Ակնարկ. Ուաշինկթընի Փուլային Նախապայմանները
23 Դեկտեմբեր 2024
Սուրիոյ նոր վարչակազմին ուղղութեամբ Ուաշինկթընէն հնչած յայտարարութիւնները հետագայ գործընթացներուն ուղղութեամբ որոշ պատկերացումներ կը փոխանցեն:
Նախ անշուշտ այն տպաւորութիւնը կը ձգուի, որ կայ ճիգ ուժերու միաւորման, որպէսզի ներքին քաոսը բացառուի: Նոր սահմանադրութիւնը առաջադրանք է փաստօրէն, որուն հիմնադրոյթները տակաւին պարզ չեն: Ամերիկեան պահանջին մէջ կայ կէտ, որ կը խօսի ոչ համայնքային կառավարութեան կամ ընդհանուր համակարգի մասին:
Նշենք, որ նախորդ վարչակարգի օրերուն, միջհամայնքային կառուցուածքի հիման վրայ չէ, որ կը կազմուէին պետական մարմինները: Այսինքն` իւրաքանչիւր համայնքի համար յատկացուած չափաբաժին չկար: Պարզ էր, որ ալեւի փոքրամասնութիւնը ունէր գերակայութիւն երկրի հիմնական ոլորտներուն մէջ, իշխանութեան ընտանեկան հիմքը նկատի ունենալով:
Միացեալ Նահանգները չի պարզաբաներ ոչ համայնքային վարչակառավարման ծալքերը տակաւին: Եթէ մէկ համայնքի գերակայութեան ջնջումի մասին է խօսքը, ապա ատիկա ամէնէն հասկնալին է:
Եթէ համայնքներու ներառականութեան մասին է խօսքը, ապա բարդութիւններ կը նախատեսուին այստեղ. առանց չափաբաժիններու ճշդումին ի՞նչ տեսակի հաւասարակշռութիւն պէտք է ձեւաւորել, որպէսզի ներկայացուած ըլլան ոչ միայն իսլամական տարբեր դաւանանքները, այլ նաեւ տարբեր կրօններու հետեւորդ ազգաբնակչութիւնները կամ ազգային փոքրամասնութիւնները:
Նոր սահմանադրութեան որեւէ նախագիծ տակաւին չէ հրապարակուած, հետեւաբար այս անցումը դէպի ապահամայնքային դրութիւն յստակ չէ թէ՛ իբրեւ եղանակ եւ թէ՛ իբրեւ իրաւական ամրագրում` նոր Սահմանադրութեան տեսքով:
Անցումային կառավարութիւնը արծարծուող առաջադրանքներուն համապատասխան բաղադրութիւն չունի: Նախկին վերափոխուած ուժերու մօտ տակաւին յայտարարութիւններէն բացի չ՛երեւիր Սուրիոյ ապահամայնքայնացման որեւէ հայեցակարգ:
Ամերիկեան այս պահանջը աւելի քաղաքացիական պետութիւն ձեւակերպումով կրնայ բացատրուիլ: Քաղաքացիական հասարակարգը այսօր պետութիւն-ժողովուրդ յարաբերութիւններուն մէջ ազդեցիկ հաստատութեան վերածելու միջազգային ներշնչանքներ ունի:
Այս մէկը յայտնաբար պայման է, որ Ուաշինկթըն կ՛արծարծէ ի լուր նոր իշխանութիւններուն:
Առաջին, ահաբեկչական միաւորներու կողմէ այդ պիտակաւորումի եւ դասակարգումի ջնջումի քայլեր կ՛ենթադրէ նոր վարչակարգին կողմէ:
Պետութեան ապահամայնքայնացում կամ քաղաքացիացում, երկրորդ` նոր Սահմանադրութեան ընդունում, այս առաջադրանքային սկզբունքներուն հիման վրայ:
Սուրիոյ վերականգնումի նպատակով հասնելիք օժանդակութիւնները եւս իրենց պայմանները ունին բնականաբար: Ֆինանսական հոսքը պայմանաւորուած է նոր ազդեցութեան գօտիներու ձեւաւորումով կամ երկրին բնական հարստութիւններու շահարկման իրաւականացումով:
Սուրիոյ բնական աղբիւրներու, կազէն, ուժանիւթի տեսակներէն մինչեւ հանքային աղբիւրներ հսկայական հարստութեան եւ կարողականութեան մասին կը խօսին: Այդ բոլորի արտահանումը, վաճառականացումը միջազգային ներգրաւման, ստանձնման եւ յանձանձման իրաւական արտօնութիւններու խնդիրներ կան բնականաբար:
Ռազմավարական մէկ այլ ուղղութիւն եւս տեսանելի է: Քիւրտերու պարագային, հակամարտութեան լուծումը պատերազմի եւ համաձայնութեան արանքին կը գտնուի, խաղաթղթային կարգավիճակով: Սուրիոյ քրտական կազմակերպութեան ղեկավարը յայտարարած էր, որ «քիւրտ զինեալները, որոնք Միջին Արեւելքի տարբեր շրջաններէն եկան սուրիական քրտական ուժերուն աջակցելու համար, պիտի հեռանան, եթէ երկրի հիւսիսին մէջ Թուրքիոյ հետ ճակատումին զինադադար հաստատուի»:
Թուրքիա-Սուրիոյ քիւրտեր զինադուլի օրակարգ գոյութիւն ունի: Սուրիոյ շրջակայքէն դէպի Սուրիա հասած քիւրտերը կրնան հեռանալ, եթէ զինադուլի շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ:
Մինչ այդ, նոր իշխանութիւնները Ազգային երկխօսութեան նիստեր կը նախաձեռնեն: Կ՛ենթադրուի, որ ներառականութիւնը պիտի ընդգծուի այդ նիստերուն, ինչ որ համահունչ է ամերիկեան պահանջին: Ապահամայնքային կառավարութիւն, ուր ոչ թէ չափաբաժիններու հիման վրայ, այնուամենայնիւ ներառուած ըլլան տարբեր կրօններու, դաւանանքներու եւ ազգաբնակչութիւններու ներկայացուցիչները:
Այսպէս չէ, որ Ուաշինկթընը յանկարծակի պիտի վերացնէ պատժամիջոցները: Վերացման գործընթացը պիտի ընթանայ փուլային դրութեամբ, եւ իւրաքանչիւր փուլի կատարումէն ետք է միայն, որ նոյն փուլայնութեամբ պիտի վերցուին պատժամիջոցները: Ահաբեկչական դասակարգումի ջնջումը առաջին փուլն էր, որուն դիմաց պահանջուեցաւ Ազգային երկխօսութեան նիստի գումարումը: Կը յաջորդէ ներառական կառավարութեան կազմութեան պահանջը:
«Ա.»
«Ազդակ»