Ընկերական Զրոյց. Գործի Եւ Խօսքի Խաչմերուկին
30 Նոյեմբեր 2024
Հաւաքական եւ հանրային կեանքի բոլոր բնագաւառներուն ու բոլոր ժամանակներուն մէջ նպատակի կամ ծրագիրի մը քարոզչութեան, ժողովրդականացման ու հանրայնացման եւ անոր շուրջ դրական ու քաջալերական լիցք հաղորդող եւ մթնոլորտ ստեղծող հիմնական գործօնը տուեալ ծրագիրի իրականացման համար ներդրուած ճիգը եւ անկէ բխած արդիւնքն է, եւ ո՛չ թէ` ծրագիրի մասին յաճախ անդրադառնալն ու զայն խօսքով անիմաստ ծանրացնելը:
Խօսքը կենսաւորող ու զայն հեղինակաւոր եւ ազդեցիկ դարձնող հիմնական ազդակը այդ խօսքի ու պատգամի անբաժանօրէն ուղեկցող կենարար աշխատանքն է: Խօսքին հանդէպ ցուցաբերած վստահութիւնը կախեալ է նոյն այդ խօսքէն բխած ու գործնականօրէն թարգմանուած աշխատանքային տարողութենէն, գաղափարական որակէն եւ ի պահանջել հարկին` նաե՛ւ յեղափոխիչ նկարագիրէն: «Դաշնակցութիւնը իր կատարելութեան ապրումին մէջ բառերուն միւս կողմն է, արտայայտութեանց ուժէն անդին. դաշնակցականի ճիգը այդ խորունկ ապրումի տեւական նուաճումն է եղած ցարդ, ու այդպէս ալ պիտի ըլլայ ասկէ ետք», պիտի ըսէր դաշնակցական մտաւորական Եդուարդ Պոյաճեան:
Գործի կուսակցութեան երդուեալները մի՛շտ ալ ամբողջականօրէն իւրացուցած են պատմական այն խոր ճշմարտութիւնը, որ երբ խօսողները կը գերազանցեն աշխատողներու ու նուիրեալներու համրանքը, այդ գործը յառաջագունէ դատապարտուած է ձախողութեան եւ մակընթացութեան: Վ. Նաւասարդեան իր յուշերուն մէջ կը գրէ, որ Ռոստոմ քանի մը օրով հիւր էր Բաքու, այնտեղէն պիտի անցնէր Վիեննա` Ընդհանուր ժողովի մասնակցելու համար: Օգտուելով առիթէն` ընկերները խնդրած են, որ անզուգական մարտավարը զրոյց ունենայ Դաշնակցութեան գործելակերպի մասին: Հաւաքոյթը տեղի կ՛ունենայ Բաքուի կառոյցի ընկերներէն բժշ. Գր. Սաղեանի բնակարանը: Ռոստոմ, միշտ նոյն հեգնախառն ու իմաստուն ժպիտը դէմքին, իր զրոյցը կը բանայ հետեւեալ նախադասութեամբ. «Այնքան շատ գործով տարուեցանք, որ խօսիլն անգամ մոռցանք»: Բարացուցական ու պատգամող է Ռոստոմի գործի կուսակցութեան` էութեան ու նկարագրին հարազատ այս հաստատումը:
Յաւակնոտ, ուժեղ, հեռանկար ու տեսլական պարզող գաղափարական որեւէ խօսք պէտք է համալրուած ըլլայ նպատակասլաց աշխատանքի, ամուր հաւատքի, յանձնառութեան, վճռակամութեան ու ինքնավստահութեան ստորոգելիներով եւ այդ պարագային միայն կը դառնայ ապրող ու կենսաւորող պատգամ: Այլապէս, անոնց բացակայութեան կը վերածուի աղմկարարութեան, որ այս պարագային մի՛շտ ալ մեր իրականութեան մէջ մնացած է լուսանցքային: Հրաչ Տասնապետեան «Ո՞վ է դաշնակցականը» իր աշխատասիրութեան մէջ լաւագոյն ձեւով կը բանաձեւէ այս հանգամանքը, երբ կ՛ըսէ. «Եթէ հետապնդուած նպատակին նկատմամբ աննկուն հաւատքն ու ամբողջական ինքնանուիրումը դաշնակցական յատկանիշներ դարձան, սկզբնաղբիւրը դարձեալ պէտք է փնտռել մեր գերագոյն առաջնորդներու գաղափարականութեան, ինքնամոռաց նուիրուածութեան եւ անսակարկ անձնազոհութեան մէջ: Անզուգական Մարդակերտը` Քրիստափոր, ոչ միայն անձամբ գլխաւորեց սուլթանի ահաբեկումը եւ Իզմիրի ցուցական ձեռնարկները, այլ նաեւ անձնապէ՛ս տարաւ գործնական շատ մը աշխատանքներ, որոնց կարգին նաեւ` Սոֆիայի ռումբերու փորձարկումը, որ իր հիմնադրին եւ գերագոյն հեղինակութեան կեանքը արժեց ՀՅ Դաշնակցութեան»:
Յաճախ մարդիկ միամտօրէն կը խորհին, որ ամբոխավարական խօսքի ճամբով ու պերճախօս քննադատութեամբ կատարուած աշխատանքի մասին իրենց տեսակէտի բարձրաձայնումը բաւարար է իրենց կողմէ ձեռնարկուած նոր աշխատանքի մը շուրջ ստեղծելու հետաքրքրութիւն եւ խանդավառութիւն: Դաշնակցականին համար, սակայն, աւելի կատարեալ ու արդիւնաւէտ աշխատանքի յայտնաբերման լաւագոյն միջոցը ո՛չ թէ կատարուած գործի մը հանդէպ քննադատութիւնն է սոսկ, այլ` նոյն այդ կատարուած գործը գերազանցող աւելի ընդգրկուն ու աւելի՛ ստեղծագործ աշխատանքի մը ճառագայթումն ու անոր յաջողութեան փաստը:
Դաշնակցական գործը նաեւ դաշնակցական անհատի կազմաւորման ու պատրաստութեան համար դաստիարակչական անսպառ աղբիւր է: Այդ գործի ու պայքարի ճամբով ձեռք բերուած փորձառութիւնը, գիտելիքը եւ կարողականութիւնը կը հարստացնեն անհատը եւ կը կոփեն անոր գաղափարական ընկալումը` զայն դարձնելով աւելի յանձնառու եւ գաղափարական, ու իր գործի ճամբով կատարուած ներդրումը անխուսափելիօրէն իր դրոշմը կը ձգէ կուսակցութեան առաջադրանքներու յաջողութեան ու գործադաշտի ընդարձակման մէջ:
Պատմական կենսափորձով ու յարատեւ պայքարի եւ աշխատանքի բազմաթիւ օրինակներով ընդմիշտ թարմացող Դաշնակցութեան տոմարին մէջ շատոնց բացորոշ ու իր այժմէութիւնը պահող հանգանակ է, որ իրական, վաւերական եւ համակող գործը եւ, աւելի՛ն, ինքզինք գերազանցող գործը զինաթափ կ՛ընէ մեր հաւաքականութեան կեանքին ու երթին մէջ ամէն տեսակի նախապաշարեալ, ենթակայական ու կողմնակալ մօտեցումով աճող մթնոլորտ, կը վերացնէ գործը արգելակող արհեստական պատնէշներն ու մնայուն, դրական եւ արդիւնաւէտ շարժման մէջ կը դնէ մեր հաւաքական կեանքը` մի՛շտ զսպանակուած մղումով ապահովելով յառաջընթաց եւ յատկանշական ու եզակի ձեռքբերումներ: Վերջ ի վերջոյ ընդունուած ու կենսափորձ նուաճած համոզում է, որ վաւերական գործը կ՛ազնուացնէ անհատը, նաե՛ւ միջավայրը:
Կենդանի գործի վարպետ Ռոստոմի բառերով` «Եթէ Դաշնակցութիւնը այդքան խօսի (կամ շատ խօսի), նա գործ չի անի»-ն կը շարունակէ մնալ 135-ամեայ կուսակցութեան անշեղ ու առանցքային հաւատամքներէն մէկը: Այդ կենդանի գործը մինչեւ այսօր կը պահէ իր այժմէականութիւնն ու պատգամը, եւ մի՛շտ իր վերանորոգումն ու վերաթարմացումը կը գտնէ նոյն այդ գործի ընդարձակման մէջ` հոն ներգրաւելով ու ներառելով նոր մարդուժ եւ կարողականութիւն, ամրակայելով Դաշնակցութեան ապագայ առաջադրանքներու իրականացման երթն ու ուղին եւ մի՛շտ երաշխաւորելով առողջ սերնդափոխութիւնը:
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
«Ազդակ»