Ռազմավարական համաձայնագրի մը ստեղծած վլվլուկը
10 Դեկտեմբեր 2025 «Անձ մը դատել կամ քննադատելը ոչինչ կը բացայայտէ անոր մասին․ անիկա պարզապէս կը բացայայտէ դատելու կամ քննադատելու մեր պահանջը»:Ուինսթըն Չըրչիլ (1874 – 1965)
Վերջերս Պրիւքսէլի մէջ ստորագրուեցաւ Եւրոմիութիւն – Հայաստան ռազմավարական գործակցութեան օրակարգին վերաբերող փաստաթուղթը, որ կ՛ընդգրկէ զանազան ոլորտներէ ներս գործակցութեան մանրամասն տեղեկութիւններ։
Յիշատակելի նորութիւն չկայ այս թղթածրարին մէջ, որ կ՛ընդգրկէ բազմաթիւ կրկնութիւններ, լափալիսեան իրականութիւններ, նաեւ փաղաքշական եւ փրոթոքոլային հաստատումներ։
Քիչ մը մանրամասնենք. Եւրոմիութիւնը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի՝ քաղաքական եւ տնտեսական համապարփակ բարեփոխումներուն, ինչպէս նաեւ՝ սպառնալիքներուն ընդդիմանալու Հայաստանի ջանքերուն։ Անշուշտ ո՛չ մէկ խօսք կամ ակնարկութիւն՝ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ դէմ շղթայազերծուած հալածանքին, անոր հասած ծանր հարուածներուն եւ վէրքերուն մասին։ Ընդհակառակը. Եւրոմիութիւնը բաժնեկից է ներկայ իշխանութեան յանձնառութեան՝ մարդու իրաւունքներու, իրաւունքի գերակայութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներուն նկատմամբ։
Այդ քլիշէ յայտարարութեան մէջ, յիշատակութիւն կայ նաեւ 8 Օգոստոսի՝ Ուաշինկթընի սնամէջ, անհիմն եւ անհեթեթ հանդիպումին մասին, թրամփեան իւրայատուկ ոճով, որուն ընթացքին հասութաբեր «Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» կամ կարճ ու կտրուկ «Թրամփի ուղի» (TRIPP) ծրագրին մտայղացումը կատարուեցաւ, առանց մանրամասն յստակացումներու եւ տեղեկութիւններու։ Նման մանրամասնութիւններ բացակայ են Եւրոմիութիւն-Հայաստան ռազմավարական փաստաթուղթին մէջ։
Կը շեշտուի տարածաշրջանէն ներս համաշխարհային դարպաս եւ «խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրները – այսինքն՝ ցնորքները – խթանելու Եւրոմիութեան պատրաստակամութիւնը։
Հայաստան եւ Եւրոմիութիւն վերստին քննարկած են ռազմավարական, տնտեսական, փոխադրական, առեւտրական, կենսոլորտային բնագաւառներու մէջ ներդրումներու յաւելեալ զարգացումն ու ընդլայնումը։
Հետաքրքրականը այն է, թէ Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութեան լոյս ընծայած թղթածրարը Ազգային Ժողովին մէջ մանրամասնօրէն քննարկելէ աւելի՝ Պաքուն է, որ գործի լծուած է եւ ամէն քայլափոխի իր դժգոհութիւնն ու մտահոգութիւնը փոխանցած է։ Հարց է, անշուշտ, թէ ազերիներուն վրդովմունք պատճառելը արդեօք դժգոհ կը ձգէ՞ ՔՊ-ական խմբակը…
Ազերիները դժգոհ են, որ այս փաստաթուղթի, թէ՛ նախաբանին եւ թէ՛ այլ առիթներով, կարգ մը նախադասութիւններուն մէջ բազմիցս կիրարկուած է «Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններէն ետք գաղթական դարձած Ղարաբաղի հայեր» եզրոյթը։ Ըստ Պաքուի, արցախահայերուն «գաղթականներ» նկատելը՝ Ատրպէյճանի հանդէպ յայտնի կողմնակալ մօտեցումի դրսեւորում մըն է, յիշեցում կ’ըլլայ, թէ արցախահայութիւնը մերժած է «Ատրպէյճանի մէջ ապրելու եւ ատրպէյճանցիի քաղաքացի ըլլալու» ծրագիրը, եւ այդ պատճառով «կամաւոր կերպով» նախընտրած է հեռանալ եւ հաստատուիլ Հայաստան․․․
Ըստ Պաքուի, Եւրոմիութիւն-Հայաստան ռազմավարական փաստաթուղթին մէջ, ոչ մէկ խօսք կամ յիշատակում կայ «Թրամփի ուղի»-ին մասին, փոխարէնը՝ բազմիցս յիշատակուած է տարածաշրջանային համախոհութենէ զուրկ, ու հայկական կողմէն պատրաստուած «խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը։ Բան մը, որ ըստ Պաքուի՝ հարցադրումներ կը ստեղծէ «Թրամփի ուղի» ծրագրի իրականացման վերաբերեալ։
Շարքը կը շարունակուի։ Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ գտնուող հայերը, Երեւանի եւ Պրիւքսէլի միջեւ ստորագրուած փաստաթուղթին մէջ, կը կոչուին «գերեվարուած անձեր», եզրոյթ մը, որ իր կարգին դժգոհութիւն կը պատճառէ Պաքուի։
Այլ հետաքրքրական «մանրուք» մը. փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դիտորդական (EUMA: European Union Mission in Armenia) առաքելութիւնը պիտի շարունակուի, բան մը, որ ըստ Պաքուի՝ կը հակասէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ նախաստորագրուած համաձայնագրի այն յօդուածը, ուր կը նշուի, թէ կողմերը պարտաւոր են որեւէ երրորդ ուժի ներկայացուցիչներ չտեղակայել սահմանին երկայնքին։
Այս բողոքը, դժգոհութիւնն ու վլվլուկը կրնայ շատ աւելի լայն տարածք ստանալ եւ նոյնիսկ յաւելեալ ձեռնոց նետել Իլհամ Ալիեւի, որպէսզի անգամ մը եւս բեմահարթակ բարձրանալով՝ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի յանկերգը կրկնէ եւ սուր ճօճէ մեր վերստին «թշուառ ու անտէր (դարձած) հայրենիք»-ին դէմ։
…ՔՊ-ական իշխանութիւնը Ատրպէյճանի հետ բարեկամութեան սին քարոզներով կ’օրօրէ մեր ժողովուրդը, Ալիեւի Ատրպէյճանն ու անոր ետին կանգնող Թուրքիան գրէթէ ամէն օր, ամէն առիթի կը բացայայտեն իրենց թշնամական տրամադրութիւններն ու ծրագիրները: Այս բոլորին դիմաց, մեր ժողովուրդը, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, իրողապէս նստած է լուռ հանդիսատեսի աթոռին, մինչդեռ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ Ո՛Չը սպասելի, անյետաձգելի հրամայական է:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
