Պատերազմի Դադրեցման Համար Պահանջները Չափազանցուած Են
23 Հոկտեմբեր 2024
Իսրայէլ կը շարունակէ պատերազմիլ երկու ճակատներու վրայ` Կազայի մէջ Համասի դէմ եւ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի դէմ: Կազայի մէջ զինադուլ հաստատելու եւ առեւանգուածները ազատագրելու համար տարուած բանակցութիւնները ձախողեցան եւ մոռցուեցան: Իսրայէլ որոշած է բնաջնջել Համասը եւ իբրեւ արդիւնք Համասի վերացման ազատագրել առեւանգեալները: Կազայի պատերազմը դադրեցնելու ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններ չկան. Կազայի մէջ ռմբակոծումները եւ բախումները այլեւս ունին մոռցուած պատերազմի մը յատկանիշը: Այժմ լուսարձակները ուղղուած են դէպի Լիբանան, ուր Իսրայէլ անխնայ ռմբակոծումներով կը փորձէ փճացնել Հըզպալլայի ամբողջ կարողականութիւնը. ղեկավարներու սպանութիւն, զինապահեստներու քանդում եւ նոյնիսկ դրամական միջոցներու չքացում: Հըզպալլա կը դիմադարձէ Իսրայէլի ուղղութեամբ հրթիռներ արձակելով եւ անօդաչու սարքեր ղրկելով:
Զուգահեռաբար, տեղի կ՛ունենան անուղղակի բանակցութիւններ պատերազմը դադրեցնելու համար: Բանակցութիւններու գլխաւոր միջնորդը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն են: Իսրայէլի պահանջը Հըզպալլայի ապազինումն ու սահմանային գօտիէն հեռացումն է, Լիբանանինը` պատերազմին դադրեցումը:
Փոխադարձ պահանջներու այս պարզ ձեւակերպումը չի համապատասխաներ բանակցութիւններու իրական պարունակութեան: 2006 թուականին Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ պատերազմը աւարտած էր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի որդեգրումով: Ըստ այդ բանաձեւին, երկու կողմերը սահմանային գօտիէն ներս զերծ պիտի մնային զինուորական գործողութիւններ կատարելէ, մասնաւորաբար Հըզպալլան իր զինեալ ուժերը պիտի հեռացնէր մինչեւ Լիթանի գետը, լիբանանեան բանակը պիտի փոխարինէր զայն սահմանային գօտիին մէջ: Զինադուլի այս համաձայնութեան պիտի հսկէին Լիբանանի հարաւը հաստատուած ՄԱԿ-ի ուժերը` ՖԻՆԻՒԼ-ը, աւելի քան 10000 հաշուող բազմազգ զօրքով (որոնց մէջ` հայկական զօրագունդ մը): Թէ՛ Իսրայէլ եւ թէ՛ Լիբանան, յանձին Հըզպալլայի, չյարգեցին այս որոշումը: Իսրայէլ շարունակեց չյարգել Լիբանանի ինքնիշխանութիւնը, Հըզպալլան հակադարձեց մասնակի ռմբակոծումներով եւ սահմանային գօտիին մէջ զինական ամրութիւններ ստեղծելով: ՄԱԿ-ի ուժերը բաւականացան դիտելով եւ Ապահովութեան խորհուրդին տարեկան տեղեկագիր մը յղելով: ՄԱԿ-ը, յաջորդական 17 անգամ տարիով երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութիւնը:
Հըզպալլայի որոշումը` հարաւային Լիբանանէն ճակատ մը բանալու, օժանդակելու համար Կազայի մէջ կռուող Համասին, բարդացուց կացութիւնը: Իսրայէլ, գրեթէ տարի մը տեւած զգուշութեան պահանջներէ ետք, որոշեց իրեն յատուկ բիրտ ուժով լռութեան մատնել Հըզպալլան:
Լիբանանեան պետութիւնը բախումներու առաջին օրերէն յայտարարեց թիւ 1701 որոշումը ամբողջական կերպով գործադրելու իր յանձնառութեան մասին, փոխան իսրայէլեան յարձակումներու դադրեցման: Որոշման հեղինակը կառավարութիւնն է, իսկ կռուողը` Հըզպալլան: Հըզպալլան մաս կազմելով կառավարութեան, անուղղակիօրէն յանձնառու է որոշման գործադրութեան. այս յանձնառութիւնը կը նշանակէ, որ Հըզպալլա գիտակից է, որ չի կրնար, ինչպէս 2006-ին, յաղթանակ արձանագրել Իսրայէլի դէմ: Գաղթականական հսկայ ալիքը վկայ:
Իսրայէլ այժմ չ՛ուզեր գոհանալ թիւ 1701-ի գործադրութեամբ: Բացի Հըզպալլայի հեռացումէն եւ 8000 լիբանանեան բանակայիններու տեղաբաշխումէն, ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութիւններու յաւելումէն եւ սահմանին երկու կողմերը գաղթականներու վերադարձէն, Իսրայէլ երկու յաւելեալ պահանջներ կը դնէ դիւանագիտական լուծում մը ընդունելու համար: Առաջին պահանջը Իսրայէլի տրուած իրաւունքն է գործնական միջոցառումներու դիմելու` վստահ ըլլալու համար, որ Հըզպալլա չի վերազինուիր եւ չի վերականգներ իր մարտական ամրութիւնները. այսինքն` լիբանանեան հողին վրայ ոստիկանի դեր կատարել: Երկրորդ պահանջը կը վերաբերի Լիբանանի օդային տարածքի ազատ օգտագործման իսրայէլեան բանակին կողմէ:
Երկու պահանջներն ալ կը խախտեն Լիբանանի գերիշխանութիւնը: Այս պայմաններու ընդունումը Լիբանանը կը վերածէ Իսրայէլի կողմէ գործնապէս վերահսկուող երկրի: Որեւէ երկիր չի կրնար իր անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը կորուստի մատնող նման պայման ընդունիլ: Եթէ ամերիկացիները անկեղծ են, պէտք է համոզեն Իսրայէլը հրաժարելու իր չափազանցուած պահանջներէն, տալով երաշխիքներ, որոնց մէջ կարեւորագոյնը լիբանանեան բանակին զինումն է եւ սահմանը պահելու կարողականութեան զարգացումը: Այլապէս, վկայ պիտի դառնանք ձախողման ու պատերազմին շարունակման:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ