Խմբագրական «Ազդակ»-ի Նոր Տարուան Բացառիկի. Քաղաքական Նոր Քարտէսագծում. Իրավիճակներ, Ընելիքներ
04 Հունվար 2025
2024-ը բոլորիս համար յատկանշուեցաւ պատերազմով: Լիբանանեան պատուհանէն դէպի Միջին Արեւելք եւ ընդհանրապէս դէպի երկիր մոլորակ բացուած պատուհանէն դիտելով հարցերը, կտրուկ փոփոխութիւններու տեսանելիութիւնը շատ տիրականօրէն կ՛արձանագրուի առաջին հերթին:
Այո՛, կտրուկ փոփոխութիւններ, որոնք կը խօսին ներկայ դարը յատկանշող գերարագութեան մասին: Արագութիւնը դարձած է այսօրուան աշխարհին, նորութիւններուն, իրադարձութիւններուն, գործընթացներուն, իրավիճակային փոփոխութիւններուն փիլիսոփայական հիմքը: Կը թուի, որ արագ յարափոփոխութիւնը, արմատական վերափոխումները, թէկուզ կազմաքանդումներով եւ աւերներով ընթացող, պիտի շարունակեն յատկանշել ներկայ դարաշրջանը:
Շրջադարձ բառակապակցութիւնը այլեւս ի վիճակի չէ բնորոշելու գերարագ կշռոյթներով կատարուող փոփոխութիւնները: Դարաշրջանի, դարակազմիկ իրադրութիւններու մասին կը խօսուի ամէն առիթի: Տակաւին պարզ չէ, որ Լիբանանի մէջ յետպատերազմեան վիճակը կամ Սուրիոյ մէջ իրականացուած առանց դիմադրութեան իշխանափոխութիւնը ինչի՛ պիտի յանգի:
Բաց պահելով լիբանանեան պատուհանը, կ՛երեւին տարածաշրջանի այլ երկիրներու յետցնցումնային կացութիւնները: Եգիպտոսէն Իրաք, անցնելով Թունուզէն տարբեր հանգրուաններ, իրավիճակներ, ետդարձներ կամ ժամանակաւոր դրութիւններ, բոլորն ալ պահած են արագաչափութեան աստիճանը:
Հիմա նոյնը կը պատահի այս երկրին մէջ, ուր գլխաւոր խաղցողներու դերերը որոշ փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուին, ազդեցութեան գօտիներու մրցապայքարները աւելի սուր բնոյթ կը ստանան, մինչ կայունացման, ինչու չէ բարգաւաճման հեռանկարներու մասին լուսարձակներ կը բացուին: Պատերազմի հետեւանքով ձեւաւորուող կայունութեան եւ անկէ մեկնած բարգաւաճման ուղղութիւններու մասին քաղաքականացուած մօտեցումներ շրջանառութեան մէջ կը դրուին:
Լիբանանեան պատուհանին կողքին պէտք է բաց պահել նաեւ հայկական պատուհանը, այնտեղէն դիտելու համար Լիբանանի մէջ նոր ազդեցութեան գործօններու բանեցումը եւ անոնց ունենալիք հաւանական հետեւանքները լիբանանահայ համայնքին վրայ: Խօսքը ուղղակիօրէն սուրիական պատերազմի վերջին արարը կառավարած Թուրքիոյ մասին է, որ վաղուց իրեն նպաստաւոր ենթահողի ձեւաւորման նախաձեռնած էր հարաւային Լիբանանէն մինչեւ յատկապէս հիւսիսիային Լիբանան, անցնելով Պէյրութէն:
Հիմա, ըսինք արդէն, իրադարձութիւնները արագ են, եւ թրքական հովերը կրնան ուժգին փչել: Դասական սփիւռքի կարեւորագոյն այս համայնքը իր դերի ու դերակատարութեան վերիմաստաւորման խնդիր ունի, նոր հարուածներէն, նոր նօսրացումներէն, նոր արտահոսքերէն ետք, բայց մանաւանդ գծուող քաղաքական նոր քարտէսներուն ընդառաջ:
Այստեղ ընելիք ունի նաեւ հայոց պետականութիւնը, անկախ անկէ, որ գործող իշխանութիւններուն մօտ չ՛երեւիր ճգնաժամի մէջ յայտնուած համայնքներուն նկատմամբ քաղաքականութիւն մշակելու նախանձախնդրութիւնը: Խնդիրը չի վերաբերիր զանգուածային հայրենադարձութեան: Սկսելու համար, հրամայականին` հայրենիքի սահմանամերձ շրջաններուն եւ այնտեղ ապրող ու դասական սփիւռքի յենասիւնը նկատուած գաղութներուն նկատմամբ մշակելի ռազմավարական հայեցակարգին:
Արագօրէն փոխուող հանգամանքներուն մասին իրազեկելու, հանրային կարծիք ստեղծելու եւ ինչու չէ թէ՛ համահամայնքային եւ թէ՛ պետական քաղաքականութեան վրայ իբրեւ չորրորդ իշխանութիւն ազդելու գործառոյթը պէտք է առնուազն փորձէ պահել մամուլը:
Ներկայ ժամանակները անխնայ են եւ հարթիչ գլանային ոճ ունին: Դանդաղկոտութիւնը պարզապէս ոչ միայն խաղէն դուրս մնալու համազօր կշռոյթ է, այլեւ` ընդհանրապէս ջլատումի եւ ժամանակավրէպութեան առաջնորդող վիճակ:
Նոր պայմաններուն մէջ ծրագիրներ մշակելու, համախումբ աշխատելու, նոր մեթոտաբանութիւն որդեգրելու եւ ստեղծուող իրավիճակները ճիշդ գնահատելու աշխատակարգերը եթէ չստեղծուին եւ չձեւաւորուին, լուսանցքայնացումը կը դառնայ նոյնքան արագ:
Գործ կայ հայկակաան դաշտին մէջ կատարուելիք: Անյետաձգելի: Առանց յապաղելու: Ներկայ ժամանակներու օրինաչափութեամբ` գերարագ: