Ակնարկ. Յետընտրական Հրամայականներ
08 Նոյեմբեր 2024
Միացեալ Նահագներու փոխնախագահ եւ արդէն նախագահական նախկին դեմոկրատական թեկնածուն նորընտիր նախագահին շնորհաւորելէ ետք քննարկած է իշխանութեան խաղաղ փոխանցման կարեւորութիւնը:
Իշխանութեան սահուն փոխանցում խոստացած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու շուտով պաշտօնաթող նախագահը նորընտիրին:
Շեշտադրում կայ իշխանութեան խաղաղ եւ սահուն փոխանցման անհրաժեշտութեան վրայ: Առաջին հայեացքով այս առաջադրանքը մտածել կու տայ բեւեռացած հասարակութեան, բեւեռացած ընտրութեան եւ յետընտրական իրավիճակի մասին: Ընտրութիւնները չեն վիճարկուիր, չկան վերահաշուարկի պահանջներ, հետեւաբար սկզբունքով չկան առնուազն մրցակից ուժերու պատասխանատուներուն կողմէ իշխանութիւնը յանձնել-չյանձնելու երկուութիւն:
Սակայն երբ կը շեշտուի այս հրամայականը, կը նշանակէ, որ յետընտրական ենթահողը հանգիստ պահելու նախանձախնդրութիւն կայ:
Հետեւաբար` մտավախութիւն: Այս մտավախութիւնը կրնար աւելի խոր ըլլալ եւ առարկայական դրսեւորումներու տեղի տալ, եթէ արդիւնքները շրջուած ըլլային: Այս տեսութիւնը կը հիմնուի նախորդ ընտրութիւններէն ետք ստեղծուած իրավիճակի մտաբերումներով:
Յետընտրական հաւանական ցնցումներու, նոյնիսկ ներքաղաքացիական բախումներու հաւանականութիւնը տարբեր վերլուծական հրապարակումներու մէջ կ՛արծարծուէր: Այս բոլորը մտածել կու տան, որ ամերիկեան քաղաքական դաշտը, երկկուսակցական դրութիւնը ընդհանրապէս բեւեռացած կը պահէ թէ՛ պետական համակարգը, թէ՛ ընտրական իւրաքանչիւր փուլը եւ թէ՛ հասարակութիւնը ընդհանրապէս:
Իշխանութեան փոխանցումը շուրջ երկուքուկէս ամսուան ժամանակահատուածի մասին է: Յունուարի կիսուն է, որ նորընտիր նախագահը կը ստանձնէ իշխանութիւնը, որ դեմոկրատականէն անցում կը կատարէ հանրապետականի: Ի դէպ, առընթեր նաեւ հանրապետականը մեծամասնութիւն կ՛ունենայ նաեւ օրէնսդիր երկպալատ հիմնարկներուն մէջ նախագահին ապահովելով յաւելեալ առաձգականութիւն: Մինչեւ փոխանցում ուրեմն ընդհանուր առումներով չեն ակնկալուիր ներքին-արտաքին քաղաքականութեան փոփոխութիւններ: Գոյավիճակի շարունակութիւն:
Գոյավիճակի շարունակութիւնը ակնկալելի է նաեւ մեզի հետաքրքրող աշխարհագրական երկու միջավայրերուն մէջ եւս` Հարաւային Կովկաս եւ Միջին Արեւելք: Աւելի հեռակայ հայեացքով, կը շարունակուին Ուքրանիոյ յատկացուած ռազմական օժանդակութիւնները: Արծարծուող միտքերը, կանխատեսումնային վերլուծումները պարզացուած ձեւով այն են, որ Թրամփի կառավարութիւնը հետզհետէ կը դադրեցնէ Ուքրանիոյ տրուող օժանդակութիւնները, ինչ որ կը յանգեցնէ Մոսկուայի կողմէ թելադրուած պայմաններով զինադուլի: Այդ փուլը ինքնին կարելիութիւն կ՛ընձեռէ Ռուսիոյ վերադիրքաւորուելու Կովկասի մէջ, եթէ թրամփեան քաղաքականութիւնը այս անգամ Կովկասի մէջ կամ ընդհանրապէս թեթեւցնէ ռուսական գործօնի դուրս մղման իր արտաքին քաղաքականութեան թափը: Պաշտօնական Մոսկուայի յայտարարութիւններուն մէջ դէպի Թրամփ դրական ազդակներ առկայ էին:
Խաղաղութեան կողմնակից եւ ժողովուրդներուն տառապանքին վերջ տալու խոստումներ յայտարարած Թրամփը Միջին Արեւելքի պարագային երկուութեան առջեւ կը կանգնի: Իսրայէլի գործող վարչապետին հետ անձնական մօտիկութիւն ունեցող, Իսրայէլի շահերը գերադասող, Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող եւ ամերիկեան դեսպանատունը Երուսաղէմ տեղափոխած Թրամփի պատկերացումը, ժողովուրդներու տառապանքներուն վերջ տալու առումով, յստակ չէ:
Շրջադարձային փոփոխութիւններու մասին միանշանակ եւ բացարձակ հաստատումներ կատարելը քաղաքականօրէն կրնայ ընկալելի չըլլալ:
Սահուն, խաղաղ փոխանցումի պատգամները կրնայ ըլլալ միայն ներքին առումով չեն: Քննարկումներուն ընթացքին անպայման կը խօսուին արտաքին քաղաքականութիւնը եւս անցնցումնային շարունակելու ակնկալութիւններն ու կարելիութիւնները: Ահա այստեղ է, որ անհրաժեշտ կը դառնայ Միացեալ Նահանգներու անվտանգային եւ պաշտպանական համակարգերուն քսանամեայ կտրուածքով մշակուած հայեցակարգերու ճիշդ ընթերցումը, ուր գծուած են աշխարհաքաղաքական ընդհանուր միտումներն ու բանաձեւուած գործընթացներու ուղղութեամբ ամերիկեան պետութեան ընդհանուր փիլիսոփայութեան առանցքները:
«Ա.»
«Ազդակ»