Ակնարկ. Պատճառներ Շատ Կան
13 Մարտ 2025
Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացին հայկական կողմի պատուիրակը յայտարարած է, թէ պատճառ չկայ, որ Հայաստանն ու Թուրքիան չհաստատեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ սահմանները չբանան:
Անշուշտ հիմնական խոչընդոտներ կան, որոնց կը գիտակցի հայկական կողմը: Երեւան-Անգարա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը կամ սահմանի բացումը պայմանաւորուած են Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններով: Ամէն առիթի Անգարայի ներկայացուցիչները այդ նախապայմանը կը շարունակեն արծարծել: Եթէ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը չկնքեն խաղաղութեան պայմանագիր, ապա սահմանը կը շարունակէ փակ մնալ եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չեն հաստատուիր:
Պաշտօնական Երեւանը պարզ դարձուց, որ պայմանագիրին 12-րդ տարբերակը վերախմբագրուած է եւ թէ 17 կէտերէն 15-ին շուրջ համաձայնութիւն կայ: Յայտնաբար միջանցքի բացման եւ սահմանադրութեան փոփոխութեան նախապայմանները կը յամենան:
Այդքանով չեն աւարտիր նախապայմանները: Պաքուն պարզ դարձուց նոր նախապայման մը. Պաքուն կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր խաղաղ մտադրութիւնները ցոյց տայ` յանձնելով զինուորական յանցագործութիւններու մէջ մեղադրուողները, որոնք ըստ միշտ Պաքուի, կը պահուըտին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:
Ազրպէյճանի նախագահի խորհրդականին այս յայտարարութեան կը հետեւէր Պաքուի դիւանագիտութեան ղեկավարին հրապարակումը առ այն, որ Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներու գոյութիւնը, արագ զինուիլը եւ վրէժխնդրական նկրտումները կը շարունակեն մնալ խաղաղութեան հոլովոյթի մեծագոյն խոչընդոտները:
Շատ առաձգական նախապայմաններու թղթածրար մը, որ անվերջ կարելի է լրացնել նոր պայմաններով:
Ուրեմն. Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է փոխէ իր սահմանադրութիւնը, հրաժարի տարածքային պահանջներէ, դադրեցնէ իր սպառազինութիւնը եւ դադրի վրէժխնդրական նկրտումներ դրսեւորելէ:
Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը երկարատեւ գործընթաց է. որեւէ յայտարարութիւն կրնայ Պաքուի կողմէ ընկալուիլ իբրեւ վրէժխնդրական դրսեւորում եւ ամէնէն կարեւորը` Երեւանէն կ՛ակնկալուի չսպառազինել բանակը:
Խաղաղութեան պայմանագիրի Ազրպէյճանի թելադրած կանոնները հայկական կողմին համար երկրորդ անձնատուութիւնն է կամ յանձնուողականութիւնը: Կամազուրկ վիճակի ստեղծում, որ պարզապէս կը ձգուի իր հարեւաններու քմահաճոյքին եւ նախասիրութեան:
Հայկական կողմը կը շարունակէ պահել իր լաւատեսութիւնը: Մարգարայի սահմանակէտի ամբողջական վերանորոգումը, թուրք լրագրողներու այցելութեան կազմակերպումը, խաղաղութեան մօտ գտնուած ըլլալու յայտարարութիւնները կամ խաղաղութեան խաչմերուկի տեսութիւնը արծարծելը բաւական հեռու են հակառակ կողմի թելադրած նախապայմաններէն:
Էրտողան-Ալիեւ վերջին հանդիպումը պարզապէս կը վերաշեշտէր երկու գործընթացներուն փոխկապակցուածութիւնը` պարզ դարձնելով, որ չկայ սահմանի բացում կամ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում առանց Ազրպէյճանի պահանջներուն ընդառաջումին:
Այս բոլոր նախապայմաններով հանդերձ, Ազրպէյճան պատրաստ է շարունակելու Հայաստանի հետ սահմանազատման գործընթացը: Ասիկա յայտնաբար ունի նաեւ միջազգային հովանաւորութիւն:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը կը բացատրէ գործընթացին շարժառիթները: Այսպէս. «Այո՛, կը քննարկենք Հայաստան-Ազրպէյճան միջպետական սահմանին երրորդ ուժերու բացառումը: Այո՛, կը քննարկենք միմեանց նկատմամբ միջազգային իրաւական հարթակներու մէջ վէճերէ, հայցերէ, գանգատներէ հրաժարումը:
Երրորդ ուժեր` յոգնակի ձեւակերպումով եղած այս յայտարարութիւնը մտածել կու տայ միջազգային հովանաւորութեան մասին: Սահմանազատուող գօտիներէն կը հեռանան ռուս սահմանապահ ուժերը: Ուժերը այս պարագային ընդհանուր ձեւակերպումով խորքին մէջ ռուսական գործօնի հեռացման կ՛ակնարկէ: Յայտարարութեան երկրորդ բաժինը սակայն խոչընդոտներու առջեւ է: Խոչընդոտներ, որոնք անվերջ իբրեւ նախապայման կը նորոգուին Պաքուի կողմէ:
Հայաստան-Թուրքիա սահմանին փակ մնալուն կամ դիւանագիտական յարաբերութիւններու չհաստատման շատ պատճառներ կան:
«Ա.»
«Ազդակ»