, պատրաստած մարդուժը, ձեւաւորած կառուցակարգը, սակայն, կայացած դիմադրողականութեան բաղադրիչներն էին, որոնք տարբեր ուղղութիւններով շարունակեցին պահպանել համայնքը, համայնքակեդրոն համակարգը եւ լիբանանահայութեան ճամբով նաեւ համասփիւռքեան պահանջատիրութիւնը:
Այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի պէտք ունինք Աբրահամ Աշճեանի գաղափարաբանութեան եւ մարտունակութեան ո՛չ ըսելու համայնքախոյս ամէն փորձի, ապահամայնքային ամէն նկրտումի, որ կը փորձէ չէզոքացնել ազգային անկախ որոշում կայացնելու մեր աւանդական իւրայատկութիւնները:
Բայց նաեւ ո՛չ ըսելու ամէն տեսակի յանձնուողականութեան եւ պարտուողականութեան:
Որպէսզի`
– Այս համայնքը շարունակէ իր համասփիւռքեան առաքելութիւնը
– Արցախը վերաազատագրէ իր տարածքները
– Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերականգնէ իր տարածքային ամբողջականութիւնը
– Կերտուի միացեալ Հայաստանը:
«Ա.»