Ակնարկ. Կազա, Ինտոնեզիա Եւ Թուրքիա
24 Սեպտեմբեր 2025
Արդէն քանիերորդ անգամն է, որ Թուրքիոյ նախագահը ցեղասպանութիւն գործադրելու յանցանքով կ՛ամբաստանէ Իսրայէլի վարչապետը, Կազայի մէջ իր գործադրած զանգուածային սպանդներուն համար: Եւ փոխամբաստանութիւնները կը շարունակուին. Նեթանիահուն յանկարծ կը յիշէ, որ իր պետութիւնը արդէն ճանչցած է, եւ եթէ տարակուսելի է, ապա հիմա կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Թուրքիան արաբական աշխարհին ուղղուած դրական ուղերձ ուղարկելու համար Կազայի ցեղասպանութեան մասին կը խօսի, մինչ իր իսրայէլացի գործընկերը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումով կը պատասխանէ իրեն հասցուած յայտարարողական հարուածին:
Իսրայէլեան մամուլը Քաթարի վրայ իրականացուած յարձակումին եւ Համասի ղեկավարներուն մահափորձէն փրկուելուն մէջ Անգարայի օժանդակութիւնը կը նկատէր եւ վերլուծականով մը չէր բացառեր, որ Իսրայէլի յարձակման յաջորդ թիրախը կրնայ Թուրքիան ըլլալ: Մանրամասնութիւններ չէին ճշդուեր: Թուրքիոյ տարածքին վրայ Քաթարի նման յարձակո՞ւմ է ենթադրուած հաւանականութիւնը, թէ՞ ուղղակի թրքական թիրախ հարուածելու մասին էր խօսքը:
Էրտողանի յայտարարութեան հետեւեալ բաժինը կը թուի, որ անհանգստացուցած է Թել Աւիւը: «Այս կացութեան մէջ միայն Համասը այպանելը սխալ է: Ինչպէ՞ս կրնանք Նեթանիահուի արարքները անտեսել»: Այստեղ հաւասարութեան նշան դնելէն աւելին է: Յայտարարութիւններու ընդհանուր շրջածիրը նկատի ունենալով, ինչպէս անոնց ուղղակի հասցէականութիւնը եւ ծայրագոյն մեղադրանքները, ապա այնպէս կ՛ընկալուի, որ Իսրայէլ առիթաւորուած է ցեղասպանութիւն իրականացնելու համար Կազայի ժողովուրդին դէմ:
Անգարայի ղեկավարը Իսրայէլէն աւելի հեռու տեղ գացած է, երբ սուր սլաք ուղղած է Ուաշինկթընին` յայտնելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը խոստացած էր Ուքրանիոյ եւ Կազայի պատերազմները աւարտել: Հեգնական հարցում աւելցնելով` աւարտա՞ծ են պատերազմները:
Իսկ ահա այստեղ Իսրայէլը ոչ միայն չսանձելու, այլ անուղղակիօրէն պատերազմը շարունակելու ամերիկեան արտօնութեան մասին է խօսքը: Նոյն տրամաբանութիւնը շարունակելով, անտարբեր մնալու` ցեղասպանութեան գործադրումին ի տես:
Բնականաբար ո՛չ Թուրքիոյ եւ ո՛չ ալ Իսրայէլի փոխցեղասպան մեղադրանքները պէտք է խանդավառեն մեզ: Ցեղասպանութիւնը պարզապէս խաղաթուղթ է այստեղ քաղաքականութիւն կիրարկելու, իրար վրայ ճնշելու եւ արտատարածքային պատերազմներու մէջ դերակատարութիւն վերցնելու: Այդքան միայն:
Հանգոյցը բնականաբար ցեղասպանութիւններուն չի վերաբերիր: Համասի գոյատեւման, աջակցման եւ դիմացը Համասի ամբողջական չէզոքացման, արմատախլման երկու հակադիր քաղաքականութիւններ են, որոնք կը բախին իրարու: Անգարան, որքան ալ շարունակէ պահպանել իր բազմաթիւ դաշինքները Իսրայէլի հետ, այդուհանդերձ տարածաշրջանին մէջ իսրայէլեան ռազմաքաղաքական գերակայութենէն անհանգիստ ըլլալու պատճառներ ունի: Թուրքիան այսօր գլխաւոր խաղցողի դերերով կը յաւակնի առկայութիւն փաստել: Բեւեռացած պատկերը Իսրայէլ-Իրան բախումն է Միջին Արեւելքի մէջ, սակայն վերջին իրադարձութիւններու հետեւանքի ծանրութիւնը յատկապէս Թուրքիոյ համար զգալի կը դառնայ:
Իսրայէլեան մամուլի հրապարակումը վերափոխուած կը վերադառնայ լրատուադաշտ: Այս անգամ յղումներ կը կատարուին իսրայէլացի պետական անանուն պաշտօնատարներու, որոնք չեն բացառեր թրքական թիրախը: Երանգային անցում կայ ուրեմն մամուլէն պետական դաշտ` թիրախային հերթականութեան մասին: «Յաջորդ թիրախը թրքական միջավայրն է» տեսութիւնը կը սկսի թափ հաւաքել:
Թուրքիան կը փորձէր առիթաւորուիլ այս բոլորին մէջ Քաթարի այլընտրանք դառնալու համար: Այլ խօսքով` բանակցութիւններու հարթակ: Այս վարկածը կը մթագնէր, Իսրայէլի դէմ Անգարայի կատարած յայտարարողական բուռն յարձակումներով:
Բանակցային հարթակի ընտրութիւնը ինքնակոչ չի կրնար ըլլալ անշուշտ: Զանազան հանգամանքներ կապուած են անոր հետ: Փաստօրէն այդ կարելիութիւնը կը հեռանար Ուաշինկթընէն հնչած յայտարարութիւններով, առ այն, որ համաձայնութեան նոր նախագիծ յղուած է կողմերուն կրակը դադրեցնելու համար: Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ անպայման կը կայանայ զինադուլը: Պարզ այն պատճառով, որ Իսրայէլ անարգել կը շարունակէ Կազայի վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատելու իր ռազմարշաւը:
Համասը Անգարայի համար խաղաթուղթ է Իսրայէլի բացարձակ գերակայութիւնը խանգարելու համար: Իր շահերէն կը բխի Համասի արմատախլման կամ վերացման ռազմարշաւի կասեցումը: Եթէ Իսրայէլի այդ առաջադրանքի կատարումէն առաջ հաստատուի հրադադարը. այլ խօսքով` ամերիկեան նոր նախագիծը առարկայանայ, ապա այնտեղ կը նկատուի Ուաշինկթընի եւ Անգարայի շահերու անմիջական համատեղումը:
Մինչ Իսրայէլն ու Անգարան պիտի շարունակեն զիրար ամբաստանել ցեղասպան պետութիւններ ըլլալու յանցանքով, Ինտոնեզիան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ զինադուլի հաստատումէն ետք քսան հազար խաղաղապահ զինուորներ ուղարկելու Կազա: Պահ մը ընդունինք, որ Ինտոնեզիոյ յայտարարութիւնը ինքնաառաջադրում է եւ հեռու է իրականանալէ: Իսկ եթէ առարկայանալու հիմքեր ստեղծուին, ապա պէտք է մտածել, որ Ուաշինկթըն կը կիրարկէ Իսրայէլ-Թուրքիա փոխհակակշռումի քաղաքականութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Այդ ընթացքի նպատակակէտերը կ՛ըլլան Համասի չէզոքացումը, Իսրայէլի ոչ ամբողջական վերահսկողութիւնը, թրքական միջնորդութեան կամ երաշխաւորութեան բացառումը: Այնտեղ կ՛աւարտի «ցեղասպանը դո՛ւն ես, ո՛չ դո՛ւն ես» խաղը:
«Ա.»
«Ազդակ»