Քրիստափոր Միքայէլեանի Նահատակութեան 120-Ամեակին Նուիրուած ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Վիտոշի Բազէ» Բանակում
06 Սեպտեմբեր 2025
Կիրակի, 31 օգոստոս 2025-ին պաշտօնապէս փակուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի ՀՅԴ հիմնադիր-ռահվիրայ Քրիստափոր Միքայէլեանի նահատակութեան 120-ամեակին նուիրուած ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 2025 տարուան «Վիտոշի բազէ» բանակումը, որ ընթացք առած էր 24 օգոստոսին:
Բանակումին ընթացքին գործադրուեցան այլազան եւ բազմազան ծրագիրներ, որոնք ընդգրկեցին` մշակութային օր, ընկերային պահեր, դասախօսութիւններ, զարգացման մրցումներ, տեսերիզներ, աշխատանոցներ, խրախճանք եւ մարզական խաղեր ու մրցումներ:
Մշակութային օրուան ընթացքին նուագարաններու ծանօթացուց Հայկ Քէշիշեանը, մշակութային կոթողներու մասին աշխատանոց վարեց Նարօտ Սէրուժեանը, եւ ընդհանրապէս մշակոյթի կարեւորութեան մասին զեկուցեց մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանը:
ԼԵՄ-ականները նաեւ ունեցան աւանդական «մանթի» ճաշը պատրաստելու հաճելի ժամեր:
Դասախօսութիւնները բաւական հարուստ էին: Քրիստափոր Միքայէլեանի տիպարին մասին դասախօսեց Վիգէն Աւագեան, Եըլտըզի մահափորձին անդրադարձաւ Եսայի Հաւաթեան, երիտասարդին, միութենական կեանքին եւ համաշխարհայնացման մասին խօսեցաւ Թալին Հաւաթեան-Մարտիրոսեան:
Լիբանանահայութեան պատմութիւնը, քաղաքական կեանքին մէջ անոր ներդրումը եւ ներկայ մարտահրաւէրները լուսարձակի տակ բերաւ Աւետիս Կիտանեան, իսկ միջազգային քաղաքականութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները ներկայացուց Բենիամին Պչաքճեանը: Տեսերիզի միջոցով արհեստական բանականութեան մասին դասախօսեց Շանթ Տեմիրճեան:
Տեղի ունեցաւ նաեւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց համապատասխան լուծումներու որոնման մասին յատուկ աշխատանոց:
ԼԵՄ-ականները նաեւ ունեցան զոյգ զարգացման մրցումներ. առաջինը` ամբողջութեամբ նուիրուած Քրիստափոր Միքայէլեանի կեանքին եւ գործունէութեան, իսկ երկրորդը` խառն հարցումներով:
Բանակումի վերջընթեր օրը հանդիսացաւ մարզական խաղերու օր, իսկ գիշերը ԼԵՄ-ականները իրենք պատրաստեցին խարուկահանդէսի յայտագիրը, որուն ընթացքին ներկայացուցին երգիծական, յեղափոխական, ազգային եւ ընկերային նիւթերու շուրջ զանազան ներկայացումներ:
Փակման արարողութեան խօսք առաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գէորգ Եագուպեան` նշելով, որ բանակումին ձեռք բերուած յաջողութիւնները բնականաբար մօտ ապագային երեւան պիտի գան մասնաճիւղերու ամէնօրեայ աշխատանքներուն եւ բարելաւուած ընկերային մթնոլորտին ընդմէջէն: Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ ԼԵՄ-ը պիտի շարունակէ ձգտիլ լաւին ու լաւագոյնին:
ԼԵՄ-ականները բարձր տրամադրութիւններով եւ վերանորոգ վճռակամութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները: