Ակնարկ. Յայտարարութիւններուն Ընտրական Եւ Քաղաքական Շարժառիթները
05 Նոյեմբեր 2024
Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածուներուն միջեւ մրցապայքարը բաւական սուր է, եւ արդիւնքները կը մնան անկանխատեսելի: Վաղը կը վճռուի այդ երկրին դեմոկրատակա՞ն թէ՞ հանրապետական նախագահով ղեկավարուելու ճակատագիրը յառաջիկայ չորս տարուան համար: Լրատուութիւններն ու մեկնաբանութիւնները կը խօսին բեւեռացած, գերլարուած մրցապայքարի մասին եւ արդիւնքներու հրապարակումէն ետք տարբեր տեսակի հետեւանքային հաւանական իրավիճակներու մասին:
Հայութեան վերաբերող անոնց նախընտրական յայտարարութիւններու բովանդակութեան մէջ կան յստակ տարբերութիւններ: Հարիս կը խօսի Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերու իրենց տուները անվտանգ վերադառնալու իրաւունքի կարեւորութեան, հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան վերականգնման եւ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման հրամայականին մասին: Յայտարարութիւնը սեպտեմբեր 21-ի առիթով է, եւ դեմոկրատական թեկնածուն վերյիշած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ կը շարունակէ իբրեւ ողբերգութիւն ձեւաւորել հայոց ինքնութիւնը: Ապա Հարիս վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը, Հայաստանի եւ անոր դրացիներուն միջեւ կայուն խաղաղութեան հասնելու գաղափարին` հիմնուած գերիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգանքին վրայ: Դրուատիքի խօսք կայ նաեւ ամերիկահայ համայնքին մասին:
Հանրապետական թեկնածուին ընտրական յայտարարութիւնը այլ բովանդակութիւն ունի. Քամալա Հարիս ոչինչ ըրաւ, երբ 120.000 հայ քրիստոնեաներ սարսափելի կերպով հալածուեցան եւ Արցախէն բռնի տեղահանուեցան: Յայտարարութիւնը անդրանցած է հայկական տարածքը եւ ներառած աշխարհի քրիստոնէութիւնը: Հանրապետական թեկնածուն կը զգուշացնէ, որ քրիստոնեաները ամբողջ աշխարհի վրայ անվտանգ պիտի չըլլան, եթէ Քամալա Հարիսը ըլլայ Միացեալ Նահանգներու նախագահը: Ապա, կը խոստանայ, որ նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի պաշտպանէ հալածուած քրիստոնեաները, պիտի աշխատի դադրեցնել բռնութիւնն ու ցեղային զտումը, իսկ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն պիտի հաստատէ:
Հասարակաց բաժինները երկու յայտարարութիւններուն ամերիկահայ համայնքին հանդէպ արձանագրուած դրուատիքն է եւ Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան հաստատումը: Հարիսի յաւելումը այս պարունակին մէջ պէտք է նշել` տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան յարգումի սկզբունքներով:
Հարիս կը խօսի Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքին, մինչ Թրամփ` քրիստոնեայ հայերուն ցեղային զտման ենթարկուած ըլլալուն մասին: Թրամփը թեման օգտագործած է Հարիսին դէմ` ընդգծելով, որ ան ոչինչ ըրաւ կանխարգիլելու համար ցեղային զտումը: Կրօնական բնոյթի շեշտադրումը Թրամփին կողմէ կը տեղաւորուի հանրապետական պահպանողականութեան` քրիստոնեայ արժէքներու պահպանման եւ ընդհանրապէս տարբեր տարածաշրջաններու մէջ քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւններու պաշտպանութեան մօտեցումներուն շրջածիրին մէջ: Այս պարագային իր մօտ նկատուող բացակայ բաժինը` Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման առումով լրացած է Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին իրմէ ակնկալուած կէտերու նկատմամբ իր հաստատումով:
Անշուշտ այս բոլորին մէջ նախընտրական շարժառիթներուն գերակայութիւնը պարզ է: Սակայն եթէ նկատի ունենանք նաեւ գործող նախագահին յղած նամակը Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին, ապա երեքի պարագային կը նկատուի առանցքային թելադրանք մը` Հայաստան-Ազրպէյճան հակամարտութեան լուծման կամ կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման: Ինչ որ այնքան ընդհանուր է եւ ցանկալիութեան սահմաններէն անդին չանցնող կարգախօս: Ուշագրաւը այս պարագային այն է, որ Պայտըն դրուատելէ ետք կողմերուն դէպի խաղաղութիւն ձգտելու ընթացքը, յուսացած է այս տարուան աւարտին հասցնել Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը: Մօտալուտ խաղաղութիւն մը, որ չի պայմանաւորուիր այսպիսով Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան ժամկէտին հետ:
Հրապարակուած յանձնառութիւնները նախընտրական յայտարարութիւններ են: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կ՛արձանագրէ, որ ոեւէ թեկնածու չէ վաստակած Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի աջակցութիւնը, որովհետեւ կողմերը պատասխանատուութիւն կը կրեն Ազրպէյճանը զինելու, Ազրպէյճանի գործադրած ցեղասպանութեան օժանդակած ըլլալու եւ Արցախը լքելու համար:
Թեկնածուները, յամենայն դէպս, համոզուած ըլլալու են, որ անկախ ամերիկահայ համայնքի քուէի հաշուարկներէն, պիտի շարունակուին Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան կովկասեան գործընթացները ի հակակշիռ ռուսական գործօնին կամ անոր դուրս մղման: Քաղաքական այս տրամաբանութեամբ ալ կը դիտարկուի Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ ցեղային զտում իրականացած ըլլալու փաստի արձանագրումը, բռնատեղահանուածներու վերադարձի իրաւունքի իրացումը եւ վերադարձը երաշխաւորող միջազգային գործիքակազմի տեղակայումը: Ահա այս վերջին կէտն է, որ ռուսականէն բացի այլ ուժերու տեղակայում կ՛ենթադրէ տարածաշրջանին մէջ: Իսկ այս մէկը առաջադրելու համար անհրաժեշտ են ցեղային զտումի ենթարկուած, բռնատեղահանուած ըլլալու փաստերու արձանագրումը եւ անոնց անմիջականօրէն հետեւելիք վերադարձի իրաւունքի արծարծումը:
«Ա.»
Ազդակ