Լիբանանահայութիւնը Համաժողովրդային Քայլարշաւ-Ջահերթով Վերահաստատեց Իր Պահանջատիրութիւնը
26 Ապրիլ 2024Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Պարո՛ն Էրտողան, Մի՛ Փորձեր Սփիւռքը
Հակադրել Հայաստանին. Հայաստան Եւ Սփիւռք Մէ՛կ Ամբողջութիւն Են,
Մենք Մէ՛կ Ազգ Ենք, Մէ՛կ Պահանջատիրութեամբ»
23 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ լիբանանահայութիւնը ընդառաջեց հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի կոչին` խուռներամ շարքերով մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով կազմակերպուած քայլարշաւ-ջահերթին եւ ապա Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած հաւաքին, որուն ընթացքին երեք քաղաքական կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս իրենց ելոյթներուն եւ պատգամին մէջ շեշտեցին հայութեան պահանջատիրական պայքարը շարունակելու վճռականութիւնը:
Մանուկ, պատանի, երիտասարդ թէ երէց, այդ օր լիբանանահայերը համախմբուած էին «Շաղզոյեան» կեդրոնի կառատան յարակից փողոցներուն մէջ, ուրկէ սկիզբ առաւ բազմամարդ քայլարշաւ-ջահերթը` առաջնորդութեամբ հայկական երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն եւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու Լիբանանի ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն: Մասնակցեցան նաեւ մեծ թիւով քաղաքական-հասարակական գործիչներ, քաղաքագէտներ, վերլուծաբաններ, Հայ դատին եւ հայկական պահանջատիրութեան բարեկամ լիբանանցի քաղաքացիներ:
«Շաղզոյեան» կեդրոնէն մինչեւ Անթիլիասի մայրավանք քայլարշաւ-ջահերթը տեւեց շուրջ երկուքուկէս ժամ: Այս ամբողջ ժամանակամիջոցին Պուրճ Համուտ-Անթիլիաս մայրուղին լուսաւորուած էր սկաուտական խումբերուն վառած ջահերով: ՀՄՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի սկաուտական շեփորախումբերը հնչեցուցին ազգային-հայրենասիրական երաժշտութիւն: Քայլարշաւ-ջահերթին մասնակիցները բարձրացուցած էին պաստառներ եւ կարգախօսներ, որոնք կը դատապարտէին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնները:
Մինչ քայլարշաւ-ջահերթին առաջին մասնակիցները կը հասնէին Անթիլիասի մայրավանք, անոր շրջափակը արդէն իսկ լեցուած էր հազարաւոր հայորդիներով, որոնք եկած էին Լիբանանի զանազան շրջաններէն: Այս տարի հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կազմակերպած բազմամարդ քայլարշաւ-ջահերթը եւ ապա հաւաքը ապացուցեցին, որ սփիւռքի սիրտ լիբանանահայ գաղութը տակաւին իր ըսելիքը եւ ընելիքը ունի հայութեան կեդրոնական խնդիրը հանդիսացող հայկական պահանջատիրութեան մէջ:
Գիշերուան ժամը 9:45-ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ժողովրդային ձեռնարկը:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայրավանքի շրջափակին մէջ գտնուող ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի շեփորախումբերուն նուագակցութեամբ յաջորդաբար հնչեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները:
Հաւաքին ընթացքին Ծովակ Թազեան – Թիւթէլեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը, ապա ան ներկայացուց օրուան յայտագիրը:
Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան անունով խօսք առաւ Վաչէ Մուղալեան, որ յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը կարելի է ամփոփել հետեւեալ նախադասութեամբ. «Գոյութեան եւ ինքնահաստատման համար տարուող մշտական կռիւ, մահ եւ յարութիւն»:
Վ. Մուղալեան անդրադարձաւ մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ցեղասպանութեան եւ միջազգային իրաւական ատեաններուն ամլութեան` նկատի ունենալով մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրին անպատժելիութիւնը:
Ցեղասպան թուրքին անպատժելիութեան մասին խօսելով` Վ. Մուղալեան այդ իրականութիւնը ուղղակիօրէն առնչեց Կազայի մէջ տիրող ներկայ կացութեան եւ ըսաւ. «Կրկին ու կրկին ցաւօք, բայց բարձրաձայն կ՛աղաղակենք ըսելով, որ եթէ դատապարտուած ու պատժուած ըլլային նախորդ ոճիրները, առնուազն զսպուած կամ կանխուած կ՛ըլլային յաջորդող յանցագործութիւնները»:
Վ. Մուղալեան նկատել տուաւ, որ անցեալին գործուած երիտթուրքերու ներքին ազգայնական եւ արտաքին ծաւալապաշտական համաթուրանական ծրագիրներուն շարունակութիւնը կ՛ապահովուի ներկայիս Էրտողանի եւ Ալիեւի նոր-օսմանական քաղաքականութեամբ, որովհետեւ անոնք կը փորձեն Թալէաթներու եւ Էնվերներու համաթուրանական դիւային ծրագիրները իրենց լրումին հասցնել:
Ան միջազգային հանրութեան վրայ պարտք դրաւ Արցախի մէջ պատահածին հանդէպ համարժէք դատապարտում կատարել եւ համապատասխան քայլերու ձեռնարկել` արցախահայութեան հիմնական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու վերականգնումին ուղղութեամբ:
«Մեր կարծիքով` արցախահայութիւնը պէտք է վերադառնայ իր բնօրրանը: Պէտք է ստանայ համամարդկային օրէնքի երաշխիք, ինքնակառավարման իրաւունք, որպէսզի իր պապենական հողին վրայ ապրի, արարէ եւ գոյատեւէ, այլապէս Արցախն ալ կը դառնայ մեր դարաշրջանի Նախիջեւանը», ըսաւ Վ. Մուղալեան:
Ան իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, թէ միասնական քայլերով պէտք է շարունակել պահանջատիրական երթը, սակայն նաեւ պէտք է յիշել ու պահանջել` նախ եւ առաջ պահպանելով ու զօրացնելով այն, ինչ որ ունինք այսօր:
«Յիշենք ու պահանջենք համախմբուելով մեր բուռ մը հայրենի հողին շուրջ, հեռու ճղճիմ հաշիւներէ եւ հատուածական սակարկութիւններէ: Վստահելով զիրար, գօտեպնդուելով իրարմով եւ մէկուն բացթողումը` առանց աղմուկի, միւսը ամբողջացնելով: Այս է օրուան գրաւականը», ընդգծեց Վ. Մուղալեան:
Ռամկավար ազատական կուսակցութեան անունով Սահակ Թաշճեան շեշտեց, որ ամէն ապրիլ իրեն հետ կը բերէ նոր մարտահրաւէրներ, ուր կը շեշտուի Հայոց ցեղասպանութեան անպատիժ ու անհատոյց մնալու իրողութիւնը: «Հայոց դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան անպատժելիութիւնը մղեց, որ բազմաթիւ երկիրներ կրկնեն ցեղասպանական արարքներ, աւերեն երկիրներ ու բռնագաղթի ենթարկեն ժողովուրդներ, ինչպէս է պարագան այսօր` Կազայի մէջ:
Արցախի պարագային քաղաքական հաշիւները աւելի վեր էին ժողովուրդներու արդար իրաւունքէն, եւ այդ պատճառով ալ 2020-ին Ազրպէյճանին առիթ տրուեցաւ սկսելու Արցախը իր բնիկ ժողովուրդէն պարպելու հոլովոյթը, որ 2023-ի սեպտեմբերին վերջնականացաւ: Աշխարհին համար ազերիաթրքական համաթուրանական ծրագիրի յաջողութիւնը աւելի կարեւոր էր հայոց` իրենց հողին վրայ ապրելու սրբազան իրաւունքէն», ըսաւ ան:
Ս. Թաշճեան կոչ ուղղեց ազգովին որդեգրելու նոր ռազմավարութիւն, նոր որոշում եւ ծրագիր ու ջանալու միաւորել ուժերը: «Պետութիւնները հաշուի կը նստին միայն զօրաւորներուն հետ, Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի հայութիւնը պէտք է զօրաշարժի ենթարկել, որովհետեւ միայն միասնականութիւնն է, որ կրնայ յաղթանակ ապահովել եւ մեկնակէտ դառնալ մեր ժողովուրդի պայքարի յաջողութեան», ըսաւ ան:
Ս. Թաշճեան անհրաժեշտ նկատեց երիտասարդներու աշխատանքին կարեւորութիւնը: «Առանց լայնախոհ, մտաւորական երիտասարդներու աշխատանքին, մեր ապագան պիտի ըլլայ անորոշ: Յարգենք ու աշխատանքի մղենք մեր երիտասարդները: Գործի ու արդիւնքի հասնելու հաւատք դնենք անոնց մէջ: Ժամն է համախմբուելու ազգովին, ազգային ծրագիրի մը շուրջ: Մեր աշխատանքը պէտք է կեդրոնանայ այս հարցերուն վրայ: Հզօր պետութիւնն է, որ կը յարգուի բոլորէն եւ ինքզինք կը պարտադրէ միջազգային կառոյցներուն մէջ: Ասիկա կը նկատուի Հայոց դատի յաջողութեան առաջին քայլը», եզրափակեց ան:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ճորճ Գրիգորեան, որ ընդգծեց, թէ այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան ու մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակը կ՛ոգեկոչուի ի տես հայասպանութեան վերանորոգ արշաւի մը, որ կը գործուի նոր ձեւերով, նոր միջոցներով ու գործիքներով, բայց նո՛յն հայաջինջ ոգիով ու համաթուրանական մղումով:
Ան նկատել տուաւ, որ այդ արշաւը կ՛ընթանայ երեք ուղղութիւններով:
Ան նշեց, որ առաջին ուղղութիւնն է ցեղասպանութեան եզրի օգտագործումէն հրաժարելու ճիգերը եւ միջազգային օրէնքով պարտադրուած հետեւանքներ ունեցող այդ եզրին փոխարինումը «Մեծ եղեռն» եւ «կոտորած» եզրերով:
««Եղեռն» կ՛ըսեն, «Կոտորած» կ՛ըսեն, կը պակսի միայն «Ցաւալի դէպքեր» ըսեն, որպէսզի ամբողջանայ թրքական բառապաշարը:
«Ցեղասպանութիւն» բառը հնչելը կը կապեն նորագիւտ նախապայմաններու: Ո՛չ եղեռն է, ո՛չ կոտորած: Պոլսոյ դեսպանատուները վկայ` ցեղասպանութիւն է: Օսմանցի վերջին սուլթանն ու վարչապետը, նոյնինքն Թալէաթը վկայ` ցեղասպանութիւն է:
Աշխարհի խորհրդարաններն ու միջազգային ատեանները վկայ` ցեղասպանութիւն է:
Քանդուող ու սրբուող մեր վանքերն ու կոթողները վկայ` ցեղասպանութիւն է:
Մէկուկէս միլիոն անշիրիմ նահատակներն ու Տէր Զօրի անապատի աւազները վկայ` ցեղասպանութի՛ւն է: Եւ ոչ մէկ ձախորդ սակարկութեան առարկայ կրնայ ըլլալ», շեշտեց ան:
Անդրադառնալով երկրորդ ուղղութեան` Ճ. Գրիգորեան մատնանշեց խաղաղութեան յանգելու համար հայութեան վրայ պարտադրուած նախապայմանները` նշելով, որ խաղաղութեան պատրանքը կը պարտադրուի հայութեան վրայ եւ անիկա կ՛ըլլայ միակողմանի, որուն ընթացքին անփոխադարձ գին կը վճարէ զոհը, եւ ոճրագործը կը շարունակէ աւելի՛ն պահանջել:
Խաղաղութիւն չկայ, պիտի չըլլայ, չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ դեռ երէկ ան կը յայտարարէր, որ Երեւանը ի՛րն է: 2800 տարուան մեր մայրաքաղաքը, որուն քարերուն շարուած ատեն իր նախահայրերը Կեդրոնական Ասիոյ քարայրներէն նոր կ՛ելլէին, ի՛րն է:
Քու խաղաղութեան եւ բարի դրացնութեան ձգտումներուն փոխադարձը:
Պաքուի բանտերուն մէջ տանջամահ եղող մեր հայրենակիցները, Արցախի մէջ մորթուող մեր քոյրերն ու եղբայրները, քարտէսէն ջնջուող մեր հազարամեայ վանքերն ու գիւղերն են: Փաստօրէն թուրքն ու ազերին չեն յագենար հայու արիւնէն, չեն կշտանար հայու հողէն, եւ Արեւմտահայաստանի նման Արցախէն բծախնդրօրէն կը ջնջեն պատմութեան այգաբացէն մեր ներկայութեան ամէն հետք, լկտիօրէն պնդելով, որ Հայաստանը արհեստականօրէն ստեղծուած երկիր է: Եւ չե՛ն թաքցներ, չե՛ն խաբեր ու չե՛ն ստեր, այլ աներկբայօրէն կը յայտարարեն իրենց ախորժակներն ու դիտաւորութիւնը: Ալ ի՞նչ խաղաղութեան մասին է խօսքը: Այս ճանապարհն ու ընթացքը խաղաղութեան ճանապարհ չէ՛, այլ` կորստեա՛ն տանող ընթացք», ընդգծեց ան:
Ճ. Գրիգորեան յայտնեց, որ երրորդ ուղղութիւնը կը կեդրոնանայ հայկականութեան ջնջումին վրայ, հայկական ու ազգային արժէքները ջնջելու վրայ` աւելցնելով սակայն, որ թուրք եաթաղանին փոխարէն ներկայիս անիկա կը կատարուի դիմատետրով եւ զանազան միջոցներով: Եւ այս բոլորին նպատակը մէկ է` հայ մարդուն հոգիէն հանել ազգային արժէքները, պարպել հայկականութենէ:
Ճ. Գրիգորեան յայտնեց, որ մեր հոգեւոր, մշակութային, կրթական արժէքներուն կառչած մնալու հաւատքին համար մեր հայրերը ծառացած են արքայից արքային ու կայսրին, սուլթանին ու ցարին դիմաց` ի գին ամէն զոհողութեանց, եւ այսօր` անիկա կը մնայ մեր ինքնութեան եւ հոգեկան արժէքներու միջնաբերդը, որուն պարիսպներուն պահպանումը գոյութենական է:
«Պէտք է գիտնան, որ մեր մայրերը դարերով հուրէ ու սուրէ անցած` մեր այբուբենը պահպանած են նոյնիսկ անապատներու աւազին վրայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ արժէքներուն համար հայ ազգը դարեր շարունակ պայքարած է եւ պահպանած զանոնք, եւ հետեւաբար թոյլատրելի չէ պատմութեան 6000 տարուան փառապանծ էջերուն նենգափոխումը:
Ճ. Գրիգորեան եզրակացուց, որ այսօրուան արշաւին դիմաց մեր նահատակներն ու նախահայրերը ամէնօրեայ պայքար ու դիմադրութիւն կ՛ակնկալեն անցեալ եւ ապագայ սերունդներուն համար, մեր գոյութեան եւ գոյատեւումին համար:
«Պայքար, որուն մէջ դեր ունի ամէն հայ մայր ու հայր, ամէն աշակերտ եւ ուսուցիչ, ամէն արհեստաւոր ու զինուոր: Պայքար, որ պէտք է մղուի, կը մղուի, պիտի մղուի ամէն ճակատի վրայ ամէն օր: Եւ ամէն օր այս պայքարին նուիրուելու յանձնառութեան նորոգութիւնը կը սպասեն մեր նահատակները:
Եւ մենք կը նորոգե՛նք մեր ուխտը, այս դատին, ազգին ու հայրենիքին համար պայքարելով ապրելու ամէն օր, մինչեւ վերջին օրը, երբ պիտի յաղթէ արդարը, պիտի յաղթէ ան, որ իր սրտին մէջ պահած է յաղթանակի ոգի՛ն: Արդարութեան յաղթանակի օրը», եզրափակեց ան:
Ապա Մարի-Անն Յովհաննէսեան արաբերէնով կարդաց հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն անունով հրապարակուած միացեալ հաղորդագրութիւնը, որ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին:
Հաղորդագրութեան կ՛անդրադառնանք ամբողջութեամբ.
«Մենք` Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հայոց զաւակներն ու թոռները, այսօր հաւաքուած ենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքին շրջափակը` վերահաստատելու մեր յանձնառութիւնը Հայ դատին հանդէպ, ինչպէս նաեւ մեր զօրակցութիւնը` մեր ժողովուրդին, եւ ցեղային զտման, բռնագաղթի ու ցեղասպանութեան ենթարկուող բոլոր ժողովուրդներուն, ամբողջ աշխարհին մէջ:
Այսօր` երբ մենք կ՛ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը, կը խոնարհինք նաեւ շրջափակման ենթարկուած ու սովամահ դարձած Լիբանանի բնակչութեան մէկ երրորդին յիշատակին, «Սէյֆօ»-ի ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին, ինչպէս նաեւ Ա. Աշխարհամարտին Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ` ցեղապաշտական մոլուցքով հետապնդումի ենթարկուած եւ թրքացումի քաղաքականութեան պատճառով ինկած բոլոր ժողովուրդներուն եւ կրօններուն պատկանող նահատակներուն յիշատակին առջեւ:
Միջազգային ընտանիքին անտարբերութիւնն ու միջազգային վճիռներուն անգործնականութիւնը եւ բռնարարքներն ու ցեղասպանութիւնները կասեցնելու անզօրութիւնը պատճառ դարձան ցեղապաշտական ահաւոր ոճիրներուն կրկնութեան` աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ:
Ցեղային զտման վերջին ոճիրը վկայեցինք 2023-ի սեպտեմբերին, երբ ազրպէյճանական իշխանութիւնները բռնագաղթի ենթարկեցին աւելի քան 120 հազար արցախցիները, որոնք իրենց պատմական հայրենիքէն` Արցախէն ստիպուած եղան գաղթել Հայաստան, իրենց ետին ձգելով իրենց տուները, պատմութիւնը եւ դարաւոր քաղաքակրթութիւնը:
Այսօր Կազայի մէջ պատահած բռնագաղթը, կանխամտածուած քանդումը, սովի ենթարկելու քաղաքականութիւնն ու վայրագ կերպով պաղեստինցի ժողովուրդին սպանութիւնը` աշխարհի աչքերուն ընդառաջ, սիոնական ցեղապաշտական ոճիրներու այլ փուլ մըն է եւ իսկական պատճէնը այն ոճիրին, որ ազրպէյճանցի անոր դաշնակիցը գործեց Արցախի մէջ:
Այս իրականութիւնը հետեւանք է աշխարհին կողմէ ցուցաբերուած անտարբերութեան եւ նման բռնարարքներ կասեցնելու անզօրութեան:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի մեր պահանջը` Թուրքիայէն, ինչպէս նաեւ պատմական մեր իրաւունքներուն համար պայքարը թուրք ժողովուրդին դէմ չէ ուղղուած, այլ` հաստատում, որ այսօրուան Թուրքիան հիմնուած է այդ հողերուն իրաւատէր ազգին իրաւունքին վրայ: Հայ ազգին, որուն աշխարհագրական տարածքները եղած են այդ հողերը, նախքան թուրքերուն յայտնուիլը այս շրջանին մէջ: Իսկ այդ ժողովուրդները այսօր իրենց հողերուն վրայ չեն գտնուիր` անոնց դէմ գործուած պատմական անիրաւութեան պատճառով:
Մեր պայքարը զուտ մարդասիրական է եւ զօրակցական` աշխարհի երեսին գտնուող բոլոր զոհերուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ ընդդէմ` բոլոր ցեղասպաններուն եւ ոճրագործներուն, որպէսզի աշխարհի վրայ որեւէ ժողովուրդի դէմ չկրկնուի այն, ինչ որ պատահեցաւ հայ ժողովուրդին դէմ:
Հայոց ցեղասպանութիւնը անկասկած մարդկութեան դէմ ոճիր է, որ ժամանակի ընթացքին չի մահանար, նոյնիսկ եթէ աշխարհի տարածքին մէկ հայ ըլլայ:
Մեր կամքը ամուր է, չի՛ տկարանար, եւ համոզուած ենք, որ պիտի գայ այն օրը, երբ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան պիտի ճանչնան մեր ժողովուրդին իրաւունքները` արդար լուծում պիտի ապահովուի Հայ դատին ու անոր զօրակցող բոլոր ժողովուրդներուն»:
Աւարտին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական ոգեշունչ պատգամը ուղղեց մեր պահանջատէր ժողովուրդի համայն զաւակներուն:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամը սկսաւ` ընդգծելով, որ` «Ապրիլ 24-ը սոսկ նահատակներու ոգեկոչումի օր չէ, այլ մեր պահանջատիրական կամքը առաւել ամրացնելու կոչ է»: Ան ըսաւ, թէ այնքան ատեն որ Թուրքիա եւ իր «կրտսեր եղբայր» Ազրպէյճան կը շարունակեն ուրանալ իրենց գործած համամարդկային ոճիրները, խեղաթիւրել հայոց պատմութիւնը, ոչնչացնել հայոց դարաւոր հետքերը, եւ այնքան ատեն որ արցախահայութիւնը պոկուած կը մնայ իր հողերէն, հայ ժողովուրդը անխախտօրէն պիտի շարունակէ իր պայքարը: «Այսօր, երբ Թուրքիոյ անվերապահ զօրակցութիւնը վայելող Ազրպէյճանը Հայաստանի ամբողջականութիւնը հարցականի տակ դնող եւ անվտանգութիւնը խախտող պահանջներ կը ներկայացնէ ու կը սպառնայ նոր տարածքներ գրաւել Հայաստանէն, կ՛արհամարհէ միջազգային օրէնքի սկզբունքները եւ կ՛անտեսէ իր ստորագրած համաձայնագրերը, ու երբ Թուրքիան, իր կարգին, կը պահանջէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ մեր ազգի ու հայրենիքի հիմնարար արժէքներուն ու իտէալներուն առնչուած յօդուածներ ջնջել ու վերջ տալ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդման, հայ երգին բառերով բարձրաձայն կ՛ըսենք` «Հիմի՞ էլ լռենք, երբ մեր թշնամին իր սուրն է դրել մեր կրծքին…», ըսաւ հայրապետը:
Ուստի ան յորդորեց հայ ժողովուրդը արթուն մնալու տեղի ունեցած համաթուրանական նոր դաշնութիւններուն դիմաց, որոնց նպատակը Հայաստանի գոյութիւնը վտանգել է: Ան յայտարարեց մեր կտրուկ մերժումը` Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը վտանգող տարածաշրջանէն ներս համապարփակ խաղաղութեան հաստատման բանակցութիւններուն, միակողմանի զիջումներուն եւ պարտադրուած կացութիւնները ընդունելու վտանգալից մօտեցումներուն:
Արամ Ա. կաթողիկոս ընդգծեց, որ աշխարհէն գութ ու արցունք չէ սպասուածը, այլ պահանջուածը արդարութեան վերականգնում է եւ` միջազգային օրէնքի գերակայութիւն. «Մենք պատմութիւն կերտեցինք, հայրենիք պահեցինք, մշակոյթ ստեղծեցինք, նոյնիսկ արեան գնով, «Ո՛չ» ըսելով բոլոր տեսակի համակերպումներուն: Կը պահանջե՛նք Արցախի ժողովուրդին վերադարձը Արցախ եւ անոր իրաւունքներուն վերականգնումը` միջազգային երաշխաւորութեամբ: Կը պահանջե՛նք Ազրպէյճանի կողմէ ձերբակալուած բոլոր գերիներուն առանց պայմանի շուտափոյթ ազատ արձակումը: Կը պահանջե՛նք Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան դատապարտումը` նոյնինքն Թուրքիոյ կողմէ, եւ` մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հատուցումը», պահանջեց վեհափառ հայրապետը:
Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս մէջբերեց Թուրքիոյ նախագահին քանի մը ժամ առաջ տուած պատասխանը թղթակիցներուն` Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած հարցումին. «Մոռցէ՛ք անհիմն յիշողութիւնները եւ երեւակայական պատմութիւնները»: Առ այդ, մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու սրբազան աճիւններուն դիմաց կանգնած, վեհափառ հայրապետը իր խօսքը ուղղեց Թուրքիոյ նախագահին` հարց տալով. «Պարո՛ն նախագահ, ուրկէ՞ եկան այս աճիւնները մեր նահատակներուն: Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս քու պապերուդ կողմէ ջարդուեցան մեր պապերը: Պատմութիւնը կը վկայէ, նոյնիսկ` թուրք պատմագէտներու կողմէ, թէ ինչ որ կատարուեցաւ 1915-ին ի՛մ պապերուս դէմ քո՛ւ պապերուդ կողմէ, Ցեղասպանութիւն
էր` ծրագրուած ու գործադրուած պետական մակարդակով»: Իսկ պատասխանելով Թուրքիոյ նախագահին Հայաստանը սփիւռքին եւ սփիւռքը Հայաստանին հակադրելու անիմաստ փորձերուն, որ վերոյիշեալ հարցազրոյցին մէջ թղթակիցներուն ըսած էր, վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Պարո՛ն նախագահ, մի՛ փորձեր սփիւռքը հակադրել Հայաստանին:
Հայաստան եւ սփիւռք մէ՛կ ամբողջութիւն են, մենք մէ՛կ ազգ ենք, մէ՛կ պահանջատիրութեամբ: Հետեւաբար արթո՛ւն եղիր, ժողովո՛ւրդ հայոց, Կովկասէն ներս համաթուրանական նոր դաշնակցութեան մը կազմաւորումով Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կը փորձեն իրենց օղակին մէջ խեղդել Հայաստանը: Հայաստանին ցեղասպան դրացիները խաղաղութեան հաստատման համար պայմաններ դնելով` փաստօրէն կը սպառնան Հայաստանի ամբողջականութեան ու անվտանգութեան, նոյնիսկ` գոյութեան»:
Վերջապէս, վեհափառը թելադրեց համախմբուելու ազգին ու հայրենիքին սրբազան արժէքներուն, համահայկական օրակարգի մը, թէկուզ` տարբեր մօտեցումներով, եւ անվիճելի իրաւունքներու շուրջ` Հայաստանի փրկութիւնը ամէն բանէ վեր դասելով:
«Յարգա՛նք` մեր բիւրաւոր նահատակներուն եւ պատի՛ւ` մեր արի ժողովուրդին» ըսելով` Արամ Ա. կաթողիկոս եզրափակեց իր պատգամը:
Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկը աւարտեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: