Ոգեպաշտը… (Արշիլ Կորքիի՝ Ոստանիկ Ադոյեանի ծննդեան 120-ամեակի առիթով)
03 Մայիս 2025
Նախորդ տարուայ ընթացքում Արշիլ Գորկու ծննդեան 120-ամեակը չնշուեց ըստ արժանւոյն ո՛չ Սփիւռքում, ո՛չ Հայրենիքում: Ստորեւ ներկայացուող ուշագրավ յօդուած-հարցազրոյցը փաստում է, որ, միջազգային առումով, իր ազգակիցների մէջ նա ամենամեծ գնահատանքի արժանացած, անձերից մեկն է։ Ասուածի մեկ վկայութիւնն էլ այն է, որ նրա կտավները հայ նկարիչների ստեղծագործութիւների շարքում ամենաբարձր գնով են վաճառվում։ Ներկայացուող հրապարակման մէջ Գորկու քրոջ՝ Սաթենիկի հետ 1979-ին Բոստոնում անցկացուած հարցազրոյցը (անտիպ է մնացել ցարդ) սերտօրէն առնչվում է Եղեռնի հետ եւ միաժամանակ լոյս է սփռում Արշիլ Գորկու կենսագրութեան որոշ մանրամասների վրայ: Իբրեւ այդպիսի, շատ հաւանաբար այն կը հետաքրքրի նաեւ օտար ընթերցողներին եւ, յատկապէս, արուեստաբաններին…
Մեր օրերում, երբ թուրք ցեղասպանների ցեղասպան ժառանգների հանկերգը երգելով, ոչ այլ ոք քան անկախ Հայաստանի ղեկավարները, փորձում են խեղաթյուրել և ժխտել հայոց ցեղասպանութեան փաստը ահա մեկ մարդու կենսագրութիւն, որը խեղուել է ցեղասպանութեան արյունոտ յաթաղանով։ Ընդ որում, իր բնօրրանից զրկուած մարդու մեծ ողբերգութեան պատմութիւնը, որպես ժողովրդի հավաքական պատմութեան մեկ դրուագ, չի ավարտվում ջարդերով, ցեղասպանութիւնն իր կնիքն է դրել նրա ողջ կենսագրութեան վրա։
Ի դէպ Արշիլ Գորկուն մեղադրում էին որ նա իր անունը փոխել է եւ իրեն նեկայացրել է իբրեւ Ռուսի: Նա իր քրոջը՝ Վարդուշին ուղղուած մի նամակի մէջ ասել է որ «Օր մը կուգայ եւ ես իմ հայկականութիւնը կը պոռամ աշխարհին»: Այդ օրը եկաւ իր մահուանից հետո, 1981-ի ապրիլի ճիշդ 24-ին, երբ իր յետայայեաց ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Նիու Եորքի Ս.Ռ. Գուգընհայմ թանգարանում: Ցուցահանդեսը շարունակուեց մինչեւ Յուլիսի 19-ը: Արշիլ Գորկին իր հայկականութեամբ եւ արուեստի ուժով այդ տարի շատ աւելի նպաստեց Հայկական դատին եւ Ցեղասպանութեան ճանաչմանը քան ամբողջ հայութիւնը՝ Հայաստանում, թէ արտեկրում:
Նկատի ունենալով, որ Գորկու 100-ամեակը մենք չենք նշել համահայկական լայն ընդգրկումով ու արժեւորել նրա բարձրարժէք արուեստը, «Դրօշակի» ապրիլեան համարում ներկայացվող այս հրապարակումը համեստ փորձ է ինչ որ չափով լրացնելու այդ բացը։
Խմբագրութիւն
Ոգեպաշտը…
(Արշիլ Կորքի Ոստանիկ Ադոյեանի Ծննդեան
120-ամեակի առիթով)
Մովսէս Ծիրանի
Արուեստաբանութեան դոկտոր
«Կորքին ԱՄՆ-ի արուեստի պատմութեան մէջ երբեւիցէ եղած գեղանկարիչներեն ամենամեծն է եւ իւրայատուկը»:
Անտրէ Պրէթոն
Հաստատ կրնամ ըսել, որ անոր շատ մը գեղանկարները աւելի մեծ են քան՝ Փիքասոյի, Մաթիսի եւ կամ Էլ Կրեքոյի գործերը:
Ուիլյըմ Տը Գունինկ
Նմանօրինակ բազմաթիւ գնահատանքներու արժանացած Արշիլ Կորքին դեռեւս իր արժանի պատուանդանին չէ բարձրացուած, ըլլայ Սփիւռքի թէ Հայաստանի տարածքին: Նոյնիսկ ամերիկահայ մտաւորականներէն շատեր ո՛չ ծանօթ են Կորքիի ստեղծագործական կեանքին, եւ ո՛չ ալ կը գնահատեն զայն ըստ արժանւոյն: Անցնող տարին եւս, յոբելեաններու տարի էր, տօնուեցան Յովհաննէս Շիրազի, Պարոյր Սեւակի, Դանիէլ Վարուժանի, Սերգէյ Փարաճանովի, Երուանդ Քոչարի եւ ուրիշներու ծննդեան յոբելեանները: Սակայն ըլլայ Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ, Արշիլ Կորքիի ծննդեան 120-ամեակի մասին գրեթէ պաշտօնական խօսք չեղաւ:
Հակառակ անոր, որ Ատոմ Էկոյեանը մեծ եւ արժանի տեղ տրամադրած էր անոր իր «Արարատ» ժապաւէնին մէջ եւ հակառակ անոր որ ….
Ալեքսանդր Պէրեճիքլեանը, Նուրիցա Մաթեւոսեանը, Աննա Պետրոսեանը, Մովսէս Ս. Հերկելեանը եւ ուրիշներ, հանգամանօրէն ուսումնասիրեցին Կորքիի ստեղծագործական կեանքն ու, առանձին գիրքեր ու բազմաթիւ յօդուածներ գրեցին անոր մասին, Կորքին տակաւին ըլլայ Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, կը մնայ լուսանցքի վրայ:
Շատ լաւ է, որ Այվազովսկին ամէնաճանաչուած ու մեծարուած հայ գեղանկարիչը կը մնայ հայ իրականութեան մէջ, բայց անոր անունի տարածման ու միջազգայնօրէն գնահատուած ըլլալուն, շատ աւելի նպաստած են ռուսերն ու նոյնիսկ թուրքերը քան՝ մենք հայերս: Իսկ Արշիլ Կորքի Ոստանիկ Ադոյեա՞նը….:
Նոյնիսկ անոր ծննդեան 100-ամեակը չկրցանք նշել ըստ արժանւոյն, ու զինք ճանչցնել մեր արուեստասէր հասարակութեան:
Ամենայն պատասխանատուութեամբ կրնամ յայտարարել, որ հայ հանճարներէն իւրաքանչիւրը ինք իր ասպարէզին մէջ նկատի առած, Կորքին ամէնէն բարձր գնահատուածն ու մեծարուածն է արուեստի պատմութեան մէջ: Ո՛չ Արամ Խաչատուրեանը, ո՛չ Ուիլյըմ Սարոյեանը, ո՛չ Շարլ Ազնաւուրը եւ ո՛չ ալ Այվազովսկին, եւ կամ ուրիշ մը Արշիլ Կորքիի չափ միջազգայնօրէն գնահատուած կամ մեծարուած են… : Գուցէ չկայ, քիչ թէ շատ արուեստով հետաքրքրուող հայ մը, որ լսած ու հպարտացած չըլլայ Այվազովսկիով: Սակայն, Այվազովսկիի գործերը միջազգային աճուրդի ընկերութիւններու կողմէ, կը գնահատուին քանի մը միլիոններով միայն, իսկ Կորքիինը՝ տասնեակ միլիոններով: Անցեալ տարի Կորքիի մէկ ստեղծագործութիւնը «Ածխացած սիրեցեալ» (Charred Beloved) Նիւ Եորքի մէջ Քրիսթիզ աճուրդի տան կողմէ վաճառուեցաւ, քսաներեք միլիոն չորս հարիւր տասը հազար ամերիկեան տոլարի, ($23,410,000):
Ինչո՞ւ այս գաղջ վերաբերմունքը Կորքիի հանդէպ…
Կ’ենթադրենք, որ խնդիրը ոչ թէ չկամութեան, այլ չիմացութեան եւ որոշ չափով նաեւ, անտարբերութեան հարց է՝ յատկապէս մեր պետութեան, մշակութային միութիւններու եւ հաստատութիւններու կողմէ: Երբ դերասանուհի, բեմադրիչ, թատերագիր ու պատմավիպագիր Աննա Պետրոսեանը ձեռք բերաւ Կորքիի մասին ընդարձակ տեղեկութիւններ, շնորհիւ անոր գրած յօդուածներուն ու կազմակերպած դասախօսութիւններուն 1980-ականներու սկիզբին, հայրենի մտաւորականութիւնը որոշ չափով ծանօթացաւ Կորքիի ստեղծագործական կեանքին: Սակայն անկախութեան շրջանին տաղանդաշատ հայը գրեթէ մոռցուեցաւ…
Պոսթըն, Փրովիտենս, 1979, Ամառ
Այդ տարին ԱՄՆ մեկնած էի յատուկ ուսումնասիրելու համար ամերիկեան ժամանակակից եւ յատկապէս ամերիկահայ կերպարուեստը… իբրեւ աւարտաճառ: Գեղանկարիչներէն Արշիլ Կորքին առաջինն էր որ զիս կը հետաքրքրէր, իսկ քանդակագործներէն՝ Ռուբէն Նաքեանը, որ իր հերթին տակաւին գնահատուած չէ մեր մէջ՝ ըստ արժանւոյն: Երբ գեղանկարիչ Ռիչըրտ Թաշճեանին հանդիպեցայ ու հարց տուի իրեն Կորքիի երկրորդ քրոջ՝ Սաթենիկի մասին, ըսաւ.
-Լաւ կը ճանչնամ զինք, հոս կը բնակի… կը տանիմ քեզ իր քովը, սակայն նկատի առ որ Սաթենիկին տղան փճացուցած ու աղբ թափած է Կորքիի ձեռագիրները, նամակներն ու գծանկարները, իբրեւ անպէտք առարկաներ… հետագային զղջաց թէեւ, բայց ի՞նչ օգուտ…, լաւ կ’ըլլայ որ այս ըսածներս չյիշեցնես Սաթենիկին: Բարեբախտաբար կարգ մը նկարներ փրկուած են, եւ Սաթենիկի աղջիկը վարձու տուած է զանոնք Պոսթընի Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանին:
Այս եւ այլ տեղեկութիւններ ստանալէ ետք, Սաթենիկի ու իր ընտանիքի մասին՝ քանի մը օր ետք քովը տարաւ զիս: Ան ջերմութեամբ ընդունեց մեզ, որովհետեւ Ռիչըրտը սկիզբէն բացատրած էր, թէ ես ո՞վ եմ, ուրկէ՞ կու գամ, եւ ինչո՞ւ…
Ամենայն դէպս, պատմութիւնը չերկարեմ եւ անցնինք բուն նիւթին: Այդ օր ծանօթացանք եւ կարեւոր նոր տեղեկութիւններ հաղորդեց Սաթենիկը։ Նա տեղեկացուց նաեւ, որ երբ Կորքին իր քով կը բնակէր, Պոսթընի Փրովիտենս թաղամասի Կորքիին արուեստանոցը հրդեհուած է ու բաւականին նկարներ փճացած են…
Յաջորդ անգամ, Սաթենիկի մօտ երթալէ առաջ Ռիչըրտը տարաւ եւ ցոյց տուաւ ինծի այն բնակարանը, ուր կը գտնուէր Կորքիի հրդեհուած արուեստանոցը, որ վերանորոգուած էր, ու ես առիթ ունեցայ լուսանկարելու այն:
Իմ բծախնդիր ընթերցող՝ իսկ այժմ վերն ակնարկածս հարցազրոյցի մասին։
Նկատի առ որ այս ընդարձակածաւալ հարցազրոյցը (որ ձայնագրուած կը պահուի արխիւներուս մէջ), ոչ միայն հետաքրքրական է ու շահեկան, այլեւ՝ իր պարունակած նորութիւններով տեղեկատուական արժէք կը ներկայացնէ, նաև ամերիկեան արուեստաբաններու եւ կենսագիրներու համար: Քառասուն տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, ստորեւ կու տամ անոր մէկ բաժինը, խմբագրուած՝ լեզուական որոշ յստակացումներով, սակայն առանց իմաստային ոեւէ փոփոխութեան:
Մ Ծ.- Յարգելի Տիկ. Աւետիսեան, առաջին հերթին ցանկալի է, որ պատմես մանուկ Ոստանիկի մասին։
Ս Ա.- Գիտէք մեր գիւղը՝ Խորգոմը, ուր ծնած ենք մենք, Վանայ ծովու ափին էր: Փոքր տարիքէն մենք ծովափ կ’երթայինք լողալու: Կը յիշեմ, փոքրիկ Ոստանիկը աւազին վրայ ձուկի, պտուղներու, ծաղիկներու եւ երբեմն ալ մեր նկարները կը պատկերէր: Փոքր տարիքին նախ մամայիս (Շուշանիկի) ծննդավայրը (խօսքը «Ոստան» գիւղաքաղաքի մասին է) եկանք եւ բնակեցանք: Քանի մը տարի ետք փոխադրուեցանք Այգեստան, ուր թրքութիւն գրեթէ չկար։ Քաղաքը թուրքեր քիչ կային, որոնք խառն կ’ապրէին հայերու հետ։ Մենք երեքս ալ (Ոստանիկը, Վարդուշը եւ Սաթենիկը – Մ․ Ծ․) Այգեստանին մէջ ամերիկեան դպրոց կ’երթայինք։ Մինչ այդ, հայրս արդէն հոս (ԱՄՆ) էր։ Այնպէս որ, մենք գրեթէ հայրիկիս չենք յիշեր։ Մէկ բան կրնամ նշել։ Երբ հայրիկս Ամերիկա պիտի գար, մեզ՝ երեխաներուս ձիուն վրայ դրաւ, ու տարաւ մեր մեծ ու երկար արտին քով, ուր գեղեցիկ աղբիւր մը կար։ Վանայ ծովը ճիշդ քովն էր։ Լեռներէն ջուրեր կու գային ու ծովուն ջուրին հետ կը խառնուէին։ Հոն շատ սիրուն կանաչ տեղ մըն էր։ Ասիկա եթէ Ադոն (Կորքիի հօրեղբօր տղան, որ Հայաստան կը բնակէր) լսէ, գիտէ թէ ինչի մասին կը խօսիմ։ Ես մանրամասն պատմեմ, եւ եթէ օր մը լսէ, թող գիտնայ, որ ես Սաթենիկն եմ։ Մայրիկս շատ լաւ կերակուր պատրաստած էր։ Գացինք նստանք այդ աղբիւրին քով ու կերանք։ Վերջը հայրիկս մեզ կը համբուրէր ու կու լար։ Ապա բաժնուեցանք ու տուն գացինք։ Հայրիկս անկէ վերջ գնաց Պոլիս, Պոլիսէն Եւրոպա եւ վերջը կու գայ ու կը հաստատուի հոս՝ Փրովիտէնս։
Մ Ծ.- Հոս կ’ուզեմ ընդմիջել ձեզ։ Ձեր եղբայրը իր նամակներուն մէջ խօսած է հայկական արօրի մասին, ծիրանի բուրմունքի եւ գոյներու մասին:
Ս Ա.- Այո, որովհետեւ մենք շատ-շատ պարտէզներ ունէինք, չափէն աւելի։ Այդ գիւղին ամէնէն հարուստը որ կար, մենք էինք։ Մենք 500 ոչխար ունէինք, որոնք ամառը լեռները կ’երթային արածելու, իսկ ձմեռը կու գային գիւղ։ Մենք ծառ մը ունէինք, որուն Խաչի Ծառ կ’ըսէին։ Կիներէն, ում քով «դող» (հիւանդութեան տեսակ մը) կը սկսէր, կ’երթային հոն եւ իրենց հագուստէն կտոր մը կը կտրէին ու այդ ծառին կը կապէին, որպէսզի (առողջանան) եւ մուրազնուն հասնին։ Եղբայրս ոչխարներուն հետ ճերմակ ու մոխրագոյն (իրար խառնուած գոյներով) շուն մը ունէր, անունը՝ Զանգու։ Մէկը սպաննեց այդ շունը, չգիտցանք թէ ով էր։ Եղբայրս շատ-շատ տխրեցաւ, չափէն աւելի։ Եղբայրս ունէր ձի մը, որուն ճակատին աստղ մը կար։ Մենք շատ ձիեր ունէինք նաեւ, սակայն երբ քաղաք փոխադրուեցանք ձիերու համար տեղ չկար։ Մայրս երիտասարդ էր, ան խնամեց մեզ ու դպրոց ղրկեց։ Եղբայրս շատ ընդունակ էր դպրոցին մէջ։ Շատ փոքր տարիքին քարտէսներ կը գծեր։ Ստեփան Ժամկոչեանը, որ մայրիկիս շատ մօտիկ ազգականն էր, չէր թողուր որ (Ոստանիկը) գծէ։ Տասնհինգին գաղթեցինք։
Մ Ծ.-Իսկ Երեւանէն ի՞նչ կը յիշէք։
Ս Ա.-Երեւան, մենք կը բնակէինք Աստաֆեան փողոց։ Հիմա Աբովեան կ’ըսեն։ Մենք (ընտանիքս) Քաթարովսկիի տունը կը բնակէինք, ուր ես հոն չեմ եղած, ես 1916-ին Ամերիկա եկայ։
Մ Ծ.-Մայրդ հոն մնաց եւ դուք 3 երեխաներով հո՞ս եկաք։
ՍԱ.-Ոչ, ես ալ չէի գար։ Մեծ քրոջս (Ագապիի) ամուսինը կամաւոր եղաւ։ Ան կինն ու տղան հետը պիտի տանէր։ Քոյրս լացաւ եւ պնդեց թէ եթէ երեխաներէն մէկը հետը չերթայ, ինքն ալ չ’երթար։ Ես մեծն էի, զիս ղրկեցին։ Մայրս, Ոստանիկը եւ Վարդուշը հոն մնացին։ Այն տարին հոն պատերազմ եղեր է, որմէ ես տեղեկութիւն չունէի։ Մայրս հոն կը մահանայ, 1919-ին Մարտ մէկին։ Ես հոս կ’ամուսնանամ նոյն օրը։ Ճիշդ այդպէս նամակ եկաւ ինծի։
Մ Ծ.-Ո՞ր մէկ թուին։
Ս Ա.-1919-ին Մարտ մէկին։
Մ Ծ.-Իսկ դուք կը յիշէ՞ք թէ ինչպէս Վանէն Երեւան գացիք։
Ս Ա.-Փախչելով գացինք բոլոր ժողովուրդին հետ։ Ես, մեծ քոյրս՝ Ագապին (հիմա մահացեր է) եւ իր 5 տարեկան երեխան, մայրս, Վարդուշը եւ Ոստանիկը։
Մ Ծ.-Ոստանիկը ե՞րբ եկաւ Ամերիկա։
Ս Ա.-Անիկա 1920-ին եկաւ։
Մ Ծ.-Առանձի՞ն։
Ս Ա.-Ոչ, Վարդուշին հետ, որովհետեւ մայրս արդէն իսկ 1919-ին մահացեր էր։
Մ Ծ.-Ինչ-որ խո՞ւմբի հետ եկան։
Ս Ա.-Ոչ, վանեցի մարդու մը՝ Տիգրան անունով մէկու մը, մականունը չեմ կրնար յիշելՏիգրանը իր կնոջ հետ եկեր է Պոլիս եւ ապա հոս։
Մ Ծ.-Եկան եւ ձեզ հո՞ս գտան։
Ս Ա.-Այո’, Ուոթըրթաուն։ Ես ամուսնացած էի, բայց մեծ քրոջս քով կ’ապրէի, որովհետեւ հիւանդ էի եւ անկողին կը մնայի։ Այդ շրջանին էր որ իմ եղբայրը եւ Վարդուշը եկան։
(Հոս փակագիծ մը բանալով աւելցնենք որ, երբ տակաւին ձայնագրիչ մեքենան չէր բաներ, տիկ. Սաթենիկ ինչ որ բաներ սկսաւ պատմել տարագրութենէն։ Սակայն ես զգացի, որ յուզումն էր պատճառը որ քիչ առաջ կարճի կապեց իրենց գաղթի պատմութիւնը։ Որովհետեւ տրամադրութիւնը արդէն բարելաւած էր, ուզեցի զինք խօսեցնելու փորձ մը եւս ընել եւ հարցուցի)։
Մ Ծ.-Քիչ առաջ Երեւանի Ս. Սարգիս Եկեղեցիին մասին կը խօսէիք։
Ս Ա.-Մենք դպրոց կ’երթայինք…։
Մ Ծ.-Ոստանի՞կն ալ։
Ս Ա.-Այո’, մենք երեքս ալ դպրոց կ’երթայինք։ Իսկ երբ մենք Իգդիրէն Երեւան հասանք, Ս. Սարգիս Եկեղեցիին մէջը ապրեցանք այլ գաղթականներու հետ։ …Վերջը մայրիկս հոս կեցէք ըսաւ, որ երթամ կերակուր բերեմ։ Ինք եւ եղբայրս շուկայ գացին…
(Ան արցունքները սրբելէն ետք շարունակեց.)
Ս Ա.-Հոնտեղէն կերակուր բերաւ, նստեցանք, կերանք… Բայց… Երբ կու գայինք… ճամբան մեր վրայ կարկուտ եկաւ, բայց… Միւս խումբէն գնդակներ…(ձայներ կը լսուէին) Թուրքերու թէ Ռուսերու… չեմ գիտեր։ Ռուս զինուորներ կային մեր հետ։ Անկէ վերջ ճամբան կորսնցուցինք։ …Մենք կը քալենք… կը քալենք… Արարատեան դաշտը, ոչ մէկը չենք տեսներ։ Տեղ մը կրակ վառեր էին։ Մայրիկս քիւրտերէնով կանչեց. «Ի՞նչ էք, ո՞վ էք, մեզի լուր տուէք, որովհետեւ 3 հատ երեխաներ եւ թոռնիկ մը ունիմ հետս։ …Խնդրեմ լուր տուէք»։ Բան մը չըսին։ Յետոյ մայրիկս հայերէնով կանչեց։ Որովհետեւ մեր հագուստները ջուր էին… Հիմա կը խորհիմ արդեօք բոպի՞կ կը քալէինք։ Կօշիկ ունէի՞նք մեր ոտքին… որովհետեւ մենք ամէն ինչ թաղեցինք մեր տան բակին մէջը… այնպէս որ բան մը չառինք մեր հետ, որովհետեւ փոքր էինք եւ չէինք կրնար շալկել արդէն։ Այդպէս կանչելէ վերջը լսեցինք. «Մայրիկ, մենք հայ ենք, եկէք»: Ալաշկերտցի կամաւորներ էին։ Մէկ հատն ալ խարբերդցի էր, Գազանճեան Յակոբ։ Կամաւորները մեզ շատ-շատ լաւ նայեցան։ 7 օր բան մը չէինք կերած… Ոչխարը դրեր էին կրակին վրայ կը կարմրցնէին…։ Ճամբան վայրի կարմիր պտուղ մը կար, մայրս ուր որ գտնէր մեզի կը կերցնէր։ Ինքը չէր ուտեր, որովհետեւ 7 օր անօթի էինք։ Վերջը… Այդ տղաքը իրենց «եափունչիները» հանեցին եւ մեր վրայ քաշեցին։ Մեր հագուստները կրակի վրայ չորացուցին… Այդ գիշերը հոն կեցանք….։ Հանգիստ, առանց վախի։ Առաւօտ եղաւ…։ Մեր դիմաց Արարատեան դաշտն էր։
(Հոս դարձեալ պահ մը լռեց եւ ապա շարունակեց.)
Առաւօտ ելանք գացինք բաւական տեղ՝ քալեցինք։ Ռուսական կարմիր խաչը վրանի պէս բան մը շիներ էր։ Գաղթականներ կերակուր կ’ուտէին։ Իգդիրէն շատ հեռու չէր։ Գիշեր մը հոն կեցանք, անկէ վերջ գացինք Իգդիր։ Մայրիկս բաւական ոսկի վերցուցեր էր եւ մեր վրայ բաժներ էր, որ եթէ մէկու վրայէն կորսուի, առանց դրամի չմնանք, բայց մեծ մասը գետնին տակ պահեր էր։ Ինք կորսնցուցեր էր, ինկեր էր, բայց մենք ունէինք։ … Հոն ծանօթներու հանդիպեցանք, որոնք Այգեստանէն էին։ Մայրիկէս դրամ խնդրեցին, որովհետեւ չէին գիտեր որ այսքան երկար ճամբայ պիտի գան։ Անոնցմէ մէկը՝ Ստեփան Ժամկոչեան, որ մայրիկիս ազգականն էր, բողոքական դպրոցի տեսուչ էր։ «Քեռակին» ըսաւ. «Դուն դրամ ունի՞ս»։ Մայրիկս ըսաւ. «Ունինք, չունենանք էլ միատեղ կ’ապրինք»։ Հաճեաններ կային, որ շատ հարուստ էին։ Անիկա ամուսին չունէր, տղան քիւրտերը սպաննեցին, չէ թուրքերը։ Եկաւ ըսաւ Շուշան (Սաթենիկի մօր անունը) ի՞նչ ընեմ, դրամս հոն թաղեցի, չէի գիտեր, որ այսքան հեռու տեղ կու գայի։ Մեր դրամով ուտելիք բան առինք։ Մայրս ըսավ. «Ճերմակ հաց չենք կրնար ուտել», որովհետեւ երկար ատեն հաց չէինք կերած եւ մեր արիւնը կը չորցնէ։
Գացինք եւ շաբաթի մը չափ տուն վարձեցինք Էջմիածնի մէջ։ Ադոն եւ եղբայրը հոն՝ Էջմիածնի մէջ տեսանք։ Որբանոց չէր, աղուոր տեղ մըն էր, երեխաները հոն կը բերէին։ Էջմիածնի բակին մէջ Ճեմարանն էր։
Մ Ծ.-Ոստանի՞կն ալ հոն գնաց։
Ս Ա.-Այո’, բոլորս միատեղ էինք, բնաւ իրարմէ չէինք բաժնուէր։ Մեր ազգականներէն շատեր հոն մահացան… Ադոն եւ իր եղբայրը, անունն Ազատ էր, ուզեցինք մեր հետ Երեւան տանիլ, բայց անոնց մայրն ու մօրաքոյրը չկրցանք գտնել։ Մայրս ըսաւ. «Դուն եւ Ագապին երեխաներուն հսկեցէք», հիւանդանոցի պէս էր, «որպէսզի Ադոն եւ եղբայրը չհիւանդանան կամ բան մը ըլլան»։ Վերջապէս առաւօտը մենք Երեւան պիտի երթայինք… չկային անոնք եւ մենք շատ գէշ զգացինք… Լա՞լ, թէ՞ չլալ…։ Երեւան եկանք։ Քոյրս՝ Ագապին ալ եկաւ ու հոն հիւանդացաւ։ Մայրիկս գնաց ամբողջ… «երամա» մը, քացախ բերաւ… քոյրս բոլորովին (դատողութիւնը) կորսնցուց… 2 օր յետոյ ազատեցաւ այդ հիւանդութենէն։
Մ Ծ.-Իսկ հոս գալէն յետոյ, ե՞րբ…
Ս Ա.-Ես հայրիկիս քով… Եղբայր մը ունէի որ հայրիկիս միւս կնոջմէն էր…
Մ Ծ.-Իսկ Ոստանիկը հոս կը տեսնէ՞ր իր հօրը։
Ս Ա.-Այո’։ Ոստանիկը եւ քոյրս՝ Վարդուշը, անոր հետ ապրեցան 8-9 ամիս։ Որովհետեւ… Ոստանիկը շատ կատակասէր էր: Հայրիկս (հոս) ամուսնացեր էր։ Հիմա եղբայրս կը խնդար թէ «Ինչո՞ւ ամուսնացեր ես այս կնոջ հետ»։ Շատ կատակասէր էր, չափէն աւելի, շատ լաւ ձայն ունէր, կ’երգէր եւ շատ սիրուն դիմագիծ ունէր, շատ չափէն աւելի գեղեցիկ էր, նկարը նայիր… Մայրիկիս կը նմանէր…
(Որպէս զի իր յուզումը շրջանցեմ, հարց տուի).
Մ Ծ.- Ճի՞շդ է որ Ոստանիկը մասնակցա՞ծ է Վանի թաղային կռիւներուն:
Ս Ա.- Այո’, ճիշդ է: Մաս կը կազմէր «թռուցիկ» խումբին, որոնք հաց, ջուր եւ նամակ երբեմն ալ փամփուշտ կը տանէին կռուողներուն: Երբեմն ինք եւ ընկերները կը կռուէին նաեւ: Անիկա շատ լաւ նշան կը բռնէր…(դիպուկահար էր):
Մ Ծ.- Բայց 11 տարեկան էր այն ատեն… չէ՞…
Ս Ա.- Ո’չ, Ոստանիկը 1902-ին ծնած է եւ ոչ թէ 1904-ին: Էթել Շուապաքըրն ու միւս կենսագիրները կը սխալին, ես շատ լաւ կը յիշեմ, որ Վանի կռիւներու ատեն եղբայրս տասներեք տարեկան էր…
(Հոս Հրաչ Թաշճեանը, որ հետս էր, զրոյցի պահուն յիշեց գեղանկարիչ Ենովքի անունը։)
Ս Ա.-Ենո՞վքը, երկրէն մօտ էինք։ Հեռուէն ազգականութիւն ունէինք։ Իմ հօրաքրոջ կեսուրը Ենովքին մեծ մայրն էր։ Ենովքը Տէր Յակոբեան էր եւ նկարիչ։ Այո, ան ամէնէն մտերիմ ընկերն էր եղբօրս։ Ան Նիւ Եորքէն երբ հոս կու գար միասին նկարելու կ’երթային։
Մ Ծ.-Ուրիշ հարց մը. անցեալներս Արշիլ Կորքիի մասին գրուած գիրքի մը հանդիպեցայ, ուր բանաստեղծութիւն մը կար, որուն տակ ինք ստորագրած էր։ Եղբայրդ բանաստեղծութիւններ կը գրէ՞ր։
Ս Ա.-Այո’։
Մ Ծ.-Հայերէ՞նով թէ՞ անգլերէնով։
Ս Ա.-Հայերէնով։
Մ Ծ.-Արդեօք ո՞ւր են անոնք։
Ս Ա.-Չեմ գիտեր։
Մ Ծ.-Հնարաւո՞ր է Վարդուշին քով ըլլան։
Ս Ա.-Ո’չ։ Վարդուշին քով չեն։
Մ Ծ.-Ձեր եղբայրը Սոչի եղա՞ծ է։
Ս Ա.-Սոչին Սեւ ծովուն եզերքը ամարանոց է։ Հոն կ’երթային կը լողային… Մենք բոլորս Խորգոմի մէջ կը լողայինք… Սեւ ծովը մեր տեղը չէ… Բայց գրեթէ իր բոլոր նկարները Խորգոմի մասին են։ Իր տան մասին, ան գծած է Ծառը, Արօրը (որ փայտէ շինուած է) կամ Գութանը… Ենովքի հետ միատեղ շիներ են երկու հատ. մէկը՝ իրեն, միւսը Ենովքին համար (իբրեւ գերեզմանաքարի մանրակերտ), բայց ատիկա ինչպէս Վարդուշը ունեցեր է չեմ գիտեր, չեմ իմանում։
Մ Ծ.-Ինչքան գիտեմ մէկը Ուաշինկթընի Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանին մէջն է։
Ս Ա.-Կորքիինը Վարդուշին քովն էր, եթէ Վարդուշը հոն տուեր է, չեմ գիտեր։
Մ Ծ.-Կ’ըսեն թէ Ոստանիկը յաճախ կը խօսէր ծննդավայրի՝ Վանի մասին։
Ս Ա.-Ամէն ատեն երբ քով-քովի գայինք, կը խօսէինք։ Վարդուշը մեծ քրոջս քով կը բնակէր, իսկ գիշերը արուեստի դպրոց կ’երթար։
Մ Ծ.-Իսկ ինք առաւելաբար ի՞նչ բաներ կը յիշէր հայրենիքէն, Հայաստանէն։
Ս Ա.-Լաւ, ես քեզի հիմա ճիշդը ըսեմ։ Մենք բոլորս ալ տարուած էինք Հայաստանով՝ հայ թող ըլլայ, Հայաստան թող անկախ ըլլայ. կը բաւէ որ գաղթական չըլլանք։ Բոլորս ալ նոյնն ենք։ Ոեւէ վանեցիի որ հարցնես, նոյն բանը կ’ըսէ։ Հոգ չէ, թէ ի՞նչ կուսակցութեան կը պատկանի։ Մեր Վանի մէջ կուսակցականի հարց չկար։ Եղբայրութիւն կար։ Պատերազմը միացուց, անկէ առաջ ալ միացած էինք։ Այդ կուսակցութիւնները, Հնչակեան, Ռամկավար եւ Դաշնակցական հարազատ եղբօր պէս կռուեցան, մինչեւ որ թուրքերը Վանէն դուրս հանեն։
Մ Ծ.-Չեմ գիտեր թէ եթէ ճիշդ հասկցած եմ։ Կ’ըսեն թէ Կորքին կ’ուզէր Հայաստան երթալ երբ անկախանայ։
Ս Ա.-Չեմ գիտեր, չեմ լսած ատիկա, սակայն կը սիրէր Հայաստանը եւ կ’ուզէր որ անկախանայ… Մենք բոլորս ալ կը սիրէինք Հայաստանը եւ կ’ուզէինք որ անկախ ըլլայ… Դուն չե՞ս ուզեր։
Մ Ծ.-Անշուշտ…
Մ Ծ.-Ո՞վ չ’ուզեր որ իր երկիրը անկախ ըլլայ… Հայութիւնը այսչափ տարի կը չարչարուի եւ չկրցաւ անկախ ըլլալ։ Ատիկա ոչ դաշնակցականի խնդիր է եւ ոչ ալ կոմունիստի։ Մենք կը սիրենք մեր Հայաստանը։ Ով որ Հայաստան կ’երթայ եւ կը պաշտպանէ, (կը նշանակէ թէ) իր հոգիին չափ կը սիրէ Հայաստանը եւ չ’ուզեր որ կործանուի։ Հասկցա՞ք ինչ ըսել կ’ուզեմ։ Իսկ եթէ դուք կը խորհիք թէ Կորքին Հայաստան կ’ուզէր երթալ, որովհետեւ կոմունիստ էր, ես այդ չգիտեմ, ես լուր չունիմ…։
Մ Ծ.-Ի՞նչ գիտէք Կորքիի վերջին օրերու մասին։
Ս Ա.-Անոր վերջին օրերը բաւական երկար տեւեցին։ Կորքին եկաւ եւ ութ օր քովս մնաց։
Մ Ծ.-Կարծեմ նախ արկած մը անցուցած էր…։
Ս Ա.-Այո, եթէ արկած չունենար, այդպէս չէր ըլլար։
Մ Ծ.-Արկածին ատեն ի՞նչ վնասուածք ունեցաւ։
Ս Ա.-Անոր վիզը կոտրուեցաւ եւ ձեռքը…
Մ Ծ.-Ուրիշ հիւանդութիւն ունէ՞ր։
Ս Ա.-Այո, քաղցկեղէ կը տառապէր եւ անձնական հարցեր… Եղբայրս գործողութիւն եղաւ, ինծի չըսին։ Աղջկաս՝ Վարսիկի հարսանիքին հրաւէր ղրկեցինք անոր եւ չպատասխանեց… Ինչպէս կ’ըլլայ որ չի պատասխաներ։ Վարսիկի համար կը խենթանար…
(Հոս եւս սկսաւ յուզուիլ… Թեւ ես ալ յուզուած էի, սակայն շեղելու համար իր միտքը, ըսի.)
Մ Ծ.-Ուրիշ հարցում մը։ Ամերիկացի քննադատներէն Ժիւլեըն Լէյվի իր ամենամօտիկ ընկերներէն եղած է… եւ…։
Ս Ա.-Ո’չ։ Անոր ամենամօտիկ ընկերը եղած չէ, այլ ամէնէն շահագործողը։
Մ Ծ.-Իսկ Ժիւլեըն Լէյվին ինչպէ՞ս այդքան նկարներ ունեցաւ Կորքիէն։
Ս Ա.- Պատմութինը այսպէս է։ Վերջին ատեն ամէն ամիս հարիւր տոլար կու տար եւ պատկեր կ’առներ անկէ։ Այսպիսով շահագործեց եւ այս նկարները կամաց-կամաց մէկ կողմ դրաւ։
Մ Ծ.-Իսկ երբ որ արկած ունեցաւ, Ժիւլեըն Լէյվիին հե՞տն էր։
Ս Ա.-Այո, անոր ինքնաշարժին մէջն էր: Այդ նոյն ինքնաշարժին ետեւը նստած էին նաեւ Լէյվիի կինն ու շունը, որոնք առողջ մնացին, իսկ եղբայրս ծանր վիրաւորուեցաւ։
Մ Ծ.-Ոմանք կը կարծեն թէ արկածը դիտմամբ եղած է…։
Ս Ա.-Չեմ գիտեր, սոսկալի անձրեւ կու գայ եղեր… չեմ կարծեր, ատիկա անկարելի է։
Մ Ծ.-Տիկին Աւետիսեան, քիչ առաջ ըսիք որ ամէնէն ճիշդը Շուապէքըրը գրած է, կ’ուզէ՞ք այդ մասին խօսինք։
Ս Ա.-Ես չեմ կրնար ըսել… այդ գիրքը կուզե՞ս բերեմ… (Աղջիկը՝ Վարսիկը գնաց գիրքը բերաւ ու սեղանին դրաւ)։
Մ Ծ.-Այն ատեն, երբ Կորքիի գործերը փոխադրող օդանաւը ինկաւ, դուն գիտե՞ս թէ քանի գեղանկար կորսուեցան։
Ս Ա.-Ոչ, չեմ գիտեր. կարծեմ 6 հատ էին։
Մ Ծ.-Կ’ըսէն թէ ամբողջ հաւաքածոն անհետացած է:
Ս Ա.-Չեմ գիտեր… միայն գիտեմ որ շատ աժան գնով առեր էին զանոնք։
Մ Ծ.-Իսկ թուղթի վրայ գծուած նկարներ ունի՞ք։
Ս Ա.-Ուրիշ նկարներ ունինք, Վարսիկը՝ աղջիկս հատ մը ունի… իւղաներկ է։ Մենք այդ նկարները փոխ տուինք Պոսթընի Գեղարուեստից թանգարանին։
(Վարձով տուած էին, որուն եկամուտով կ’ապրէին մայր ու աղջիկ)։
Մ Ծ.-Կը յիշե՞ս իր «Նկարիչը եւ Մայրը» կտաւը, որ հիմա կախուած է Նիւ Եորքի «Ուիթնի»ի արդի կերպարուեստի թանգարանը։ Ե՞րբ սկսաւ նկարել զայն։
Ս Ա.-Անշուշտ, ատիկա միակն է, ուրիշ չէ նկարած։ Մենք գացինք տեսանք, մեզ պատմեր է այդ նկարի մասին։ Ես միշտ հիւանդ եմ եղել, ինձմէ ամէն ինչ կը պահէին։ «Մեղք է, Սաթենիկին չըսենք, թող չիմանայ» կ’ըսէին։ Ոչ մէկ բան ինծի չէին ըսեր, գործողութիւն եղաւ (եղբայրս), ամէն ինչ… Ես բնաւ լուր չունեցայ։
(Իրականութեան մէջ յիշեալ «Նկարիչը եւ Մայրը» գեղանկարը ունի երկու տարբերակ, երկրորդը կը գտնուի Ուաշինկթընի Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանին մէջ)։
Մ Ծ.-Բնաւ փորձա՞ծ էք նկարել։
Ս Ա.-Ոչ, Վարսիկը՝ աղջիկս կը նկարէ։
Մ Ծ.-Այս գիրքին (ցոյց տալէ ետք սեղանին վրայ դրուած Շուապէքըրի գիրքը) մէջ յիշուած հաւկիթներն ո՞ւր են հիմա։
Ս Ա.-Օ՜, այդ հաւկիթները եթէ պահէինք։ Ամբողջ 10-15 տարի պահած էի պահարանին մէջ։ Այնչափ փոխադրուեցայ, ասդին անդին որ հաւկիթները կորսուեցան։ Տեսնէիր… Աղթամարայ գմբեթը վրան կար…
Մ Ծ.-Հաւկիթին վրա՞յ նկարեր էր։
Ս Ա.-Այո, բոլոր հաւկիթներուն վրայ կը նկարէր… իսկապէս կը հիանայիր… ամբողջ վանքեր. Ոստանայ Ս. Նշանը, որ մայրիկիս
Վանն էր, անոր գմբեթը… եւ գրուած վրան։ Այդ հաւկիթները գիտե՞ս ինչ էին… հաւկիթներ… նկարները հայկական էին, Հայաստանի վանքերն էին… Միայն Հայաստանի վանքեր եւ Վանը… Ամբողջ Վանի նկարներն էին հաւկիթներուն վրայ…
(Պահ մը լռելէ ետք… աւելի լրջացաւ եւ շարունակեց)։
Ս Ա-…Մայրս երեք աղջիկ ունեցեր է եւ մանչ զաւակ չէ ունեցած։ Ան ուխտ ըրեր է, ծունկերով… Ան Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ Վանքը գացեր է եւ ծունկերով այդ 100 աստիճանները վեր ելեր, մատաղ է ըրեր որպէսզի մանչ զաւակ ունենայ։ Եւ այն ատեն իր ուխտը կատարուեր է ու ծնուեր է Ոստանիկը։
(Որովհետեւ այս հարցազրոյցը բաւականին երկար է, առ այժմ բաւարարուինք այսքանով: Հաւանաբար այլ առիթով մը ամբողջութեամբ արտագրեմ եւ հրապարակեմ զայն):
* * *
Այնուամենայնիւ, ո՞վ է այս քանքարը, որուն ստեղծագործական կեանքը լաւագոյնս կրնայ դրսեւորել, յետ Եղեռնի սերունդի ոգեղէն հայրենիք «որոնելու» տագնապներն ու անոնց անդրադարձն ազգային ու մարդկային խնդիրներու շուրջ:
Ոստանիկ Ադոյեան ծնած է Վանայ լիճի մօտ՝ Խորգոմ գիւղը, 1904-ին (ըստ իր քրոջ՝ Սաթենիկին 1902-ին): 1915-ին կը մասնակցի Վանի ապրիլեան ինքնապաշտպանական կռիւներուն, իբրեւ մարտիկներու օգնական եւ ըստ ոմանց վկայութեան, նաեւ իբրեւ դիպուկահար: Այգեստանի անկումէն ետք, ընտանիքով արտագաղթի ընթացքին Իգդիրի մօտերքը կը հանդիպին խումբ մը ֆէտայիներու, որոնք զիրենք ապահով կը հասցնեն Էջմիածին: Քանի մը շաբաթ հոն մնալէ ետք, կ’երթան ու կը տեղաւորուին Երեւանի թշուառագոյն թաղամասը՝ Կոնդ, ուր մայրը կը մահանայ «պատուհան»ին վրայ… անօթութեան հետեւանքով: 1919-ին քրոջը հետ կ’անցնին Թիֆլիս, ապա Պաթում, Պոլիս եւ Յունաստանի վրայով 1920-ին կը հասնին ԱՄՆ: Նախ՝ կը բնակի Պոսթըն քրոջը՝ Սաթենիկի մօտ, ապա կը տեղափոխուի Նիւ Եորք, ուր լուրջ դժուարութիւններու կը հանդիպի: Իր արուեստի հասունացման ու ծաղկման շրջանին վերջ կու տայ իր կեանքին՝ ինքնասպանութեամբ:
Իսկ ո՞ւր է անոր արուեստին գեղարուեստական արժէքն ու, արուեստի պատմութեան մէջ ներդրած անոր նորութիւնը ու՞րկէ կու գար…
«Յիշողութիւնը արուեստագէտին սերմն է» կ’ըսէ Արշիլ Կորքի:
Յիշողութիւնը իսկապէս «սերմի» դեր կատարեց ոչ միայն իր, այլև առհասարակ սփիւռքահայ բազմաթիւ կերպարուեստագէտներու ստեղծագործական կեանքին մէջ: Իսկ Արշիլ Կորքիի արուեստը վերլուծելու եւ մեկնաբանելու համար անհրաժեշտ բանալի մը կարելի է համարել «Յիշողութիւնը», որու մասին կը վկայեն նաեւ ուրիշներ: Ինչպէս ամերիկացի գեղանկարիչ Ճէքըպ Քէյնըն կ’ըսէ. «…աւելի ուշ, երեսնական թուականներուն, ես ըմբռնեցի, թէ ան կ’ուզէր վարպետներու կառուցուածքային անխուսափելիութիւնը պահպանել եւ միաժամանակ, աւելի ու աւելի յանձնուիլ իր ազգային յիշողութիւններուն եւ չարչարուած անգիտակցականին»:
Եւ այսպէս. Կորքիի տագնապահար յոյզերու մշտնջենական հուզումն ու հոգեկան ահագնացող տուայտանքները, թրծուելէ ետք իր հոգեմտաւոր քուրային մէջ, կը յայտնակերպուին իբրեւ գիծ, գուներանգ եւ ընդոծին լոյս: Իսկ իր անվերջանալի տարածականութիւններու չմիջնորդուած ապրումները, ինքնաբուխ մաքրութեամբ ի յայտ կու գան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ, որոնք ոեւէ կաշկանդում չեն հանդուրժեր:
Ձեւազեղծուած կերպարներն ու առհասարակ կերպերը, բեղմնաւորուելէ ետք խոր անցեալին մէջ, կը շրջանցեն ներկան… փթթելու եւ ծաղկելու համար անպարփակելի ապագային վրայ: Ահաւասիկ թէ ինչո’ւ Կորքի ոչ միայն կը յանձնուէր «իր ազգային յիշողութիւններուն եւ չարչարուած անգիտակցականին», այլ նաեւ կը պեղէր սեփական ներաշխարհի ցեղային ակունքներն իսկ, վերապրելու եւ դրսեւորելու համար զանոնք, ամերիկեան միջավայրի եւ իր ժամանակի լպրծուն կեանքի վրայ… Այս բոլորը թէեւ կը բխին իր ծննդավայրի առասպելականացած յիշողութիւններէն, սակայն անոնք բեկուելէ ետք ամերիկեան եռեւեփող կեանքէն տաղուած, ու կարօտախտէ բռնուած վտարանդիի մը հոգեմտաւոր պրիսմակին վրայ, իբրեւ տեսիլքի վերածուած յոյզ, իբրեւ յիշողութեան սերմ… սրբազան ծիածանի մը հանգոյն կը ծոցուորուին կոյս կտաւներու վրայ: Ահաւասիկ թէ ինչու Կորքիի արուեստը թաթաւուն է ծիսականութեամբ, եւ ակնդիրը դժուար թէ անտարբերութեամբ անցնի անոր առջեւէն: Իսկ ցոյց տալու համար Արշիլ Կորքիի տեղն ու դերը արուեստի պատմութեան մէջ, կրկնենք Անտրէ Պրէթոնի վկայութիւնը. «Կորքին Միացեալ Նահանգներու արուեստի պատմութեան մէջ երբեւիցէ եղած գեղանկարիչներուն ամենամեծն է եւ իւրայատուկը»: Իսկ իր նամակներէն մէկուն մէջ Կորքին կը խոստովանի. «…Այս բոլորին համար ես պարտական եմ մեր հայ արուեստին»:
Կորքին նոր երեւոյթ էր, եւ այդ պատճառով ալ Ամերիկայի արուեստաբանները չկրցան տեղաւորել զինք որեւէ իզմ-ի մէջ: Պարպարա Ռոզ կը գրէ. «Դեռեւս չէ ճշդուած այն հարցը թէ Արշիլ Կորքի վերջին գերիրապա՞շտն (Surrealism) է, թէ առաջին վերացական-արտայայտչապաշտը (Abstract-Expressionist):
Բացի վերոյիշեալներէն, ամերիկացի արուեստաբաններէն շատեր, ինչպէս՝ Ճոն Կրահամ, Հարրի Ռանտ, Ժիւլյըն Լէյվին եւ տասնեակէ մը աւելի ուրիշներ, բարձր կը գնահատէին անոր արուեստը, սակայն էապէս չէին կրնար հասկնալ զինք, որովհետեւ ան կու գար իրենց համար անծանօթ տարբեր աշխարհէ մը, եւ օժտուած էր տարբեր անհատականութեամբ ու գեղագիտական ուրոյն համոզումներով: Կորքի արդարօրէն կ’առարկէ. «Անոնք մօրս աչքերը Փիքասոյական կը համարեն, իսկ Հայոց թախիծը՝ բիւզանդական կամ ռուսական. երբ կ’ուղղեմ անոնց սխալները, անոնք կը պատասխանեն թէ այդ ուղղումները, փոքր ազգերու յատուկ չափազանցուած ազգայնամոլութիւն են: Այս մէկը կը կատղեցնէ զիս…: Արուեստը ազգայնամոլութենէ վեր է եւ կը ներկայացնէ համընդհանուր մարդկային աչքը»: Ուրիշ տեղ մը ան կը շեշտէ. «Իմ արուեստը մեր դժբախտ ժողովուրդի ինքնարտայայտութիւնն է»։
Այո՛, Հայ կայացած կերպարուեստագէտներէն շատերու (Երուանդ Քոչարի, Ժանսեմի, Փոլ Կիրակոսեանի, Պերճ Չաքէճեանի, Եուրոզի… Գէորգ Եղիազարեանի, Տիգրան Ձիթողցեանի եւ ուրիշներու) արուեստը կը տարբերի միւսներէն, եւ դժուար կը տեղաւորուի ոեւէ իզմ-ի մէջ, որովհետև անոնք էութեամբ ոգեպաշտ (hylozoist) են: Թէեւ ոգեպաշտութիւնը հին աշխարհի մէջ հայութեան մենաշնորհը չէ, սակայն ան խորապէս անթեղուած է հայ ազգային մշակոյթի հազարամեակներու խորքն ու հասած մինչև մեր օրերը: Հակառակ անոր որ տիրող կարծիքը այն է թէ Կորքին «Վերացապաշտ-արտայայտչապաշտ (Abstract-Expressionist) դպրոցի հիմնադիրն է (կամ հիմնադիրներէն մէկը), իրականութեան մէջ ան ընդոծին Ոգեպաշտ (hylozoist) մըն էր: Կորքիի համար ապրող բոյսերէն, քարերէն ու ոսկորներէն աւելի կենսական նշանակութիւն ունէր «Ապրող Երազներ»ու բնորոշումը, որոնք յիշողութեան ճամբով կը բացուէին իր արուեստին վրայ իբրեւ ոգեղէն տեսիլք, իբրեւ անցեալի երփներանգ վերապրում: Կորքի կ’ըսէ. «Մենք կորսնցուցինք մեր գեղեցիկ Հայաստանը եւ ես պէտք է վերականգնեմ զայն իմ ստեղծագործութիւններուս մէջ»: Ահաւասիկ թէ ուրկէ՞ կը բխի Ոգեղէն Հայրենիք կերտելու անոր անխուսափելի ցանկութիւնը…
Կորքիի ակնարկութիւնն առաւելաբար Արևմտահայաստանին կ’երթար, որովհետեւ ան ոչ միայն կ’ընդունէր Խորհրդային Հայաստանը, այլեւ կը ցանկար այցելել զայն: Այո՛, սփիւռքահայ արուեստագէտին համար մխիթարանք (ոմանց համար նոյնիսկ հպարտանք) էր Խորհրդային Հայաստանի իրողութիւնը, թէեւ մեծամասնութիւնը կը նախընտրէր Ազատ Անկախ Հայաստան մը՝… Կորքին նոյնպէս:
Կորքին ամենայն համոզուածութեամբ կը պնդէր. «Մենք կարճ ժամանակի ընթացքին հարկադրաբար շատ բան տեսանք ու ապրեցանք: Տեսանք թուրքերու ոճրագործութիւնները, կոտորածն ու Եղեռնը, մեր գաղթը, մեր երկրի կործանումը: Ես կը յիշեմ այս բոլորը: Մենք՝ ողջ մնացածներս չենք կրնար այս բոլորին չհակադարձել հնարաւորին չափ մեծ ուժգնութեամբ»:
Այսպիսով՝ Կորքի ոչ միայն ինքզինք, այլ նաեւ յետ Եղեռնի ողջ սերունդը յանձնառութեան տակ կը դնէր, հակադարձելու հնարաւորին չափ մեծ ուժգնութեամբ: Սակայն խօսքը «Ակն ընդ ական» վրէժխնդրութեան մասին չէ, այլ գեղարուեստական հզօրութեան, ինքնահաստատման եւ յատկապէս ինքնատիպ ու բարձրորակ մշակոյթի մը պաշտպանութեան եւ նորի ստեղծման ի խնդիր:
Հակառակ անոր որ Կորքիի ստեղծագործական կեանքի եւ անոր արուեստի մասին գրուած ու հրատարակուած են բազմաթիւ գիրքեր, մենագրութիւններ ու յօդուածներ. եւ հակառակ անոր որ ժամանակակից գրեթէ բոլոր հեղինակաւոր պատկերասրահներն ու թանգարանները հպարտութեամբ կը ցուցադրեն անոր արուեստի նմոյշներէն, այնուամենայնիւ անոր արուեստը դեռեւս չէ ուսումնասիրուած ու գնահատուած յատկապէս հայ մշակութային աւանդներու տեսանկիւնէն…