ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Քիմըլ յաղթանակ, Միքայէլ Արք. պարտեա՞լ

26 Սեպտեմբեր 2025

Սարգիս Մահսէրէճեան

Ամերիկացի կատակաբան Ճիմի Քիմըլ Երեքշաբթի, 23 Սեպտեմբերի երեկոյեան փոքր պաստառ վերադարձաւ, մօտաւորապէս շաբաթ մը տեւած պարտադիր լռութենէ ետք: Քիմըլ մէկն է այն կատակաբաններէն, որոնք ամերիկեան տարբեր քաղաքներու պատկերասփիւռի կայաններէ ժողովուրդը կը զուարճացնեն մասնաւորաբար քաղաքական երգիծանքով, ամենասուր, երբեմն ալ չափ ու սահման չճանչցող նետարձակումներով «կը գնդակահարեն» պետական մարդիկ՝ ամերիկացի թէ այլ, ցոյց կու տան անոնց ապիկարութիւններն ու իրենց պաշտօնին անատակութիւնը: Անոնք նիւթ կը դարձնեն կեանքի տարբեր ծռութիւններ ալ, սակայն առաւելաբար ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ յղացքով:

Կատակաբանները իրենց գործը յառաջ կը տանին՝ հիմնուելով խօսքի ու կարծիքի ազատութեան այն սկզբունքներուն եւ իրաւունքին վրայ, որ Միացեալ Նահանգները – եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան ու ժողովրդավար այլ երկիրներ – յատկանշած են դարերէ ի վեր: Պետական մարդիկը խարանելու այս «աւանդութիւնը» պատկերասփիւռի աշխարհ մտած է տասնամեակներ առաջ, խծբծանքի ու դատապարտանքի թիրախ եղած են իրերայաջորդ նախագահներ, որոնք առհասարակ հանդուրժողութեամբ կամ գոնէ անտարբերութեամբ դիտած են այդ բոլորը, չեն վարանած հիւրընկալուելու զիրենք գետնէ-գետին զարնող կատակաբաններու յայտագիրներէն:

Միջանկեալ արձանագրենք, որ այս յատկութենէն զուրկ չեն փոքր եւ այլապէս ժողովրդավարութեան ճամբուն վրայ մեծ քայլեր չառած (ինչպէս կը վերագրուի անոնց) երկիրներ: Յիշատակենք գոնէ երկու օրինակ – եւ սա բաղդատականի մօտեցումով չենք ըներ, – մէկը Սուրիայէն, միւսը Լիբանանէն: Սուրիոյ մէջ, անցեալ դարու երկրորդ կէսերուն ծնունդ առաւ Տորիտ Լահհամ անունով հանճար մը, որ խումբ մը ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ գաղափարակիցներու եւ հանճարներու հետ գործակցաբար՝ ստեղծեց թատերական եւ շարժապատկերի անմահ գործեր, սկզբնական շրջանին յաճախ հալածանքի ենթարկուեցաւ խծբծանքի ենթարկուող իշխանաւորներու կողմէ, սակայն յետոյ… վայելեց անոնց համակրանքն ու զօրակցութիւնը, որքա՛ն ալ որ սուր ըլլային քննադատութիւնները: Լիբանանի մէջ ալ, գրեթէ նոյն տարիներուն, հրապարակ եկաւ Հասան Ալա-էտտին անունով հանճար մը, որ ճանչցուեցաւ Շուշու անունով. ան ալ կողքին ունէր հայրենասէր համախոհներու խումբ մը. մասնաւորաբար անոր թատրոնը շեշտակիօրէն քաղաքական քննադատութեան բեմ էր (պատկերասփիւռի յայտագիրները առաւելաբար զուարճաբանութիւն էին), ան ալ հալածանք կրեց իշխանութիւններէն (առիթով մը օրուան նախագահը իրաւա՛մբ որակած էր… թմբուկ), սակայն անոր արժէքը չխամրեցաւ: Տորիտ Լահհամ ապրող առասպել մըն է մինչեւ այսօր, իսկ Շուշուն կանուխ հրաժեշտ տուաւ կեանքին:
Փակենք փակագիծը եւ վերադառնանք ամերիկեան պատկերասփիւռի նշեալ աշխարհը:

Այս «աւանդութիւնը» ուժգին երկրաշարժի ենթարկուեցաւ վերջին ամիսներուն, երբ «կայսերական» Թրամփի մէջ վերականգնեցաւ (արդեօք երբեւիցէ մարա՞ծ էր) իր այն «դատողութիւնը», որ կը բանէր պատկերասփիւռային «Էփրենթիս» կոչուած իր յայտագիրին օրերուն (ատիկա Սպիտակ Տուն մուտքէն բաւական առաջ էր), ուր յաճախ խօսակիցին երեսին կը նետէր «You are fired» հրահանգը (Գործէ արձակուած ես): Ահա այդ «տրամաբանութեամբ» օժտուած Թրամփ մըն է որ վերադարձած է Սպիտակ Տուն, նոյնիմաստ հրահանգներ կ’արձակէ իր կամքին դէմ կանգողներու երեսին, մինչեւ իսկ եթէ գիտակ մարդիկ հաստատեն, որ իր ըսածը սխալ է, հիմ չունի, կամայական է: Նորագոյն վկայութիւնը եղաւ ցաւազրկող դեղի մը մասին իր «վճիռը»:

Սա կամ նա ոլորտի պատասխանատուներ ըստ կամս գործազրկելու «ձեռքը» վերջերս հասաւ Քիմըլի պէս կատակաբաններու, որոնք «զհաց մեզ հանապազորդ»ին հետեւելով, պատէ-պատ կը զարնեն զինք եւ իր համբակ, աշխատանքի տուեալ ոլորտին հետ կապ չունեցող նախարարներու եւ նշանակեալ պատասխանատուներու սխալները: Թրամփ անձամբ կրկէս մտաւ, վարկաբեկիչ արտայայտութիւններով թիրախաւորեց զինք ցեխը կոխող գրեթէ բոլոր կատակաբանները, որոնցմէ մէկը, մի՛շտ նախագահին ճնշումներուն հետեւանքով, անցեալ Յուլիսի կէսերուն իմացաւ, թէ զինք հիւրընկալող պատկերասփիւռի ընկերութիւնը պիտի չվերանորոգէ իր պայմանագրութիւնը, որ կը սպառի 2026-ի Մայիսին: Այդ որոշումը հսկայ աղմուկ բարձրացուց ո՛չ միայն մամուլի եւ քաղաքական շրջանակներու, այլ նաեւ ժողովրդային զանգուածին մէջ: «Արձագանգներէն» մէկը եղաւ այն, որ գործազրկութեան ենթակայ կատակաբանը արժանացաւ… «Էմի» մրցանակին, որ բարձրարժէք պարգեւ մըն է, ինչպէս՝ Օսքարը: Թրամփեան արշաւը աւելի՛ սաստկացաւ, եւ ահա, տասը օր առաջ, Քիմըլ մէկ օրուան մէջ զրկուեցաւ իր յայտագիրը վարելու իրաւունքէն: Պատճա՞ռը. որովհետեւ Քիմըլ (թրամփականներու ակնոցով), «անպատշաճ ակնարկութիւն ըրած էր հանրապետականներու ի նպաստ քարոզչութիւն վարող գործիչի մը սպանութեան մասին: Խորքին մէջ, կատակաբանին ակնարկութիւնը չունէր այն գոյնը՝ որ ներկայացուեցաւ զինք պաշտօնազրկողներուն կողմէ: Չմտնենք բաւական ծանօթ մանրամասնութիւններուն մէջ:

Կարծէք թէ սա եղաւ բաժակը յորդեցնող վերջին կաթիլը: Բողոքի ալիքը արագօրէն վերածուեցաւ ցունամիի: Պատկերասփիւռի տուեալ կայանն ու զայն հովանաւորող, նիւթապէս կառավարող ընկերութիւնները ամենախիստ քննադատութիւններու թիրախ դարձան: Ամէնէն ազդու գործօնը եղաւ այն, որ մարդիկ դադրեցուցին այդ կայաններուն իրենց բաժանորդագրութիւնը (հը՜մ, մի՛շտ դրամի դերը…): Տեղի ունեցան նաեւ ծաւալուն ցոյցեր: Ի վերջոյ, վերահաս վնասներու սարսափով վարակուած ընկերութիւնները յետս կոչեցին որոշումը եւ Քիմըլ վերադարձաւ իր յայտագիրին, անոր վարկը աւելի՛ բարձրացաւ, հետեւողներուն թիւը կրնայ բազմապատկուիլ (քանի մը ամիսէ ի վեր 20 միլիոնը անցած է), հոգ չէ թէ պատկեռասփռումը արգիլուած կը մնայ շարք մը քաղաքներու եւ նահանգներու մէջ:

Քիմըլի յաղթանակը բոլորին կողմէ ընկալուեցաւ իբրեւ ազատ խօսքի, տարրական իրաւունքի, բռնատիրութեան դէմ ժողովրդավարութեան յաղթանակ (յիշատակելու համար միայն գլխաւոր գիծերը): Թրամփ բացայայտ դարձուցած է որ պիտի չհրաժարի իր «դատէն», պիտի շարունակէ հալածել զինք ու իր սխալները քննադատողները:

Ի դէպ, աւելցնենք, որ կատակաբանին յաղթանակը Թրամփի եւ իր խմբակին կրած միայնակ նահանջը չէ: Անոր բազմաթիւ որոշումները՝ պաշտօնազրկումներու եւ այլ տնօրինումներուն մասին (գրեթէ բոլորն ալ կամայական հրամանագիրներով եւ Սահմանադրութիւնը անտեսող քայլերով) մարտահրաւէներ կը դիմագրաւեն, մաս մըն ալ չեղարկուած են արդարամիտ դատաւորներու կողմէ (հապա՜, այս երկիրն մէջ կան դատաւորներ, որոնք կը համարձակի՛ն իշխանապետին կամքին դէմ վճիռ արձակել): Նման նահանջներ նոյնքան լուսարձակ չեն գրաւեր, որքան եղաւ կատակաբաններու «դատ»ին պարագային, նկատի ունենալով անոնց վայելած լայն ժողովրդականութիւնն ու զօրակցութիւնը, բայց մանաւանդ հանրութեան մէջ այն գիտակցութիւնը, որ խօսքի, կարծիքի ազատութիւնը նուիրական իրաւունք է, ո՛չ ոք իրաւունք ունին ըստ կամս ոտնակոխ ընելու այդ իրաւունքը: (Յիշեցնենք, որ այլ ոլորտներու մէջ ալ ժողովուրդը նկատառելի յաղթանակներ կը տանի):

***
Մեր յաջորդ տողերը չենք արձանագրեր բաղդատականի մօտեցումով:

Ամերիկացի կատակաբաններուն շուրջ բարձրացած փոթորիկն ու անոր մասնակի արդիւնաւորումը՝ Քիմըլի վերադարձով, զուգադիպեցան այն օրերուն, երբ Երեւանի մէջ, իշխանաւորներուն աւելի՛ անբարունակ կամայականութիւններուն եւ օրէնք ու սահմանադրութիւն ոտնակոխող արարքներուն հետեւանքով, «եզրակացուեցաւ» ընդդիմադիր կրօնաւորի մը՝ Միքայէլ Արքեպիսկոպոսի դատավարութիւնը:

Դատաւորը զայն մեղաւոր հռչակեց, անգամ մը եւս վկայելով, որ Նիկոլ Փաշինեան որքա՜ն ճիշդ էր ու «ժողովրդավա՜ր», երբ կը յոխորտար, որ Հայաստանի մէջ չկայ դատաւոր մը (այլապէս նաեւ՝ ոեւէ պաշտօնատար), որ իր կամքին հակառակ գործէ: Փաստօրէն, այս կրօնաւորը միակը չէ, որ անհիմն մեղադրանքներով, պարզապէս իշխանաւորներուն սխալները ցոյց տալուն ու քննադատելուն, իշխանափոխութիւն պահանջելուն պատճառով կալանաւորուած է եւ կը մեղադրուի:

Դիտողներու ուշադրութենէն չի վրիպիր, որ այս մեղադրանքը կը հնչէ այն պահուն, երբ Հայաստանի առջեւ դրուած՝ Ազրպէյճանի ծանօթ պահանջները նոր հնչեղութիւն կը գտնեն, ՔՊ-ականները թափ կու տան յառաջիկայ տարուան (չըլլալիք) ընտրապայքարին ու յառաջ կը վազեն թուրք-ազերիական պահանջները իրականացնելու ճամբուն վրայ, դարձեալ «ջուրի երես» կու գան… Եկեղեցւոյ դէմ պայքարը վերասաստկացնելու ծրագիրները: Ինչո՞ւ. որովհետեւ Կաթողիկոս(ներ), կրօնաւորներ, քաղաքական մարդիկ ու տնտեսական հզօրանքի տէրեր կը դատապարտեն իշխանաւորներուն թրքահաճոյ ընթացքը, Արցախի եւ ընհանրապէս Հայրենիքի՛ն յանձնումը, աւելի՛ն՝ հայութեան իրաւունքները եւ խորհրդանիշները համաթուրանական ծրագիրներու զոհասեղանի մատուցելու անոնց կործանարար «քաղաքականութիւնը»:

Դիտողները նոյն հնչեղութեամբ կը յիշեցնեն, որ իշխանաւորներուն կամայականութիւնները քանիցս մնացած են անվաղորդայն ու գլխիվայր շրջուած են, երբ ընդդիմադիր գործիչներ անպարտ արձակուած են (հը՜մ, ուրեմն Հայաստանի մէջ ալ ամէն բան ՔՊ-ատիպ չէ): Այս գիծին զարգացումը, կ’ըսեն դիտողները՝ կրնայ բոլոր կեղծ մեղադրանքները ի վերջոյ ճշմարտութեան եւ արդարութեան պատին զարնել ու փշրել, բանտարկեալներն ու մեղադրեալները կրնան շուտով վերագտնել իրենց ազատութիւնը (Պաքուի դատավարութիւնները՝ այլ տագնապ), զգաստութեան բերել իշխանաւորներուն սուտով համակուածները՝ Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Եւ ահա ճիշդ ա՛յս դիտանկիւնէն ալ կարելի է զուգորդում տեսնել ամերիկեան ու հայկական հողերու վրայ պատահած անարդար տնօրինումներուն միջեւ, զանոնք հասցնել Արդարութեան նոյն վախճանակէտը:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան պատուիր

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան ընդունեց Լիբանա

26 Սեպտեմբեր 2025
Յայտարարութիւն՝ յանուն Երուսաղէմի հայո

Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը կ՚ողջունէ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան Ըն

26 Սեպտեմբեր 2025
Ակնկալում ենք, ողջամիտ ժամանակահատված

ԱԺ «Պատիվ ունեմ» խմբակցության նախաձեռնությամբ այսօր՝ սեպտեմբերի 26-ին հրավիրվ

26 Սեպտեմբեր 2025
Քիմըլ յաղթանակ, Միքայէլ Արք. պարտեա՞լ

Սարգիս Մահսէրէճեան Ամերիկացի կատակաբան Ճիմի Քիմըլ Երեքշաբթի, 23 Սեպտեմբերի

26 Սեպտեմբեր 2025
80-ամեայ ՄԱԿ-ի թրամփեան կանգառը…

1.Մինչ Թրամփը իր հերթական զառանցանքով յայտարարում է «եօթ պատերազմներ կանխելու»

25 Սեպտեմբեր 2025
Երկրում անպատժելիության մթնոլորտ է, իր

«Պրեսսինգ» հաղորդաշարում Սաթիկ Սեյրանյանի հյուրն է ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի «

25 Սեպտեմբեր 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Խստորեն դատապարտում ենք Մերձավան բնակավայրում տեղի ունեցած զինված հարձակումը,

24 Սեպտեմբեր 2025
Ակնարկ. Կազա, Ինտոնեզիա Եւ Թուրքիա

Արդէն քանիերորդ անգամն է, որ Թուրքիոյ նախագահը ցեղասպանութիւն գործադրելու յանց

24 Սեպտեմբեր 2025
Ժողովրդի դեմ ցուցմունք տալով՝ ցուցմուն

Թե բա` ցուցմունք եք տալիս Հայաստանի դեմ: Սա ասում է մեկը, ով հինգ տարի իր ք

24 Սեպտեմբեր 2025
Մեր աշխատանքները նպատակ ունեն ապահովել

Ամերիկայի Հայ դատի հանձնախումբը ուղիղ կերպով գործակցում է Սպիտակ տան և Կոնգրես

24 Սեպտեմբեր 2025
Ուխտագնացություն ՀՅԴ հիմնադիր Քրիստափո

ՀՅԴ Բուլղարիայի կառույցի անդամներն ու համակիրները՝ Պլովդիվից, Վառնայից, Սոֆիայ

24 Սեպտեմբեր 2025
Ընդդէմ Միակուսակցական Կառավարման

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 34-րդ տարեդարձի համեստ տօնախմբութիւններ

24 Սեպտեմբեր 2025
Հայաստանի գոյատևումը կախված է ուժեղ բա

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանի ամենօրյա հայտարարություններին արձագանքելը լիաժամկետ ա

23 Սեպտեմբեր 2025
Արարատը որպէս խորհրդանիշ. Ֆութպոլի հաւ

Խ. Տէր Ղուկասեան 1973-ին, Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի ախոյեանութեան Արարատ

23 Սեպտեմբեր 2025
Ակնարկ. Պահանջուած Մէկ Քառորդը Եւ Համա

Իշխող կուսակցութեան համագումարի ընդունած հռչակագիրը կարելի է ընկալել իբրեւ Անկ

23 Սեպտեմբեր 2025
Հայ դատի ամառային համալսարանի երկրորդ

Մարսէլում օրերս տեղի ունեցաւ Հայ դատի պայքարի շարունակականութեան հիմնախնդրին ն

23 Սեպտեմբեր 2025
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 110-Ամեակի Եւ

Մուսա լերան հերոսամարտի 110-ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակին առիթով

23 Սեպտեմբեր 2025
Պաքուի Պահանջները Հնչեցին Երեւանի՛ մէջ

Եթէ Հայաստանի – նաեւ Սփիւռքի – մէջ կան կամակոր բթացեալներ, որոնք կը հաւատան, թ

23 Սեպտեմբեր 2025
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դաշնակցութեան Յուն

20 եւ 21 Սեպտեմբեր 2025-ին, Աթէնքի մէջ կայացաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Յունաստանի կա

22 Սեպտեմբեր 2025
Հայաստանը պետք է լինի ոչ թե իրականությ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության անդամ

21 Սեպտեմբեր 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company