Ակնարկ. Իսրայէլի Աքիլէսեան Կրունկները
08 Սեպտեմբեր 2025
Լիբանանի կառավարութեան սպասուած նիստը նոյնքան սպասուած արդիւնք ունէր: Շիի համայնքի նախարարները լքած են կառավարութեան նիստերու դահլիճը այն պահուն, որ զինաթափումի օրակարգը քննարկումի հուն մտած է: Դիրքորոշումի քաղաքական տրամաբանութիւնը պարզ է: Զինաթափում կարելի չէ քննել, այնքան ատեն որ Իսրայէլ չի յարգեր իրեն վերապահուած յանձնառութիւնները: Կը շարունակէ վերահսկել լիբանանեան գերիշխան տարածքներ, խախտել հրադադարը, հատել լիբանանեան օդային տարածքները եւ թիրախաւորել ու հարուածել Հըզպալլայի հետ այս կամ այն կերպով կապ ունեցող անձնաւորութիւններ:
Կառավարութեան մօտեցումը այլ է: Զէնքի մենաշնորհումը իրականացնելու առընթեր պահանջել Իսրայէլի կողմէ ոտնձգութիւններու դադրեցումը: Բանակի հրամանատարին ներկայացուցած նախագիծի մանրամասնութիւնները յստակ չեն: Պարզ է, որ գործընթացը փուլային է եւ ամսական զեկուցում պիտի ներկայացուի, ըստ տեղեկատուութեան նախարարութեան պաշտօնական լրատուութեան, զէնքի ստանձնման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներուն վերաբերեալ: Նախագիծը ողջունուած է կառավարութեան կողմէ:
Իսրայէլի մօտեցումը բոլորովին այլ է: Իր կողմէ որեւէ յանձնառութիւն չի կատարուիր, այնքան ատեն որ չէ զինաթափուած Հըզպալլան: Ընդ որում ոչ թէ ռազմապաշարը յանձնած լիբանանեան բանակին, այլ ոչնչացուցած զայն: Իսրայէլի պահանջածը ոչ թէ Հըզպալլայի, այլ ընդհանրապէս Լիբանանի անձնատուութիւնն է:
Պաշտօնական Թել Աւիւին ներկայացուած ամերիկեան փաստաթուղթին նկատմամբ չկայ իսրայէլեան համաձայնութիւն: Այսինքն` Իսրայէլ կը մերժէ ոչ միայն ՄԱԿ-ի թիւ 1701-ը, այլ նաեւ ամերիկեան փաստաթուղթը:
Շարունակելով վերահսկել լիբանանեան ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածքներ, արգելակելով Լիբանանի հարաւի վերականգնողական աշխատանքները, Հըզպալլան լիբանանեան տարածքներու վրայ կ՛իրականացնէ սպանութիւններ, գործողութիւններ: Միջազգային ճնշումը միակողմանի է եւ առանց ագուցելու միւս կէտերուն նախ եւ առաջ կը պահանջուի զէնքի մենաշնորհումը: Ագուցուած փաթեթային կէտերը թուղթի վրայ են: Գետնի վրայ ճնշումը մէկ օրակարգի վրայ է: Յանձնել զէնքերը: Աւելի ճիշդը` ոչնչացնել զինամթերքը:
Այս հանգամանքներով հանդերձ լիբանանեան կառավարութեան նիստը չէ խափանուած: Կառավարութիւնը շարունակած է իր աշխատանքը եւ ողջունելու բանաձեւ արձանագրած ներկայացուած ծրագիրին:
Այս բոլորը պատճառ չդարձան, որ գէթ մինչ այժմ ցնցումնային իրավիճակ ստեղծուի: Անորոշութիւն` այո, բայց կը թուի, որ մեծ բախումնային կացութեան անմիջական շեմին չենք: Հիմա Իսրայէլը կեդրոնացած է ամբողջ Կազան իր վերահսկողութեան տակ առնելու: Այնտեղ եւս գործընթացները կ՛ընթանան միակողմանի, Իսրայէլի կողմէ ճշդած խաղի կանոններով: Կազան ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ առնելու ռազմական որոշումի գործադրութեան թոհուբոհին մէջ եւրոպական երկիրներ պաղեստինեան պետութիւնը ճանչնալու որոշում կը կայացնեն եւ կ՛ուղղուին դէպի ՄԱԿ, այդ ճանաչումը միջազգայնացնելու համար: Յանկարծ… Միացեալ Նահանգներ մուտքի արտօնագիր չշնորհելու որոշում կը հրապարակէ պաղեստինցի դիւանագէտներուն:
Երկու պետութեան լուծումը կը թուի, որ կ՛առկախուի այս ձեւով: Չի նշանակեր, որ ընդհանրապէս դուրս կու գայ օրակարգէն, սակայն Թել Աւիւը Ուաշինկթընի ճամբով կ՛արգելակէ այդ գործընթացը մետասաներորդ պահուն: Այսքան ժամանակ ետք Կազայի միայն քառասուն առ հարիւրին կը վերահսկէ Իսրայէլը, հակառակ տասնեակ հազարաւորներով զոհեր խլելուն: Թէկուզ խափանելով, երկու պետութեան լուծումը դամոկլեան սուրի նման կը շարունակէ ճօճուիլ, իսկ լիբանանեան դիմադրութեան զինաթափումը մինչ այժմ իրականացուելու նախադրեալներ չի փոխանցեր:
Այս հանգամանքներն ալ իրականութիւն են եւ կը խօսին Իսրայէլի աքիլէսեան կրունկներուն մասին: Հատուածներ, որոնք Միացեալ Նահանգներու համար խաղադրոյթային են:
«Ա.»
«Ազդակ»