ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ֆրանսական հին-նոր ժապաւէն

04 Սեպտեմբեր 2025

Բնական է, որ հայ քաղաքական միտքն ու մամուլը այս օրերուն իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են հայրենի իրադարձութիւններուն վրայ, որոնց երկնակամարին՝ նորագոյն «աստղերը» փայլեցան Ուաշինկթընի ու Շանկհայի մէջ, առանց բոլորովին նսեմացնելու նախընթաց «աստղերը», որոնք լուսաւորելու փոխարէն՝ աստիճանաբար աւելի՛ կը մթագնեն մեր հորիզոնները, իսկ հայրենատիրութեան ու Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան շարժումները, նախաձեռնութիւնները կը խլացուին իշխանականներու պարտուողական ու վնասարար քայլերուն, անոնց շուրջ տարուող սնանկ ու ստապատիր քարոզչութեան ճամբով, այսինքն՝ դաւաճանութիւնն ու իրական կորուստները իբրեւ նուաճում ու յառաջդիմութիւն հրամցնելու «քաղաքականութեամբ»:

Եթէ պահ մը մեր աչքերը ուղղենք դէպի աւելի՛ հեռուները հորիզոններ, ականատես պիտի ըլլանք այնպիսի՜ դէպքերու, որոնք անուղղակի ուղեցոյց կրնան ըլլալ մեզի համար. յամենայնդէպս, այս սիւնակը չենք արձանագրեր՝ այլ երկիրներու դէպքերը մեր հայրենիքի բեմի իրադարձութիւններուն հետ բաղդատելու կամ համեմատելու մօտեցումով, որովհետեւ «ամէն մարդ իր գլուխը իր եղունգով կը քերէ», թէեւ որոշ զուգահեռներ փնտռելը ամօթ չէ…:

Արդ, եկէք պահ մը երթանք Ֆրանսա, Եւրոպայի մէջ մեզի ամէնէն մօտիկ եւ բարեկամ տեսնուող երկիրը, տեսնելու՝ թէ անիկա ինչպիսի՞ խեղկատականերու ձեռքն է մնացեր եւ ինչպիսի՜ վտանգներ կախուած են անոր գլխուն:

ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷ 8 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ

Ֆրանսա դարձեալ ինկած է կառավարական տագնապի մը յորձանուտին մէջ, որ տեսակ մը պատկերասփիւռային ժապաւէններու խաղաշարի մը (սերիալ) զգեստաւորումը շահած է վերջին տարիներուն: Վարչապետ Պայրու քանի մը օր առաջ յայտարարեց, թէ 8 Սեպտեմբերին խորհրդարան պիտի ներկայանայ՝ վստահութեան քուէ ստանալու համար իր պիւտճէի նախագիծին համար: Անցեալ Դեկտեմբերին փոքրամասնական կառավարութիւն մը կազմած Պայրուի գլխավերեւը կախուած է (իր իսկ ձեռքով) «Դամոկլեան սուր» մը. ան իր կառավարութեան ճակատագիրը խաղի կը դնէ, որովհետեւ պատրաստած է պիւտճէի նախագիծ մը, որուն դէմ են աջն ու ձախը: Անմիջապէս յիշեցնենք, որ անոր կառավարութիւնը խորհրդարանին մէջ ունի միայն 210 քուէ, իսկ ընդդիմադիրները միասնաբար ունին 320 աթոռ: Յիշեցնենք նաեւ, որ Պայրու վերջին հինգ տարիներուն հինգերորդ վարչապետն է, նախորդը՝ Պառնիէ, պաշտօնավարեց հազիւ 3 ամիս եւ անոր կառավարութիւնը փուլ եկաւ՝ նմանապէս անցանկալի պիւտճէի մը պատճառով, իսկ Պայրուի պիւտճէական տրամաբանութիւնը շատ հեռու չէ նախորդի ուղեգիծէն:

Ի՞ՆՉ ԵՆ ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐԸ

Պայրուի պիւտճէի նախագիծը իր դէմ հանած է ո՛չ միայն խորհրդարանական ընդդիմադիրները, այլ նաեւ ազդեցիկ շրջանակներ՝ աշխատաւորներ, բժիշկներ, կրթական համակարգը, ի մասնաւորի բարձրագոյն կրթութեան եւ հետազօտութիւններու մարզի աշխատողներ եւ այլն: Հարց է, թէ անոնց արդար ընդվզումը շօշափելի մարմնաւորում պիտի ունենայ՝ ձեռքերու միացումով:

Պայրու կը ծրագրէ 44 միլիառ եւրոյով նուազեցնել հանրօգուտ ծրագիրներու պիւտճէն, բարձրացնել (մինչեւ իսկ տարեկան 20 հազար եւրօ շահող՝ սահմանափակ եկամուտով մարդոց) շահատուրքերը, բայց ո՛չ մէկ խօսք… պաշտպանութեան պիւտճէի կրճատման մասին, ընդհակառակը, անիկա յաւելում պիտի կրէ (այս մասին նաեւ քիչ անդին): Ժողովրդային բողոքին մէջ բաժին ունի նաեւ երկու արձակուրդի օրեր ջնջելու Պայրուի առաջադրանքը, իբրեւ թէ այդ երկու օրերու աշխատանքին ճամբով, մեծ եկամուտ պիտի ապահովուի:

Ելեւմտական վիճակին մէկ սեղմ պատկերը կը ներկայանայ հետեւեալ թիւերով. պետութեան պարտքը անցած է 3.3 թրիլիըն եւրոյի սահմանը, որ կը կազմէ երկրի ընդհանուր եկամուտին մօտաւորապէս 114 առ հարիւրը (*): Պիւտճէական բացը կը կազմէ 5.6 առ հարիւր, մինչդեռ նախատեսուած էր միայն 3 առ հարիւր: Երկար ատենէ ի վեր գանգատներ կը հնչեն, որ հիւանդանոցներու անձնակազմերը կը գործեն անբաւարար ձեւով, քաղաքները երկրագործական-գիւղական շրջաններու կապող փոխադրամիջոցները առնուազն տեղքայլի մէջ են, անգործներու թիւը բարձրացած է, գիտական հետազօտութիւններու բաւարար պիւտճէ չի տրամադրուիր եւ այլն: (Այս ու նման դժգոհութիւններ նորութիւն չեն, մօտաւորապէս 5 տարի առաջ, Ֆրանսա փոթորկեցաւ «դեղին բաճկոնաւորներ»ու հսկայածաւալ ցոյցերով): Նախընթաց դժգոհութիւնները իրենց բաժինը ունեցած են իրերայաջորդ կառավարութիւններու տապալումին մէջ…

Տուեալ պատկերին լոյսին տակ, կասկած չկայ, որ Պայրուի կառավարութիւնը պիտի տապալի, եթէ… ականջ չտայ կարգ մը ընդդիմադիրներու այն առաջարկին, որ վստահութեան քուէի հարցը դուրս բերէ օրակարգէն եւ հիմնական վերատեսութեան ենթարկէ պիւտճէի նախագիծը, դարմանէ դժգուհութեան պատճառները:

Կառավարութեան տապալումը, կ’ըսեն կարգ մը դէտեր, կը թուլացնէ նա՛եւ նախագահ Մաքրոնի տոտիկները, որովհետեւ ընդդիմադիրները կ’ըսեն, որ վարչապետին քաղաքականութիւնը «մաքրոնիզմ» է, անիկա շատ յառաջ գացած է ազատականութեան ճամբուն մէջ, հետեւաբար, եթէ Պայրուի կառավարութիւն կորսնցնէ վստահութեան քուէն, ընդդիմադիրները կրնան դնել Մաքրոնի հրաժարականի պահանջը: Այս ալ աննախընթաց չէ, սակայն թէ ի՞նչ կրնայ գալ անոր ձախաւերութիւններու «դարաշրջանէն» ետք, կը մնայ անորոշ:

Կառավարական տագնապ մը, ներքիններէն անդին, բազում պատուհասներ կը խոստանայ Մաքրոնի Ֆրանսային. անիկա հարցականներ պիտի նետէ երկիրն մէջ ներդրողներու շուկային վրայ, ինչպէս նաեւ բացասական արձագանգներ պիտի գտնէ Եւրոպական միութեան «աշխարհ»ին մէջ: Պատկերը քիչ մը աւելի կը լուսաւորուի, եթէ մտաբերենք, որ մէկ կողմէ՝ Ֆրանսա վերջին տարիներուն հող կը կորսնցնէ Ափրիկէի մէջ եւ այլուր, իսկ միւս կողմէ՝ ՊՐԻՔՍ-ի եւ Շանկհայի (ու նման) խմբաւորումներու շրջագիծին մէջ, զգալի շարժում կ’արձանագրուի աւանդական դրամատիրութիւններուն դէմ (այլ դրամատիրութիւններու ձեւաւորմը լուսարձակի տակ չի բերուիր ընդհանրապէս), կը խօսուի բազմաբեւեռ աշխարհի «նոր համակարգ»ի ձեւաւորման մասին:

ՄԵԾ «ԲԱՑԱԿԱՆ»՝ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԻՒՏՃԷԻ ՅԱՒԵԼՈՒՄԸ

Քիչ առաջ, հպանցիկ ակնարկութիւն մը ըրինք, որ Պայրուի նախահաշիւին մէջ պաշտպանութեան պիւտճէի կրճատում չի նախատեսուիր, այլ ընդհակառակն, մեծ ոստումներով յաւելումներ կը ծրագրուին:

Հոս ալ յիշատակենք քանի մը թիւ: Նախագահ Մաքրոն աւելի քան 2 ամիս առաջ «աւետեց», որ մինչեւ 2027, պաշտպանութեան պիւտճէն 6.5 միլիառ եւրոյով պիտի բարձրացնէ յառաջիկայ երկու տարիներուն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ երկու տարի ետք, պաշտպանութեան ծախսերը պիտի ցատկեն 64 միլիառ եւրոյի: Այս առաջադրանքին ետին պահուըտած է «մեծ փիղ մը», որ կանգնած է սենեակին մէջտեղը եւ ո՛չ ոք կ’ուզէ երկար խօսիլ անոր մասին: Իսկ «մեծ փիղ»ը կը կոչուի… Ուքրանիա, որուն հսկայական գումարներով օգնութիւն կը հասցնէ նա՛եւ Ֆրանսա:
Ի՞նչ ըսել կ’ուզենք «ո՛չ ոք կը խօսի» ըսելով:

Այս սիւնակը պատրաստելու համար, այցելեցինք ամերիկեան եւ եւրոպական քանի մը անուանի կայքէջեր, ուր հանդիպեցանք իրերանման մեկնաբանութիւններու եւ նախատեսութիւններու, ախտաճանաչումներու եւ փոխընտրանքներու առաջարկներու: Ո՛չ մէկ տեղ հանդիպեցանք կարեւոր ախտաճանաչումի մը, որ լուսարձակ բերէր Ֆրանսայի (եւ ճակատագրակից եւրոպական երկիրներու) պիւտճէական տագնապին մէկ պատճառին՝ Ուքրանիոյ պատերազմին «Դանայեան տակառը» լեցնելու փորձերուն, մրցավազքի՛ն վրայ:

Դարձեալ երթանք քանի մը ամիս ետ: Մաքրոնի յոխորտալից յայտարարութենէ ամիս մը առաջ, ՆԱԹՕն ունեցաւ պատմական ժողով մը եւ, Միացեալ Նահանգներու նախագահին հրահանգին ընդառաջող քայլով մը՝ որոշեց անդամներուն պաշտպանական պիւտճէն հասցնել 5 առ հարիւրի (մինչ այդ, միջինը 3 առ հարիւրէն պակաս էր): Չենք ուզեր երկար պտտիլ այդ որոշումին բաւիղներուն մէջ, այլ բաւականանաք յիշեցնելով գոնէ մէկ կէտ. Թրամփ պահանջած է, որ ՆԱԹՕի իր դաշնակիցները, ամերիկեան (շատ սուղ) զէնքեր գնեն եւ նուիրեն Ուքրանիոյ, եւ սա՝ այն պահուն՝ երբ իր կարգին կը յոխորտար, որ պիտի դադրեցնէ Ուքրանիոյ զէնքի մատակարարումը, ամերիկացի զինուորներ պիտի չերթան պատերազմի դաշտ եւ այլն: Եւ եւրոպացի ՆԱԹՕ-ականները ոգի ի բռին լծուած են Զելենսքին պաշտպանելու, երբեմն Թրամփի հետ վէճի բռնուելու եւ իրենց երկիրներուն պիւտճէները պատերազմական նման ծախսերու բեռան տակ դնելու մրցավազքի մը: (Աւելորդ է նման վազքի ետին գտնուող բուն աճպարարները փնտռելը):

Պաշտպանութեան պիւտճէները նման հարկադրանքով բարձրացնելու ՆԱԹՕի անդամներուն որոշումը առանձնակի պարագայ չէ: Եւրոպացիք այլ հարկադրանքներու ալ մատնուած են. ռուսական կազը Եւրոպա փոխադրող խողովակաշարը, չես գիտեր ի՜նչ «հրաշքով», ականահարուեցաւ Ուքրանիոյ պատերազմին պայթումէն կարճ ատեն ետք: Ամերիկացիք բարի՜ք ըրին եւ սկսան իրենց կազը… սուղ ծախել եւրոպացիներուն (ի դէպ, կան իրենց շահերը գերադասող եւ ռուսական կազի գնումը շարունակող երկիրներ, նաեւ Եւրոպայէն անդին): Անուղղակի հարկադրանք մըն էր տագնապահար երկիրներէ գաղթողները Եւրոպայի կոկորդն ի վար հրելու տարիներու «քաղաքականութիւնը»: Շաղթան երկար է, նորագոյն օղակները կազմուեցան վերջին ամիսներուն, երբ Թրամփ բարձր տուրքեր սահմանեց Եւրոպայէն եւ այլ երկիրներէ (որոնց մեծ մասը դասուած են իբրեւ ամերիկացիներուն բարեկամ) ներածումներուն վրայ:

Այս եւ նման բացայայտ… քողարկեալներ կը կազմեն Ֆրանսայի եւ այլոց կառավարական ու զուգընթաց տագնապներուն խորապատկերը, եւ անոնց մասին բարձրաձայնելու կ’ամչնան իշխանականներ:

…Ասդին, մեր Հայաստանի մէջ, կան «բանգէտներ», որոնք Սիւնիքէն հողաշերտ մը Թրամփի անունով կոչելը կը համարեն մե՜ծ շնորհ, պատի՜ւ, չեն ուզեր տեսնել թէ անիկա համաթուրանական դարաւոր ծրագիրին նորագոյն շպարն է, կրնան միչեւ իսկ խղճա՜լ Թրամփի վրայ, մտածելով, որ մարդը ամէն ճիգ կ’ընէ, որպէսզի իւրացնէ Փանամայի ջրանցքը, Կրուելանտան եւ այլ համով պատառներ, չի յաջողիր, ուրեմն՝ ի՞նչ կ’ըլլայ, եթէ մենք ըլլան անոր ախորժակներուն պտիկ մը գոհացում տուողը:

(*) Հետեւեալ կապով կարելի է ծանօթանալ աշխարհի բոլոր երկիրներուն պետական պարտքերուն եւ բացերու պատկերին: Ֆրանսա կը գրաւէ պատուոյ դիրք մը: https://en.wikipedia.org/wiki/List_of_countries_by_government_debt

Հայաստանի վերաբերող թիւերը մխիթարական պէտք չէ նկատել, եթէ աչքի առջեւ ունենանք համբակներու իշխանութիւնը եւ երկրին կարողութիւններուն նահանջը:

Սարգիս Մահսէրէճեան

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայկական պետականութեան ինքնամերժումը ե

­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տի վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­

05 Սեպտեմբեր 2025
Հայ դատի Ամերիկայի հանձնախումբը պաշտպա

Հայ դատի Ամերիկայի հանձնախումբը հանդես է եկել ԱՄՆ Կոնգրեսում քննարկվող 2026 թ․

05 Սեպտեմբեր 2025
Արցախ Վերադա՛րձ

«Կռիւը սրբազան բան է, ճակատամարտը երբեմն նոյնիսկ օգտակար. անոնցմէ ազգ մը դուրս

05 Սեպտեմբեր 2025
Միջազգային փաստաթղթով ոտնահարվում է մի

Սեպտեմբերի 4-ին Հրապարակ TV-ի «Հինգշաբթի» հաղորդաշարի հյուրն էր ՀՅԴ Հայ Դատի կ

05 Սեպտեմբեր 2025
Թրամփեան խաղաղութեան թաւշեայ պատրանքը…

Հայաստանում ոչ այնքան անյայտ քաղաքական վերլուծաբան օրերս յայտարարում էր, որ Իս

04 Սեպտեմբեր 2025
Հայ դատի տարածաշրջանային գրասենյակների

Հայ դատի Վաշինգտոնի, Բրյուսելի, Մոսկվայի, և Ֆրանսիայի գրասենյակները խստորեն դա

04 Սեպտեմբեր 2025
Ազգային գիտակցութեամբ զինուած ըլլալու

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Անդամ Խաժակ Մկրտիչեանի Խօսքը Հ․Ե․Դ․-ի Ողիմպիականին Գերաշնորհ

04 Սեպտեմբեր 2025
Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան դրամահաւ

Օրակարգ- Էնսինո, Կալիֆորնիա Օգօստոս 27, 2025 — Համայնքի միասնութեան եւ աջակ

04 Սեպտեմբեր 2025
Ֆրանսական հին-նոր ժապաւէն

Բնական է, որ հայ քաղաքական միտքն ու մամուլը այս օրերուն իրենց ուշադրութիւնը կե

04 Սեպտեմբեր 2025
«Արցախ․ չկարգավորված հակամարտություն,

Սեպտեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի նախաձեռնությամբ Երևանում կայացա

03 Սեպտեմբեր 2025
Իշխանափոխությունից հետո Արցախի ժողովրդ

Երեկվա հանրահավաքը նպատակ ուներ միջազգային հանրությանը ցույց տալու, որ հայ ժող

03 Սեպտեմբեր 2025
Ո՛վ Հայ Ժողովուրդ, Քո Փրկութիւնը Քո Հա

2 սեպտեմբերը Արցախի Հանրապետութեան օրն է: Արդարեւ, 2 սեպտեմբեր 1991-ին Արցախի

03 Սեպտեմբեր 2025
Գյումրին պետք է վերականգնի իր տնտեսակա

Հայաստանը կանգնած է զարգացման համակարգային վերանայման անհրաժեշտության առջև։ Մա

03 Սեպտեմբեր 2025
Միակողմանի զիջումներով խաղաղություն չի

Կարճատեւ այցով Լիբանանում գտնվելու օրերին ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Գլենդելեի համալս

03 Սեպտեմբեր 2025
Վերադարձ Արցախ լինելու է. հանրահավաք ն

Ազատության հրապարակում այսօր՝ սեպտեմբերի 2-ին տեղի ունեցավ Արցախի Անկախության

02 Սեպտեմբեր 2025
Այս վարչախմբի մատուցածը ոչ թե խաղաղութ

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Արմեն Ռուստամյա

02 Սեպտեմբեր 2025
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը դատապա

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը դատապարտում է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի լուծարումը․ կոչ

02 Սեպտեմբեր 2025
Արմեն Ռուստամյանն ընդունել է Կոնստանտի

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանն սեպտեմբերի 1-ին ընդունել է «Արցախ

02 Սեպտեմբեր 2025
Արցախի հակամարտությունը չի լուծվել. վե

«Հակամարտությունը չի լուծվել, այն ունի նոր ձեռքբերված բաղադրիչներ։ Առաջացել է

02 Սեպտեմբեր 2025
Երևանի և Բաքվի միջև սպառնալիքի տակ ստո

Ադրբեջանը ուժ է կիրառել նաև Հայաստանի նկատմամբ. «Արցախ. չլուծված հակամարտությ

02 Սեպտեմբեր 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company