Պաքուի Պահանջները Հնչեցին Երեւանի՛ մէջ
23 Սեպտեմբեր 2025
Եթէ Հայաստանի – նաեւ Սփիւռքի – մէջ կան կամակոր բթացեալներ, որոնք կը հաւատան, թէ փաշինեանական՝ «խաղաղութիւնը հասած է» քարոզը սուտ ու անրջային չէ, անոնք պէտք է իրենց գլուխները անգամ մը եւս զարնեն դաժան իրականութեան պատին:
Ատրպէյճան Երկուշաբթի օր (22 Սեպտեմբերին) իր մէկ պաշտօնական պատգամաբերին բերնով վերահաստատեց այն՝ ինչ որ հայրենապաշտպան ընդդիմադիրները իբրեւ իրերայաջորդ ահազանգ հնչեցուցած են աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր, եւ ո՛չ միայն Ուաշինկթընի մէջ 8 Օգոստոսին սարքուած «պատմական հանդիպում»-ին յաջորդող շաբաթներուն: Սա զուգադիպեցաւ այն օրուան, երբ Մ.Ա.Կ.-ը կը նշէր իր ստեղծման 80-րդ տարեդարձը եւ աշխարհով մէկ կը վերահռչակուէին անոր արարման սկզբունքները, եւ այդ «հովանի»-ին տակ ալ, քանի մը երկիրներ ճանաչում շնորհեցին Պաղեստինի պետութեան…
ՆԱԹՕ-ի մէկ խորհրդարանական – ու գեղեցիկ անուանումով – խորհրդաժողովին, որուն իբրեւ հիւրընկած ընտրուած է Հայաստանը, Ատրպէյճան ղրկած է պատուիրակութիւն մը, որուն մէկ անդամը, առանց բառերը ծամծմելու, յայտարարեց, որ Հայաստան ի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կրնայ կնքուիլ մի՛այն այն ատեն, երբ Հայաստան փոխէ իր Սահմանադրութիւնը, որովհետեւ անոր մէջ Ատրպէյճանէն հողային պահանջներու ակնարկութիւն կայ (բնականաբար խօսքը կը վերաբերի Արցախի եւ այլ հողերու պահանջատիրութեան): Պատգամաբերը նաեւ ըսաւ, որ Ատրպէյճան Հայաստանէն հողային պահանջ չունի, սակայն կան «պատմական ժառանգութիւններ», այսինքն՝ Արեւմտեան Ատրպէյճանի վերատիրացման «ժողովուրդի պահանջը»: Վերջապէս, ազերի ներկայացուցիչը «զիչո՜ւմ» մը ըրաւ, ըսելով, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան փոխանակելիք հողեր ունին, ինչպէս՝ «կղզեակները» (անքլաւները): Յիշող կա՞յ, թէ Փաշինեան ալ նոյն տրամաբանութեամբ խօսած է յաճախ:
Թուրք պատուիրակը աւելի դիւանագիտական արտայայտութիւններ ունեցած է. հաւաստած է, որ Թուրքիա Հայաստանէն պահանջ չունի, սահմանի բացման համար ալ նախապայմաններ չկան, թէ՝ Թուրքիա կ’ուզէ օգնել Հայաստան-Ատրպէյճան հարցերուն լուծման: Իսկ եթէ մոռացկոտներ կան՝ յիշեցնենք, որ Թուրքիա քանիցս ու ճակատաբաց յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ դէպի հանգուցալուծում(ներ) որեւէ քայլի համար, Հայաստան պէտք է գոհացում տայ Ատրպէյճանի ԲՈԼՈՐ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ, այսինքն՝ յայտնի է Թուրքիոյ «օժանդակելու» փափաքին գոյնը: Պէտք ունի՞նք յիշեցնելու, որ Ատրպէյճանի միակ պահանջը Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը չէ:
Ու Փաշինեան ու ՔՊ-ականները կը փորձեն ազգը համոզել, թէ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը ազերիական պահանջէ չի բխիր, աւելի՛ն, բանիւ եւ գործով կը գնդակահարեն Սահմանադրութիւն եւ Օրէնք, ճիշդ այնպէս, ինչպէս… Տանըլտ Թրամփ կ’ընէ իր երկրին մէջ (ընկերացող երգիծանկարին մէջ Թրամփը կարելի է փոխադրինել Փաշինեանով):
Այս բոլորը՝ Երեւանի մէջ, հայկակա՛ն հողի վրայ. ազերիները Արշակ թագաւորի ժառանգորդը չեն, որպէսզի իրենց թշնամիի հողին վրայ տկարութեան ու ընկրկումի նշան ցոյց տան: Կը յիշէք, չէ՞, Շապուհի պալատի յատակին, Արշակ թագաւորին ոտքին տակ հայկական եւ պարսկական հող տարածելու խորհրդանշական պատմութիւնը…: Ասիկա ըսողը ՔՊ-ականներու ընդդիմադիրները չեն, որոնց երեսին կը շպրտուի «խաղաղութեան դէմ էք»ի պէս մեղադրանքներ, այլ ըսողը ներկայացուցիչն է այն երկրին, որուն հետ ՔՊ-ապետը խինդ ու ծիծաղով ուաշինկթընեան համաձայնութիւն ստորագրեց (որակումները մէկդի ձգենք), ու անկէ ի վեր, նոր թափ ու տարողութիւն ներարկած է «խաղաղութիւնը արդէն հասած է» ցնդաբանութիւններուն, կը շարունակէ ազգը մոլորեցնելու իր արշաւը, ՔՊ-ականներ իրարու հետ մրցումի մէջ են՝ ազերիներու արիւնոտ ձեռքերը թօթուելու համար:
***
Միայն ա՞յս: Բնականաբար ո՛չ միայն այս:
Նախորդ շաբաթավերջին, Պաքու առաքուեցաւ Հայաստանի անվտանգութեան սպասարկութեան պետը, մասնակցելու «անվտանգային խորհրդաժողովի» մը: Անոր առաքելութեան մասին ամբողջական լռութիւն կը պահուի, իսկ ապահովութեան այլ պատախանատու մը խղճի ամենա՜յն հանգստութեամբ կ’ըսէ, թէ տեղեկութիւն կը տրուի ժողովուրդին՝ եթէ պէտք զգացուի: Պարզ խօսքով՝ «ժողովո՛ւրդ, դուն ի՞նչ գործ ունիս մեր ըրած-չըրածին հետ: Ինչպէս վերջին քանի մը տարիներուն, հիմա ալ կը շարունակենք քեզմէ գաղտնի, եւ մի՛շտ ի վնաս հայրենիքին ու ազգին՝ զիջումներ եւ նահանջներ արձանագրել»: Այլ խօսքով, պէտք չէ մինչեւ իսկ երեւակայել, որ հայկական իշխանութեան այս կամ այն ներկայացուցիչը հակառակորդին առջեւ կը դնէ մեր այս կամ այն ԱՐԴԱՐ ՊԱՀԱՆՋԸ, այլ երթալ-գալուն սոսկական նպատակն է ցոյց տալ, թէ «տնային պարտականութիւնները» ի՞նչ ընթացքով (մի՛շտ գաղտնի) կ’իրականանան, թէ՝ Եկեղեցւոյ ու հայրենատիրութիւն ընողներուն դէմ արշաւանքները ե՞րբ պիտի վերսկսին:
***
ՔՊ-ականները համագումար ըրեր են եւ կրկնած են խաղաղութեան յանկերգը: Մարդ «երեսի ջուր» ունենալու է, յայտարարելու, որ Հայաստանի մէջ աւելի քան մէկ ու կէս տարիէ ի վեր խաղաղութիւն կը տիրէ: Իսկ ամէնէն բթամիտ ու ՔՊ-ասէրն անգամ այլեւս իրաւունք ունի հարց տալու, թէ այս խաղաղութիւնը «ինչացո՞ւ» է, դիտարկելու՝ որ երբ թշնամիիդ բոլոր պահանջներուն ընթացք կու տաս, երկիրը կորուստէ-կորուստ կը տանիս եւ կը խոստանաս նոյն ուղիով… խաղաղութիւն պահպանել, թշնամիդ ինչո՞ւ պիտի մտածէ պատերազմելու մասին, որովհետեւ անկէ ի՛նք ալ վնաս պիտի կրէ, մինչդեռ, Ալիեւի կ’իրականացնէ մէկ ըսածը, թէ՝ «քալելով պիտի մտնէ Հայաստան»: Իսկ անոր ճամբան բացողը, զայն կուպրապատողը՝ ՔՊ-ապետն ու գործակիցներն են: Կասկած մնացա՞ծ է:
ՔՊ-ի ժողովը այլապէս նոր «հրավառութեան» առիթ եղաւ, որովհետեւ այդ օրերուն, «մրճակիր» Փաշինեան հրապարակ նետեց նորագոյն ցնդաբանութիւնը՝ Հայաստանի 4-րդ հանրապետութեան մեկնարկի գաղափարը (մարդս զարմանալու ունակութիւնն ալ կը կորսնցնէ եւ հարց կու տայ, թէ այս արարածին ցնդաբանութիւնները արդեօք որեւէ սահման ունի՞ն: Անգլիախօսները ունին աղուոր խօսք մը. «Sky is the limit!», այսինքն՝ սահմանը երկինքն է):
ՔՊ-ապետին այս ու նմանօրինակ սնամէջ արտայայտութիւնները, ըստ «աւանդութեան», հակադարձութիւններու եւ զայն հերքող մեկնաբանութիւններու նոր ալիք մը տարածեցին մեր հայրենիքին մէջ, արձագանգները կը հասնին Սփիւռք: Հոս ալ կը բանի, ինչպէս յաճախ՝ նիւթընեան օրէնքի մը սկզբունքը. «Իւրաքանչիւր արարք իր դիմաց կը գտնէ համազօր հակա-արարք» (Every action has an equal and opposite reaction!):
Հակազդեցութիւնները կը զարգանան բազմաթիւ գիծերու վրայ, որոնց հասարակ յայտարարը՝ յառաջիկայ տարուան ընտրապայքարի դրամագլուխի կուտակումն է, հոգ չէ թէ ՔՊ-ն շատո՜նց սնանկացած է, մսխած է իր բոլոր դրամագլուխները, սկսած է մինչեւ իսկ մսխել… ինքզինք: Պէտք ունի՞նք մանրամասնելւո, երբ մէկ կողմէ՝ ներքին հակամարտութիւններ կը բացայայտուին աւելի՛ յաճախակի կերպով, իսկ միւս կողմէ՝ անոր վարկանիշի անկումը զայն կը տանի «ասֆալթին փռուելու» կացութեան:
Ընդդիմադիր ճակատին կը մնայ նոյնինքն ազերիական յաւակնութիւնները եւ քողարկեալ սպառնալիքները աւելի՛ ճակատաբաց եւ հնչեղ կերպով հասցնել մեր ժողովուրդին: Այդ ընողներ կան, սակայն անոր արդիւնաւորման ՄԻԱՑԵԱԼ ԳԵՏԻՆԸ կ’ուշանայ ամրանալու:
Ընդդիմադիրներուն առաքելութեան մաս կը կազմէ ազգը լուսաբանել այլ ճշմարտութեամբ մը. ճի՛շդ է, որ ՔՊ-ականներու վարկը ահաւոր անկում կրած է՝ երկրի բոլոր ոլորտներուն իրենց բերած յարաճուն վնասներուն պատճառով, սակայն նոյնքան ճիշդ չէ, պէտք չէ հալած իւղի պէս կուլ տալ այն՝ որ կարգ մը վիճակագրողներ ընդդիմադիրներու – կամ անհատ կուսակցութիւններու – վարկը կը գնահատեն աւելի ցած:
Եթէ վերջ տրուի իշխանութեան տարածած սարսափի ու բռնատիրութեան վիճակին, վարկանիշի իրականութիւնները շա՜տ աւելի հարազատ պատկերով պիտի ներկայանան: Արդիւնքը պիտի ըլլայ այն, որ իշխանաւորներուն «հինի-նորի», «սեւի-սպիտակ»ի ու այլ խեղաթիւրող ազդեցութիւնները ուժ պիտի կորսնցնեն, «լուացուած ուղեղներ»ը իսկապէս պիտի հականեխուին, ու երկրի փրկութեան շարժումը պիտի վերագտնէ այն թափն ու որակը, որ աւելի քան 35 տարի առաջ, նո՛յն ժողովուրդը տարաւ դէպի Արցախեան Շարժում, հասցուց Արցախի ու Հայաստանի անկախութեան, անոնցմէ բխեցան մեր ազգի իրականութիւններուն եւ տեսլականներուն հարազատ՝ Անկախութեան Հռչակագիրն ու Սահմանադրութիւնը, որուն բարեփոխման քայլերը երբեք ալ չստացան այն «որակը», որ այսօր Հայաստանին կը պարտադրուի Ատրպէյճանի ու անոր զինակից Թուրքիոյ կողմէ:
Ու… վերադառնանք այս սիւնակի մեկնակէտին: Տակաւին կարելի՞ է գտնել հայ մը, որ չտեսնէ թէ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը եւ բազում այլ նախապայմաներ Ատրպէյճանի պահանջներուն կը համապատասխանեն (բժշկագիտութեան մէջ կայ «անդարմանելու հիւանդ» հասկացութիւնը, սակայն հրաշքներ մի՛շտ ալ կրնան պատահիլ):
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ