Խմբագրական. Անկախակերտ Էութիւն
12 Դեկտեմբեր 2025
(Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակին առիթով)
Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան հետ կը զուգակցուի Դաշնակցութեան անկախութեան առաջադրանքը: Հանրապետութեան հիմնադրում եւ անկախութեան հռչակում երկու անքակտելի առաջադրանքային ուղղութիւններ են, որոնք շարունակած են առանցքայնօրէն յատկանշել այս կուսակցութիւնը:
Անհիմն են բոլոր այն ամբաստանութիւնները, որոնք կ՛ուզեն այսօր Դաշնակցութիւնը տեսնել հակաանկախական ուժերուն շարքին` զայն ներկայացնելով իբրեւ 1991-ի անկախութեան դէմ դիրքորոշուած ուժ եւ մանաւանդ այս օրերուն գերիշխանութիւնը զիջելու պատրաստ կազմակերպութիւն:
Այս մեղադրանքները շրջանառութեան մէջ դնողները ոչ միայն ՀՅԴ Ծրագիրի հիմնադրոյթներուն անհաղորդ են, այլ նաեւ պատմութիւնը թիւրընթերցողներու շարքին կը պատկանին: Անկախ Հայաստան ստեղծած կուսակցութիւնը այսօր կը մեղադրուի հակաանկախականութեամբ:
Նպատակը այս յերիւրանքներուն զուտ ընտրական են: Շրջաբերականէ առնուած եւ ընդհանուր բնագիրէն կտրուած հատուածներու իւրովի եւ քաղաքական մեկնաբանութիւններով կը փորձուի հանրային կարծիք ձեւաւորել եւ արուեստական երկուութիւններ ստեղծել անկախականներու եւ հակաանկախականներու, գերիշխանութեան պահապաններու եւ ռուսական գաղութի վերածել ձգտողներու, եւ նման կեղծ հակադրութիւններով ընտրարշաւներ կազմակերպելու:
1988-ի արցախեան եւ ապա անկախական շարժումի գաղափարական հենքը տասնամեակներ տեւող ժամանակաշրջանի վրայ կառուցուեցաւ Դաշնակցութեան դաւանած գաղափարախօսութեան հիման վրայ:
Դաշնակցական մամուլի գաղտնի ընթերցումները, գաղափարական գրականութեան ընդյատակեայ տարածումը խորհրդային օրերուն նախապատրաստեցին հետագայ անկախական շարժումը: Օրին եւս, զգուշացման եւ արկածախնդրութեան յորձանուտներուն մէջ չներքաշուելու կոչերը թարգմանուեցան իբրեւ հակաանկախականութիւն:
Նման վարկածներ առաջ քշողները կամովին անտեսեցին այն փաստը, որ արցախեան շարժումի ակունքներուն կանգնած Դաշնակցութիւնը Արցախի ազատագրումը նպատակ դարձնելով ըստ էութեան ոչ միայն կ՛ազատագրէր ու կ՛անկախացնէր Արցախը, այլ նաեւ այդպիսով անվտանգային հիմնական երաշխիք կը ստեղծէր անկախանալիք Հայաստանի Հանրապետութեան:
Մայիսեան հերոսամարտերը կերտեցին առաջին անկախ հանրապետութիւնը: Արցախեան ազատամարտերը կերտեցին Արցախի եւ Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնները: Հայաստանի վերանկախացումը:
Այս գոյամարտերուն առանցքային դեր ստանձնած էր Դաշնակցութիւնը: Այս կերպ հիմնադիր դառնալով մեր ժամանակակից բոլոր անկախութիւններու կերտումին:
Զուր են այն բոլոր փորձերը ուրեմն, Դաշնակցութիւնը ներկայացնելու իբրեւ անկախութեան հակադրուած ուժ: Պատմութիւնը իր վճիռը տուած է վաղուց եւ Դաշնակցութեան տուած անկախակերտ հանգամանք:
Դաշնակցութիւնը իբրեւ անկախակերտ ուժ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը անկախութեան պահպանման ուղղութեամբ: Անշեղօրէն եւ հաւատարիմ` իր Ծրագիրին, իր էութեան եւ իր գաղափարախօսութեան:
Ազդակ
