ՀՅԴ Արևմտյան ԱՄՆ-ի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարությունը
26 Օգոստոս 2023
Ընթացք առաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի 57րդ Շրջանային Ժողովը։
24 Օգոստոսի երեկոյեան ՀՅԴ Ա.Մ.Ն. Կեդրոնական Կոմիտէի հրաւէրով, սկսաւ 57.րդ Շրջանային ժողովը Պրպէնքի Հայ կեդրոնէն ներս։
Աւելի քան 75 ժողովականներ քով քովի գալով կը քննեն շրջանի գործունէութիւնը եւ նոր որոշումներով եւ բանաձեւերով հանդէս կու գան առաջիկայ 2 տարուայ գործունէութեան համար:
Վերոյիշեած Ժողովին ներկայ էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ Խաժակ Մկրտիչեանը։
Ժողովականները ամսուն 25-ին ժողովի ընթացքին միաձայնութեամբ համաձայնեցան որ անձամբ բոլորը պիտի երթան եւ միանան ՀԵԴ-ի կողմէ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին Ազերի հիւպատոսարանի դիմաց։