Արցախ Վերադա՛րձ
05 Սեպտեմբեր 2025
«Կռիւը սրբազան բան է, ճակատամարտը երբեմն նոյնիսկ օգտակար. անոնցմէ ազգ մը դուրս կու գայ պարտուած կամ յաղթական, սակայն երկու պարագային ալ դուրս կուգայ: Բայց նահանջը հոգիներու, գլխի պտոյտ տուող զառիթափին վրայ, սա նահանջը կը ջնջէ, կ՛անհետացնէ ամէն բան…»
Շահան Շահնուր (1903-1974)
Արցախ վերադա՛րձ։ Այսինքն՝ Արցախ պիտի վերադառնա՛նք:
Շեշտն ու հրամայականը խիստ կարեւոր են, հրատապօրէն առաջնահերթ, այնքան մը որ ամէն մէկ վայրկեան, որ կը սահի առանց շօշափելի արդիւնքի, ի վնաս Արցախին եւ արցախահայութեան է, նաեւ՝ ի վնաս Հայաստանին, ի վնաս հայութեան, ի վնաս մեր Դատին:
Ներկայ վիճակը կրնայ յուսահատական թուիլ։ Յուսալքիչ, ընդվզեցուցիչ, սադրիչ եւ, եւ․․․։ Հայորդին կռնակէն ստացած է դաշոյնի ահարկու հարուածը, այդ ալ՝ իշխանութեան աթոռներուն վրայ գտնուող «ծախուած»-ներուն ձեռքով, թշնամիին վարձկաններու՝ որոնք վտանգաւոր, անխոհեմ եւ անհաշիւ քայլեր առնելով, հայրենիքը աճուրդի հանած են մաս առ մաս։
Սպառնալիքը՝ «Դամոկլեան սուր»-էն աւելի՛ սաստիկ եւ սահմռկեցուցիչ է։ Հայաստան կը գտնուի քաղաքական, ապահովութեան, տնտեսական, մշակութային, ընկերային եւ ամէն տեսակի անկումի դրութեան մէջ։ Անդին, իշխանականներու քարոզիչներուն միջոցով զեկոյցներ կը ներկայացուին, իբրեւ թէ դրախտային վիճակ կը տիրէ երկրէն ներս։ Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ ճեմող վերլուծողներ, փաղաքշական նախադասութիւններ իրարու միացնելով, գովաբանական աժան կարծիքներ եւ անոնց հետեւող եզրակացութիւններ կը փոխանցեն: Այս «առաքելութիւնը» իսկապէս որ խորապէս մտահոգիչ է, դաժան իրականութիւններուն դիմաց կոյր ձեւանալով ու մատը վէրքին վրայ չդնելով՝ կուրութիւնը եւ ազգալքումը կը դարձնեն վարակիչ:
Այս մթնոլորտին մէջ, միակ լուծումը՝ միահամուռ ընդդիմութիւնն է։ Ծանօթ խօսք է․ «Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ»։ Այո, հիմա ալ պատմութիւնը ինքզինք կրկնած է եւ կը գտնուինք դաժան պայմաններու մէջ, սակայն ահաւորն ու աներեւակայելին այն է, որ արտաքինին կողքին՝ թշնամին նաեւ ներքին է։ Շատ աւելի վտանգաւոր եւ թունաւոր։
44-օրեայ պատերազմին, ծանօթ պատճառներով չարաչար պարտուած երկրին իշխանաւորը երբ կառչած կը մնայ իր աթոռին եւ ամէն ճիգ կը թափէ չհեռանալու, հաւանաբար «ինձմէ ետք ջրհեղեղ» մտայնութեամբ, նոր կորուստները կը մնան օրակարգի վրայ, մանաւանդ, որ Փաշինեանի համար Արարատն ու Նոյեան տապանը կապ չունին «Նոր Հայաստան»ին հետ: «Ապագայ կայ» խոստացողը կը խօսի «Արցախի յանձնումով, Հայաստան իսկապէս անկախացաւ» տրամաբանութեամբ, հիմա ալ Սիւնիքէն համաթուրանական ճամբուն բացումը կը վերածէ «ժողովո՜ւրդ, խաղաղութիւնը եկա՜ծ է» ստապատիր քարոզի։ Փաստօրէն, ահաւասիկ ամիսէ մը ի վեր «Զանգեզուրի միջանցք»ը գործնապէս յանձնուած է Պաքուի եւ Անգարայի․․․ ի յիշատակ Թրամփի։
Անտեղի են «ազգընտիր» վարչապետին արտայայտած կարծիքներն ու խօսքերը մէկ առ մէկ յիշելը: Մինչեւ իսկ գերկատարելագործուած համակարգիչը կրնայ խանգարուիլ, խելագարուիլ եւ չգործել։
Չպահուըտինք մեր մատներուն ետին, իշխանաւորին եւ գործակիցներուն սուտերով չտարուինք ու լաւատես չըլլանք, ո՛չ ալ 19-րդ դարու ազգասէր բանաստեղծ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի՝ «Եղբայր եմք մենք» հայրենասիրական երգով միասնականութիւն քարոզենք եւ կոչ ուղղենք գործակցութեան։ ՔՊ-ականներու ստեղծած պայմաններուն մէջ, կարելի չէ իրականութիւններէ կտրուիլ եւ Պեշիկթաշլեանի «ի բիւր ձայնից բնութեան շքեղ…» խօսքերը կրկնել ու մտածել՝ «Մէկտեղ յոգնինք, մէկտեղ ցանենք, մէկտեղ թափին մեր քրտինքներ»։ Ո՛չ, փաշինեանակերտ ճեղքը խոր է եւ յատակն ալ՝ դժուար տեսանելի։
Յստակ է, թէ Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը փակած կը նկատէ Արցախի հիմնահարցը, մանաւանդ երբ անխղճօրէն եւ առանց քննելու հարցին խորքը, վերահաս վտանգաւոր հետեւանքները, առանց առարկութեան, եւ աղաղակող կերպով Պաքուէն եկած հրահանգին ենթարկուելով՝ստորագրեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լուծարկումի խնդրագիրը։ Իսկ Պաքուէն հնչող հրահանգները վերջ չունին: Կարելի՞ է չլսել Ալիեւի ու անոր թուրք եղբայրներուն կրկնուող պահանջները, որոնք կ’իրականանան քայլ առ քայլ, որքան ալ որ փորձենք մենք մեզ համոզել, թէ թշմանիին ըսածներով պէտք չէ առաջնորդուինք:
Հայորդինե՛ր, քաղաքական դաշտը բաժնուած է երկու հակադիր բեւեռներու։ Սակայն դժբախտաբար գոյութիւն ունի անտարբերներու զանգուած մը, որ իր կրաւորականութեամբ, կամայ թէ ակամայ, բայց ուղղակիօրէն նեցուկ կանգնած կ՛ըլլայ երկրին ղեկը ստանձնած գործակալներուն։
Պէշիկթաշլեաններու եւ Չարենցներու պատգամները մարմնաւորելու համար, հասած ենք զերոյէն սկսելու վիճակի: Պահա՞նջը՝ միաբեւեռ պէտք է ըլլալ եւ գործել ի սէր հայրենիքին, մէկդի դնելով անձնական, մասնակի, կուսակցական եւ այլ հաշիւներ։ Ազգն ու հայրենիքն են միաբեւեռութիւն թելադրողը:
Արցախի վերադարձով է, որ իր ճիշդ հունը պիտի գտնէ Հայաստանի վերականգնումը, ինչպէս որ Արցախեան Շարժումով վերականգնեցաւ Հայաստանի վերանկախացման երթը, Արցախը իրողապէս վերամիացաւ մայր հայրենիքին, ուղեցոյց դարձաւ մեր բոլոր իրաւունքներու վերականգնումի պայքարին:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական