Էրտողանի ռամավարական հակահարուածը հայ պետականութեան լինելիութեան ճգնաժամի լոյսին տակ
03 Դեկտեմբեր 2025 Յստակ է, որ Վարչապետ Նեթանիահուի յարձակապաշտ ծրագիրները Իրանի դէմ և առհասարակ իսրայէլեան ծաւալապաշտութիւնը Միջին Արևելքի մէջ արդէն կը բախին Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական կարմիր գիծերուն։ Այս առումով, կը գտնուինք բոլորովին նոր իրականութեան մը դէմ յանդիման։Իսրայէլի բացայայտ յաւակնութիւնները Իրանի, Սուրիոյ, Եմենի և անշուշտ, առաջին հերթին, Կազայի մէջ ինքնաբերաբար սպառնալիքի տակ կ՚առնեն Թուրքիոյ կենսական շահերը տարածաշրջանին մէջ և կը խախտեն թուրք-իսրայէլեան երբեմնի ռազմավարական սերտակցութեան պատմական հիմերը։ Մթնոլորտը սրած է այնքան, որ Թուրքիա պատրաստ կը թուի բուռն քայլերու։ Պատրաստ է պատերազմի...Գէթ այս է իմաստը, իր վերջին ելոյթներով, Նախ. էրտողանի խօսոյթին։ Թուրքիա արդէն իսկ դիմած է տնտեսական լուրջ պատժամիջոցներու ծանր ամբաստանութեան տակ առնելով Նեթանիահուի քաղաքականութիւնը։
Կացութիւնը լուրջ է և աննախընթաց և պարտադիր կը դարձնէ հարցադրութիւնը, թէ որքա՞ն է ան պայթիւնավտանգ և որո՞նք կրնան ըլլալ անոր տարածաշրջանային հետևանքները։
Աւելցնեմ անմիջապէս, որ հակառակ ներկայի ձգտուած մթնոլորտին և հակառակ Իսրայէլի ցեղասպանական գործողութիւններուն Կազայի մէջ, առայժմ դժուար է պատկերացնել պատերազմական ուղիղ առճակատում մը երկու երկիրներուն միջև։ Փաստը այն է, որ Թուրքիա և Իսրայէլ կը շարունակեն բարդ և բազմաշերտ կապերով կախուած ըլլալ իրարմէ։ Անոնք կը շարունակեն բնական դաշնակիցներ ըլլալ անբնական տարածաշրջանի մը մշտապէս հակասական չափորոշիչներով։ Անոնք կը գտնուին զիրար միաժամանակ «սիրելու» և «ատելու» գերիրական կացութեան մէջ (love-hate relationship)՝ զոր հարկադրուած են դիմագրաւելու ամէն օր և ամէն օր աւելի ստիպողական գործօններով և յաճախ՝ հակառակ իրենց կամքի՛ն։ Այս բարդ հաշուարկին հանրագումարը հետևեալն է։ Հակառակ Էրտողանի աննախադէպ սպառնալիքներուն ուղղուած Իսրայէլի՝ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԱՌԱՅԺՄ ԴԵՌ ԱՒԵԼԻ ՇԱՀԱՒՈՐ Է ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԷՄ ՉՊԱՏԵՐԱԶՄԵԼՈՎ ՔԱՆ ՀԱԿԱՌԱԿԸ։ Եւ հոս իսկ պէտք է փնտռել այս խիստ անսովոր կացութեան երկուութիւններու բանալին։
Կասկած չկայ, որ թուրքևիսրայէլեան յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուած փոխշահաւէտ կապերու հաւասարակշռութիւնը այժմ մտած է խորքային խախտումներու (disruptions) դժուարին մէկ փուլ։ Եւ այս մէկը լոկ
պաղեստինեան դատով չէ, որ կը պայմանաւորուի։ Առաջին անգամ ըլլալով, Թուրքիա և Իսրայէլ իրարու մէջ կը տեսնեն հակադիր շահերէ սնուող սպառնալիքներ։ Երբեմնի գործակիցները փոխակերպուած են իրերամարտ ախոյեաններու։ Անոնք ունին սուր գիտակցութիւնը, որ իրենք սոսկ շրջանային ուժեր չեն այլևս, այլ կայսերական շահերու յաւակնորդներ, որոնց յաւակնութեանց ծիրերը այժմ կը մտնեն մէկզմէկու ապահովութեան դաշտերէն ներս և ամէն քայլափոխին ծնունդ կու տան նոր հակամարտութեանց։
Առաջին հերթին, պէտք է ընդգծել, որ Իսրայէլի կողմէ հետևողականօրէն տկարացուած Իրան մը երբեք չի կրնար հանգստութիւն պատճառել Թուրքիոյ, նոյնիսկ ի մտի ունենալով թուրքևիրանեան վէճերու մնայուն թնճուկը։ Չեն կրնար հանգստութիւն պատճառել նաև իսրայէլեան ուժի խարսխաւորման ճիգերը Սուրիոյ, Սուրիական Քիւրտիստանի, Իրաքի, Իրաքեան Քիւրտիստանի և առհասարակ Արևելեան Միջերկրականի առաջնագծային ռազմաբեմերուն վրայ։ ՈՐՄԷ ՊԷՏՔ Է ՀԵՏևՑՆԵԼ, ՈՐ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ՈՒԺԻ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄԸ, ԻՆՔՆԻՆ, ԼՈՒՐՋ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՓԱՆԹՈՒՐՔԻՍՏԱԿԱՆ ԵՒ ՓԱՆԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՅԱՒԱԿՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ։
ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՆ Է, ՈՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՄԱՐ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՒԵԼԻ ԴԺՈՒԱՐ ԿԸ ԹՈՒԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԴԻՐՔԵՐԷ ԳՈՐԾԵԼ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԵՏ ՀԱԿԱՌԱԿ ԵՐԿՈՒՔԻՆ ՄԻՋԵՒ ԱՅԼԱՊԷՍ ՓՈԽՇԱՀԱՒԷՏ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐՈՒ ԱՌԿԱՅՈՒԹԵԱՆ։ ՅՍՏԱԿ Է, ՈՐ ԹՈՒՐՔԵՒԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՍԵՐՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ ՆՈՐ ԿՌՈՒԱՆՆԵՐՈՒ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ ԿԱՐԵՆԱԼ ՎԵՐԱՊՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՅՍՕՐ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅԻՆ։ ԿՌՈՒԱՆՆԵ՛Ր՝ ՈՐՈՆՔ ԴԵՌ ՇԱՏ ՀԵՌՈՒ ԵՆ ԲԻՒՐԵՂԱՑԱԾ ԸԼԼԱԼԷ։
Կրկնե՛նք։ Էրտողանի Թուրքիան յանկարծ կ՚անդրադառնայ, որ Նեթանիահուի տեսլականով գործող Իսրայէլը դարձած է տարածաշրջանի ճակատագիրը տնօրինելու յաւակնող ուժ։ Այսինքն՝ նմանը Թուրքիո՛յ…Նմանը Իրանի՛…։ Հետևաբար անխուսափելի է, որ «նման»ները այլևս չհանդուրժեն զիրար և ի վերջոյ վանեն զիրար։ Տարածաշրջանի կեանքին մէջ տեղի ունեցած է շրջանային ուժերու ներքին ուռճացում մը, որ կ՚առաջնորդէ յարացոյցի (paradigm) անխուսափելի վերիվայրումներու։ Գերտէրութիւններու երբեմնի խաղադաշտին մէջ յանկարծ ինքզինքնին հաստատած են՝ (ա) Փանթուրքիստական Թուրքիան (այսօր արդէն Ազրպէյճանի փոխօգնութեամբ), (բ) Նէոսիոնիստական Իսրայէլը և (գ) Շիիզմի առաջնորդ Իրանը իրենց միջև որպէս առաջին և անմիջական կռուախնձոր ունենալով Սուրիան և ինքնաբերաբար՝ Լիբանանն ու Իրաքն ու Եմենը։
Ասիկա տարբեր աշխարհագրութիւն մըն է այլևս։ Ասիկա երբեմնի պաղ պատերազմի տրամաբանութեան ենթակայ և մեծերու կողմէ կառավարելի ռազմադաշտը չէ այլևս։ Աշխարհակարգը վաղուց դադրած է միահեծան երկբևեռութեան կանոններուն ենթակայ ըլլալէ։ Եւ եթէ բևեռները այնուամենայնիւ կը շարունակեն գոյատևել, անոնք կը գոյատևեն շատ աւելի «պատանդուած» ներքին կարգուսարքերով և համաձայնութիւններով։ Չմոռնանք, որ հոս ներկայ են նաև Չինաստանն ու Հնդկաստանը և ուրիշներ։ Եւ չմոռնանք մերօրեայ Սէուտական Արաբիան իր նոր ուժային հեռանկարներով։
Նոր տարածաշրջանը կը տարբերի նախորդէն այն յստակ իրականութեամբ, որ Իսրայէլ, Թուրքիա և Իրան գերտէրութեանց սոսկական ստորադասները չեն այլևս։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը լծակային յարաբերութիւններ կը ջանայ հաստատել գերտէրութեանց ազդեցութեան գօտիներէն ներս և ՈՒՂՂՈՐԴԵԼ ԳԵՐՏԷՐՈՒԹԵԱՆՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԸՍՏ ԻՐԵՆՑՄԷ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐԻ ՅԱՏՈՒԿ ՇԱՀԵՐՈՒՆ։ Իսկ Իսրայէլ վաղուց դադրած է «հիւր»ի և «նպաստաւորեալ»ի դիրքերէն գործելու ԱՄՆ-ի և առհասարակ Արևմուտքի մէջ։ Ան կը տիրապետէ քաղաքական հզօր կամրջագլուխներու Արևմուտքի մայրաքաղաքներէն ներս քաղաքականութիւն պարտադրելով ամէն քայլափոխին։ Այս առումով, գերտէրութիւններու քաղաքական բեմը վերածուած է մրցավայրի Իսրայէլի և միւս շրջանային ուժերուն միջև։ Հակակշռել Իսրայէլի ազդեցութեան գօտին Արևմուտքի ռազմավարական գօտիներուն մէջ դարձած է Թուրքիոյ և այլ շրջանային ուժերու ամէնօրեայ յաճախանքը և իրենց լինելիութեան բանալին։ Տիրող առաջադրութիւնն է (մէկզմէկու դէմ) «պատերազմ»ը շահիլ Արևմուտքի մայրաքաղաքներուն մէջ առաջ քան տարածաշրջանի առճակատման փուլերուն մէջ իրարու բախելէ։ Այս «պատերազմ»ը համաշխարհային է իր բնոյթով և բազմամակարդակ։ Զայն պէտք է շահիլ իր ողջ բարդութեան մէջ։
Էրտողանի ազդարարութիւնները, ուղղուած՝ Իսրայէլի, կու գան յստակացնելու, որ Թուրքիան ակնյայտօրէն կը գիտակցի այս նոր կացութեան բարդութիւններուն և որ ուժական Իսրայէլ մը իր տարածաշրջանային յարձակապաշտ դիտաւորութիւններով բնաւ հանդուրժելի չի կրնար ըլլալ այլևս։ Ըսենք, որ տեսական հողի վրայ ան կրնայ հանդուրժելի ըլլալ ՄԻԱՅՆ երբ յարգուին թրքական շահերու ռազմավարական շատ զգայուն շեմերը։ Եւ, անշուշտ, այն ինչ, որ տեղի կ՚ունենայ վերջերս տարածաշրջանի բեմին վրայ յիշեալ զգայուն շեմերու բացայայտ ոտնակոխումն է Նեթանիահուի կողմէ։ Էրտողանի սաստը, ուղղուած՝ Նեթանիահուի, կու գայ ըսելու, որ ժամն է խաղաքարտերը բանալու։ Ժամն է զանոնք հիմնովին վերարժեւորելու…Եւ որ այս պայմանը անժամկէտ չէ այլևս և ունի անմիջական և շօշափելի հետևանքներ։
Միաժամանակ կարելի չէ չտեսնել, որ Էրտողանի սաստը ուղղուած է…նաև Ալիևին։ Ու Թրամփի՛ն։ Եւ – ինչո՞ւ չէ — Եւրոպայի մեծերուն։
Նեթանիահուին ուղղուած իր սաստով՝ Էրտողան պատրաստ կը թուի ներքին կարգով հաշուի նստելու իր արբանեակ՝ Բաքուի փոքրիկ իշխանաւորին հետ ևս մաքրելով բոլոր հաւանական երկուութիւնները։ Էրտողան տրամադիր չէ այլևս անտեսելու Ալիևի գործօն սերտակցութիւնը Նեթանիահուի հետ։ Ցարդ կը գործէր թրքական յաջող մարտավարութիւն մը Բաքուի միջոցով Իսրայէլի երթուդարձը Կովկասի մէջ վերահսկելու։ Այդ գործընթացը սպառած է ինքզինք։ Հոս կան արդէն կարմիր գիծեր և Էրտողան կը «յիշեցնէ» — ի լուր բոլոր շահագրգիռ կողմերուն – որ Անքարա՛ն է, որ պիտի ճշտէ այդ գիծերու կանոնակարգը Հարաւային Կովկասի մէջ ստորադաս դերակատարութիւն մը միայն վերապահելով Ալիևին։
Բարդը այն է, որ Էրտողան կրկին կ՚ըզգայ, որ այս կէտին վրայ Թուրքիա կը գտնուի ականուած մակոյկի մը մէջ Իսրայէլի հետ միասին։ Սկզբունքով, Էրտողանի սաստը պէտք է խուճապի մատնէ Արևմուտքը և յատկապէս ԱՄՆ-ը։ Տրամաբանական է, որ այդ խուճապը անպայման գոյութիւն ունենայ (և ունի՛), բայց ան առայժմ կը խռովէ դիւանագիտութեան ներքին բաւիղները միայն։ Թուրքիոյ համար յստակ է, որ Թուրքիա-Իսրայէլ ուղիղ առճակատման մը պարագային ԱՄՆ և Եւրոպա պիտի դիրքորոշուին ի նպաստ Իսրայէլի։ Ինչպէս ըսինք, Իսրայէլ կը տիրապետէ Արևմուտքի քաղաքականութեան բոլոր ներքնուղիներուն և գործելու տեղ չի թողուր Թուրքիոյ։ Այս առումով, Թուրքիա պէտք է շատ «կարօտնայ» Ռուսաստանը։ Առանց Ռուսաստանի հաւասարակշռող և վճռորոշ զէնքին՝ Թուրքիոյ հնարաւորութիւնները – գէթ տեսանելի ապագայի կտրուածքով — սահմանափակ են…Բայց նաև ընդունինք մէկ բան։ Ա՛յն՝ որ խորամանկ դիւանագէտի չափանիշներով անոնք աննշան չեն։ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան ՈՒՆԻ իրական զէնքեր Ուաշինկթընի ուշադրութիւնը արագօրէն գրաւելու։
Եւ էրտողան այն մարդն է, որ չի վարանիր դիւանագիտութեան ռիսքային սահմանագծերուն վրայ գործելու և իր կարողականութիւնները փորձարկելու թէ՛ Արևմուտքի և թէ՛ Մոսկուայի բեմերուն վրայ…Նեթանիահուի ուղղուած Էրտողանեան հակահարուածը – թէկուզ բերանացի – արդիւնաւէտ ըլլալու իսկական գրաւականներ ունի։ Ան կրնայ բաւարար ուժ հաւաքել դիւանագիտութեան հողին վրայ և յամենայն դէպս փոխել ռազմադաշտի ընդհանուր հաշուարկը բոլորին համար։ Թուրքիոյ դասական քեմալական խաղը կրնայ առայժմ թոյլ երևիլ, բայց այնուամենայնիւ ան կ՚անհանգստացնէ Արևմուտքի և յատկապէս Թրամփեան ԱՄՆ-ի աքիլլէսեան կրունկները։ Կ՚անհանգստացնէ մանաւանդ Իսրայէլը։ Երբեք աննշան չէ այն ռազմավարական նեցուկը, որ մինչև վերջերս Իսրայէլ ստացած է Թուրքիայէն։ Նեթանիահու կը սխալի, եթէ կը կարծէ, թէ ինք կրնայ յաւիտենապէս նեղ կացութեան մէջ դնել Էրտողանը պաղեստինեան հարցի իր քաղաքական յանձնառութեանց ոլորտին մէջ և ընդհանրապէս իսլամական աշխարհի իր դաշնակիցներուն առջև։
Կասկած չկայ, որ Էրտողանի պատերազմական սպառնալիքով դրսևորուած ռազմավարական հակահարուածը, առաջին հերթին, կը միտի գոյութիւն ունեցող տարածաշրջանային իրավիճակը խախտելու յօգուտ Թուրքիոյ։ Եւ յատկապէս առաւելութիւն շահելու Իսրայէլի վրայ։ Այս առումով, պատերազմը սկսած է արդէն իսկ։ Ասիկա պաղ պատերազմ մըն է առայժմ։ Ան սկսած է Թուրքիոյ կողմէ սանձազերծուած քաղաքական այլատիպ գրոհներով, որոնք առայժմ պէտք չունին ռազմական թէժ դրսևորումներու։ Թուրքիոյ բուռն ազդարարութեամբ դիւանագիտութեան խաղատախտակը արդէն իսկ ենթարկուած է զգալի փոփոխութեան։ Էրտողան յստակ պատգամ մը յղած է աշխարհակարգի տէրերուն։ Ըստ Թուրքիոյ օրակարգին, տարածաշրջանի հաւասարակշռութիւնները կը կարօտին հիմնական վերանայման և ԹՈՒՐՔԻԱ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԵՒ ՈՐՈՇԻՉ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐԻ ԴԻՐՔԵՐ ԶԲԱՂԵՑՆԵԼ ԱՅԴ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՄԷՋ։
Էրտողանի ռազմավարական հակահարուածը կը թիրախաւորէ շարք մը կէտեր տարածաշրջանին մէջ, որոնցմէ մէկն է նաև Հարաւային Կովկասը և առաջին հերթին՝ Հայաստա՛նը։ Պատմական փաստ է, որ կայսերական շահեր հետապնդող ուժերը իրենց ծաւալապաշտ գործողութիւններուն գինը վճարել կու տան գործընթացի զոհերուն։ Քաղաքականութեան ուժային փոխ-ներգործութեանց օրէնքն է ասիկա։ Շղթայի մը ուժը ճշտողը իր ամենէն տկար օղակն է միշտ։ Իսկ Հարաւային Կովկասի մէջ այդ ողբալի դիրքին տևաբար մատնուողը Հայաստանն է վերջերս և Փաշինեանական համակարգը՝ այդ անկումային կարգավիճակը նուիրագործող գործի՛քը։ Ան ստեղծուած է այդ պաշտօնին համար։
Հայաստանը իր ամբողջական հակակշռին տակ ունենալու հրամայականը կենսական արժէք է Թուրքիոյ համար այս օրերուն։ Միայն այդ միջոցով է, որ Թուրքիոյ խաղաքարտը գերակշիռ արժէք կ՚ըստանայ թէ՛ Արևմուտքի (իմա՛ Թրամփի), թէ՛ Իսրայէլի, թէ՛ Ալիևի, թէ՛ Մոսկուայի և թէ՛ Իրանի նկատմամբ…Որմով նաև հսկայ այժմէութիւն կ՚ըստանայ (թուրք կայսերական շահերուն համար) Թուրքիոյ փանթուրքիստական քաղաքականութիւնը։ Յատկապէս Էրտողանեան ռազմավարութեան համար պարարտ փորձագետին հայթայթող Սիւնիքի ճանապարհային իր շահադրդիչներով։ Ան կը դառնայ մեծ հրամայական մը Թուրքիոյ կայսերական օրակարգի ընթացաւորման համար։ Եւ, անշուշտ, պարզ է, որ այս կացութեան մէջ բոլոր խաղաքարտերը դասաւորուած են Հայաստանի լինելիութեան դատին դէմ։ Ողբերգութիւնը այն է, որ Փաշինեանական վարչակարգի մականին տակ Հայաստանը տէր չունի։ Իր ինքնահոսի ընթացքով, այս կացութիւնը հայ անկախ պետականութեան վերջնական հաշուեյարդարն է, որ կը կանխատեսէ։
Եւ այս հաշուեյարդարն է, որ կանխելու պատմական մարտահրաւէրին առջև կը գտնուի մեր ժողովուրդը այս պահուն։ Աւելցնենք անմիջապէս, որ այդ պարտաւորութիւնը նախ և առաջ կախուած է երկրի ընդդիմութեան վիզերէն։ Եւ երկբայելու թանկ «հաճոյք»ը վաղուց արդէն գոյութիւն չունի։ Հարցականը գոյութենական է իր տարողութեամբ։
Այս կենաց-մահու հաշուեյարդարը յաջողապէս կանխելու առաջին վճռական քայլը Փաշինեանական համակարգի ամբողջական և անյապաղ լուծարումն է։ Մենք իրաւունք չունինք թոյլ տալու, որ Էրտողանի ռազմավարական հակահարուածը (ուղղուած՝ Իսրայէլի և Արևմուտքի) դառնայ Հայաստանի լինելիութեան դատին մահավճիռը։ Այստեղ ևս պարտականութեան դատին կանչուած է, առաջին հերթին, երկրի ընդդիմութիւնը, որ, իր կարգին, արմատական ինքնազտումի հրամայականին առջև կը գտնուի։
Ասիկա այն իսկ պահն է, երբ Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը պիտի շրջեն պատմութեան վճիռը։ Այլ ելք չունին։ Ընդհակառակն անոնք ունին ոսկեայ պատեհութիւնը Հայաստանի տեղը վերստին ամրագրելու տարածաշրջանի ուժային քարտէզին վրայ։ Անկասկա՛ծ՝ դժուարին առաջադրութիւն մը, բայց նաև միա՛կը՝ ծուռ դարձած անիւը շրջելու և երկիրը վերստին դնելու նոր վերելքի արժանապատիւ ճակատներուն վրայ։
Մենք պիտի մերժենք զոհ երթալ Էրտողանի մեծ խաղին հայ պետականութեան ամբողջական հակակշիռը կրկին հաստատելով Սիւնիքի դարպասին վրայ։ Այդ դարպասին տիրութիւն ընելու պատմական պատասխանատւութիւնը Հայաստանին կը պատկանի։ Մենք պիտի ըլլանք դերակատարը այդ դարպասին շուրջ կազմաւորուած աշխարհաքաղաքական միջազգային շահերը ի մի բերող և դիւանագիտութեան քաոսը կարգաւորող։ Մեր քաղաքական հանճարն է, որ պիտի թամբէ այդ անկայուն ձին և քաղաքականութեան կապարը վերածէ ոսկիի…
Էրտողանի ռազմավարական հակահարուածով շղթայազերծուած տարածաշրջանային գործընթացը տեղ մը ի վերջոյ պիտի հաւասարակշռուի։ Մեր անյետաձգելի պարտաւորութիւնն է հայ անկախ պետականութեան իրաւունքներուն տէր կանգնիլ՝ անյապաղ և ՎՃՌԱԿԱՆՕՐԷՆ վերջ դնելով Փաշինեանական իշխանութեան և իր բոլոր մեքենայութիւններուն։
Կարօ Արմենեան
Դեկտ. 3, 2025
