Կամաւորներու Յիշատակի Օրուան Նուիրուած Արարողութիւններ՝ Պրիթիշ Գոլոմպիայի Մէջ
15 Նոյեմբեր 2025
11 Նոյեմբեր 2025-ին, ՀՅԴ-ի Գանատսյի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան Շրջանի եւ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Վանգուվըրի «Արազ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչները մասնակցեցան կամաւորներու Յիշատակի Օրուան նուիրուած պետական եւ համայնքային արարողութիւններուն՝ Վանգուվըր եւ Մէյփլ Ռիտճ քաղաքներուն մէջ։
Վանգուվըրի արարողութեան մասնակցեցաւ ՀՕՄ-ի Վանգուվըրի «Արազ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Քլարա Գասապեան Յակոբեան, մաս կազմելով ՆԱԹՕ-ի Գանատայի Ընկերակցութեան պատուիրակութեան կազմին։
Յիշատակի միջոցառումներուն ընթացքին, Հայ Դատի ներկայացուցիչները առիթը ունեցան շինիչ եւ անմիջական զրոյցներ ունենալու գանատացի դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքային պաշտօնատարներու հետ։
Հայ Դատի անունով Վահէ Անտոնեան հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Խորհրդարանի պատգամաւոր Մարգ Տալթընի հետ, ներկայացնելով համառօտ զեկուցում՝ առնչուած հայ-գանատական համայնքը մտահոգող հիմնական հարցերուն, ներառեալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող այսպէս կոչուած «խաղաղութեան համաձայնագիր»ը, Արցախի բնիկ ժողովուրդին ճակատագիրը եւ անոնց հայրենիք վերադառնալու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներուն անորոշ վիճակը։
