ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (մաս 2-րդ)

09 Դեկտեմբեր 2025

ՀՅ Դաշնակցութեան
Վիճակուած Բախտորոշ Դերը



Առանց բացառութեան` մեզմէ իւրաքանչիւրի կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցած են ամէն չափի եւ տեսակի բախտորոշ էատարրեր ու պատահարներ, որոնց յատուկ դեր վիճակուած է ենթակային կեանքին ընթացքը ճշդորոշելու եւ անոր անսայթաք ուղղութիւն տալու: Կարեւոր չէ, թէ խնդրոյ առարկայ անձը գրող-մտաւորական եղեր է, արուեստագէտ, թէ պարզ անհատ մը: Բոլորիս կեանքէն անպակաս եղած է եւ ճակատագրական կարեւոր դեր խաղացած է այդ բախտորոշ տարրը կամ դիպուածը:

Սփիւռքահայ սերնդակիցներէս եւ բախտակիցներէս շատերուն պէս` կանուխէն Դաշնակցութիւնը պիտի յեղաշրջէր իմ եւ եղբայրներուս կեանքի ուղին: Իբրեւ Ալեքսանտրեթէն Լիբանան կայք հաստատած հայու բեկորներ, առանց բացառութեան, բոլոր գաղթականներու վիճակուած չունեւորի կեանքը ծնողքիս ստիպեց, որ մեզ ֆրանսացի Գթութեան քոյրերու վարժարանը ուղարկեն:

Ողջ մնան մանուկներու վրայ խիստ «տիսիփլին» եւ կարգապահութիւն բանեցնող Գթութեան քոյրերը: Էշրեֆիէի մէջ բանող անոնց վարժարանը ունէր աղքատներու եւ հարուստներու բաժանմունքներ, եւ մենք, բնականաբար, անբախտներու շարքին կը պատկանէինք: Տիրող այդ զարտուղի դրութիւնը, բառ մը հայերէն չիմանալու, մայրենիէն զրկուած ըլլալու իրողութիւնը, երկուորեակ եղբօրս եւ իմ մէջ, հաստատուած կարգերու դէմ վաղ տարիքէն ըմբոստութեան ոգի յառաջացուցին, ու մենք սկսանք փախուստ տալ դպրոցէն` նախընտրելով «Էքոլ Պուիսոնիէրի» վիճակը քոյրերու «անգութ» վարժարանէն, ո՛չ հոգեւոր քոյրերուն, ո՛չ ալ ծնողքիս սաստումները եւ գաւազանի հարուածները կրցան շեղել ու ընկճել տասը տարեկան լաճի մեր կամքը` հայ վարժարան յաճախելու երազէն եւ յաճախանքէն:

Ծնողքս տեղի տալով մեր փափաքին` մեզ դրին Էշրէֆիէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Յիսուսեան ֆրանսացի հայրերուն ճեմարանը, ուր անչափահաս տարիքին սիրահարեցանք հայոց լեզուին: Եւ այդ մէկը պիտի հանդիսանար կեանք մը ամբողջ մեզ ոգեւորող մեր առաջին սէրը:

Հայրս մթնշաղին, գործէն վերադարձին, իբրեւ իր ձագուկներուն մատուցուած մտային եւ հոգեւոր սնունդ իրեն յատուկ հանդիսաւորութեամբ, կաշի պայուսակէն կը հանէր եւ սեղանին վրայ կը զետեղէր «Ազդակ» օրաթերթը: Մենք` երեք եղբայրներ, սովածի պէս իրարու ձեռքէն կը խլէինք ՀՅԴ պաշտօնաթերթը եւ ծայրէ ծայր կը կարդայինք անոր բովանդակութիւնը` ազգային ու միջազգային լուրերը եւ գրական ու մշակութային խորք ունեցող յօդուածները:

Պէտք է խոստովանիմ, որ տարիներ ամբողջ դաշնակցական մամուլը հանդիսացաւ իմ անքակտելի պորտակապս հայ գիրի, գրականութեան եւ դպրութեան հետ:

Մինչեւ տասնութ տարեկանը թեւակոխելս յեղափոխական մամուլը դարձաւ այն հարթակը, որ իր անփոխարինելի դերը ունեցաւ եւ զիս պատրաստեց Դաշնակցութեան շարքերը ընդունուելու:

Երբ 1960-ին` 24 տարեկան հասակիս, ափրիկեան ափերը մեկնեցայ, հոն եւս գործի դրի գաղափարապաշտ երիտասարդ կուսակցականի անխախտ համոզումներս, ամբողջ քսան տարիներ Հայ դատը հետապնդելու, ի՞նչ կ՛ըսեմ` մարդկութեան կողմէ անտեսուած մեր Դատին ծառայելու:

Փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեանի Ափրիկէ պատմական այցելութիւնը, որուն 50-ամեակը կը նշենք այս տարի, պսակումը հանդիսացաւ մինչեւ այդ պահը տարուած անխոնջ աշխատանքին եւ թափուած ճիգերուն` առանց բացառելու մեր կողմէ յանձն առնուած նիւթական զոհողութիւնները:

Իսկ գալով անցնող 60 տարիներու գրական-հրապարակագրական գործունէութեանս եւ վաստակիս` հոն ալ անվարան եւ առանց խպնելու պէտք է խոստովանիլ, թէ կուսակցական հայ մամուլը իր անփոխարինելի դերը ունեցաւ, պատանի հասակէն, ստիպողաբար եւ կամքէ անկախ պատճառներով դպրոցական ուսումը կիսատ թողած այս հեղինակին գրական ապագայ իրագործումներուն մէջ:

Պէտք է ընդունինք, որ հոն ալ հաւատաւոր եւ գաղափարապաշտ հայ կուսակցականի սրտի տրոփը առաւել քան զգալի է: Առանց գաղափարական իմ դաստիարակութեան` չէի կրնար յաղթահարել եւ ձեռք բերել գրական ներկայ վաստակը եւ իրագործումները: Այդ ենթահողին վրայ անհասկնալի կը թուի մեզի այդպիսի հայրենանուէր եւ գաղափարապաշտ կուսակցութեան մը դէմ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ տարուող տղայական անմիտ, անիմաստ եւ ազգակործան պայքարը: Այդ մէկը կը կատարուի պարզապէս դիւր գալու համար մեր արիւնռուշտ թուրք դրացիներուն:

Այս առիթով կ՛ուզէի հայրենի ղեկավարութեան ուշադրութեան յանձնել խիստ կարեւոր կէտ մը. Ռիչմընտ հաստատուելնէս ի վեր շատ ուսանելի եւ հետաքրքրական իրողութեան մը ականատես կ՛ըլլանք: Մինչեւ օրս ՀՅԴ-ի մականին տակ աշխուժօրէն գործող «Քեմփ Հայաստան»-ի պատանեկան ճամբարը յաճախող ամերիկահայ նոր սերունդը, իրմէ արտացոլող ազգային ոգիով եւ հայրենասիրութեամբ, հիմնովին կը զանազանուի իր այն տարեկից ընկերներէն, որոնք դժբախտաբար իրենց ծնողներուն անհոգութեան պատճառով զրկուած են այդ հրաշալի պատեհութենէն:

Ներկայիս ՀՅԴ կը շարունակէ ազգօգուտ իր գործունէութիւնը` արժանանալով համայն հայութեան երախտագիտութեան եւ անվերապահ յարգանքին:

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ


Ռիչմընտ, Վիրճինիա

Դաշնակցութեան Առաջին Ընդհանուր Ժողովը
Եւ Յեղափոխական Շարժման Ծաւալումը


Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը կազմաւորուեցաւ 1890-ի ամրան, Թիֆլիսի մէջ: Անոր հիմնադիրներն ու առաջին ղեկավարները եղան Քրիստափոր Միքայէլեան, Սիմոն Զաւարեան եւ Ռոստոմ (Ստեփան Զօրեան):

Մանիֆեստին մէջ կ՛ըսուէր. «Նպատակ դնելով թիւրքաց Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական ազատութիւնը` Դաշնակցութիւնը մտել է այն կռուի մէջ, որ սկսել է ինքը ժողովուրդը տաճկաց կառավարութեան դէմ` ուխտելով մինչեւ արեան վերջին կաթիլը կռուել հայրենիքի ազատութեան համար»:

Թրքական կառավարութիւնը հայկական ազատագրական շարժումը խեղդելու նպատակով ծայրայեղ միջոցներու պատրաստութիւններ սկսաւ տեսնել: Յեղափոխական ամէն փոքր դէպքին կառավարութիւնը կը պատասխանէր դժոխային խստութիւններով: Հարուածը ուղղուած էր ոչ միայն յեղափոխական անհատներու դէմ, այլ նաեւ շարժման արմատին` համայն հայ ժողովուրդին դէմ: Զանգուածային ձերբակալութիւնները տարածուեցան Մուշէն Սասուն, Վան, Կարին, Տրապիզոն, Երզնկա, Արաբկիր եւ Կիլիկիա:

Կառավարութիւնը միաժամանակ սկսաւ գրգռել իսլամ ամբոխը հայ ժողովուրդին դէմ` հաւատացնելով անոր, որ հայերը կը ձգտին ազգային գերիշխանութեան եւ իսլամներու ստրկացման: Ստեղծուեցան Համիտիէ գունդեր, որոնք դարձան ամէնէն ազդեցիկ զէնքը կառավարութեան ձեռքը` ուժասպառ ընելու հայ տարրը:

Այս պայմաններուն տակ, 1892-ի ամրան Թիֆլիսի մէջ գումարուեցաւ Դաշնակցութեան առաջին ընդհանուր ժողովը: Ներկայ էին կուսակցութեան Ռուսիոյ, Օսմանեան կայսրութեան եւ Պարսկաստանի ներկայացուցիչները:

Ժողովի անդամները, կենսական փորձերու հիման վրայ որոշեցին գծել այն պայքարի ճանապարհը: Միտքերու փոխանակումէ ետք բոլոր հարցերը ենթարկուեցան վիճաբանութեան, մինչեւ որ բոլորը համաձայնեցան հարցի այս կամ այն վերջնական ձեւակերպման վրայ, ոչ մէկ հարց ենթարկուեցաւ քուէարկութեան. բոլոր որոշումները ընդունուեցան միաձայնութեամբ:

Կուսակցութիւնը վերջնականապէս ստացաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն անուանումը եւ օժտուեցաւ ծրագիրով ու կանոնագիրով: Ժողովը նաեւ որդեգրեց կազմակերպական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը:

Յեղափոխութեան յենարանը պէտք էր փնտռել հայ ժողովուրդի տանջուող սիրտին մէջ: Յեղափոխութիւնը կանգ պիտի չառնէր ոչ մէկ խորտակիչ ուժի առջեւ, քանի գոյութիւն ունէին կեանքի տանջանքները: Յեղափոխութիւնը կրնար փոխել իր ձեւը յարմարելով ժամանակի պայմաններուն, բայց երբեք իր էութիւնը:

Դաշնակցութիւնը նիւթական միջոցներէ բոլորովին զուրկ էր: Գործիչները ճանապարհածախս իսկ չունէին: Ժողովին մասնակից պատգամաւորներուն շատ համեստ ապրուստը համարեա չէր հայթայթուած:

Կուսակցութիւնը արագօրէն տարածեց իր գործունէութիւնը, կազմաւորուեցան մարտական, ֆետայական խումբեր, որոնք ամէնուրեք սկսան պատուհասել թշնամին:

Դաշնակցութեան Պատմութիւնը
Լիբանանի Մէջ
Լիբանանահայ Ուսանողութիւնը`
Կառոյցի Հիմնասիւն

Հարկ է նշել, որ 1890-ական տարիներու վերջերուն Լիբանանի մէջ կային որոշ թիւով դաշնակցական ուսանողներ, որոնք 1904-ին ՀՅԴ հիմնադիր երրորդութեան անդամ Սիմոն Զաւարեանի համար հիմք ծառայեցին ստեղծելու ՀՅԴ ուսանողական միութիւնը, որ աւելի ուշ ստացաւ Զաւարեան ուսանողական միութիւն անուանումը:

ՀՅԴ Գ. Ընդհանուր ժողովի վաւերագիրներուն մէջ պահ դրուած Լեռնավայրի Կեդրոնական կոմիտէին մէկ փաստաթուղթը, հաւանաբար` 1904-ին գրուած, նկատել կու տայ, որ Պէյրութի մէջ` «տարիներէ ի վեր գտնուած են ուսանող ընկերներ, մանաւանդ` Հովտէն (Այնթապէն). վերջերս կազմուած տեղական կոմիտէն սկսած է եւրոպական եւ ամերիկեան բժշկական բարձրագոյն վարժարաններու ուսանողներու հետ շփուիլ եւ կապեր հաստատել: Նաեւ` արտասահմանէն ընկերներ ներս առնել: Այս երկու գործերուն մէջ ալ առնուած քայլերը յաջող են: Ուսանողներու բաւական թիւ մը համակրած եւ յարած է կարճ ժամանակի մը մէջ, եւ հետզհետէ նորեր կ՛աւելնան»:

Սիմոն Զաւարեան երբ Լիբանան կ՛այցելէ, կը հանդիպի տեղւոյն ուսանողներուն: Հանդիպումները կը կատարուին գաղտնի: Այս մասին վկայութիւն մը ունի ուսանողական միութեան աւագ սերունդի ներկայացուցիչներէն տոքթ. Երուանդ Խաթանասեան, որ ԶՈՄ-ի սկզբնական տարիներու պատմութիւնը վերյիշելով` կը գրէ. «1904-1905-ի շրջանին Պէյրութի ռուսական հիւպատոսն է եղել հայազգի Կոստանդին Կամսարականը, որ Իգդիր շրջանի Բլուր գիւղից էր: Զաւարեանն ու Կոստանդին Կամսարականը իրար ծանօթ են եղել Կովկասից: Եւ ըստ հին ուսանողների տեղեկութեան, այս երկուքը սերտ բարեկամներ են եղել, եւ իրենց յարաբերութիւնները եղել են ջերմօրէն մտերմական»: Քիչ անդին տոքթ. Խաթանասեան կ՛աւելցնէ. «Ուրեմն, օգտուելով Կ. Կամսարականի բարեհաճ պատրաստակամութիւնից ու դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւնից` Զաւարեանը անյապաղ գործի է ձեռնարկում հիւպատոսարանի մէջ: Կանչում է իր մօտ նախ մէկին, որ, կարծում եմ, կեսարացի Սուրէն Նշանեանն է եղել: Այդ մէկը հետեւեալ օրը իր հետ բերում է երկու հոգի, մինչեւ որ թիւը հասնում է 6-8 հոգու: Այս փոքր խմբակին է յանձնում իր մտածումները, հրահանգներն ու մտահոգութիւնները»:

Ստոյգ է, որ երբ Սիմոն Զաւարեան Լիբանան այցելած է, որոշ ժամանակ մը ապաստանած է Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Զմմառու մայրավանքին մէջ: Թրքական բանակը կասկածելով` պաշարած է մայրավանքը: Օրուան մեծաւորը ծպտած է Զաւարեանը եւ մայրավանքի ստորգետնեայ գաղտնի անցքերէն մէկով փախցուցած է զայն:

Յետցեղասպանական Ժամանակաշրջան`
Սկիզբ Վերակազմաւորման

1915-էն ետք, Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով, ինչպէս` ՀՅ Դաշնակցութեան բազմաթիւ կազմակերպական կառոյցներ, նաեւ Պէյրութի կառոյցը կը կազմալուծուի: Սուրիան եւ Լիբանանը կը դառնան իր պատմական հայրենիքէն տեղահանուած հայութեան խլեակները հիւրընկալող օրրանները, իսկ 1920-ին «Մեծն Լիբանան» անունով ներկայ սահմաններով Լիբանանի գոյացութեան ստեղծումէն ետք եւ մանաւանդ 1932 թուականի Լիբանանի իր տեսակին մէջ առաջին եւ վերջին մարդահամարով լիբանանահայութիւնը նկատուեցաւ լիբանանեան համայնքային հիւսուածքի հիմնադիր բաղկացուցիչներէն մէկը:

1920-էն ետք հայ գաղթականներու Լիբանանի մէջ հաստատումով կը վերակենդանանայ ՀՅԴ-ի կառոյցը: Կար հսկայական աշխատանք, եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը առաջին իսկ օրէն լծուեցաւ լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման եւ հայապահպանման ծանր գործին` այս աշխատանքը սկզբնական շրջանին հիմնելով Պէյրութի հիւսիսային ծայրամասերուն փռուած գաղթականական վրանաքաղաքներուն մէջ կառուցուած դպրոցներուն եւ եկեղեցիներուն վրայ: Յետոյ էր, որ դպրոցին եւ եկեղեցիին միացան նաեւ Դաշնակցութեան ստեղծած ժողովրդային տուները կամ ակումբները:

Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր յաջորդած Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, 1920-ականներու առաջին կէսերուն, Լիբանան կը հասնին մեծ թիւով գաղթականներ, որոնց կարգին` կուսակցականներ: 1920-ական տարիներու երկրորդ կէսին Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ ունէր երկու կոմիտէութիւն եւ երկու ակումբ` երկու վարձու յարկաբաժին: Առաջինը Պէյրութի «Քրիստափոր» կոմիտէութիւնն էր, որուն ակումբը կը գտնուէր Պապ Իտրիսի ձկնավաճառներու շուկային մէջ (Ուատի Ապու Ժեմիլ թաղին մէջ, Ֆարաոնի պալատին դիմաց): Իսկ երկրորդը Ս. Խաչ վրանաքաղաքի` գաղթակայանի, «Ազատամարտ» կոմիտէութիւնն էր, որուն ժողովատեղին կը գտնուէր այժմու ելեկտրականութեան ընկերութեան դիմաց: Այս կոմիտէութեան առաջին ակումբը եղած է Աքքաուիի մօտ, աստիճաններէն ելլելով` աջին, վերջին շէնքը, որուն ետեւէն կ՛անցնէր Յունական հիւանդանոց տանող ճամբան: Ակումբը յետոյ փոխադրուած է Սի.Էմ.Սի. հիւանդանոցէն քիչ մը վար, Քարթիէ Վեկան թաղը: Ապա, տարի մը ետք փոխադրուած է Նոր Հաճընի դիմաց, Խալիլ Պետեւի թաղի մուտքին, առաջին շէնքին առաջին յարկը:

1932-ին վրանաքաղաքի «Ազատամարտ» կոմիտէութիւնը կը բաժնուի կազմակերպական երեք շրջանի.

Ա.- Պուրճ Համուտ, ուր կը գործէ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէն` կեդրոն ունենալով Նոր Սիսը:
Բ.- Քարանթինա-Հաճըն-Մար Մըխայէլ («Ատանա քեմփ»-ի շրջան), ուր կը գործէ «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէն:
Գ.- Հայաշէն-Էշրեֆիէի շրջան, ուր կը գործէ «Ռոստոմ» կոմիտէն:

Իր կարգին, «Քրիստափոր» կոմիտէն կը գործէ Պէյրութի մէջ` իբրեւ ակումբ օգտագործելով Ուատի Ապու Ժեմիլ թաղի բազմայարկ հին շէնքի մը երկրորդ յարկի գետնայարկ, վարձու յարկաբաժինը: Այստեղ, Պէյրութի «Ժողովրդային տան» մէջ իրենց գրասենեակները կ՛ունենան կոմիտէն, Զաւարեան ուսանողական միութիւնը, աւելի ուշ նաեւ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ ՀՅԴ Բիւրոն:

25 մարտ 1923-ին Պէյրութի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան առաջին ընդհանուր ժողովը` հիմը դնելով ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու լայնածաւալ ցանցին, ուր դաշնակցական պատանիները կը ստանան դաշնակցական եւ ազգային դաստիարակութիւն:

ՀՅԴ Մամուլը Լիբանանի Մէջ

Լիբանանի հայութեան առաջին հայերէն թերթը եղած է «Փիւնիկ»-ը, որ 1924 թուականի մարտին սկսած է հրատարակուիլ իբրեւ պաշտօնաթերթ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի: Հետագային այս թերթը կը ստանայ «Նոր Փիւնիկ» անուանումը: Սկիզբը ան կը հրատարակուի իբրեւ եռօրեայ թերթ, ապա երկօրեայ, իսկ 1927-ին կը դադրի լոյս տեսնելէ: «Նոր Փիւնիկ»-ի հրատարակութեան դադրեցումը կը կապուի նիւթական դժուարութիւններու հետ: Շուտով, սակայն, «Նոր Փիւնիկ»-ի ընտանիքի վարչական կազմի անդամներէն Հայկ Պալեան, որ նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ էր, մեծապէս մտահոգուելով հայերէն թերթի հրատարակութեան ապահովման գաղափարով, 5 մարտ 1927-ին կը նախաձեռնէ «Ազդակ» թերթի հրատարակութեան ծանր աշխատանքին` իբրեւ սեփական հրատարակութիւն, որ սկիզբէն կը վայելէ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի բարոյական աջակցութիւնը: «Ազդակ» սկսաւ հրատարակուիլ «Նոր Փիւնիկ»-ի տպագրական մեքենայով ու տառերով եւ իբրեւ անոր ուղղակի շարունակութիւն: Նախ եռօրեայ թերթ էր ան, ապա 1930-ին վերածուեցաւ երկօրեայի, իսկ քանի մը տարի ետք դարձաւ մեծածաւալ օրաթերթ: 1 յունիս 1965-ի «Ազդակ»-ի թիւին առաջին էջով հրապարակուած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւնը, որուն մէջ կը նշուի, որ այդ թուականէն սկսեալ թերթը դարձաւ Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ: «Ազդակ» մինչեւ օրս Լիբանանի մէջ հրատարակուող ամէնէն հին հայկական օրաթերթն է: Իր հրատարակութեան քառամեակին առիթով «Ազդակ»-ի մէջ կը կարդանք. «Մենք լաւատես ենք մեր ապագային նկատմամբ եւ ինքնավստահ: Նահանջ կամ ընկրկում երբեք գոյութիւն չունի մեզի համար, որովհետեւ մեր ներշնչման հնոցն է հայ ժողովուրդի անփշրելի կամքը եւ անոր արդար Դատի պաշտպանութեան պաշտելի գաղափարը: «Ազդակ» իր սնունդն ու աւիշը կը ստանայ հայ ժողովուրդէն եւ կը հաւատայ, որ առանց սեփական երդիքի, առանց Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի, այս ժողովուրդը հանգիստ չունի»:

1 մայիս 1986-ին ստեղծուեցաւ «Վանայ Ձայն»-ը, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ձայնասփիւռի կայանն է:

(Շար. 2)

Առաջին մասն՝ այստեղ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Իրանի համար անընդունելի է տարածաշրջանո

Նոյեմբերի վերջին Բաքու էր այցելել Իսրայելի պաշտպանության նախարարության Պաշտպան

11 Դեկտեմբեր 2025
135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեա

Այո՛, ՀՅ Դաշնակցութեան հակառակորդները ամէն փորձ կատարեցին ու ցարդ կը շարունակե

11 Դեկտեմբեր 2025
Արցախի ԱԺ լսումներ՝ «Վերադարձ Արցախ. խ

«Վերադարձ Արցախ. խնդիրներ, մարտահրավերներ, հնարավորություններ». դեկտեմբերի 10-

11 Դեկտեմբեր 2025
Ազատություն հայ գերիներին․ բողոքի ցու

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» Ուսանողական միության կազմակերպությամբ, այսօր՝ դեկտեմբերի

10 Դեկտեմբեր 2025
Ռազմավարական համաձայնագրի մը ստեղծած վ

Այդ քլիշէ յայտարարութեան մէջ, յիշատակութիւն կայ նաեւ 8 Օգոստոսի՝ Ուաշինկթընի ս

10 Դեկտեմբեր 2025
Տարածաշրջանում ձևավորվում է թուրք–քաթա

Քաթարը Անկարայի հետ հանդես կգա Լիբանանի վերաբերյալ նոր առաջարկով․Ի՞նչ նոր իրադ

10 Դեկտեմբեր 2025
135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեա

Մէկ է Դաշնակցութիւնը: Մէկ ամբողջութիւն է: Չկան արեւմտահայ եւ արեւելահայ զան

10 Դեկտեմբեր 2025
Կարո՞ղ է արդյոք Փաշինյանը Հայաստանի հա

Բալարդի պայմանագրերին նախորդել են «լայնորեն լուսաբանված փորձերը, որոնց ընթացքո

09 Դեկտեմբեր 2025
Հրաժարվել եմ որեւէ բացատրություն տալ

ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը այսօր հրավիրվել էր Քննչական կոմիտե՝ հար

09 Դեկտեմբեր 2025
Վեհափառի այցը Մարսել և տեղի իշխանությա

Ֆրանսիան, որպես Սփյուռքի ամենամեծ գաղութներից մեկը, փաստացի Վեհափառի այցելությ

09 Դեկտեմբեր 2025
135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեա

Կառավարութիւնը միաժամանակ սկսաւ գրգռել իսլամ ամբոխը հայ ժողովուրդին դէմ` հաւատ

09 Դեկտեմբեր 2025
Իրանի վերաբերմունքը տարածաշրջանում խաղ

Հարավկովկասյան տարածաշրջանը մշտապես եղել է աշխարհաքաղաքական լարվածությունների

08 Դեկտեմբեր 2025
Հեռու մնացէք Եկեղեցին պառակտելու ազգակ

Անցնող ամիսներուն, խոր մտահոգութեամբ հետեւեցանք Սուրբ Էջմիածինի շուրջ տեղի ուն

08 Դեկտեմբեր 2025
135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեա

Պանք Օթոմանէն Խանասոր, Սասնոյ ապստամբութիւններէն հայ-թաթարական կռիւներ, Սարդար

08 Դեկտեմբեր 2025
Գիւմրի. ութերորդ վէրքը

Արդեօք անակնկա՞լ էր այն՝ ինչ որ պատահեցաւ Գիւմրիի մէջ, պատմական երկրաշարժի տար

08 Դեկտեմբեր 2025
«Խաղաղության» պատրանքը. ինչպես են Ադրբ

Հայ-ադրբեջանական հարաբերությունների ներկայիս, այսպես կոչված՝ «խաղաղության գործ

08 Դեկտեմբեր 2025
Այն, ինչ այսօր կատարվում է եկեղեցու դե

Այն, ինչ այսօր կատարվում է եկեղեցու դեմ, մաս է կազմում ՀՀ գործող իշխանությունն

08 Դեկտեմբեր 2025
Դեկտեմբեր 7 – Երկրաշարժի օր չէ մ

Եւ այսօր Սփիւռք–Հայրենիք ապրեցանք՝ ոչ որովհետեւ մոռցանք աղէտը, այլ որովհետեւ ո

07 Դեկտեմբեր 2025
Շիրակի թեմի բոլոր հոգևորականները, Գյու

Շիրակի թեմում չգտնվեց որևէ հոգևորական, ով կհամաձայներ այս սրբապիղծների համար մ

07 Դեկտեմբեր 2025
ՀՅԴ-ն իրավունք չունի պայքարի դրոշը վ

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամավոր Հակոբ Բագրատունու խոսքը՝ Հ

06 Դեկտեմբեր 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company