Հայկական պետականութեան ինքնամերժումը եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման վտանգաւոր առեւտուրը
05 Սեպտեմբեր 2025
Հայաստանի վարչապետի վերջին յայտարարութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին շուրջ, անխուսափելիօրէն բացայայտեցին երկրի ղեկավարութեան խորագոյն ճգնաժամը ազգային ինքնութեան եւ պատմական արդարութեան հանդէպ։ Հայաստանի ներկայ իշխանական խաւը կը շարունակէ որդեգրել քայլեր, որոնք կը խաթարեն հայութեան միասնական կեցուածքները եւ ուղղակի վնաս կը հասցնեն Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին։
Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որ հայ ժողովուրդի գոյութեան պատմական եւ բարոյական յենասիւներէն մէկն է, այսօր վերածուած է մանրադրամի՝ իշխանական քաղաքական ընտրանքներուն պատճառով։ Իրերայաջորդ յայտարարութիւններով եւ քաղաքական վտանգաւոր հնարամտութիւններով, վարչախումբը պատրաստ է արժեզրկելու հայութեան պահանջատիրական զինանոցը, հետեւաբար նաեւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման քաղաքական, պատմական ու համազգային նշանակութիւնը։
Քաղաքական ճշմարտութիւն է, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը միշտ ալ եղած է բազմաթիւ երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան բաժին՝ յաճախ որպէս ճնշումի միջոց Անգարայի դէմ։ Սակայն, այս բոլորին մէջ, Հայաստան երբեք իր ներկայութիւնը չէր տեսած գործընթացը խոչընդոտելու կամ նսեմացնելու դերին մէջ։ Նոյնիսկ երբ առաջին նախագահը կը յայտարարէր, թէ Ցեղասպանութեան հիմնահարցը մաս չի կազմեր Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, երկրի յաջորդական ղեկավարութիւնները երբեք չհակադրուեցան հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրի միջազգային ճանաչման գործընթացին, այլ համահայկական Հռչակագիրի ճամբով, իրաւատիրոջ դերին մէջ տեսան Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութիւնը։ Իսկ այսօր, ներկայ իշխանութիւնը սառնասրտութեամբ լծուած է Ցեղասպանութեան իրաւական ծրարի նսեմացումին, անոր շուրջ կառուցելով նոր «իրականութիւններ», ուր մեր պատմական իրաւունքը կը ստորադասուի քաղաքական մանր հաշուարկներու։
Երբ ի պատասխան Իսրայէլի վարչապետին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան անձնական ճանաչման յայտարարութեան, Հայաստանի վարչապետը բթամտօրէն հրապարակաւ կը յայտարարէ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը Հայաստանի առաջնային կամ նոյնիսկ օրակարգային շահը չէ, ոչ միայն կը մերժէ սեփական պատմութիւնը, այլեւ կը տապալէ Սահմանադրութեան, նաեւ Անկախութեան հռչակագիրի այն հիմնադրոյթները, որոնք յստակ կը բնորոշեն, թէ պետութիւնը սատար կը կանգնի Ցեղասպանութեան ճանաչման։ Այս դիրքորոշումը հակասահմանադրական եւ հակապետական ընթացքի մէջ կը դնէ վարչախումբը, յանցագործութեան սահմանները հատելու ծանր պատասխանատուութեամբ։
Աւելի՛ն, ան յղի է վտանգաւոր հետեւանքներով։ Այնպէս ինչպէս Արցախի քաղաքական եւ ռազմական թատերաբեմին վրայ կատարուեցաւ ազգային իրաւունքներու պարտուողական նահանջ, երկար ժամանակէ ի վեր նոյնը կը փորձուի գործադրել ցեղասպանութեան հարցին մէջ։ Նոր իշխանական գաղափարախօսութիւնը՝ «իրական Հայաստան» արհեստածին վարկածը, բացայայտօրէն կը միտի խզել հայրենիքի ու սփիւռքի կապերը։ Սփիւռքահայութիւնը՝ որ երկար տասնամեակներէ ի վեր կարողացաւ Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը վերածել համաշխարհային օրակարգի, այսօր կը դադրի հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան իրաւատիրոջ դերին մէջ ձայն ունենալէ։ Այս մերժողականութիւնը մէկ կողմէն կը կտրէ ժողովուրդի կէսէն աւելիի ձայնը, միւս կողմէն կը խարխլէ այն հսկայական աշխատանքը, որով Ցեղասպանութեան ճանաչման գործը հասաւ միջազգային ատեաններուն առջեւ։ Այն սերունդները, որոնք զոհաբերութիւն կատարեցին Ցեղասպանութիւնը համաշխարհային օրակարգին վրայ բերելու համար, այսօր կը տեսնեն իրենց ջանքերու արդիւնքները քայքայուելու վտանգի եզրին։
Հարկ է ընդունիլ, որ Հայաստանի ներկայ դրութիւնը բարդ է՝ երկիրը գտնուելով երկու թշնամական պետութիւններու շրջափակումին մէջ։ Սակայն, այս իրականութիւնը չի կրնար արդարացնել ազգային արժէքներէ հրաժարումի քաղաքականութիւնը։ Երբ Անգարայի եւ Պաքուի նախապայմաններուն առջեւ յանձնուողական դիրք կ՚ընդունուի, անխուսափելիօրէն կը կորսուին դիւանագիտական հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ հող կը տրամադրուի թրքական եւ ատրպէյճանական ժխտողականութեան նոր արշաւներուն։ Մինչ թուրք-ատրպէյճանական զինակցութիւնը կը ջանայ զոհը վերածել դահիճի, Երեւան կը յայտարարէ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը «չի բխիր Հայաստանի շահերէն»։ Այսպիսով, հայկական պետութիւնը կ՚ընկրկի իր պատմական պարտաւորութենէն եւ կը դառնայ սեփական ժառանգութեան ուրացողը։
Դար մը առաջ հայ ժողովուրդը գին վճարեց իր գոյութեան համար։ Այնուհետեւ, արդարութեան պահանջը դարձաւ սերունդներու շարժիչ ուժը։ Այսօր սակայն, իշխանական խումբը կը փորձէ այդ պահանջը վաճառել՝ իբրեւ «բարեգործական զիջում» դիւանագիտական պատեհապաշտութեան դիմաց։ Մտայնութիւն մը, որ խորապէս կը խաթարէ պատմական արդարութիւնը եւ մեր ազգային ինքնութեան հիմերը։ Պէտք է յստակ դառնայ. Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը միայն սփիւռքեան յուշ չէ, ո՛չ ալ արտաքին քաղաքականութեան մանր գործիք։ Ան համազգային իրաւունք է, պետական ռազմավարական առաջնահերթութիւն եւ բարոյական պարտաւորութիւն։ Որեւէ իշխանաւոր, որ կը մերժէ այս ճշմարտութիւնը, միայն ու միայն կը վնասէ հայ ժողովուրդի ապագան եւ Հայաստանի պետականութեան գոյութենական հիմերը։ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը պէտք է ընկալուի որպէս ազգային արժանապատուութեան եւ պատմական արդարութեան հարց, հեռու պահելով զայն դիւանագիտական փերեզակութիւններէ։
Այսօրուան իշխանաւորներու քաղաքականութիւնը ցոյց կու տայ թէ ինչպէս կարելի է քայլ առ քայլ քանդել այն կամուրջները, որոնք տասնամեակներու զօրաշարժով կառուցուեցան։ Եթէ այս ընթացքը չկասեցուի, վաղը պիտի արթննանք իրականութեան մը մէջ, ուր Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը վերածուած պիտի ըլլայ դատարկ թուղթի, իսկ մեր ժողովուրդի ամենամեծ ողբերգութիւնը՝ անտեսուած էջի։
«Ազատ օր»ի Խմբագրական