Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութիւնը կ’այցելէ «Շաղզոյեան» կեդրոն
26 Սեպտեմբեր 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 26 սեպտեմբեր 2025-ին Պուրճ Համուտի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ։
Պատուիրակութիւնը մաս կը կազմէին երեսփոխաններ Ղասսան Հասպանի, Մելհեմ Ռիաշի, Ռազի Հաժ, նախկին նախարար Ռիշարտ Գույումճեան, ինչպէս նաեւ շարք մը շրջանային համակարգողներ։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի քարտուղար Ճորճ Գրիգորեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան։
Նախկին նախարար Գույումճեան իր խօսքով շնորհաւորեց նոր ընտրուած Կեդրոնական կոմիտէն՝ փոխանցելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար տոքթ. Սամիր Ժահահի ողջոյններն ու բարձր գնահատանքը հայ համայնքին եւ Դաշնակցութեան կողմէ Լիբանանի մէջ կատարուած ներդրումներուն համար։ Ան անդրադարձաւ երկու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցած պատմական յարաբերութիւններուն ու համագործակցութեան՝ հակառակ երբեմնի առանձնայատկութիւններուն եւ տեսակէտի տարբերութիւններուն՝ յայտնելով իր յոյսը, որ այս համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի եւ զարգանայ։
Երեսփոխան Հասպանի ներկայացուց ազգային տարբեր նիւթերու մէջ համագործակցութեան ոլորտները եւ անոր դրական արդիւնքները՝ ընդգծելով խորհրդակցութեան եւ յարատեւ համակարգման կարեւորութիւնը։
Պալապանեան շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան այցելութեան համար եւ հաստատեց, որ իր բազմաթիւ տարիներու կուսակցական ծառայութեան ընթացքին երբեք բացասական երեւոյթ մը չէ արձանագրուած յարաբերութիւններուն մէջ, հակառակ որոշ նիւթերու մէջ տարբեր մօտեցումներուն։ Ան շեշտեց, որ ազգային մեծ կարեւորութիւն ունեցող նիւթերու շուրջ համագործակցութիւնը շատ դրական արդիւնքներ ապահոված է։
Պալապանեան վերահաստատեց Դաշնակցութեան հաւատարմութիւնը՝ բաց ըլլալու եւ բոլոր կողմերուն հետ կապ պահպանելու սկզբունքին, մերժելով լիբանանցիներուն միջեւ որեւէ անջատում կամ մեկուսացում։ Ան ընդգծեց, որ պարտադիր է ունենալ բաց երկխօսութիւն բոլոր կողմերուն միջեւ՝ տարակարծութիւնները լոյսի տակ բերելու եւ լուծելու համար։
Քննարկուեցան Լիբանանի առջեւ ծառացած հրատապ խնդիրները՝ անվտանգային, քաղաքական եւ տնտեսական մակարդակներով, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումները եւ անոնց անդրադարձը Լիբանանի վրայ։
Քննարկուեցաւ նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն հարցը։ Երկու կողմերն ալ շեշտեցին ընտրութիւններու ժամանակին կայանալու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ օրէնսդրական առկախ մնացած նիւթերու արագ լուծման անհրաժեշտութիւնը։ Անդրադարձ եղաւ նաեւ Լիբանանեան սփիւռքի կարեւոր դերակատարութեան՝ հայրենիքին աջակցելու եւ անոր հետ կապը պահելու համար՝ արժանապատուօրէն մասնակից դառնալով Լիբանանեան հասարակական կեանքին։
Հանդիպումը աւարտեցաւ մաղթանքներով՝ ուղղուած Կեդրոնական կոմիտէին իր պատասխանատուութեան մէջ յաջողութիւն մաղթելով եւ ընդգծելով շարունակական խորհրդակցութիւններուն եւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։