Ո՞Վ Կրնայ Հակաճառել «Ազգընտիր»ին…
16 Նոյեմբեր 2025
Ազգային ժողովի բեմէն՝ «Ազգընտիր հերոս»ը դարձեալ յոխորտանքներ սփռած է ընդդիմադիրներու երեսին, յայտարարելով, որ իր քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական քայլերը բարիք բերած են ազգին, մասնաւորաբար Արցախին:
Եկէ՛ք, առանձնացնենք հաւաստիքներէն գոնէ երկուքը եւ զայն զարնենք ճշմարտութեան փորձաքարին: Մարդուկը կ՛ըսէ, որ իրենք (ըսել կ՛ուզէ ինք եւ ՔՊական իշխանութիւնը) ոչի՛նչ յանձնած են (թշնամիին), իսկ Արցախին՝ իրենցմէ աւելի մեծ նպաստ բերող չէ եղած (պատմութեան մէջ): Պարտքերու կուտակումն ալ հետեւանք չէ իրենց անձնական հաշիւներու ուռճացման:
Սխա՞լ են այս հաւաստիքները: Բնա՛ւ, երբե՛ք: Մի՜ զարմանաք, եթէ պահ մը համաձայն ըլլանք Նիկոլ էֆենտիին հետ:
Ինչպէ՞ս, հարց պիտի տայ բանիմաց՝ երկրին տնտեսական, զինական եւ հողային կորուստներու ընդլայնող պատկերները տեսնող ընթերցողս: Ուրեմն, մտնենք «Արցախին օգուտ բերող»ի մաշկին մէջ:
– Կա՞յ մէկը, որ Նիկոլի ՔՊականներէն աւելի օգուտ բերած է Արցախին ու արցախցիներուն, Արցախը Ատրպէյճանին յանձնելով (մաս առ մաս), Արցախը ամբողջովին հայաթափելով ու Հայաստան ապաստանած գաղթականները անտանելի վիճակներու մատնելով:
– Կա՞յ մէկը, որ իրենց չափ հող յանձնած է, ո՛չ միայն Արցախի հողերը, այլ եւ Հայաստանի սահմանային գօտիները (եւ ցանկի վրայ է նման բարիքներու շարք մը):
– Կա՞յ մէկը, որ Հայաստանի շրջափակման օղակը վերցուցած է եւ երթեւեկի ազատութիւն ապահոված, օրինակ՝ Գորիս-Կապան ճամբուն պատմութիւնը:
– Կա՞յ մէկը, որ բանակին ողնասիւնը խախտած է, զայն նահանջի մատնած՝ բարոյապէս ու կարողականութիւններու իմաստով:
– Կա՞յ մէկը, որ երկրի պարտքը նոր բարձունքներու հասցուցած է, եւ հիմա կը յոխորտայ, թէ պատճառը՝ զէնքի գնումներն են (մի՛ հարցնէք, թէ ո՞ւր են զէնքերը եւ որո՞ւն դէմ պիտի գործածուին… խաղաղասէրներուն կողմէ):
– Կա՞յ մէկը, որ ՔՊականներու չափ բարիք ըրած է վաղարշապատցիներուն, գիւմրեցիներուն, կը խոստանայ այդ բարիքները շարունակել մէկուն քաղաքապետը բանտարկելով, իսկ միւսին ընտրութիւններուն միջամտելով:
– Կա՞յ… կա՞յ… կա՞յ…
Վերի հարցումներուն պատասխանները յստակ են. նիկոլականներու չափ օգուտ բերող չէ եղած… Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին:
Երբ կը մտածես թուրքի պէս, երբ կը գործես ատրպէյճանցիի պէս, երբ ծրագիրներդ ու քայլերդ կը պարեն թրքական երաժշտութեան կշռոյթով(*), ալ ինչպէ՞ս կարելի է հակաճառել բարիք բերող «ազգընտիր»ին:
*) Անգլերէն ծանօթ խօսք մը կայ, որուն մօտաւոր թարգմանութիւնը հետեւեալն է. «Եթէ կը քալես բադի պէս, կը ձայնես բադի պէս, ուրեմն բադ ես» (չենք գիտեր, թէ խօսքին շարունակութեան մէջ արդեօք… հաւկիթ ածելու բաժին կա՞յ…)
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
