Ակնարկ. Նախաստորագրութիւն Կամ Սահմանի Նախաբացում
09 Սեպտեմբեր 2025
Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան մասնակցող թրքական պատուիրակութիւնը պիտի ժամանէ Հայաստան: Երկխօսութեան նիստը պիտի գումարուի Երեւանի մէջ: Այստեղ յատկանշականը այն է, որ պատուիրակութիւնը Հայաստան պիտի գայ Մարգարայի սահմանով, որ այսպիսով պաշտօնապէս երրորդ անգամն ըլլալով պիտի օգտագործուի: Առաջինը Թուրքիոյ երկրաշարժին առիթով էր, երկրորդը` դէպի Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւններ առաքելու համար: Հիմա արդէն` պատուիրակութեան պաշտօնական այցելութեան:
Հրապարակուած լրատուութիւնները յատուկ նորութիւն չեն փոխանցեր: Պիտի քննարկուին արդէն իսկ պայմանաւորուած կէտերը, ընդհանրապէս Հայաստան-Թուրքիա հարցերու կարգաւորման խնդիրները: Նախապէս համաձայնեցուած էին երրորդ երկրի քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններու սահմանի օգտագործման թոյլտուութիւնը եւ Անիի պատմական կամուրջի վերակառուցման աշխատանքներու ձեռնարկելը: Կէտերու գործադրութիւնը առկախուած էր, եւ անոնք չէին առարկայացած:
Հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորող Ազգային ժողովի փոխնախագահը կը մանրամասնէր, թէ պիտի խօսին այն քայլերուն մասին, որոնք արդէն կատարուած են, ինչպէս նաեւ` ընթացքի մէջ եղող հարցերուն: Ըստ անոր, քննարկումներ եղած են, նաեւ` Կարս-Գիւմրի երկաթուղիի վերականգնման համար անհրաժեշտ թեքնիք շրջագիծերու շուրջ: Օրակարգի վրայ տեղ գտած է Անիի պատմական կամուրջի վերականգնման հարցը:
Այս բոլորը ուրեմն տակաւին նախագծային սահմաններու մէջ են եւ չեն նախանշեր սահմանակէտերու բացումը: Գործընթացը կը շարունակէ փոխկապակցուած մնալ Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին հետ:
Նոյն հետեւողութեամբ ալ, եթէ այնտեղ նախաստորագրուած փուլ է, այստեղ եւս պէտք է ձեւաւորել, այնպիսի փուլ որ սահմանի նախաբացում է: Սահմանը կը բացուի, երբ պայմանագիրը ստորագրուի: Այս կը յուշէ քաղաքական տրամաբանութիւնը:
Աւելիով կը հիմնաւորուի այս տեսութիւնը, երբ կը նկատենք, որ Անգարայի պատուիրակութեան Հայաստան ժամանման լուրին անմիջապէս յաջորդեց Պաքուէն հնչած յայտարարութիւնը: Նախաստորագրութիւնը ստորագրութիւն չէ: Հայկական կողմէն կան ակնկալութիւններ, որոնք պէտք է իրականութիւն դառնան: Անոնցմէ առաջինը Սահմանադրութեան փոփոխութիւնն է:
Ըստ Ազրպէյճանի նախագահին յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչին, մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնական օրէնքը պէտք է համապատասխանեցուի երկու երկիրներուն կողմէ արդէն նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին եւ ոգիին: Այս յանկերգը կը կրկնուի հակասական հիմնաւորումներով: Նախաստորագրուած փաստաթուղթին մէջ կայ յատուկ կէտ, որ կը հաստատէ, թէ կողմերը չեն կրնար յղում ընել իրենց ներքին օրէնսդրութեան: Այսպէս. 12-րդ կէտով` «Կողմերը իրենց երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ կ՛առաջնորդուին միջազգային իրաւունքով եւ սոյն համաձայնագիրով: Կողմերէն ոչ մէկը կրնայ վկայակոչել իր ներպետական օրէնսդրութեան դրոյթները` իբրեւ սոյն համաձայնագիրի չկատարման հիմնաւորում»:
Սակայն յանկերգը կը շարունակուի` հիմնուելով ուաշինկթընեան հռչակագիրին առաջին կէտին մէջ ձեւակերպուած ակնկալելի հետագայ գործողութիւններուն վրայ: Այս գործողութիւններէն առաջինը, ըստ Պաքուի, Սահմանադրութեան փոփոխութիւնն է:
Ուրեմն թրքական պատուիրակութեան Երեւան այցելութեան լուրն ու յատուկ յանձնարարութիւններու ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը եւս փոխկապակցուած են: Չկայ ստորագրութիւն, առանց նախապայմաններու, հետեւաբար չկայ նաեւ սահմանի բացում, առանց այդ նախապայմաններու ընդառաջումին:
«Ա.»
«Ազդակ»