ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

Ռուբէն Զարդարեանի Կուսակցական Գործունէութիւնը Լուսարձակի Տակ Բերող «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Գիրքի Շնորհահանդէս

17 Դեկտեմբեր 2025

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, հինգշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Վէմ»-ի մատենաշարով լոյս տեսած, պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրութեամբ «Ռուբէն Զարդարեանի անտիպ նամակները» հատորին շնորհահանդէսը:

Բացման խօսքը արտասանեց Յարութ Մարկոսեան, որ ըսաւ, թէ դաշնակցական գրականութեան մէջ սոյն հատորի լոյս ընծայումը կու գայ աւելնալու դաստիարակութեան հարուստ դարբնոցին վրայ, դիտել տալով, որ նման արխիւային գրութիւնները տարբեր դիտանկիւն մը մէջտեղ կը բերեն յիշատակելի դէմքերու մասին եւ կը հանդիսանան եղելութիւններու մասին գիտնալու յառաջատար եւ ամէնէն վստահելի աղբիւրները:

Մարկոսեան ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ Ռուբէն Զարդարեանի գործունէութեան` ծանրանալով յեղափոխականին վրայ` ականաւոր գործիչ, Խարբերդի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Բիւրոյի անդամ` միշտ ալ ըլլալով հետապնդման թիրախ օսմանեան իշխանութեան կողմէ: Ան յայտնեց, որ այս հատորը, ներառելով 1897-1903 ժամանակահատուածի նամակագրութիւնները, աւելի յստակ լուսաբանում կ՛ընծայէ Ռուբէն Զարդարեանի յեղափոխական կեանքի մասին, մանաւանդ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան յարելու պայմաններուն եւ սկզբնական տարիներու գործունէութեան:

Հատորը ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Տիգրան Ճինպաշեան: Ան դիտել տուաւ, որ սոյն գիրքը Հայաստանի մէջ հրատարակուող ՀՅԴ-ի տեսական օրկան «Վէմ» հանդէսի մատենաշարի 10-րդ հատորն է, գիրքը 213 էջ է, կը պարունակէ անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր եւ 63 նամակներ` 1897-1903, աւելցնելով, որ Ռուբէն Զարդարեան` իբրեւ գրող, հանրածանօթ անձնաւորութիւն մըն էր: Եղած է ուսուցիչ, նաեւ խմբագիր եւ մինչեւ իր նահատակութիւնը` 1915 թուական իր այս բոլոր գործունէութիւններուն մասին Կարօ Յովհաննէսեան շատ ընդարձակ յառաջաբան մը գրած է: Ճինպաշեան ըսաւ, որ Զարդարեան ծնած եւ սկզբնական շրջանին գործած է Խարբերդի մէջ, հոն ուսում առած է եւ հասուն տարիքին դարձած է Հնչակեան կուսակցութեան անդամ, որ վարչութիւն մը ունեցած է Խարբերդի մէջ: 1895-ի դէպքերուն առիթով, երբ այդ վարչութիւնը ուզած է գործունէութիւն ունենալ եւ դիմած է կեդրոն, կը թուի, թէ կեդրոնէն արձագանգ չէ եղած, եւ կուսակցութեան կեդրոնացեալ դրութիւնը թոյլ չէ տուած, որ այնտեղ իրենք կարողանան գործ բռնել: Հետեւաբար դժգոհած են: Երբ

1896-1897 թուականներուն Հիւսիսային Ամերիկայէն յատուկ առաքելութեամբ Խարբերդ եկած է Յարութիւն Մանկունի` Լեւոն Սալման ծածկանունով գործիչ մը, որ բացատրած է Դաշնակցութեան աշխատելաձեւը, որուն հիման վրայ հնչակեան վարչութիւնը ամբողջ կազմով դարձած է Խարբերդի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէ: Ճինպաշեան ըսաւ, որ անոնք Դաշնակցութեան գաղափարը բանաւոր ստացած են, հետեւաբար առաջին նամակներուն մէջ պահանջած են` թերթ, գրականութիւն, ծրագիր, գործունէութեան ուղեցոյց, նաեւ պահանջած են փորձառու գործիչ մը, որ Դաշնակցութեան ծրագիրը գիտնայ, գործունէութեան եղանակը լաւ իմանայ, նաեւ Դաշնակցութեան կառոյցին ծանօթ ըլլայ: Ճինպաշեան ընդարձակ եւ մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ նամակներուն, անոնց բովանդակութեան եւ գրութեան մասին, թէ ինչպէ՛ս պարզ նամակի տողերուն մէջ գաղտնի նամակի մը բովանդակութիւնը կը կարդացուէր, որ գրուած կ՛ըլլար յատուկ մելանով, որովհետեւ յատուկ գրաքննութիւն կար այդ օրերուն: Ան դիտել տուաւ, որ պատմական ոչ մէկ երեւոյթ այնքան խեղաթիւրուած է, որքան` Դաշնակցութեան պատմութիւնը, աւելցնելով, որ երկար ժամանակ այս պատմութիւնը հիմնուած է յիշողութեամբ վկայակոչուած տուեալներու վրայ, սակայն յուշերը, ընթերցանութեան համար հաճելի ըլլալով հանդերձ, վաւերական պատմութիւն չեն, որ հիմնուած պէտք է ըլլայ առարկայական տուեալներու վրայ, վաւերական աղբիւրներու վրայ: Այլ արխիւներ գոյութիւն ունին, որոնք խնամքով պահուած են Դաշնակցութեան հարուստ արխիւներուն մէջ, որոնք լոյս աշխարհ բերելը կը պահանջէ միջոցներ, նաեւ` անխոնջ աշխատանք, որովհետեւ բոլորն ալ այնպիսի վիճակի մէջ են, որ զանոնք կարդալը մեծ ճիգ կը պահանջէ: Ճինպաշեան հաստատեց, որ Երուանդ Փամպուքեան այնքան լաւ կը ճանչնայ ձեռագիրները, որ երբ նամակ մը կարդայ կը գիտնայ անոր հեղինակը, սակայն ասիկա երկար տարիներու փորձառութիւն կ՛ենթադրէ, հետեւաբար երկար ժամանակ այդ նամակներուն հետ մտերմութիւն հաստատած պէտք է ըլլայ, որպէսզի կարենայ զանոնք բանալ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի անդրադարձաւ մերօրեայ խոցելի իրավիճակին, երբ ամէնուրեք մտքի եւ խորքի անկում կայ, դիտումնաւոր ուղեղալուացում` արժէքներ քանդելու եւ առաջնորդելու մակերեսային տրամաբանութեան, երբ խօսքը, գիրն ու գաղափարը տեղի կու տան թեթեւ հաճոյք պատճառող ցուցադրական քարոզչութեան դիմաց, երբ հայկական միջավայրի մէջ եւս` Հայաստան թէ սփիւռք, աշխատանք կը տարուի նորահաս սերունդները խզել պատմութենէն, ժողովուրդը` մեր սրբութիւններէն եւ գոյատեւման անհրաժեշտ արժէքներէն: Այս բոլորը թուելէ ետք ան հաստատեց, որ ասոնց մարտահրաւէր կարդալով` ՀՅԴ Բիւրոյի «Վէմ» մատենաշարը ժողովուրդին սեփականութիւնը կը դարձնէ 10-րդ հատորը` Ռուբէն Զարդարեանի անտիպ նամակները` Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրութեամբ:

«Բծախնդիր, շարունակուող, աչքի լոյս, ջիղ եւ լայն համբերութիւն պահանջող աշխատանք, որուն լաւագոյն կատարողն է Երուանդ Փամպուքեան: Ռուբէն Զարդարեան հանրութեան ծանօթ է իբրեւ գրագէտ ու հրապարակագիր: Դաշնակցական Զարդարեանը նուազ ծանօթ է, նոյնիսկ դաշնակցականներուն: Ե. Փամպուքեան ոչ միայն մատենագիտական լուրջ ու հետեւողական աշխատանքով կը ներկայացնէ Զարդարեանին նամակները, այլ նաեւ այդ նամակներուն ընդմէջէն կը ցոլացնէ Զարդարեան դաշնակցականը, որուն եւ նմաններուն շնորհիւ ապրած է կուսակցութիւնը ամբողջ 135 տարիներ ու կրնայ ապրիլ նոյնքան եւ աւելի, որովհետեւ պիտի ծնին նմաններն ու ապրեցնեն ՀՅԴ-ն եւ անոր ճամբով զօրացնել մեր ժողովուրդի գոյատեւման կամքը», ըսաւ Բագրատունի:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը դիտել տուաւ, որ Զարդարեան Ցեղասպանութեան նախօրեակին դասալքութիւն կը նկատէ ժողովուրդը աղէտին գիրկը ձգելն ու հեռանալը, ինչ որ ըրին նաեւ այսօր Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինաբար պահուող Արցախի մարտնչող ղեկավարները, որոնք մերժեցին հեռանալ, մնացին Արցախ եւ այսօր ենթակայ են անարդար կալանաւորման եւ դատավարութեան: «Բայց եւ այնպէս կը մնան ամուր` յուսադրելով ոչ միայն բռնի տեղահանուած արցախահայութիւնը, այլ նաեւ` ողջ հայութեան բոլոր ազգային զանգուածները», շեշտեց ան:

Իր խօսքը աւարտելով` Յակոբ Բագրատունի ՀՅԴ 135-ամեակի լաւագոյն նուէրը նկատեց այս հատորը, որ արգասիքն է` «Մեզմէ շատերուն ուսուցիչին` Երուանդ Փամպուքեանի համեստութեան, աշխատասիրութեան, աննկուն կամքին, հաւատարմութեան, յստակատեսութեան, խորքային մտածողութեան, դիմադրականութեան եւ դասալքութեան մերժման»:

Աւարտին շնորհակալական խօսք արտասանեց հատորի խմբագիր ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Երուանդ Փամպուքեան: Ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց իր տարիներու քարտուղար Թամար Սնապեան-Սուրճեանին, որ տարիներու ընթացքին առաւել փորձառութիւն ձեռք ձգելով` քարտուղարուհիէ մը շատ աւելին է, եւ կարելի է ըսել` օգնական, Սագօ Գասապեանին` կողքի ձեւաւորման համար, գիրքի յառաջաբանը գրող Կարօ Յովհաննէսեանին, որ հմտօրէն ուսումնասիրած է Ռուբէն Զարդարեանի կեանքը եւ գործունէութիւնը` իբրեւ ծանօթ գրող, մանկավարժ եւ հրապարակախօս, նաեւ` ներկաներուն:

Փամպուքեան դիտել տուաւ, որ ընթերցողներու ուշադրութենէն պէտք չէ վրիպած ըլլայ, որ վերջին տարիներուն իր աշխատանքները կեդրոնացուցած է առանձին գրողներու, մտաւորական եւ կուսակցական գործիչներու եւ յեղափոխական մարդոց, կեանքին եւ գործունէութեան վրայ: Ան ցաւ յայտնեց, որ դժբախտաբար այսօր գրականութեան սէրը մեռնելու վրայ է: Ժամանակակից հաղորդակցութեան միջոցները այնպէս են, որոնք գրեթէ նամակ գրող չկայ այլեւս, սակայն այդ նամակները, որոնք մեր մտաւորականներուն կողմէ գրուած են, հսկայ հարստութիւն մը կը կազմեն, եւ անոնց միջոցով հեղինակները, բացի իրենց անձնական ապրումներէն, կը փոխանցեն նաեւ իրենց տեսակէտները, համոզումները տարբեր խնդիրներու մասին եւ կը հարստացնեն մեր ժամանակակից գրականութիւնն ու պատմութիւնը:

Անդրադառնալով «Ռուբէն Զարդարեանի անտիպ նամակները» հատորին` Փամպուքեան ըսաւ, որ Զարդարեան ծանօթ գրող, մտաւորական մարդ է, սակայն անոր կուսակցական գործունէութիւնը կը մնար անծանօթ, եւ այս նամակներուն շնորհիւ է, որ կը բացուի: 1897-1903 իր Խարբերդ գտնուած միջոցին գրած նամակները Դաշնակցութեան տարբեր մարմիններուն` սկսեալ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէն մինչեւ «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւն` Ժընեւ, որ այդ տարիներուն միեւնոյն ժամանակ մեր Արեւմտեան Բիւրոն դարձաւ: Այդ նամակները կը բացայայտեն իրողութիւն մը, որ մինչեւ հիմա կը մնար անծանօթ, այն է, որ Դաշնակցութիւնը հաստատուած է Խարբերդի շրջանին մէջ, աւելցնելով, որ երբ կուսակցութեան պատմութիւնը կը սերտենք, կը խօսուի Սասուն, Տարօնի, Վան Վասպուրականի, Կարինի մասին, բայց Խարբերդի մասին յիշատակութիւն չկայ: Այս նամակները կը բացայայտեն, որ այնտեղ գործունէութիւն եղած է` սկսեալ յիշեալ տարիներէն, եւ անոր մէջ դեր ունեցած է առաջին առիթով Ռուբէն Զարդարեան` նախ իբրեւ հնչակեան մարմինի ներկայացուցիչ, ապա` Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ հատորէն օրինակներու մակագրում:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
ՀՅԴ ՀԵՄ բողոքի ցույցը Երևանի պետական

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միությունը այսօր՝ դեկտեմբերի 17-ին Երևանի պետական

17 Դեկտեմբեր 2025
Կայա Կալասի հայտարարությունը ունի հստա

Կայա Կալասի հայտարարությունը Հայաստանի Հանրապետության ներքին գործերին ուղիղ և

17 Դեկտեմբեր 2025
Խմբագրական. Իրանի կարմիր գծերը եւ Թրամ

Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանում ԱՄՆ դեսպան Քրիստինա Քւինը նոյն ծրագիրը ներկայացն

17 Դեկտեմբեր 2025
Ռուբէն Զարդարեանի Կուսակցական Գործունէ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, հինգշաբթի, 11 դեկտեմբեր 202

17 Դեկտեմբեր 2025
ՀՅԴ Օրուան Տօնակատարութեան Դասերը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնները աւանդական դարձած, սով

17 Դեկտեմբեր 2025
Փաշինյանը շուտով կարող է իրեն հռչակել

Օրեցօր վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանն ավելի մեծ վնաս է հասցնում Հայ Առաքելական Եկեղե

16 Դեկտեմբեր 2025
«Հորիզոն»ի խմբագրական. Կացութիւնը Դաշ

Իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը խորապէս գիտակ

16 Դեկտեմբեր 2025
Որևէ կենտրոնի` Հայաստանի ներքին գործեր

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը անդրադարձել է ԵՄ դիվանագիտութ

16 Դեկտեմբեր 2025
Հրատարակութեան ընթացքի մէջ է գրքոյկ մը

ՀՅԴ Պուլկարիոյ Առանձնակի Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ՝ հրատարակութեան ընթացքի մէջ է

16 Դեկտեմբեր 2025
ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախագահակ

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութի

16 Դեկտեմբեր 2025
Ակնարկ. Դիմումին Եւ Ընդառաջումին Շարժա

Եւ եթէ այդպէս է, ուրեմն պէտք է փորձել վերլուծել այս յայտարարութեան առաջադրանքն

16 Դեկտեմբեր 2025
ՀՅԴ ՆԱՈՒՄ-ի բողոքի ցույցը ԵՄ պատվիրա

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» ուսանողական միության կազմակերպությամբ, այսօր՝ դեկտեմբերի

15 Դեկտեմբեր 2025
Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը ազգայ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի արտասանած խօ

15 Դեկտեմբեր 2025
Հոգեհանգիստ` Դաշնակցական Նահատակուած Ե

Երէկ` կիրակի, 14 դեկտեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գեր

15 Դեկտեմբեր 2025
Խմբագրական. «Խաղաղութիւն»՝ բազմակողմա

Գերմանիա կատարած այցի շրջանակում, Համբուրգում լրագրողների հետ հանդիպման ժամանա

15 Դեկտեմբեր 2025
Անկյունաքարային հարցերի վերաբերյալ առկ

Քաղաքական ուժերի հետ խորհրդակցությունների շրջանակներում նախորդ շաբաթ հանդիպում

14 Դեկտեմբեր 2025
ՀՅԴ 135-Ամեակի Փառաշուք Տօնակատարութիւ

«Պայքար` ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար» խորագիրը կրող հանդիսութեամբ Հայ Յեղա

13 Դեկտեմբեր 2025
Ազատել հայ ժողովրդին կապիտուլյացիա կամ

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանի ուղերձը Լիբանանում դեկտեմբերի 12-

12 Դեկտեմբեր 2025
Ֆիդանի՝ Թեհրան եւ Արաղչիի Բաքու այցերի

Անցնող շաբաթւայ ընթացքում Թուրքիայի արտգործնախարար Ֆիդանը Թեհրան էր այցելել։ Ի

12 Դեկտեմբեր 2025
Փաշինյանն, ըստ էության, միջնորդ է Ալիև

Դեկտեմբերի 11-ին Հրապարակ TV-ի Հինգշաբթի հաղորդաշարի հյուրն էր ՀՅԴ անդամ, ՀՀ Ա

12 Դեկտեմբեր 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company