ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Պատմություն, իրադարձություններ, գործիչներ
  • Հոդվածներ

135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (մաս 5-րդ եւ վերջ)

12 Դեկտեմբեր 2025

Դաշնակցութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ


Յետանկախութեան Ժամանակաշրջան`
Գաղափարական Պայքարի Տարիներ


Լիբանանի անկախութեան յաջորդող տասնամեակները ներգաղութային մակարդակի վրայ հանդիսացան գաղափարական պայքարի տարիներ` մէկ կողմէ` ՀՅ Դաշնակցութեան, իսկ միւս կողմէ` խորհրդային իշխանութիւններուն զօրակից հայ քաղաքական ուժերու միջեւ: Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանն էր, որ իր խոր եւ ժխտական ազդեցութիւնը ձգեց լիբանանահայ գաղութին վրայ` պառակտելով զայն: Պառակտումի եւ երկփեղկումի այս վիճակը իր գագաթնակէտին հասաւ 1958-ին: Ներհայկական դժբախտ դէպքերը, որոնք այդ թուականին տեղի ունեցան, զուգադիպեցան նոյն Պաղ պատերազմին պատճառով օրուան նախագահ Քամիլ Շամունի իշխանութեան դէմ ծաւալած յեղափոխութեան: Ներգաղութային երկփեղկումի զանազան երեսներէն մէկն էր նաեւ եկեղեցական տագնապը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր բոլոր կարելիութիւններն ու ամբողջ կշիռը ի սպաս դրաւ` պաշտպանելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անկախութիւնը` խորհրդային իշխանութիւններու եւ գաղտնի սպասարկութիւններու միջամտութիւններէն:



Թէեւ երկփեղկումի այս մթնոլորտը իր բացասական ազդեցութիւնը ձգեց լիբանանահայութեան վրայ, սակայն տարիներու ընթացքին գաղափարական նախկին պայքարին թափը մեղմացաւ, եւ ընդհակառակն, հայ ազգային կուսակցութիւններուն միջեւ համագործակցութեան բացառիկ դրուագներ արձանագրուեցան: Այս բացառիկ դրուագներէն մէկն է Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակի նշումը, երբ աւելի քան 85.000 հայորդիներ համախմբուեցան Պէյրութի Մարզական աւանին մէջ` հայ հոգեւոր երեք պետերուն եւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն գլխաւորութեամբ ոգեկոչելու մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը:

Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակը անկիւնադարձ մըն էր, որովհետեւ Երեւանէն սկսեալ մինչեւ Պէյրութ եւ մինչեւ սփիւռքի բոլոր ծագերը այդ թուականէն սկսեալ ապրիլ 24-ը դադրեցաւ լոկ սգատօն ըլլալէ: 50-ամեակը անկիւնադարձ էր այն իմաստով, որ այդ թուականէն սկսեալ հայ քաղաքական միտքին մէջ խարսխուեցաւ հայկական պահանջատիրութեան անժամանցելիութեան գաղափարը:

Արաբական երկիրներուն մէջ այդ թուականներուն տիրած քաղաքական անկայունութեան եւ տագնապներուն պատճառով Լիբանանը հետզհետէ դարձաւ դաշնակցական մտաւորականութեան միախմբման վայրը:

Պէյրութը վերածուեցաւ ՀՅԴ-ի բիւրոյանիստ քաղաքին: Այդ հիման վրայ ալ 1969-ին, երկար դադարէ ետք, Պէյրութի մէջ վերսկսաւ հրատարակուիլ ՀՅԴ-ի կեդրոնական պաշտօնաթերթը` «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ» անուանումով, վարիչ խմբագիր ունենալով տոքթ. Բաբգէն Փափազեանը, իսկ խմբագիր` Սարգիս Զէյթլեանը: Անկէ առաջ, 1962 թուականին, սկսաւ հրատարակուիլ «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի հանդէսը, որ իր շուրջ համախմբեց սփիւռքահայ եւ հայրենի մտաւորական ընտրանին: Դաշնակցութեան կեդրոնական պաշտօնաթերթին կից ստեղծուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը, որ բացառիկ դերակատարութիւն ունեցաւ թէ՛ ՀՅԴ պաշտօնաթերթին ու մամուլին գաղափարաբանական ու քաղաքական բնոյթի նիւթ մատակարարելու եւ թէ՛ մտաւորական մարդուժ պատրաստելու իմաստով: ՀՅԴ Մամլոյ դիւանին շուրջ հաւաքուած տարրերը գլխաւորաբար Դաշնակցութեան Լիբանանի շրջանէն մտաւորական հակումներ ունեցող ընկերներ էին: 1974-ին Լիբանանի մէջ հիմնուեցաւ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը, որ մինչեւ իր փակումը 2005 թուականին` պատրաստեց մասնագիտական մարդուժ հայ գրականութեան եւ Հայոց պատմութեան մարզերուն մէջ:

Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկէն շրջանաւարտներուն թիւը հասաւ շուրջ 150-ի: Հետագային ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի, Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի եւ ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի կուսակցական դպրոցի պատրաստած մարդուժը համագաղութային առումով մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ, սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ այդ մարդուժի ներկայացուցիչները ստանձնեցին ուսուցչական, խմբագրական, հասարակական եւ կուսակցական-կազմակերպական պատասխանատուութիւններ: 1970-ական թուականներէն սկսեալ ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ կուսակցութեան ուղեկից կազմակերպութիւնները` ՀՄԸՄ-ը, ՀՕՄ-ը եւ Համազգայինը սկսան օժտուիլ համագաղութային կառոյցով: Այս կազմակերպութիւններուն համագաղութային կառոյցներու վերածուիլը մեծապէս նպաստեց սփիւռքի տարածքին անոնց գործունէութեան մեծ թափ հաղորդելու, ինչպէս նաեւ` անոնց միջոցով ՀՅ Դաշնակցութեան վարկը բարձրացնելու: Ուղեկից կազմակերպութիւններու համագաղութային կառոյցներու վերածման աշխատանքին մէջ անուրանալի է ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի դերակատարութիւնը, որովհետեւ այդ կառոյցներու կեդրոնական վարչութիւններու անդամներուն զգալի մէկ բաժինը լիբանանահայեր էին, գոնէ` ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի պարագային, անոնց կեդրոնատեղիները կը գտնուէին եւ տակաւին կը գտնուին Լիբանանի մէջ:

Ներհայկական միասնականութեան եւ համագործակցութեան բացառիկ դրսեւորումներէն մէկը 1970-ին թրքական կառավարութեան կողմէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Ազդակ»-ի եւ ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ «Զարթօնք»-ի դէմ բացուած դատն էր, որ ցնցեց ամբողջ լիբանանահայ գաղութը եւ ժողովրդային զօրաշարժ ստեղծեց` ի պաշտպանութիւն երկու թերթերուն: Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ երկու թերթերուն դէմ բացուած դատին պատճառն էր 24 ապրիլ 1970-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 55-ամեակին առիթով հակաթուրք յօդուածներ հրատարակելը եւ «Լիբանանի բարեկամ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը անարգելը»:



Դատավարութեան օրը` 20 մայիս 1970-ին, բազմահազար լիբանանահայեր հաւաքուեցան դատարանին առջեւ եւ խաղաղ ցոյց մը ըրին: Դատավարութիւնը վերածուեցաւ հայկական պահանջատիրութիւնը Լիբանանի մէջ յառաջ մղելու բացառիկ առիթի, եւ տեղական հասարակական կարծիք ձեւաւորուեցաւ` ի նպաստ Հայ դատին: Այս առիթով «Ազդակ» 20 մայիս 1970-ին կը գրէ. «Արդարութիւնը այսօր պիտի ըսէ իր խօսքը: «Ազդակ» եւ «Զարթօնք» այսօր պիտի ներկայանան Մամլոյ վերաքննիչ ատեանին` պատասխանելու համար իրենց դէմ եղած թրքական ամբաստանութեան: Այս առտու Արդարութեան պալատին մէջ մեզի հետ պիտի ըլլայ ամբողջ հայ ժողովուրդը: Մեզի հետ պիտի ըլլան ո՛չ միայն Լիբանանի մեր հայրենակիցները, այլ նաեւ` բովանդակ գաղթաշխարհի հայութիւնը, որովհետեւ հայ մամուլին ընդմէջէն մեր ժողովուրդին ձայնը լռեցնելու այս դաւը ուղղուած է բոլորին, մեր բոլոր արտայայտութիւններուն եւ պահանջատէրի մեր իրաւունքներուն դէմ:

Ընդվզումը խոր է ժողովրդային բոլոր շրջանակներու եւ խաւերու մէջ: Երէկուան եւ այսօրուան մեր թիւերով տրուած նամակները, որոնց տակ ստորագրած է մեր ժողովուրդի ապագայի յոյսը հանդիսացող երիտասարդութիւնը, ինքնին պերճախօս արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ այն կորովի եւ գիտակից կեցուածքին, որ մեր ժողովուրդը ունեցաւ այս կարեւոր խնդիրին առիթով»: Երկու օր ետք «Ազդակ» կը հաղորդէ, որ լիբանանեան բոլոր թերթերն ալ լայն կերպով արձագանգ հանդիսացան «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի դատավարութեան եւ 20.000 հոգիով այն հսկայ ցոյցին, որ տեղի ունեցաւ Արդարութեան պալատին առջեւ` ընդգծելով, որ պալատը նման բազմութիւն չէր տեսած մինչ այդ: Թէ՛ արաբատառ եւ թէ՛ ֆրանսատառ թերթերը ընդարձակ հատուածներ հրատարակած էին պաշտպան փաստաբան Մոհսեն Սլիմի պաշտպանողականէն` առաւելաբար ծանրանալով Ցեղասպանութեան եւ թրքական ջարդերու մասին անոր կատարած յայտարարութիւններուն վրայ: «Ազդակ» եւ «Զարթօնք» անպարտ յայտարարուեցան դատի աւարտին: Ասիկա լիբանանեան մամուլի պատմութեան մէջ մեծագոյն յաղթական դատերէն մէկն էր:

1972-ին Վիեննայի մէջ գումարուած ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր ժողովը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ` իր որդեգրած «Վերադարձ յեղափոխական աւանդներուն» կարգախօսով: Աշխարհի տարածքին ամէնուրեք թափ առած էին ազգային-ազատագրական պայքարներն ու յեղափոխական շարժումները, իսկ Միջին Արեւելքի մէջ պաղեստինեան դատը իր վրայ սեւեռած էր հասարակական կարծիքի ուշադրութիւնը: Այդ ժամանակաշրջանէն սկսեալ հայ քաղաքական մտածողութեան մէջ սկսան ներմուծուիլ յեղափոխականացման եւ քաղաքականացման կարգախօսները: Այլեւս դասական գործելակերպերը չէին հետաքրքրեր հայ յանձնառու երիտասարդութիւնը, որ նորարարութիւն կը փնտռէր Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ: Եւ նորարարութիւն ըսելով` այդ երիտասարդութիւնը կը հասկնար ուժական եւ ցուցական պայքարի ձեւերը: Թերեւս այդ ներքին պոռթկումին առաջին արտայայտութիւններէն մէկը հանդիսացաւ 24 ապրիլ 1971-ին ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպած հուժկու քայլարշաւը` Պիքֆայայի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանէն մինչեւ Անթիլիասի մայրավանք: Քայլարշաւը իր զուտ պահանջատիրական բնոյթով սկսաւ 30.000 հոգիով, իսկ այդ թիւը Անթիլիասի մէջ բարձրացաւ աւելի քան 50 հազար հոգիի:

Լիբանանահայ Երիտասարդը`
Միշտ Պատնէշի Վրայ

Յեղափոխականացման եւ քաղաքականացման կարգախօսներու ընդհանուր մթնոլորտին մէջ եւ մասնաւորաբար ՀՅԴ-ի համար երիտասարդ մարդուժ պատրաստելու նպատակով, 1973-ին ստեղծուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը: Լիբանանի դաշնակցական երիտասարդական միութեան ստեղծումը պարտադրեց, որ վերատեսութեան ենթարկուի երիտասարդական-պատանեկան կառոյցը: Այսպէս, պատանեկան միութիւններու անդամակցութեան առաւելագոյն տարիքը նուազեցաւ 17-ի, իսկ մինչ այդ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան զուգահեռ գործող ՀՅԴ Զաւարեան աշակերտական միութիւնը, որ կ՛ընդգրկէր բարձր կարգերու դպրոցական աշակերտութիւնը, այդ թուականէն սկսեալ գործելէ դադրեցաւ: Այսպիսով, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը համախմբեց աշակերտ եւ աշխատաւոր դաշնակցական երիտասարդները: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը տարբեր պարբերականութեամբ հրատարակեց իր պաշտօնաթերթ «Ռազմիկ»-ը:

Յեղափոխականացումի եւ քաղաքականացումի կարգախօսներով տարուած դաշնակցական երիտասարդութիւնը շուտով` 1975-էն սկսեալ, ինքզինք գտաւ լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան պատնէշներու առաջնագիծին վրայ, լիբանանեան քաղաքացիական 15-ամեայ պատերազմին բռնկումով: Բայց «Յեղափոխական աւանդներուն վերադարձ»-ի գաղափարը աւելի շեշտակիօրէն դրսեւորուեցաւ 1970-ական եւ 1980-ական թուականներուն թափ առած հայկական ուժական-զինեալ պայքարին ընդմէջէն: Հայկական ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներ եւ Հայ յեղափոխական բանակ գաղտնի կազմակերպութիւնները թրքական կառոյցներուն դէմ կատարած իրենց գործողութիւններով վերակենդանացուցին հայկական ազգային-ազատագրական պայքարի աւանդները: Այստեղ յիշենք մասնաւորաբար 27 յուլիս 1983-ին Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ Հայ յեղափոխական բանակի մարտիկներու գործողութիւնը` թրքական դեսպանատան դէմ ուղղուած: Այդ գործողութիւնը, մանաւանդ` գաղափարական առումով, ներշնչման աղբիւր հանդիսացաւ դաշնակցական յանձնառու երիտասարդութեան համար:

1981-ին Վիեննայի մէջ գումարուած ՀՅԴ 22-րդ Ընդհանուր ժողովը շեշտեց անհրաժեշտութիւնը Դաշնակցութեան ծրագիրին, կազմակերպական կանոններուն եւ պատմութեան վրայ խարսխուած միատեսակ դաստիարակութիւն ջամբելու:

Կամաւորական Շարժումէն Եւ Սարդարապատէն
Մինչեւ Արցախեան Ազատամարտ` Դաշնակցութիւնը
Առաջնորդող Ուժ Հայրենիքի Ազատութեան

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը միշտ առաջնորդուած է հայրենիքի ազատագրութեան նպատակով:

Առաջին Համաշխարհային պատերազմին` 1914-ին, Դաշնակցութիւնը ձեռնամուխ եղաւ կամաւորական շարժման կազմակերպման` ռուսական բանակի կողքին կռուելու եւ Արեւմտեան Հայաստանը թրքական լուծէն ազատագրելու առաջադրանքով:

Սկզբնական շրջանին կազմաւորուեցան կամաւորական չորս գունդեր, որոնց հրամանատարներ եղան Անդրանիկ, Դրօ, Համազասպ եւ Քեռի: Հետագային կազմակերպուեցան երեք այլ գունդեր:

Հայ կամաւորները կռուեցան մեծ քաջութեամբ: Անդրանիկի հրամանատարութեամբ առաջին գունդը Դիլմանի ճակատամարտին գլխովին ջախջախեց թրքական բանակը եւ կանխեց թուրքերու ներխուժումը Արարատեան դաշտ: Խափանուեցաւ նաեւ կենաց մահու գօտեմարտեր մղող Վանի հայութեան դէմ կռուող թրքական զօրամասին օգնական ուժեր հասցնելու ցեղասպանական ծրագիրը:

Խանասորայ Վարդանի հրամանատարութեան տակ գործող Արարատեան գունդն էր, որ առաջինը մտաւ Վան: Այսպիսով մէկ ամիսէ ի վեր օրհասական հերոսամարտ մղող Վասպուրականի 200 հազար հայութիւնը փրկուեցաւ բնաջնջուելէ:

Հայ կամաւորները այնուհետեւ շարժեցան դէպի Բաղէշ եւ Մուշ եւ ազատագրեցին ցեղասպանութեան զոհ դարձած ու ամայացած հայրենի բնագաւառները:

Ռուսիոյ մէջ 1917-ի բոլշեւիկեան յեղափոխութենէն եւ ռուսական զօրքերու հեռացումէն ետք հայ կամաւորները` արիւնահեղ մարտեր մղելով, Ցեղասպանութենէն վերապրած հայութեան հետ շարժեցան դէպի Արարատեան դաշտ:

Թրքական զօրքերը մօտեցան Արարատեան դաշտին: Հայութեան գլխուն կախուեցաւ ի սպառ բնաջնջման վտանգը:

Հայրենիքի պաշտպանութեան գործը ստանձնեց Դաշնակցութեան գլխաւորած Երեւանի Ազգային խորհուրդը: Արամ Մանուկեան հռչակուեցաւ դիկտատոր:

Հայ մարտիկները 1918 մայիսին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերուն կասեցուցին թրքական յառաջացող բանակները եւ նահանջի մատնեցին զանոնք:

Մայիսեան յաղթական հերոսամարտերէն ետք կազմաւորուեցաւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եւ Դաշնակցութիւնը եղաւ պետութեան ղեկավար ուժը:

Ցեղասպանութենէ վերապրած մեծաթիւ գաղթականները, սովն ու համաճարակը հազիւ յաղթահարուած, ռուս-թրքական մերձեցման պայմաններուն տակ, թրքական յարձակման պատճառով Հայաստան ծանր պարտութիւն կրեց եւ պարտադրաբար խորհրդայնացաւ:

Սփիւռքեան պայմաններուն տակ, տասնամեակներ շարունակ Դաշնակցութիւնը մնաց Հայ դատի հետապնդման առաջնորդող ուժը:

Արցախեան շարժման եւ Հայաստանի վերանկախացման պայմաններուն տակ Դաշնակցութիւնը վերընձիւղուեցաւ հայրենիքի մէջ եւ գործօն դերակատարութիւն ստանձնեց Արցախի ազատագրական պայքարի յաղթական երթին մէջ:

Հայաստանի, Արցախի թէ սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ ազգային արժէքներու պահպանման, հայրենի հողի ազատագրման, հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ հայը հայ պահելու դրօշակը բարձր պահած է: 135 տարիներու հարուստ աւանդով եւ նուիրեալներու կտակով Դաշնակցութիւնը պիտի դիմաւորէ նոր ամեակներ` միշտ կանգնելով հայութեան ու հայրենիքի կողքին:

Շնորհաւորութիւններ ՀՅԴ 135-Ամեակին Առիթով
Եւ Վկայութիւններ` ՀՅԴ–ի Մասին

Դաշնակցութիւնը վճռորոշ ուժ եղած է հայ ժողովուրդի ինքնորոշման, արդարութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային համերաշխութեան բնագաւառին մէջ մղուած պայքարին ընթացքին:
Հայաստանը կայունութեան եւ խաղաղութեան ճամբուն վրայ կարեւոր փուլի մէջ է: Մեր կուսակցութիւնը կը հետեւի այս զարգացումներուն, կը յորդորէ իր կառավարութիւնն ու միջազգային հանրութիւնը` աջակցիլ բոլոր քայլերուն, որոնք երկարատեւ եւ արդար խաղաղութեան լուծումը պիտի դարձնեն իրականութիւն: Այս գործընթացին մէջ կարելի չէ մոռնալ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերուն իրաւունքները: Այս գործին մէջ կրնաք յենիլ մեր աջակցութեան վրայ:

ՍԵԹՐԻՔ ՎԵՐՄՈՒԹ
Զուիցերիոյ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան
համանախագահ

Հիմնադրութեան 135-ամեայ տարեդարձին առիթով կը մաղթեմ, որ Հայաստանի քոյր ընկերվարական կուսակցութեան պայքարը յաջողութեամբ պսակուի` շարունակելու իր հետեւողական պայքարը Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու հայ ժողովուրդի ընկերային արդարութեան համար:

ՆԻՔՈԼԱՍ ԱՆԱՍԹԱՍԻՈՒ
Կիպրոսի ԷՏԵԿ ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ

Բարձր կը գնահատենք ՀՅԴ-ի նուիրուածութիւնն ու անոր երկարամեայ ներդրումը Հայաստանի անցեալի, ներկայի եւ ապագայի ձեւաւորման մէջ: Կը հաւաստիացնենք, որ կրնաք յոյս դնել Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան վրայ` խթանելու եւ պաշտպանելու մեր ընդհանուր ընկերվար-ժողովրդավարական արժէքները:

ՇՏԵՖԱՆ ԼԷՈՎէԱՆ
Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան նախագահ

Ձեր քաղաքական ուժը հայ իրականութեան հնագոյն քաղաքական ուժերէն է` Հայաստանի պետականութեան, անոր ապահովութեան եւ բարեկեցութեան կայացման կարեւոր դերակատար: Մեր միջեւ համագործակցութիւնը միջկուսակցական յարաբերութիւններու լաւագոյն օրինակ է: Վստահ եմ, որ պիտի կարենանք յաղթահարել ներկայ ժամանակաշրջանի բարդութիւնները եւ այսուհետեւ եւս պիտի շարունակենք ծառայել ռուս-հայկական յարաբերութիւններու լիարժէք վերանորոգութեան եւ զարգացման:

ՍԵՐԿԷՅ ՄԻՐՈՆՈՎ
Արդար Ռուսիա ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ

Այսօր, երբ Հայաստանը քաղաքական եւ հասարակական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, մեր աջակցութիւնը կը յայտնենք ՀՅԴ-ի բոլոր ջանքերուն, որոնք ուղղուած են երկրին մէջ ժողովրդավարական գործիքակազմերու եւ հաստատութիւններու կայացման:

Մենք կը գնահատենք ձեր շարունակական նուիրուածութիւնը այդ սկզբունքներուն եւ կարեւոր կը նկատենք երկրի հանրային կեանքին մէջ Դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութիւնը:

ՓԱՈՒԼԱ ՔԱՐՎԱԼԻՕ
Շուէտի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան
միջազգային քարտուղար

Հայաստանի անկախութեան ու անվտանգութեան աջակցութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու անոր ժխտման քրէականացումը, արցախահայութեան` իրենց նախնիներու հայրենիքը վերադառնալու իրաւունքը պայքարի այն գործնական ոլորտներն են, զորս մենք պատրաստ ենք կիսել Դաշնակցութեան հետ:

ՕԼԻՎԻԷ ՖՕՐ
Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան
առաջին քարտուղար

Այսօր ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը, աւելի քան երբեք, պահանջուած է: Մենք` իբրեւ ընկերվարական կուսակցութիւն, ժողովրդավարութեան, արդարութեան, հաւասարութեան, կայուն զարգացման, խաղաղութեան եւ մեր քաղաքացիներու բարեկեցութեան պաշտպաններն ենք:

Կը շնորհաւորենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ շարունակական յաջողութիւն կը մաղթենք անոր:

ԹԵՐԷ ՇԵՄԷՅՔԱ
Ֆինլանտայի ընկերվար-ժողովրդավարական
կուսակցութեան միջազգային քարտուղար

Այս նշանակալի յոբելեանը ՀՅԴ-ի պատմական դերակատարութեան, ընկերային արդարութեան եւ ձեր սկզբունքներուն նկատմամբ աներեր յանձնառութեան վկայութիւնն է:

Մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք Պաքուի մէջ պահուող 23 հայ բանտարկեալներու, ներառեալ` Ընկերվարական միջազգայնականի 26-րդ քոնկրեսի մասնակից Դաւիթ Իշխանեանի անյապաղ ազատ արձակման:

ՇԱՆԹԱԼ ՔԱՄՊԻՎԱ
Ընկերվար միջազգային գլխաւոր համակարգող

Ազդակ

(Շար. 5 եւ վերջ)

Մաս առաջին, Մաս երկրորդ, Մաս երրորդ, Մաս 4-րդ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Ֆիդանի՝ Թեհրան եւ Արաղչիի Բաքու այցերի

Անցնող շաբաթւայ ընթացքում Թուրքիայի արտգործնախարար Ֆիդանը Թեհրան էր այցելել։ Ի

12 Դեկտեմբեր 2025
Փաշինյանն, ըստ էության, միջնորդ է Ալիև

Դեկտեմբերի 11-ին Հրապարակ TV-ի Հինգշաբթի հաղորդաշարի հյուրն էր ՀՅԴ անդամ, ՀՀ Ա

12 Դեկտեմբեր 2025
135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեա

Ընդվզումը խոր է ժողովրդային բոլոր շրջանակներու եւ խաւերու մէջ: Երէկուան եւ այս

12 Դեկտեմբեր 2025
Խմբագրական. Անկախակերտ Էութիւն

(Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակին առիթով) Հայաստանի

12 Դեկտեմբեր 2025
Իրանի համար անընդունելի է տարածաշրջանո

Նոյեմբերի վերջին Բաքու էր այցելել Իսրայելի պաշտպանության նախարարության Պաշտպան

11 Դեկտեմբեր 2025
Ի՞նչ Մնացած Է «Եղբայրութենէն»

50-60 տարի (թերեւս ալ քիչ մը աւելի) առաջ, Խորհրդային Հայաստանէն «հայրենասիրակա

11 Դեկտեմբեր 2025
135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեա

Այո՛, ՀՅ Դաշնակցութեան հակառակորդները ամէն փորձ կատարեցին ու ցարդ կը շարունակե

11 Դեկտեմբեր 2025
Արցախի ԱԺ լսումներ՝ «Վերադարձ Արցախ. խ

«Վերադարձ Արցախ. խնդիրներ, մարտահրավերներ, հնարավորություններ». դեկտեմբերի 10-

11 Դեկտեմբեր 2025
Ազատություն հայ գերիներին․ բողոքի ցու

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» Ուսանողական միության կազմակերպությամբ, այսօր՝ դեկտեմբերի

10 Դեկտեմբեր 2025
Ռազմավարական համաձայնագրի մը ստեղծած վ

Այդ քլիշէ յայտարարութեան մէջ, յիշատակութիւն կայ նաեւ 8 Օգոստոսի՝ Ուաշինկթընի ս

10 Դեկտեմբեր 2025
Տարածաշրջանում ձևավորվում է թուրք–քաթա

Քաթարը Անկարայի հետ հանդես կգա Լիբանանի վերաբերյալ նոր առաջարկով․Ի՞նչ նոր իրադ

10 Դեկտեմբեր 2025
135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեա

Մէկ է Դաշնակցութիւնը: Մէկ ամբողջութիւն է: Չկան արեւմտահայ եւ արեւելահայ զան

10 Դեկտեմբեր 2025
Կարո՞ղ է արդյոք Փաշինյանը Հայաստանի հա

Բալարդի պայմանագրերին նախորդել են «լայնորեն լուսաբանված փորձերը, որոնց ընթացքո

09 Դեկտեմբեր 2025
Հրաժարվել եմ որեւէ բացատրություն տալ

ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը այսօր հրավիրվել էր Քննչական կոմիտե՝ հար

09 Դեկտեմբեր 2025
Վեհափառի այցը Մարսել և տեղի իշխանությա

Ֆրանսիան, որպես Սփյուռքի ամենամեծ գաղութներից մեկը, փաստացի Վեհափառի այցելությ

09 Դեկտեմբեր 2025
135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեա

Կառավարութիւնը միաժամանակ սկսաւ գրգռել իսլամ ամբոխը հայ ժողովուրդին դէմ` հաւատ

09 Դեկտեմբեր 2025
Իրանի վերաբերմունքը տարածաշրջանում խաղ

Հարավկովկասյան տարածաշրջանը մշտապես եղել է աշխարհաքաղաքական լարվածությունների

08 Դեկտեմբեր 2025
Հեռու մնացէք Եկեղեցին պառակտելու ազգակ

Անցնող ամիսներուն, խոր մտահոգութեամբ հետեւեցանք Սուրբ Էջմիածինի շուրջ տեղի ուն

08 Դեկտեմբեր 2025
135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեա

Պանք Օթոմանէն Խանասոր, Սասնոյ ապստամբութիւններէն հայ-թաթարական կռիւներ, Սարդար

08 Դեկտեմբեր 2025
Գիւմրի. ութերորդ վէրքը

Արդեօք անակնկա՞լ էր այն՝ ինչ որ պատահեցաւ Գիւմրիի մէջ, պատմական երկրաշարժի տար

08 Դեկտեմբեր 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company