Ինչո՞ւ Կ՛ուշանայ Խաղաղութիւնը
13 Նոյեմբեր 2024
9-էն 10 նոյեմբեր լուսցող գիշերուան անձնատուական յայտարարութեան չորրորդ տարելիցը անցաւ գրեթէ աննկատ: Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ անոր յիշեցումը պիտի հակասէր «Խաղաղութեան խաչմերուկ» կառուցելու քաղաքականութեան: Ապազգային այդ քաղաքականութեան իրականացման սիրոյն պաշտօնական Հայաստանը պատրաստ է հրաժարելու այն բոլոր իրողութիւններէն, որոնք անցնող երկու հարիւր տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը դարձան ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը պայմանաւորեցին: Գաղթական դարձած արցախցիները եւ ընդդիմադիր շրջանակներ այցելեցին Եռաբլուր ու հանդէս եկան յայտարարութիւններով:
Ընդդիմադիր շարժումը չորս տարիներէ ի վեր, զանազան տարազներով չի յաջողիր անձնատուական ընթացքին արգելք հանդիսանալ: Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը անյողդողդ կերպով կը մերժէ պարտուողական ընթացքէն ամէն շեղում: Վերջինը` Պաքուի մէջ ազատազրկուած պատանդներու ազատութեան պահանջով յայտարարութեան մերժումն է: Յայտարարութիւնը Ազգային ժողովին ներկայացուած էր բնականաբար ընդդիմութեան կողմէ: Ընդդիմութեան կողմէ ներկայացուած այս հերթական բանաձեւը եւս հակասական նկատուեցաւ խաղաղութեան քաղաքականութեան: Գործով թէ նոյնիսկ խօսքով արգիլուած է Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան այպանել, արդարացի պահանջներ ձեւաւորել: Պէտք չէ բարկացնել երկու անզիջող թշնամի հարեւանները…
Ո՞ւր հասաւ Սրբազան պայքարը: Բացի Բագրատ սրբազանի պարագայական յայտարարութիւններէն, գործունէութիւն չենք տեսներ: Կը հաւատացնեն մեզի, որ պայքարը չէ մարած, կը շարունակուի: Այդ պայքարը իշխանափոխութիւն իրականացնելու համար չէր սկսած. նպատակը կարգ մը ղեկավարներ հեռացնելով այլ ղեկավարներով զանոնք փոխարինել չէր: Նպատակը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախ գոյութիւնը, անոր ամբողջականութիւնը եւ ապահովութիւնը անշրջանցելի դարձնելն էր: Կ՛ըսուի, որ շարժումը ծրագիր չունի, մինչդեռ ծրագիրը մանրամասնօրէն ներկայացուած է բազմիցս, վերջին անգամ` մարզահամերգային դահլիճին մէջ կայացած հաւաքին ընթացքին: Դժուարութիւնը կը կայանայ դժգոհ, բայց ընդարմացած հանրութեան արթնացումի ուշացման մէջ: Համբերենք, արթնացումը անպայման պիտի կատարուի, վստահինք, որ շատ պիտի չուշանայ:
Տարբեր ճակատի մը վրայ, Իսրայէլ կը շարունակէ թշնամի հռչակուած երկու կազմակերպութիւններուն` Համասին եւ Հըզպալլային, ոչնչացման գործողութիւնները: Միջոցներու մէջ խտրութիւն չդնելով, սպաննելով ու աւերելով, իսրայէլեան բանակը ցեղասպանութիւն յիշեցնող գործարքի մը լծուած է: Բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան միջնորդներու միջոցով, պարբերաբար հրադադարի յոյսեր կը քողազերծուին, շուտով մարելու համար: Պատերազմական սարսափը կը շարունակուի անխափան:
Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահին ընտրութիւնը պատերազմի դադրեցման յոյսեր դրսեւորեց: Կ՛ըսուի, որ ընտրեալ նախագահը, որ իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 20 յունուար 2025-ին, դէմ է պատերազմներուն ու կը փափաքի նախագահական պաշտօնը ստանձնել խաղաղ պայմաններու մէջ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները իրենք պատերազմ չեն մղեր, սակայն պատերազմելու կը մղեն, ապա կը հովանաւորեն իրենց պաշտպանեալները: Միացեալ Նահանգները զէնք ու դրամ կը հայթայթեն, ի հարկին Ապահովութեան խորհուրդին մէջ վեթօ կը կիրարկեն եւ միաժամանակ հանդէս կու գան իբրեւ պատերազմող կողմերու միջեւ հաշտարար: Կողմնակալ հաշտարար, հաշտութիւնը խափանողին պաշտպան:
Վերջին շաբթուան ընթացքին լուրեր սպրդեցան, որ Իսրայէլ կը նկատէ իրագործած ըլլալ արդէն իր հիմնական նպատակները: Հարց կը ծագի. ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն շէնքերու քանդումները եւ անմեղ մարդոց սպանդները: Լիբանան ընդունած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որդեգրուած թիւ 1701 որոշումը: Այդ բանաձեւին ամբողջական գործադրութիւնը պէտք է գոհացնէ Իսրայէլի բոլոր պահանջները: Կրկին հարց կը ծագի. ինչո՞ւ կ՛ուշանայ անոր գործադրութիւնը:
Կը թուի, որ թէ՛ Կազայի, թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Հայաստանի պարագային մեզի անծանօթ դէպք մը, կացութիւն մը կը սպասուի: Լուծման կարելիութիւնը կայ, կը պակսի զայն իրագործելու համար պատրուակ մը: Մինչ այդ, տագնապը կը շարունակուի, կեանքեր կը խորտակուին, ցանկալի խաղաղութիւնը կը յամենայ:
Խաղաղութիւնը տեսանելի է, պակսողը` զայն քաջաբար իրագործելու կամքն է:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Ազդակ