ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (մաս 4-րդ)

11 Դեկտեմբեր 2025 ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Մեծ Շփոթը Եւ Մեր Ոգու Պարտքը
(ՀՅԴ 135-Ամեակ)


«Դաշնակցութիւնը հայութեան ուղն ու ոսկորն է: Վրիժառու եւ ստեղծող բազուկը, հայ ժողովուրդի արիական կամքը»

ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ
(ԱԶԴԱԿ, 1-11-2025)


Այո՛, վերոյիշեալ մէջբերումը կը պատկանի, այսպէս ըսած, խնդրայարոյց հայ գրողի մը, որ իր ինքնուրոյն մտածական տարածքով, կեանքի փիլիսոփայութեամբ եւ ապրելակերպով կը տարբերի շա՜տ շատերէ:

Աւելի՛ն. ան եղաւ այն եզակի բանաստեղծը, մտաւորականը, ազգային գործիչն ու դաշնակցականը, որ 1900-ական թուականներէն սկսեալ ունեցաւ ազդու դեր, կշիռ ու նուիրական աշխատանք` ազգային ու կուսակցական կեանքի մէջ, ծառայելով իր ժողովուրդին ու հայրենիքին, այլապէս զանոնք գերադասելով ամէն բանէ վեր:

Ան շնորհիւ իր մտաւորականի կազմաւորումին եւ իմացական կարողութեան` հայ արդի գրականութեան ժառանգեց պատկառելի ու անկորնչելի վաստակ, որով ցարդ կը հպարտանան նորահաս սերունդի զաւակներ:

Եթէ երբեք պահ մը զանց առնենք Աւետիք Իսահակեանի կեանքի ելեւէջները (Խորհրդային Հայաստան հաստատուիլ) եւ կուսակցականի արտասովոր կարգ մը վերաբերումները, հաստատապէս պէտք է արձանագրել, որ ան իր սրտին ու մտքին մէջ կը կրէր դաշնակցականի ուխտն ու արժէքները, փաստը` վերեւի մտածումը, որ ինքնին վկայութիւն մըն է ՀՅ Դաշնակցութեան ազգային գաղափարախօսութեան, հաւատոյ հանգանակին ու անմնացորդ ծառայութեան մասին:

Իր կարգին, դաշնակցական գիր-գրականութիւնը երբեւէ չէ զլացած Աւետիք Իսահակեանի գրական-գեղարուեստական թէ կուսակցականի վաստակը արժեւորել, յիշել ու փոխանցել հետագայ սերունդներու:

Արդարեւ,

Այդքան ալ դիւրին չէ 135-ամեայ կուսակցութեան մը համար սապէս, առանց պահիկ մը վարանելու ներկայանալ սեփական ժողովուրդի նորովի դատողութեան, գնահատանքին թէ քննադատութեան:

ՀՅ Դաշնակցութեան ողջ պատմագրութիւնը արձանագրած է, որ նուիրումն ու ծառայութիւնը իր գաղափարախօսութեան առանցքն է դարձուցած, ազգային ոգին ու մարդկային արժանիքները` հաւատոյ հանգանակ, Արարատին հասնելու հայութեան երազն ու կամքը` անյետաձգելի պարտաւորութիւն, ցեղասպանուած իր ժողովուրդի արդար իրաւունքին վերատիրանալը` ամէնօրեայ աշխատանք, նորահաս սերունդի հայաշունչ դաստիարակութիւնը` հրամայական պահանջ, իսկ նորանկախ հայրենիքի ու հայոց պետականութեան հզօրացումը, զարգացումն ու պաշտպանուածութիւնը ապահովելու ճիգն ու քրտինքը` իր գոյութեան իմաստը եւ մասամբ նորին:

Փաստօրէն, հայրենի հողին վրայ քաջաբար գործած ու իր շարքերէն լաւագոյնները զոհաբերած ՀՅ Դաշնակցութիւնը երբեւէ մտածա՞ծ էր, որ նաեւ դէմ յանդիման պիտի գտնուէր կեանքի նոր փուլերու, երբ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կորուստէն ետք պիտի դառնար տարագիր ու սփռուէր աշխարհով մէկ ու հասնէր մեր օրերը: Հաւանաբար` ոչ: Այդուհանդերձ, նորովի ստեղծուած կացութիւններու դիմաց ՀՅ Դաշնակցութիւնը որոշեց հոգեզինել ու պաշտպանել հայութիւնը` իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, միշտ բարձր պահելով պայքարի դրօշն ու մարտունակ ոգին:

Անտարակոյս, տասնամեակներու թաւալքին զուգապհեռ, մեր կուսակցութիւնը ապրեցաւ այնպիսի փուլեր, որոնք այդքան ալ հեզասահ չընթացան: Դաշնակցութիւնը դիմագրաւեց դառն պայմաններ, պայքարեցաւ գերիվեր ուժերու դէմ, պատնէշներու թէ բազում արգելքներու դէմ յանդիման` չընկրկեցաւ երբեք, հակառակ իր դէմ եղած սուր հալածանքներու թէ թշնամական սպառնալիքներու:

Արդ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը շնորհիւ իր կազմակերպական կառոյցին` սփիւռքի երկնակամարին տակ աշխատեցաւ ոգի ի բռին, որպէսզի նորահաս սերունդի միտքն ու հոգին պայծառ մնան, հայու տեսակն ու դիմագիծը պաշտպանուած ըլլան, հասնելու այն օրուան, երբ Հայաստան վերանկախանայ, ու հայութիւնը համախմբուի հայրենի հողին վրայ, սրբազան Արարատի շուքին տակ:

Ու կը պատահէր անսպասելին` հայոց պետականութեան վերականգնումն ու Արցախի ազատագրումը: Եւ այս ժամանակներուն էր (1990), որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը մուտք գործեց Հայաստան ու Արցախ, վերընձիւղեց իր կազմակերպական կառոյցը ու լծուեցաւ պատուաբեր աշխատանքի` հայոց պետականութեան վերականգնումի եւ արցախեան ազատագրական պայքարին իր մասնակցութիւնը բերելով:

Յայտնապէս հայ ժողովուրդի վերջին երեսուն տարուան պատմութիւնը կը վկայէ իրողութիւն մը անսեթեւեթ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր պատմական ներդրումը ունեցաւ հայութեան եւ հայրենիքին ծառայելու հաւատամքին ընդմէջէն:

Միւս կողմէ, սակայն, հայոց երկնակամարը այդքան ալ խաղաղ կեանքի մը չարժանացաւ, որովհետեւ աշխարհաքաղաքական նկրտումները, ներքին անսովոր ու պառակտիչ վիճակները տակաւ տկարացուցին, անդամալուծեցին թէ՛ պետական եւ թէ՛ հաւաքական աշխատանքները` պատճառ դառնալով ահաւոր կորուստներու:

Փաստ է, որ հայ ժողովուրդին դէմ ուժգին հարուած մըն էր Արցախ աշխարհի գրաւումը: Հարուած մը, որ իր տարողութեամբ եւ ազդուութեամբ ջլատեց հայ կեանքը, տկարացուց հայոց պետականութիւնը եւ քանդեց ազգային կամքը, երազը` օր մը անպայման հասնելու Արարատին եւ կորուսեալ Արեւմտահայաստանին:

Ու նման արհաւիրքէ ետք երեւան եկան` հնաբոյր չքմեղանքը, յանցագործներ փնտռելու ամուլ պայքարը, մեղադրանքներու տարափը, պատահածին պատասխանատուներ գտնելու մարմաջը, ատելութիւն եւ անհանդուրժողութիւն սերմանելու ժամանակը, պարզ այն մօտեցումով, որ պէտք էր անպայման յանցանքը բարդել նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան գլխուն:

Ուրկէ նաեւ կը ստեղծուէր մեծ շփոթը: Այլապէս բարոյալքելու դաշնակցական շարքերն ու ազգային արժէքներու ջատագով հայութեան մէկ մասնիկը: Կարծես` պահ մը մոռացութեան կը տրուէր, անշուշտ` դիտաւորեալ, Արցախի կորուստն ու աննման հերոսներու նահատակութիւնը, եւ առանց խպնանքի` կը հրահրուէին աղաւաղուած եւ տմարդի բարբաջանքներ` պարզապէս տիղմի մէջ թաղելու ազգային արժէքները:

Այո՛, ՀՅ Դաշնակցութեան հակառակորդները ամէն փորձ կատարեցին ու ցարդ կը շարունակեն` խծբծել, անարգել եւ նսեմացնել ազգային մեր կուսակցութիւնը, որ 135 տարիէ տէր է իր գաղափարախօսութեան, պատմութեան եւ հաւատամքին:

Արդ, հոսկէ կը ծագի անոնց մեծ շփոթը, թէ ինչո՛ւ չեն յաջողիր հոգելլկել կամ շարքայիններէն ի սպառ ջնջել ազգային ըմբռնումներն ու արժէքները:

Փաստօրէն, անոնք` թշնամի ուժեր թէ հակառակորդ անձինք, առանց խորապէս ճանչնալու այս հզօր կուսակցութեան գաղափարական տաճարին հաւատոյ հանգանակը, որ ծնունդ առած է շնորհիւ անկրկնելի ռահվիրաներու, հրաբորբ հայդուկներու եւ անթիւ նահատակներու, երկար ատենէ ի վեր կը փորձեն հասնիլ իրենց սեւ նպատակին, սակայն` ի զուր:

Հոսկէ երեւան կու գայ նաեւ մեր ոգու պարտքը, որ շաղախն իսկ է անդուլ եւ անմնացորդ նուիրուածութեան` յանուն ազգի ու հայրենիքի:

Ոգու պարտք, որ խարսխուած է ՀՅ Դաշնակցութեան առաջին սերունդի խոր ապրումներուն եւ քրտնաթոր աշխատանքին մէջ: Առաջին սերունդ, որ շնորհիւ իր բարձր գիտակցութեան, գաղափարայնութեան եւ կենդանի գործին` յաջողեցաւ շրջել հայութեան վիճակուած դառն իրականութիւնը, սեւ ճակատագիրը, եւ նորովի շունչ տալ ազգային արժանապատուութեան եւ հայեցի ըմբռնումներու:

Իրօք, ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնն էր, որ կրցաւ կերտել` նոր հայը, յեղափոխական տիպարը, մարտունակ ֆետային ու քաղաքական գործիչը:

Այլ խօսքով, ՀՅ Դաշնակցութիւնը շնորհիւ իր կազմակերպական կուռ կեանքին ու բարոյական չափանիշներուն` կրցաւ ստեղծել արդի ժամանակներու հաւաքական հայութիւնը, որ թօթափեց դարաւոր ստրկամտութիւնը, պայքարեցաւ թուրքին դէմ եւ պայծառ առաւօտ մը կերտեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը:

Ու եղաւ ժամանակ մը, երբ ազգ մը ամբողջ քալեց ՀՅ Դաշնակցութեան բացած ուղիէն, թեւ ու թիկունք եղաւ անոր ազգանուէր գործունէութեան, ամենադժուար եւ բարդ տարիներուն անգամ չզլացաւ իր օժանդակութիւնը բերել, որովհետեւ տեսած ու շօշափած էր դաշնակցական տիպարի ներդրումը` յանուն հայրենիքի ու հայութեան հզօրացման, բարգաւաճման եւ բարօրութեան:

Իսկ ամենանուիրական աքթը կատարուեցաւ բուռ մը վրիժառու տղոց ձեռամբ, որոնք նետուեցան պայքարի դաշտ եւ ցոյց տուին արութեան իրենց տեսակն ու առանձնայատկութիւնը, երբ ամբողջ աշխարհին դիմաց զգետնեցին թուրք դահիճներ եւ մարդակեր գազաններ:

Յաճախ ըսած ենք ու դարձեալ կը կրկնենք, որ մենք ենք տէրը մեր պատմութեան եւ ամչնալու ոչ մէկ պատճառ ունինք` հակառակ բազում հարցադրումներու:

Փաստօրէն, ՀՅԴ 135-ամեայ պատմութիւնը, գիր-գրականութիւնը, մշակոյթն ու փորձառութիւնը, զոր ժառանգեցին հետագայ սերունդներ, արձանագրուեցաւ շնորհիւ դաշնակցական տեսաբաններու, պատմաբաններու, բանաստեղծներու, գրողներու եւ հրապարակագիրներու:

Ի դէպ, այդ սերունդը յանդգնութիւնն ու քաջութիւնը ունեցաւ նաեւ լոյսին բերելու` դաշնակցական կեանքի բացթողումները, թերութիւնները, խաղքութիւնները, սխալ գործելակերպերու պատճառով կազմակերպական կեանքի թուլութիւններն ու անտեղի սայթաքումները:

Ճիշդ է, որ ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւնը ունեցաւ ելեւէջներ, գտնուեցաւ ահաւոր կացութիւններու դէմ յանդիման, փորձեց ու կը շարունակէ պաշտպանել իր սեփական նկարագիրն ու ազգային դիմագիծը, այդուհանդերձ, կեանքի նորովի ըմբռնումներն ու երեւոյթները առանձնապէս կը պարտադրեն մեզ` հաւաքաբար, որ ինքնարժեւորման եւ վերանորոգման շուտափոյթ աշխատանքի լծուինք` պարզապէս բարեկարգումի ճանապարհին մէջ գտնուելու եւ հնաբոյր կարգ մը գործելակերպերը թօթափելու:

Այո՛, դաշնակցականի ոգու պարտք է ռազմավարական ու մարտավարական գործընթացներուն յաւելեալ փայլք ու հնչեղութիւն ներարկելու, կազմակերպական կեանքի վերաթարմացումը հրամայական պահանջէ մը աւելին դասելու, իսկ դաշնակցական արժէքներու վերաջրդեղումը` աւելի քան անհրաժեշտ համարելու, յանուն նորահաս սերունդի առողջ դաստիարակութեան:

Այսօր անխուսափելին այն է, որ դաշնակցական միտքն ու գործը պէտք է համահունչ ըլլան 21-րդ դարու պահանջներուն:

Յատկապէս ընդգծելին դաստիարակչական ձեւի, ոճի ու մօտեցումի, այսպէս ըսած, բարեփոխութիւնն է, բարեկարգումը:

Այլապէս ալ պատուաբեր գործելակերպերու որդեգրումով եւ դէմքերու փոփոխութեամբ, ճամբայ բացած պիտի ըլլանք նորահաս սերունդի ընկալումներուն եւ դերակատարութեան:

Յիրաւի, դաշնակցականի ոգու պարտք է երբեւէ չվախնալ քննադատութենէ եւ շինիչ քննարկումներէ` ապահովելու համար կազմակերպական կեանքի յարատեւ եւ առողջ ընթացքը:

Ինչպէս այլոց, նաեւ մեր դռները կը թակէ արդի օրերու արհեստավարժութիւնը, որ անսահման իր գիտական նուաճումներով, եթէ երբեք կարենանք օգտագործել զայն, պիտի կարենայ մեր կուսակցութեան յառաջդիմութիւնը ապահովել եւ պայքարի նորովի դաշտեր ամրագրել:

Հաստատ համոզուած ենք, որ մեզ ներշնչողն ու մղում տուողը 135-ամեայ մեր կուսակցութեան փառաւոր պատմութիւնն է, հին թէ նոր դաշնակցական ընկերներու ծառայութիւնը, հերոսներու եւ նահատակներու կտակը:

Ըսուած է եւ արեամբ հաստատագրուած, որ ՀՅ Դաշնակցութեան ուժը իր յանձնառու եւ գաղափարապաշտ ընկերներու մէջ կը կայանայ, իսկ հեղինակութիւնն ու հմայքը առաւել կը բոցավառի խոհական կեցուածքի եւ վարքագիծի ընդմէջէն:

Պահանջուածն ու անյետաձգելին մէկ է` դաշնակցական արժեհամակարգի եւ մշակոյթի վերաջրդեղումն ու վերապատուաստումը:

7-12-2025

Դաշնակցութեան Պատմութիւնը
Լիբանանի Մէջ
Լիբանանահայութիւնը` Համաշխարհային
Բ. Պատերազմի Եւ Անկախութեան Միջեւ

1943-ի վերջաւորութեան Լիբանանի անկախութեան համար պայքարը թափ կը ստանայ: Նոյեմբերի սկզբնաւորութեան ժողովրդային շարժումները իրենց գագաթնակէտին հասած էին: Այդ շարժումները կը ստիպեն ֆրանսական հոգատարութեան իշխանութիւնները, որ ձերբակալեն երկրի բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը` նախագահ Պշարա Խուրին, վարչապետ Ռիատ Սոլհը, նախարարներ եւ երեսփոխաններ: Այս քայլը աւելի մեծ թափ հաղորդեց անկախութեան համար պայքարին: Ի վերջոյ, 22 նոյեմբեր 1943-ին, ժողովրդային ճնշումին ներքեւ ֆրանսական իշխանութիւնները ազատ արձակեցին Ռաշայայի բերդին մէջ բանտարկուած լիբանանցի ղեկավարները, եւ այդ թուականը դարձաւ Լիբանանի անկախութեան օր` ֆրանսական հոգատարութեան լուծէն:

Անկախութեան պայքարի եւ շարժումներու առաջին իսկ օրէն ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցը դրական դիրքորոշում որդեգրեց անկախութեան գաղափարին նկատմամբ: Լիբանանահայութիւնը, որ այս երկրի հիւսուածքի անքակտելի մասը դարձած էր այլեւս, ամբողջապէս զօրակցեցաւ եւ սատար կանգնեցաւ անկախութեան պայքարին: Այս մասին անկախութենէն երեք օր ետք` 25 նոյեմբեր 1943-ին, «Ազդակ» օրաթերթի առաջին էջով լոյս տեսած «Հայերու դիրքը կը գնահատուի» խորագիրով գրութեան մէջ կը կարդանք. «Լիբանանի արաբական բոլոր շրջանակներն ալ գնահատանքով կ՛արտայայտուին հայերու բռնած դիրքին մասին` լիբանանեան վերջին տագնապի օրերուն: Իբրեւ գիտակից քաղաքացիներ եւ անկախութեան արժէքը խորապէս գնահատողներ` հայերը վայրկեանին պահանջած լրջութեամբ հետեւեցան դէպքերուն, վստահ ըլլալով, որ Ֆրանսան պիտի իրականացնէ իր խոստումը, եւ Լիբանանը պիտի տիրանայ իր նուիրական երազին: Զանազան դիտումնաւոր զրոյցներ չկրցան որեւէ ձեւով խաթարել հայեւարաբ եղբայրութիւնը: Եւ այսօր, երբ անցած է դժուարին պահը, հայեւարաբ քառորդ դարու եղբայրութիւնը աւելի քան ամրապնդուած դուրս կու գայ փորձութենէն: Ինչպէս անցեալ տարիներուն, ասկէ վերջ, անկախութեան շրջանին հայերը իրենց ամբողջ կարողութեամբ եւ բոլոր ընդունակութիւններով պիտի սատարեն Լիբանանի վերելքին եւ բարգաւաճումին»:

Ըստ Սիսակ Վարժապետեանի «Հայերը Լիբանանի մէջ» աշխատութեան, Համաշխարհային Բ. պատերազմը (1939-1945) մեծ ցնցումներ չպատճառեց լիբանանահայ գաղութի կեանքին մէջ, եւ եթէ նկատի չառնենք վիշիական եւ տըկոլեան ֆրանսական գունդերուն մէջ` լիպիական, իտալական կամ ֆրանսական ռազմաճակատներուն վրայ մարտնչող եւ սպաննուած կամ գերի ինկած փոքրաթիւ լիբանանահայ կամաւորները, կրնանք ըսել, թէ լիբանանահայ գաղութը մարդկային ծանր կորուստներու չենթարկուեցաւ, թէեւ վիշիական վարչաձեւին տակ, զօր. Տենձի ժամանակ, սննդական զրկանքներ կրեց եւ ռմբակոծութիւններու սարսափին ու անոր յաջորդող գործազրկութեան դառնութիւնները ճաշակեց բոլորին հետ հաւասարապէս:

Հակառակ անոր որ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւններուն նախաձեռնած ներգաղթը բաւական մեծ հարցականներու դուռ բացաւ, յաճախ ներգաղթողներուն պարտադրուեցաւ նախքան Հայաստան մեկնիլը հրապարակաւ հրաժարիլ իրենց գաղափարական համոզումներէն, իսկ Հայաստան մեկնելէ ետք ալ ոմանք հալածանքի ենթարկուեցան, սակայն ՀՅ Դաշնակցութիւնը չէր կրնար դէմ կանգնիլ ներգաղթի գաղափարին, որովհետեւ անիկա կուսակցութեան սկզբունքային դիրքորոշումներէն մէկն էր` հայ ազգը համախմբել իր հայրենի հողին վրայ: Եւ իրօք, լիբանանահայութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ողջունեց 1946-ի հայրենադարձութիւնը եւ աշխուժ կերպով մասնակցեցաւ անոր: Սիսակ Վարժապետեան իր «Հայերը Լիբանանի մէջ» աշխատութեան մէջ կը գրէ, որ տարբեր տուեալներով 1946-ին եւ 1947-ին Սուրիայէն եւ Լիբանանէն Խորհրդային Հայաստան ներգաղթած է 31.000-31.500 հոգի:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան
Գործունէութեան Պայքարի
Երկրորդ` Կովկասեան Ճակատը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գործունէութեան ոլորտը մինչեւ 1903 սահմանափակուած էր միայն Արեւմտեան Հայաստանով:

Դաշնակցութիւնը 1903-ին իր գործունէութեան մէջ բացաւ պայքարի երկրորդ` Կովկասեան ճակատը:

Կովկասեան ճակատի բացումը պայմանաւորուած էր Հայկական հարցի եւ հայութեան նկատմամբ ցարական Ռուսիոյ դրսեւորած քաղաքականութեամբ:

Նիկոլայ Բ. կայսեր կողմէ հաստատուած Հայոց եկեղեցական կալուածներու եւ ունեցուածքի բռնագրաւման մասին 12 յունիս 1903-ի օրէնքի հրապարակումէն ետք Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը որդեգրեց ցարական Ռուսիոյ դէմ պայքարի ռազմավարութիւն եւ յեղափոխութեան դրօշ պարզեց հզօր կայսրութեան դէմ:

Դաշնակցութիւնը, իբրեւ համազգային շահերով առաջնորդուող կուսակցութիւն, բնականաբար հանդէս պիտի գար ի պաշտպանութիւն Հայ եկեղեցւոյ իրաւունքներու եւ ունեցուածքի:

Հայ ժողովուրդը ոտքի կանգնեցաւ պաշտպանելու իր իրաւունքները, իսկ Դաշնակցութիւնը գլխաւորեց ժողովրդային շարժումը:

Երեւանի, Էջմիածնի, Ալեքսանդրապոլի եւ Կովկասի հայաբնակ տարբեր վայրերու մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան. ամէնուրեք տարածուեցան կառավարութեան կամքին չհնազանդելու, աշխուժ պայքար մղելու կոչեր: Ելիզաւետպոլի, Թիֆլիսի, Շուշիի, Ղամարլուի եւ Կարսի մէջ զինուած ընդհարումներ տեղի ունեցան ժողովուրդին եւ ոստիկանութեան ու զօրքերուն միջեւ:

Հայոց եկեղեցական կալուածները գրաւելու ձախող փորձէն ետք ռուսական իշխանութիւնները դիմեցին նենգ միջոցներու, ընկճելու համար հայութիւնը: Անոնք զինեցին թաթարները եւ զանոնք գրգռեցին հայերու դէմ:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ամէնուրեք ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպեց:

Արիւնալի բախումները սկսան 1905 փետրուարին, Պաքուի մէջ: Այնուհետեւ ընդհարումները տարածուեցան դէպի Նախիջեւան, Երեւան, Զանգեզուր, Շուշի, Ղազախ, Թիֆլիս եւ Ելիզաւետպոլ:

Դաշնակցական արեւմտահայ խմբապետներ եւ ֆետայիներ ամէնուրեք հերոսաբար կռուեցան իրենց արեւելահայ զինակիցներու կողքին:

Ժողովուրդի ինքնապաշտպանութիւնը ղեկավարեցին Նիկոլ Դուման, Սեբաստացի Մուրատ, Դաշնակցական Խէչօ, Դրօ, Սարբազ Խէչօ, Առիւծ Աւագ, Սէյտօ Պօղոս, Կորիւն, Կայծակ Առաքել, Կիւմիւշխանեցի Աւօ, Կոտոյի Հաճի, Խանասորայ Վարդան, Մածուն Խէչօ, Համազասպ, Սեւքարեցի Սաքօ, Արմէն Գարօ, Ռոստոմ, Մարտիրոս Վարժապետ, Սմբատ եւ Քեռի:

Դաշնակցութիւնը յաջողեցաւ զսպել թաթարներու գազանութիւնները եւ ոչնչացուց Արարատեան դաշտին, Զանգեզուրի եւ Արցախի կարգ մը շրջաններու մէջ դարերէ ի վեր հաստատուած թաթարական որջերը:

(Շար. 4)

Մաս առաջին, Մաս երկրորդ, Մաս երրորդ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Թորոնթոյի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ ՀՅ Դ

Ուրբաթ, 27 փետրուար 2026-ին, Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային»-

02 Մարտ 2026
Օրուան հետքերով-­ Յի­շե­լով ­Սում­կա­յ

Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ ­Խո­ջա­լո­ւի յու­շար­ձա­նի բա­ց

02 Մարտ 2026
Մենք կվերադառնանք մեր ակունքներին, հա

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանի ելույթը Տորոնտոյում փետրվարի 27-ի

01 Մարտ 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հ.Յ.Դ. Ար

Շաբաթ, 28 Փետրուար 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ

01 Մարտ 2026
Համազգային դիմադրությունը պետք է արթնա

1988-ին Արցախի ժողովրդի օրինական պահանջին՝ Ադրբեջանի պատասխանը եղավ բռնություն

28 Փետրվար 2026
Արցախի Հանրապետության Ազգային Ժողովի խ

Ադրբեջանի կողմից կազմակերպված ջարդերի զոհերի հիշատակի և բռնագաղթված հայ բնակչո

28 Փետրվար 2026
Հայ Դատը հայց է ներկայացրել Կալիֆոռնիա

ԱՄՆ Medicare և Medicaid ծառայությունների կենտրոնների (CMS) վարչարար Մեհմեթ Օզը

28 Փետրվար 2026
Առաջին նախագահի հետ այդ հարցում համամի

Առաջին նախագահի հետ այդ հարցում համամիտ ենք. սա իրոք ազգի փրկության խնդիր է և

28 Փետրվար 2026
Հայ դատի Մեծ Բրիտանիայի հանձնախումբը զ

Օրեր առաջ Մեծ Բրիտանիայի խորհրդարանում ձևավորված՝ Արցախի հարցով խորհրդարանական

27 Փետրվար 2026
Ամփոփուեցաւ «Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի

18 Փետրուար 2026ին, Երեւանի մէջ, կայացաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեա

27 Փետրվար 2026
Հայ դատի Ամերիկայի հանձնախումբը հանդես

Հայ դատի Ամերիկայի հանձնախումբը վերահաստատում է հայ-ամերիկյան համայնքի երկարամ

27 Փետրվար 2026
Ազատության համար պայքարի ձայնը երբեք չ

Վերջին տարիներին Հայաստանում նկատվում է ազգային արժեքների, եկեղեցու և հայրենաս

27 Փետրվար 2026
Խմբագրական. Չփակելո՛ւ Համար Արցախի Էջը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ երէկ նշուեցաւ Արցախի ազատամար

27 Փետրվար 2026
Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի ազատա

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, հինգշաբթի, 26 փետրուար 2026

27 Փետրվար 2026
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութենէն 6 ն

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երէկ` հինգշաբթի, 26 փետրուար

27 Փետրվար 2026
Փլուզուող աշխարհակարգը եւ մեր դիմադրող

Մարկ Քարնի Տաւոսի մէջ տեղի ունեցած Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի (Worl

27 Փետրվար 2026
«Խաղաղութեան» Խեղւած «Բրենդը»…

ՀՅԴ վաստակաշատ գործիչ, Բիւրոյի երկարամեայ ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանը ժաման

26 Փետրվար 2026
Նայեք ձեր թողած հետագծին և հետո համարձ

Ինձ միշտ զարմացրել է չիմացած բաներից ինքնավստահ և էժան խոսող մարդկանց համարձակ

26 Փետրվար 2026
Հանդիսավոր միջոցառում նվիրված Ռոպեր

Փետրվարի 25-ին Երևանի Խաչատուր Աբովյանի անվան հայկական պետական մանկավարժական հ

26 Փետրվար 2026
Հայ դատի աշխատանքների հիմնական խոչընդո

ՀՅ Դաշնակցության ղեկավար մարմինների ընդլայնված խորհրդաժողովի շրջանակներում Հայ

26 Փետրվար 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company