Մինսքի Խմբակի Լուծարման Անտեղի Պահանջը
13 Հունվար 2025
Վահրամ Էմմիան
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 33 տարիէ ի վեր կը պահանջէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը լուծարել: Այժմ ան այդ պահանջը կը հիմնաւորէ հետեւեալ ձեւով. «Եթէ Հայաստանը Ղարաբաղը ճանչցած է իբրեւ Ազրպէյճանի մաս, իսկ Մինսքի խումբը ղարաբաղեան հարցի լուծման համար ստեղծուած էր, ինչի՞ կը ծառայէ անոր պահպանումը»:
Պաքուի այս մօտեցումը հիմնովին սխալ է, ուստի եւ պահանջը` անտեղի: Անիկա քողարկուած է շղարշովը այն ճշմարտութեամբ, թէ Երեւանի իշխանութիւնները Արցախը Ազրպէյճանի մաս կը ճանչնան: Պաքուն այդ փաստը օգտագործելով կը պնդէ, որ խնդիրը լուծուած է:
Ճիշդ է, որ Հայաստանի տակաւին երէկ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարող իշխանութիւնները այսօր իրողապէս ճիշդ հակառակը` «Արցախը Ազրպէյճան է եւ վերջ» կ՛ըսեն, սակայն ատիկա ճշմարտութեան կէսն է միայն:
Իրողութիւնն այն է, որ գոյութիւն ունին Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան տունդարձի միջազգային օրէնքով ամրագրուած իրաւունքի իրականացման խնդիրն ու Արցախի Հանրապետութեան Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով պահուող ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ այլ հայ պատանդներու հարց: Երկու խնդիրներ, որոնք անհերքելի կերպով ցոյց կու տան, թէ Արցախի հարցը տակաւին չէ փակուած:
Նշեալ երկու խնդիրները կարիքն ունին խաղաղ կարգաւորման, եւ ահա ճիշդ այստե՛ղ է, որ կը յառաջանայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջազգայնօրէն լիազօրուած ու հեղինակաւոր առաքելութեան կարիքը:
Ճիշդ է, որ Մինսքի խմբակի եռանախագահութիւնը ուքրանական հակամարտութեան լոյսին տակ յառաջացած աշխարհաքաղաքական պայմաններու բերմամբ դադրած է գործելէ, սակայն աշխարհաքաղաքական պայմանները փոփոխական են, եւ արդէն իսկ Փութին-Թրամփ հանդիպումի մը նախապատրաստութեան եւ Ուքրանիոյ խնդիրի լուծման իրերայաջորդ ակնարկները մատնացոյց կ՛ընեն փապուղիին վերջաւորութեան ուրուագծուող լոյսի ու յոյսի նշանները:
Ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու բարելաւումը ինքնաբերաբար իր անդրադարձը պիտի ունենայ նաեւ Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն եւ Ֆրանսայէն կազմուած այդ եռանախագահութեան գործունէութեան վրայ, որ արգելակիչ դրդապատճառի վերացումով շատ արագ կը վերականգնի:
Թաղման արարողութեան պատրաստութիւնները անտեղի են ու սխալ, որովհետեւ Մինսքի խմբակը մահացած չէ, այլ կը ննջէ, եւ երբ Ուաշինկթըն-Մոսկուա յարաբերութիւններու վերականգնման փողը հնչէ, անմիջապէս ու հաստատօրէն դուրս պիտի գայ իր թմբիրէն եւ պիտի զարթնի:
Ազդակ