Անկախութեան Հռչակագիրը Արգե՞լք Է Անկախութեան
27 Օգոստոս 2025
23 օգոստոս 2025-ին լրացաւ Անկախութեան հռչակագիրին 36-ամեակը: Արդարեւ, 23 օգոստոս 1990-ին, կորպաչովեան ժողովրդավարացման պայմաններուն մէջ ընտրուած Խորհրդային Հայաստանի վերջին Գերագոյն խորհուրդը (խորհրդարանը), երկարատեւ քննարկումներէ եւ վիճաբանութիւններէ ետք, միաձայնութեամբ ընդունեց 12 կէտերէ բաղկացած հռչակագիր մը, որ կոչուած էր դառնալու Հայաստանի անկախութեան գործընթացին սկիզբը: Գերագոյն խորհուրդը խառն կազմ ունէր. կային ՀՀՇ-ի (Հայոց համազգային շարժում) անդամներ, համայնավարներ, տակաւին չբացայայտուած կուսակցութիւններու անդամներ (որոնց մէջ` կարեւոր թիւով դաշնակցականներ), անկախ պատգամաւորներ: ՀՀՇ-ն ունէր յարաբերական մեծամասնութիւն (առաւելագոյն թիւով պատգամաւորներու խմբակցութիւն): Անկախ Հայաստանի բնոյթին, օրէնքներուն մասին կէտերուն կողքին, թէժ քննարկումներու իբրեւ արդիւնք` տեղ գտան երկու կէտեր. մէկը Արցախի` Հայաստանի միացման մասին, երկրորդը` Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման սատարելու պարտաւորութեան մասին:
Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը հետագային ներառուեցաւ սահմանադրութիւններու նախաբաններուն մէջ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հռչակագրի 35-ամեակին առիթով յղած ուղերձին մէջ կ՛ըսէ, որ անիկա կ՛արտայայտէր «ընդունման պահին Հայաստանում գործող քաղաքական եւ մտաւորական վերնախաւի հաւաքական համադրութիւնը»: Նիկոլ Փաշինեան հռչակագիրի «առանցքային գաղափարական դրոյթները կոնֆլիկտային (ընդհարում հրահրող)» կը համարէ եւ զանոնք զսպանակող «հայրենասիրութեան մոտելը» թելադրուած` Խորհրդային Միութեան կողմէ: Հայերու համար Խորհրդային Միութեան կողմէ ձեւաւորուած հայրենասիրութիւնը, անոր Հայաստանի մէջ արտայայտումը թոյլ չտալու համար արտահանուած է հանրապետութեան տարածքէն դուրս: Այսինքն արտասահմանի մէջ հայերու հայրենասիրական ձգտումները ներշնչուած էին… Խորհրդային Միութենէն:
Բացատրելէ ետք, թէ ի՛նչ միջոցներով հայրենասիրական այս նմուշը քարոզուած ու տարածուած է, Նիկոլ Փաշինեան կ՛եզրակացնէ, որ անոր` «Ենթագիտակցական նպատակը Հայաստանի անկախ պետութեան գոյութեան ռազմավարական անհնարինութիւնն էր»: Հայ ժողովուրդը անկախութիւն կը տենչար` անկախութիւնը անկարելի դարձնող գաղափարաբանութեամբ:
Անկախութեան հռչակագիրը դատափետելէ ետք, Նիկոլ Փաշինեան կ՛անցնի իր բուն ըսելիքին: Վարչապետի պաշտօնին ընձեռած հնարաւորութիւնները եւ վերլուծութիւնները զինք բերած են` «Այն աներեր համոզման, որ մենք պէտք չէ շարունակենք ղարաբաղեան շարժումը»: Արցախի Հանրապետութեան գոյութիւնը արգելք է… Հայաստանի անկախութեան:
Նիկոլ Փաշինեան ապա կը բացայայտէ, որ մինչեւ 2020 թուականի սեպտեմբերը ինք զիջումներ չէ կատարած, «ինչը 44-օրեայ պատերազմէն խուսափելու միակ տեսական հնարաւորութիւնն էր»: Իր պատկերացմամբ, զիջումները պիտի առաջնորդէին Հայաստանի անկախութեան եւ պետականութեան կորուստին: Ինչո՞ւ. հանելուկին լուծումը գտնողին` հազար երանի:
Պատերազմը հրահրուած է Հայաստանի անկախութիւնը պահպանելու եւ զայն իրական դարձնելու նպատակով: Այս այլանդակ մտածողութիւնը ռազմավարութիւն կը յորջորջուի եւ կը վերածուի «իրական Հայաստան»-ի «գաղափարախօսութեան»: Այդ ռազմավարութիւնը յանգած է, շնորհիւ ուաշկինթընեան համաձայնութեան, Հայաստանի «իրական անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան»:
Կորուստները, ձախողութիւնները, պարտութիւնը յաղթանակի վերածելու փաշինեանական մտագարութիւնը վերջ չունի: Իւրաքանչիւր ընկրկում նոր «գաղափարաբանութեամբ» արդարացնելու ոճը ծածկելու համար է ազգային ամէն արժէք մերժելու, իրաւունքի կորուստը կասկածելի խաղաղութեամբ փոխարինելու մոլորութեան:
Նիկոլ Փաշինեան կ՛ուզէ հրաժարիլ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրէն: Հռչակագիրը արգասիքն է անկախութեան համար հայ ժողովուրդի դարաւոր պայքարին: Հայաստանի իրական անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան կողմնակից ենք` առանց հրաժարելու մեր առհաւական ինքնութենէն, պատմութենէն ու ազատութեան համար մաքառումներէն:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ