Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ ամեակի ոգեկոչում Սենթ Գաթրինզի մէջ
03 Մայիս 2025
Կազմակերպութեամբ Սենթ Գաթրինզի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ մասնակցութեամբ Սենթ Գաթրինզի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ, Ուրբաթ, 25 Ապրիլ 2025-ին, Սենթ Գաթրինզի Հայ կեդրնէն ներս տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ ամեակի պաշտօնական ոգեկոչումը։
Միջոցառման ներկայ էին Դաշնակցային խորհրդարանի երեսփոխան Քրիս Պիթըլ, Նահանգային խորհրդարանի երեսփոխան Ճէնի Սթիվընզի ներկայացուցիչը, Սենթ Գաթրինզի քաղաքապետ Մաթ Սիսքոյի ներկայացուցիչ եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ռապըն Մըքֆիրսըն եւ քաղաքապետական խորհուրդի շարք մը անդամներ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Հրանդ Քհն. Մանուկեան, Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող բոլոր միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։
Յայտագրի հանդիսավար Ալիս Այվազեանի բացման խօսքէն ետք, ՀՄԸՄ Սենթ Գաթրինզի մասնաճիւղի սկաուտները, ընկերակցութեամբ գաղութի երիցագոյն անդամներէն Սեպուհ Թոքաճեանի, միասնաբար վառեցին յաւերժութեան ջահը։ Ապա, յաջորդաբար խօսք առին քաղաքական ներկայացուցիչները, անհրաժեշտ նկատելով Հայոց Ցեղասպանութեան նշումն ու անոր ժխտումին դէմ տարուելիք հետեւողական աշխատանքներու շարունակութեան։ Անոնք միանշանակ դրուատեցին գանատահայութեան քաղաքական ջանքերը, որոնք ի գործ կը դրուին ի խնդիր արդարութեան, արդար պահանջատիրութեան եւ ցեղասպանութեան ճանաչման։ Իրենց խօսքերուն ընթացքին նաեւ ընթերցուեցան վարչապետ Քառնիի եւ դաշնակցային այլ կուսակցութեանց պաշտօնական ուղերձները:
Անկէ ետք բեմ բարձրացաւ օրուան բանախօսը՝ Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի վարիչ տնօրէն Սեւակ Պէլեանը, որ իր բանախօսութեան ընդմէջէն ներկաներուն փոխանցեց Հայ Դատի հետեւողական պայքարի պատգամն ու մեր հաւաքական կեցուածքը շարունակելու եւ անոր աւելի զարկ տալու անհրաժեշտութիւնը, մանաւանդ ի տես ցեղասպանութեան ժխտումին ու անոր շարունակութեան Արցախի մէջ: Եզրափակելով իր խօսքը, Պէլեան ընդգծեց, թէ համայն հայութիւնը այսօր պատրաստ է ներկայացնելու իր իրաւասու պահանջները, որոնց արդար նուաճումը կարիքը ունի միասնական եւ աննահանջ աշխատանքի։
Պէլեանի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք Արժ. Տ. Հրանդ Քհն. Մանուկեան իր սրտի խօսքով ու աղօթքով փակեց օրուան յայտագիրը։