135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան
08 Դեկտեմբեր 2025Ազգին Եւ Հայրենիքին Անսակարկ Նուիրումով Ծառայած Կուսակցութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 135-ամեակը: 135 տարի ամբողջ` անսակարկ եւ անսահման նուիրում ու ծառայութիւն ազգին եւ հայրենիքին:
Դաշնակցութիւնը եղաւ մտքի, հոգիի եւ արեան հրաշագործ ստեղծագործութիւն մը, որ` հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն դժնդակ ժամանակաշրջանին ծնունդ առնելով, դարաւոր ստրկութենէ եւ թմբիրէ ետք փոթորկեց հայոց աշխարհը, ներշնչեց բազմութիւնները, բոցավառեց միտքերը եւ ազգային գոյութեան, ինքնապաշտպանութեան եւ ազատագրական պայքարի խորհրդանիշ դարձաւ:
Ազատութեան անմեռ ոգին յարութիւն առաւ եւ սաւառնեցաւ հայոց աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը` Սասունէն Կարին, Վասպուրական, Սիւնիք եւ Արցախ:
Աննման ֆետայիներ` Սերոբ Աղբիւր, Անդրանիկ, ԳԷորգ Չաւուշ, Հրայր Դժոխք, Նիկոլ Դուման, Խանասորայ Վարդան, Քեռի, Սեւքարեցի Սաքօ եւ այլք, հերոսական խոյանքներով, մարտական արուեստի եւ ազատագրական պայքարի հրաշալի դրուագներ կերտեցին:
Պանք Օթոմանէն Խանասոր, Սասնոյ ապստամբութիւններէն հայ-թաթարական կռիւներ, Սարդարապատ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտում, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը առաջնորդեց յաղթական երթով:
Այս եւ յաջորդող օրերուն, առանձին սիւնակներով կը ներկայացնենք Դաշնակցութեան պատմութեան տարբեր փուլերը լոյսին բերող դրուագներ:
ՀՅ Դաշնակցութեան Հիմնադրումը
1890-ի Ամրան

Ռուսաստանի բարձրագոյն դպրոցներում 1890-ի սկիզբները տեղի էին ունեցել ուսանողական խռովայոյզ ցոյցեր:
1890-ի գարնան Թիֆլիս հաւաքուել էին մեծ թուով հայ ուսանողներ, որոնք ըստ գաղափարի, խառնուածքի եւ հակումների բաժանուել էին երկու հատուածի. մի կողմ` ազգասէրները, միւս կողմ` արմատական յեղափոխական ընկերվարականները:
«Մշակ»-ի խմբագիր Գրիգոր Արծրունին առհասարակ մեծ հեղինակութիւն էր վայելում ազատամիտ շրջաններում: Նա իրեն համարում էր յառաջդիմական երիտասարդութեան ղեկավար ու հովանաւոր: Քր. Միքայէլեանն ու Ս. Զաւարեանը յարգում էին նրան եւ կարեւոր հարցերում դիմում էին նրա խորհրդին: Մանաւանդ թրքահայկական խնդրում Գր. Արծրունին իր «Մշակ»-ով շատ կարեւոր դեր կատարեց, թէեւ նրա հետապնդած նպատակը-Թրքահայաստանի կցումը Ռուսաստանին, համակրանք չէր վայելում շատերի մօտ:
Բայց ո՞ւր էին նոր մարդիկ: Ո՞ւր էր հզօր իմացականութիւնը, որ կարողանար ազդել եւ մէկ յայտարարի բերել տարամերժ մտքերը: Ո՞ւր էր այս ուժեղ բազուկը, որ սանձէր կենտրոնախոյս ուժերը, զսպէր կրքերն ու նախասիրութիւնները. այն պողպատէ կամքը, որ տիրական ուժով վարէր նոր ստեղծուելիք կազմակերպութիւնը:
Այդ մէկը գտնուեց` յանձին Քրիստափոր Միքայէլեանի:
Քրիստափորը իր անկեղծ եւ անսահման հաւատով դէպի նոր գործը, հզօր իմացականութեամբ, կուռ տրամաբանութեամբ ու հուժկու կամքով, ծով լայնախոհութեամբ ու մարդոց հոգիները գերելու ուժով, կարողացաւ հաշտեցնել ու միացնել այլազան հոսանքներն ու ձգտումները, եւ հիմքը դնել մի մեծ կազմակերպութեան` մեծ գործի համար:
Պատմութիւնը, դժբախտաբար, զրկել է մեզ բոլոր մանրամասնութիւններից, ոչ արձանագրութիւններ են մնացել, ոչ հիմնադիր ժողովների անդամների անուանացանկը, ոչ էլ յուշեր այդ օրերի դէպքերի մասին: Յայտնի է միայն, որ բազմաթիւ ժողովներ են գումարուել:
Այդ ժողովներում տեղի են ունեցել երկարատեւ եւ բուռն վէճեր: Հիմնական հարցի` Թրքահայաստանի ազատագրութեան շուրջ, ի հարկէ լուրջ տարակարծութիւն չէր կարող լինել. ամէնքը հաւաքուել էին այդ «սուրբ գործի» համար: Տեսակէտների տարբերութիւններ կային ազատ Հայաստանի մասին.
ոմանք բաւականանում էին Ներսէս Վարժապետեանի ծրագրով` վեց նահանգների ինքնավարութիւն եւրոպական հակակշռի տակ. ընկերային-տնտեսական հարցերից նրանք խուսափում էին: Ուրիշներ, ինչպէս օրինակ Հնչակեանները, դնում էին Հայաստանի անկախութեան պահանջ` ընկերվարական վարչաձեւով:
Ընկերվարութեան հարցը կարեւոր տեղ էր գրաւում Դաշնակցութեան հիմնադիր ժողովներում, որոնց մէջ կենտրոնական դեր էին կատարում «Հայրենասէրների Միութեան» եւ «Երիտասարդ Հայաստան»-ի ընկերվարական գաղափարներով տոգորուած անդամները: Քրիստափորը ինքը, իբրեւ «Նարոդնայեա Վոլեայ»-ի անդամ, համոզուած ընկերվարական էր: Հաւատացեալ ընկերվարական էր նմանապէս եւ Ս. Զաւարեանը, հիմնադիր ժողովների ամենագործօն անդամներից մէկը: Հասկանալի է, ուրեմն, որ ընկերվարութեան հարցի շուրջ սուր տարակարծութիւններ եւ բուռն վէճեր տեղի պիտի ունենային:
Լուրջ տարակարծութիւններ կային եւ կազմակերպական ձեւի մասին. ի՞նչ հիմքերի վրայ դնել նոր կազմակերպութիւնը:
Ժողովականներից ոմանք, մասնաւորապէս Ս. Զաւարեանը, առարկում էին կենտրոնացման նպատակայարմարութեան դէմ հայկական իւրայատուկ պայմաններում: Հայութիւնը ցրուած էր անծայրածիր տարածութիւնների վրայ եւ տարբեր քաղաքական միջավայրերում: Անհնար էր երեւակայել մի կենտրոնացած ղեկավար մարմին, որ ի վիճակի լինէր այդպիսի պայմաններում ձեռնհասօրէն վարել կազմակերպութեան գործերը: Հայկական պայմաններին, ինչպէս անցեալ պատմութիւնն էլ, աւելի յարմար էր ապակենտրոնացման սկզբունքը` տեղական լայն նախաձեռնութեան իրաւունքներով:
Կային, անշուշտ, եւ ուրիշ հարցեր, սկզբունքային թէ գործնական, որոնք քննութեան եւ վէճերի առարկայ են եղել: Այսպէս, հէնց ժողովների ընթացքին առաջ եկաւ Կուկունեանի արշաւանքի խնդիրը, որ նոյնպէս չէր կարող չզբաղեցնել ժողովականների ուշադրութիւնը:
Քրիստափորը, անհաշտելին հաշտեցնելու իր բացառիկ կարողութեամբ, իր անձնական հմայքով ու հեղինակութեամբ հարթեց բոլոր խոչընդոտները: Նա էր ժողովների տիրական ոգին եւ մղիչ ուժը: Նա իր կազմակերպական հանճարով կարողացաւ հաշտեցնել իրար բախող բոլոր սուր տեսակէտները, համադրել ու ներդաշնակել բոլոր հակամարտ անհատականութիւնները եւ նոյնիսկ Հնչակեան ներկայացուցիչների համաձայնութիւնը ապահովել մտնելու հիմնուելիք նոր կազմակերպութեան մէջ: Այսպիսով ծնունդ առաւ մի նոր կուսակցութիւն, որ իր մէջ համախումբ` միաձուլում էր մինչեւ այդ գոյութիւն ունեցող գրեթէ բոլոր յեղափոխական խմբերն ու կազմակերպութիւնները, Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն անունով:
Ճիշդ ո՞ր ամսին եւ ո՞ր օրը տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութիւնը, ստոյգ յայտնի չէ: Քրիստափորի յուշերից դատելով` պատմական այդ դէպքը տեղի ունեցած պէտք է լինի 1890-ի օգոստոսին: Ըստ Ռոստոմի` ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութիւնը տեղի է ունեցել յուլիս ամսին: Կուկունեանի արշաւանքի պատմութիւնից երեւում է, որ օգոստոսին ՀՅ Դաշնակցութիւնն արդէն կազմուած էր եւ անցել էր գործունէութեան:
***
Նոր կազմակերպութիւնը` ՀՅ Դաշնակցութիւնը, հիմնւում էր բոլորի կողմից յօժար կամքով ընդունուած ընդհանուր սկզբունքների վրայ` միաձայնութեամբ: Մշակուած ծրագիր եւ կազմակերպական կանոններ դեռ չունէր. այդ պարտականութիւնը դրուեց ապագայում գումարուելիք Ընդհանուր ժողովի վրայ: Նոր կազմակերպութիւնը որդեգրեց կազմակերպական կենտրոնացման դրութիւնը եւ ընտրեց Կենտրոնական Վարչութիւն, որ հետագային աւելի «Կենտրոն» անունով յայտնի դարձաւ: ՀՅ Դաշնակցութեան առաջին Կենտրոնական Վարչութեան անդամներ ընտրուեցին Քրիստափոր Միքայէլեանը, Սիմոն Զաւարեանը, բժ. Յովհաննէս Լորիս-Մելիքեանը, Աբրահամ Դաստակեանը եւ Լեւոն Սարգսեանցը: Հիմնադրութիւնից անմիջապէս յետոյ, Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւնը, հասարակութեան ուղղած Մանիֆեստով` յայտարարեց նոր կուսակցութեան ստեղծումը եւ պարզեց նրա որդեգրած նպատակները:
ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ
Դաշնակցութեան Պատմութիւնը
Լիբանանի Մէջ
1890-ին հիմնուած 135-ամեայ ՀՅ Դաշնակցութեան 1898-ին գումարուած ՀՅԴ Բ. Ընդհանուր ժողովով կ՛որոշուի կազմակերպական ցանց հաստատել Կիլիկիոյ եւ շրջակայքին մէջ, որուն մէջ կ՛իյնային Սուրիան ու Լիբանանը:
Լիբանանի մէջ Դաշնակցութեան 127-ամեայ երթին, անոր հիմնական դրուագներուն, կուսակցութեան հերոսներուն ու նահատակներուն պատմութեան անդրադառնալու նպատակով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն նախաձեռնած է պատրաստութեան գրքոյկի մէջ, որուն բովանդակութիւնը յաջորդաբար պիտի հրատարակենք մեր էջերով:
ԽՄԲ.
Կիլիկիայէն Լիբանան`
ՀՅԴ Գործունէութեան Ընդլայնում

19-րդ դարու աւարտին եւ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ յեղափոխական բուռն պայքար կը մղէր Օսմանեան կայսրութեան դէմ` Արեւմտահայաստանի ինքնավարութիւնը ձեռք ձգելու համար, իբրեւ գործունէութեան դաշտ իր ուշադրութիւնը սեւեռած էր նաեւ Միջերկրականի արեւելեան ափերուն գտնուող Պէյրութ քաղաքին վրայ, որ այն ժամանակ առանձին վիլայէթ էր Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ, անջատ` երբեմնի Լեռնալիբանանի ինքնավար մութասարրիֆութենէն:

ՀՅԴ Բ. Ընդհանուր ժողովը (1898) կ՛որոշէ Դաշնակցութեան կազմակերպական-յեղափոխական գործադաշտին մէջ ընդգրկել Կիլիկիան: Այս նպատակով շրջան կը գործուղուին գործիչներ, որոնք կարճ ժամանակի ընթացքին կը յաջողին դաշնակցական խումբեր եւ կոմիտէներ յառաջացնել Ատանայի, Այնթապի, Մարաշի, Զէյթունի, Հաճընի, Իսկենտերունի, Անտիոքի եւ Սուէտիոյ մէջ: Աշխատանքներ կը տարուին նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի, մասնաւորապէս` Հալէպի եւ Պէյրութի: Իբրեւ կազմակերպական մէկ ընդհանուր շրջան` Կիլիկիան եւ շրջակայքը կը ստանան Լեռնավայրի Կեդրոնական կոմիտէութիւն անունը, իսկ Պէյրութը` Ծոց կուսակցական անուանումը:
Լեռնավայրի Կեդրոնական կոմիտէն կը ղեկավարուի համեմատաբար ազատ պայմաններու մէջ գտնուող Եգիպտոսէն: ՀՅԴ Դ. Ընդհանուր ժողովի որոշումով (1907) Կեդրոնական կոմիտէն ժամանակաւորապէս կը դադրի գոյութիւն ունենալէ եւ կը փոխարինուի օժանդակ մարմինով մը, որ կը հաստատուի Աղեքսանդրիա, դարձեալ` Եգիպտոս: 1909-ին, Ատանայի ծանօթ աղէտէն ետք, Կիլիկիա-Սուրիա-Լիբանան-Եգիպտոս աշխարհագրական ընդարձակ շրջանը կը ստանայ կազմակերպական նոր ձեւաւորում` Կառափնատ անունով: Այնուհետեւ Լեռնավայրի Կեդրոնական կոմիտէութիւնը կը վերականգնի Ա. Աշխարհամարտէն ետք` Կիլիկիոյ, Սուրիոյ եւ Լիբանանի կազմակերպական միաւորներուն միացումով:
Լեռնավայրի Կեդրոնական կոմիտէն կը գործէ մինչեւ ՀՅԴ 10-րդ Ընդհանուր ժողով, 1925: Կիլիկիոյ կորուստէն ետք, իբրեւ Լեռնավայրի Կեդրոնական կոմիտէութիւն կը ճանչցուի Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէութիւնը, որուն մէկ միաւորը կը կազմէ Պէյրութի կուսակցական կազմը:
Լեռնավայրի Կեդրոնական կոմիտէութեան ծիրին մէջ Պէյրութը դաշնակցական խումբ ունեցած է 1902 թուականէն սկսեալ: Այդ խումբը ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս հաւաքուած է, ծանօթ չէ, որովհետեւ օսմանեան տիրապետութեան տակ կուսակցական-յեղափոխական որեւէ աշխատանք պարտաւոր էր գաղտնի մնալ: Սիսակ Վարժապետեան իր «Հայերը Լիբանանի մէջ» աշխատասիրութեան մէջ, դաշնակցական գործիչ Արշակ Գալուստեանէն քաղելով իր տեղեկութիւնները, կը հաստատէ. «Դաշնակցութեան Լիբանանի առաջին կոմիտէն կազմուեցաւ 1901-1902 թուականին, գործիչ, արաբկիրցի Միսաք Վարդանեանի կողմէ (Ռահվեր)` մասնաւորապէս Եգիպտոսէն եկած: Թէեւ նախապէս իննսունական թուականներուն անհատ կուսակցականներ կային զոյգ համալսարաններու մէջ (ֆրանսական եւ ամերիկեան), այնուամենայնիւ, Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ պաշտօնապէս կազմուեցաւ վերոյիշեալ թուականին: Առաջին կոմիտէի անդամները եղան, ի միջի այլոց, հետեւեալները. բժշկութեան ուսանողներ եւ ապա բժիշկներ` տոքթ. Ներսէս Պօղոսեան (այնթապցի), տոքթ. Յարութիւն Տէր Պօղոսեան (այնթապցի), տոքթ. Յովհաննէս Թերզեան (տիգրանակերտցի), Ներսէս Խաչատուրեան (այնթապցի), որ յետոյ կովկասեան ճակատի վրայ կարեւոր գործունէութիւն ունեցաւ:
«Ասոնց գործը ընդհանրապէս ժողովուրդին մէջ յեղափոխական հրատարակութիւններ (թերթ, գիրք) տարածել էր, մանաւանդ` ամրան արձակուրդներուն: 1903-ին, երբ կուսակցութիւնը հաւաքեց բաւական յեղափոխական գրականութիւն, որ լոկ շարքայիններուն կողմէ կը կարդացուէր, խորհեցաւ, որ աւելի լայն զանգուած մը կարդայ զայն: Ուրեմն գաղափարը յղացաւ այդ ժամանակուան Պէյրութի ռուսական զինուորական կցորդ եւ հիւպատոս հայազգի (Կոստանդին) Կամսարական պէյի միջոցով Ամերիկեան համալսարանի գրադարանին նուիրել: Այս ծրագիրը յաջողած ըլլալով գիրքերը մեծ թիւով ոչ կուսակցական ուսանողներու կողմէ եւս կարդացուեցան: Այն ժամանակուան յայտնի դաշնակցական ուսանողներ էին` Միրզա Քէթէնճեան, Յովհաննէս Թերզեան, Խ. Պոնաբարդեան, Վարդան Թոփալեան եւ ուրիշներ: Իսկ աւելի վերջը` տոքթ. Ինճէճիկեան, տոքթ. Խաթանասեան, տոքթ. Լ. Գրիգորեան»:
Ազդակ
(Շար.1)
