ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Ելույթներ

Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը ազգային գաղափարախօսութիւն է, ժողովուրդին եւ հայրենիքին պայքարին նուիրուած գաղափարախօսութիւն

15 Դեկտեմբեր 2025


ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի արտասանած խօսքը՝ ՀՅԴ 135-ամեակի հանդիսութեան.

Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութեան համախմբումի այս պատկերը հերթական անգամ կþարձանագրէ, որ մեր ժողովուրդը կը շարունակէ կանգնիլ Դաշնակցութեան կողքին եւ զօրակցիլ անոր յայտարարած բոլոր առաջադրանքներուն։

Ժողովրդային այս համախմբումը կը պարտաւորեցնէ նաեւ մեզ` ժողովուրդին ներկայացնելու մեր աշխատանքներուն հիմնական բաժինները, զեկուցելու անոնց մասին, անդրադառնալու դժուարութիւններուն եւ դարձեալ ժողովուրդին ապաւինելու՝ իրականացնելու համար մեր ծրագիրները։

Ժամանակներն ու պայմանները ծանր են մեր հայրենիքին, Հայ եկեղեցւոյ, մեր ժողովուրդին, Լիբանանին եւ լիբանանահայութեան համար։ Ոչ միայն կորսնցուցած ենք մեր երկրորդ պետականութիւնը՝ Արցախ աշխարհը, այլ նաեւ ունինք բռնատեղահանուած արցախահայութիւն։ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներ ներխուժուած են թշնամիին զինեալ ուժերուն կողմէ։ Եկեղեցւոյ հանդէպ իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան պատճառով մտահոգիչ տարողութեամբ կը խորանան պառակտումի երեւոյթները։

Պայմանները ծանր են նաեւ Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ։

Անորոշ է իրավիճակը։ Տարածաշրջանին մէջ կը փոխուի ուժերու հաւասարակշռութիւնը։ Վարչակարգեր կը տապալին, պատերազմներ կը բռնկին, նոր ներխուժումներ կը կատարուին։ Մեծ պետութիւններու զինուորական եւ քաղաքական հաշիւները այս տարածաշրջանին մէջ կը մաքրուին, մինչ կը տուժեն, կը նահատակուին, տեղահան կը դառնան ժողովուրդները։

Ականատես կþըլլանք ցեղային զտումներու, նոր տեղահանումներու, աւերներու եւ քանդումներու։ Միջազգային ընտանիքին կոչերը կը մնան անլսելի եւ որեւէ ձեւով չեն կրնար կասեցնել այս ընթացքը։ Շրջանային ուժերու հաւասարակշռութիւնները եւ ազդեցութեան պայքարները սուր բնոյթ կը ստանան՝ զինուորական բախումներով յատկանշուած։

Լիբանան անմասն չի մնար այս կացութենէն։ Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, վարչապետի նշանակումը եւ կառավարութեան կազմութիւնը սկսած էին յուսադրիչ քայլեր նկատուիլ՝ երկիրը դուրս բերելու համար ամէն տեսակի ճգնաժամային վիճակներէ։ Դաշնակցութիւնը շարունակեց գերադասել երկխօսութեամբ հարցերը լուծելու ընտրանքը։ Այս ընտրանքն էր, որ կը յաջողէր ապահովել պետական հաստատութիւններու կամ ընտրութիւններու եւ նշանակումներու անխափան ընթացքը։ Մենք պիտի շարունակենք սատարել պետականութեան հզօրացման եւ երկիրը ճգնաժամերէն դուրս բերելու նախագահական եւ կառավարական ծրագիրներուն։

Այժմ պահանջուածը հիմնականին մէջ Դիմադրութեան զինաթափումն է։ Որեւէ գործընթացէ առաջ պայման է, որ Իսրայէլ դադրեցնէ յարձակումները եւ իր ուժերը հեռացնէ լիբանանեան հողերէն։
Եթէ չկան երաշխիքներ, եթէ չկան խաղաղութիւն հաստատելու համար գոյացած որոշումներու գործադրութեան պարտադրանքներ բոլոր կողմերուն, ապա զինադուլը, կայացած համաձայնութիւնները եւ ՄԱԿ-ի որոշումները կը մնան բոլորը օդին մէջ, եւ այս վիճակը փաստօրէն կը շարունակուի։

Նոյն անորոշութիւնն է նաեւ տնտեսական մակարդակի վրայ։ Դրամատուներու խոստացուած բարենորոգումները կը շարունակեն մնալ խոստումներու մակարդակի վրայ, քաղաքացիներու անհատական հաշիւներն ու գումարները սառեցուած են, այս իրաւազրկումի կացութիւնը փոխելու համար կը սպասուին արտաքին օժանդակութիւններ, օժանդակութիւններ, որոնք նոյնպէս պայմանական են։

Տնտեսական վերականգնումն ու խաղաղութեան հաստատումը պայմաններ ունին, գին ունին, որ տակաւին, ըստ երեւոյթին, պէտք է վճարէ Լիբանանը։

Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ կը հաւատայ, որ օրէնքի հաստատումը, պետութեան հզօրացումը կարելի է իրագործել միաժամանակ հասարակութեան մէջ արդարութեան հաստատումով։ Քաղաքացիներու ո՛չ միայն ֆինանսական իրաւունքները վերադարձնելով, այլ նաեւ՝ անոնց նկատմամբ ընկերային ծառայութիւններ տրամադրելով։

Բժշկական ծառայութենէն մինչեւ կրթական, ընկերային օժանդակութիւններէն մինչեւ թղթաբանական գործեր, պետութիւնը իրմէ ակնկալուած պարտաւորութիւնները կատարելու հրամայականին առջեւ է։

Այն ուժերն ու պետութիւնները, որոնք կþակնկալեն, որ Լիբանանի պետութիւնը վերստին կայանայ, պէտք է իրենց օժանդակութիւնները չզլանան անոր։ Այլապէս վիրաւոր Լիբանանէն պահանջելը՝ առանց օժանդակելու գործնապէս, կը նշանակէ միակողմանի զիջումներ սպասել այս երկրէն, որ անմիջականօրէն պէտք ունի խաղաղութեան եւ վերականգնումի։

Կը գիտակցինք անշուշտ, որ արտաքին աշխարհէն պահանջներ ունենալը նախ ներքին միասնականութիւն կþենթադրէ։ Բոլոր համայնքներուն եւ լիբանանեան քաղաքական դաշտը բաղկացնող ուժերուն միջեւ համախոհութիւն։ Լիբանանի շահերու գերադասում եւ շրջանցում հատուածական մօտեցումներու։

Այս առաջադրանքով միշտ ներկայացած է Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ՝ բոլոր կողմերէն ակնկալելով քաղաքական երկխօսութեամբ հարցերուն լուծում տալու միակ ընտրանքի որդեգրումը։

Ամբողջ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին վէճերու մէջ չներքաշուիլը, հրահրուած պատերազմներուն չմասնակցիլը, զէնքի չդիմելը, այլ երկխօսութեամբ հարցերը լուծելու հրամայականը մնացին Դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծին առանցքը։

Միջհամայնքային համակեցութիւնը միակ գրաւականն է այս պետականութեան արդիւնաւէտ գործունէութեան։ Այդ համախոհութիւնը նախ եւ առաջ հիմնուած պիտի ըլլայ համայնքներու իրողական ներկայացուցիչներով։ Եթէ քաղաքական առանցքով կը կազմուին կառավարութիւնները, ապա այնտեղ պիտի ներառուին համայնքին հետ աղերս ունեցող, համայնքին հաւաքական կեանքին մաս կազմած եւ համայնքը ներկայացնող ուժերուն կողմէ առաջադրուածները։ Եթէ մասնագէտներէ բաղկացած պիտի ըլլայ կառավարութիւնը, ապա դարձեալ համայնքի կեդրոններէն առաջադրուած պիտի ըլլան անոնք։ Այլապէս կը խախտի կշիռը, դիւրաբեկ կþըլլայ համախոհութիւնը, եւ շրջանցուած կþըլլայ համայնքին կամքը։

Անհրաժեշտ է պետական պաշտօններու համար նշանակումները, որ ընթանան նոյն տրամաբանութեամբ։ Մինչեւ այն ատեն, որ համայնքներու մասնաբաժիններով կը կազմուին մարմիններն ու պետական պաշտօնները, ապա այս կանոնը պէտք է կիրարկուի՝ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչներէն սկսեալ, մինչեւ նախարարներ, մինչեւ դիւանագիտական կազմեր, մինչեւ պետական պաշտօնեաներ։ Ընդունելի չէ համայնքի իրաւազրկումը։

Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ հետամուտ ըլլալ համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութեան:

Բոլոր կողմերուն հետ խօսակից մնալու, մեր իրաւունքները պաշտպանելու եւ որոշումներու անկախութիւնը պահելու այս սկզբունքները պիտի առաջնորդեն մեզ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։

Թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւնները փաստեցին, որ Դաշնակցութիւնը բաց է երկխօսութեան եւ գործակցութեան։ Տարանջատելով ընտրական դաշինքը քաղաքական համագործակցութենէն՝ մենք խորհրդակցութիւններ արդէն իսկ կþունենանք բոլոր շրջանակներուն, քաղաքական հոսանքներուն եւ կուսակցութիւններուն հետ։ Պատրաստ ենք նաեւ գործակցելու բոլոր անոնց հետ, որոնք կը յարգեն մեր իրաւունքները, կþընդունին մեր սկզբունքները եւ իրենք եւս հետամուտ կը դառնան, որ չշրջանցուին համայնքներու ինքնուրոյն որոշում կայացնելու դրոյթները։

Վերջին շրջանին լիբանանեան մամուլին եւ լրատուամիջոցներուն մէջ շատ խօսուեցաւ Դաշնակցութեան ընտրական ուժին, կարելիութիւններուն եւ հաւանական գործակցութիւններուն մասին։ Բոլորը կը մնան ենթադրութիւններու եւ քաղաքական հաշուարկներով Դաշնակցութենէն ակնկալութիւն ունենալու սահմաններուն մէջ։ Այս ծիրին մէջ ալ փորձ կը կատարուի Դաշնակցութեան ընտրական ուժը տկարացած ներկայացնելու, որպէսզի այս կամ այն կողմը յաջողի թեկնածու պարտադրել մեզի, քաղաքական դիրքորոշում ճշդել մեր փոխարէն։

Թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւնները փաստեցին, որ Դաշնակցութեան ընտրական մեքենան կը շարունակէ գործել արդիւնաւէտ եւ կազմակերպուած ձեւով։ Նոյն կազմակերպուածութեամբ եւ հայկական քուէն դէպի համայնք առաջնորդելով, Դաշնակցութիւնը պիտի առաջադրէ խորհրդարան հասցնել համայնքի կեանքին հաղորդ, Լիբանանի քաղաքացիական շահերն ու համայնքային իրաւունքները զուգահեռ ձեւով հետապնդող հայկական երեսփոխանական պլոք, որ պիտի շարունակէ աւանդական վարքագիծը։

Մեր պլոքը պիտի աշխատի այնպէս, որ համայնքներուն եւ զանոնք ներկայացնող ուժերուն միջեւ գոյանայ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն։ Քաղաքացիին շահերը եւ համայնքին իրաւունքները պաշտպանելով՝ Հայկական երեսփոխանական պլոքը պիտի շարունակէ Լիբանանի մէջ պահպանել քաղաքական գործօնի իր հանգամանքը։

Խորհրդարանական ընտրութիւններու շեմին Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէ իր ընտրական փլաթֆորմը, իր ընտրական գործակցութիւններուն մասին զեկուցում կու տայ իր ժողովուրդին։ Կը ներկայացնէ իր թեկնածուները եւ մանրամասն կը բացատրէ հայկական անկախ քուէի կարեւորութիւնը։ Վստահելով իր ընտրազանգուածի ուժին, որ պիտի մերժէ հայ համայնքին ներկայացուածութիւնը տրամադրել այնպիսի թեկնածուներու, որոնք կապ չունին համայնքին հետ, հայութեան հետ, որոնք անհաղորդ են լիբանանահայութեան խնդիրներուն եւ իւրայատկութիւններուն։

Կը գիտակցինք, որ լիբանանեան տարբեր տեսակի արհաւիրքներէն ետք լիբանանահայ համայնքը կը դիմագրաւէ զանազան խնդիրներ։ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի առաջնահերթութիւններու շարքին է մեր համայնքին կարիքաւոր խաւի օժանդակութեան լծուած բոլոր բարեսիրական միութիւններուն սատար կանգնիլը։ Այս պատճառով ալ գաղութին մէջ գործող բոլոր հայկական բարեսիրական միութիւններու պատասխանատու մարմիններուն հետ մեր հանդիպումները առիթ ծառայեցին այս առաջադրանքի կատարման։ Լսելով անոնց զեկուցումները եւ հոն երեւցած դժուարութիւնները՝ Կեդրոնական կոմիտէն կþաշխատի այդ դժուարութիւններու յաղթահարման եւ ընկերային ծառայութիւններու ընդարձակման համար իր օժանդակութիւնները բերելու։

Բժշկական, դեղորայքի, հիւանդանոցային կամ սնունդի հետ կապուած խնդիրներ՝ այս բոլորը մնայուն օրակարգի կէտեր են Կեդրոնական կոմիտէին համար։ Նաեւ՝ մեր բոլոր կոմիտէները գրեթէ առօրեայ դրութեամբ կը շարունակեն հասնիլ մեր հայրենակիցներու կարիքներուն: Գիտակից ենք, որ այս խնդիրները ժամանակի ընթացքին պիտի սաստկանան, եւ մենք պարտաւոր ենք լուծումի համար նոր ծրագիրներ մշակել:

Հեռու՝ յուսահատութենէ, մենք կը հաւատանք, որ լիբանանահայութեան ընկերային եւ բարեսիրական կառոյցներու համագործակցութեամբ եւ աշխատանքներու համադրումով մեր ժողովուրդը կարողութիւն ունի յաղթահարելու այս դժուարութիւնները:

Երկրորդ կարեւոր ուղղութիւնը կրթական մարզն է։ Լիբանանահայ վարժարանները ամբողջ սփիւռքի մեր հաւաքական կեանքին համար մարդուժ արտադրող հաստատութիւններ են։ Այդպէս եղած է ժամանակին, այդպէս է այսօր եւս։

Հայ դպրոցը, ապագայ սերունդի կրթութեան եւ ընկերային ապահովութեան երաշխաւորումէն անդին, անոր նուիրական առաքելութիւնն է այդ սերունդի հայեցի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը:

Լիբանանի մէջ գործող ազգային, եկեղեցական, կուսակցական եւ միութենական համասփիւռքեան կառոյցներուն հիմնաքարը հայ դպրոցն է, որ այսօր կը դիմագրաւէ տագնապ։ Աշակերտութեան թիւի, ուսուցչական մարդուժի, արեւմտահայերէնի պահպանման եւ հայեցի դաստիարակութեան հետ կապուած զանազան խնդիրները զուտ կրթական բնոյթ չունին։ Անոնք քաղաքական են նաեւ, եւ մեզմէ կը պահանջեն շատ մօտէն հետեւիլ անոնց։ Քաղաքական են, որովհետեւ մեր համայնքի ուժականութեան հետ կապուած են։ Մեր կառոյցներու տկարացումը տկարացումն է մեր քաղաքական ուժին, հետեւաբար ամբողջ համայնքին։

Այս հիմնաւորումներով էր, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ձեռնարկեց հայկական բոլոր վարժարաններու տնօրէնութիւններուն եւ պատասխանատու կազմերուն հետ առանձին հանդիպումներ՝ իւրաքանչիւրէն լսելու համար իրավիճակի մասին մանրամասն տեղեկութիւններ, բայց մանաւանդ՝ դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ զանոնք դիմակայելու միջոցներու մասին անոնց պատկերացումները։

Լիբանանահայ վարժարանը այսօր կարիքը ունի բոլորիս անվերապահ զօրակցութեան, որպէսզի հայ ուսուցիչը, դպրոցի տնօրէնը, դպրոցը ըլլան ապահով ու կայուն՝ կատարելու համար իրենց առաքելութիւնը:

Պարտաւոր ենք բոլորս՝ իբրեւ կրթական պատասխանատու մարմիններ, յարանուանութիւններու ղեկավար կազմեր եւ կուսակցութիւններ, միասնաբար լուծում բերելու այսօրուան տնտեսական, կրթական, վարչական եւ մարդուժի դժուարութիւններուն։ Եթէ տուժէ հայ դպրոցը, կը տուժէ հայ համայնքը, կը տուժէ ամբողջ սփիւռքը։

Տագնապներն ու դժուարութիւնները կը վերաբերին բոլորիս։ Կեդրոնական կոմիտէն այս հարցերուն շուրջ կանոնաւոր հերթականութեամբ խորհրդակցութիւններ կþունենայ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ տարբեր միութիւններու պատասխանատուներուն հետ։ Մենք պիտի շարունակենք աւանդական ուղեգիծը թէ՛ ներհայկական միասնականութեան եւ թէ՛ լիբանանեան երկխօսութեան ու միջհամայնքային համակեցութեան։

Պայմանները, այո՛, իրաւամբ տագնապալից են։ Պահն է միասնաբար աշխատելու թէ՛ հայրենիքի մէջ կատարուող ծանրագոյն իրադարձութիւններուն դիմաց միասնական կեցուածք ճշդելու, թէ՛ Հայ եկեղեցւոյ դէմ սկսած արշաւը կասեցնելու համար միասնաբար պայքարելու եւ թէ՛ լիբանանահայութեան դիմագրաւած տագնապները համակարգուած ձեւով դիմակայելու։

Պատմութեան զանազան հանգրուաններուն ստեղծուած ճգնաժամերու եւ յուսահատական պայմաններու մէջ Դաշնակցութիւնը յաջողած է ոտքի կանգնիլ եւ իրեն հետ ոտքի հանել ամբողջ ժողովուրդը։

Դաշնակցութիւնը ուժերու համախմբում է։ Իսկ համախմբումը ուժ է։ Ու այդ ուժը անհրաժեշտ է տարբեր տեսակի ճգնաժամեր լուծելու համար։ Այդ ուժի աղբիւրը ժողովուրդն է, հա՛յ ժողովուրդը։

Ուժի այդ դարաւոր աղբիւրը ցամքեցնելու փորձ կը կատարուի այսօր հայրենիքի մէջ։

Հրապարակ նետուած են կեղծ օրակարգեր, որոնք կը խորացնեն հասարակութեան բաժանումը։ Մեր ինքնութեան, պատմութեան եւ արժէքներու խորհրդանիշները կþենթարկուին յարձակումներու։ Արարատը կը ներկայացուի իբրեւ ոչ հայապատկան։ Արարատը, որ համայն հայութեան համար խորհրդանիշ է՝ մեր քրիստոնէական էութեան, ամբողջական հայրենիքին, մեր իւրաքանչիւր բռնագրաւուած տարածքի վերստին ազատագրումին։ Սփիւռքի մէջ անիկա կը խորհրդանշէ անդուլ պայքարի կամք՝ արդարութեան եւ իրաւունքներու վերականգնումի համար։ Անոր գագաթի նուաճումը առաջադրանք է բոլորիս՝ վերականգնելու համար մեր հայրենիքը, մեր բռնագրաւուած պատմական բոլոր իրաւունքները։ Խորհուրդ կը տրուի Արարատը փոխարինել Արագածով։ Այս կեղծ հակադրութիւնը այսօրուան իրական Հայաստանը հակադրելն է պատմական Հայաստանին։

Այս կեղծ օրակարգին հետամուտ ուժերը կþուզեն մոռցնել տալ, որ այսօրուան Իրական Հայաստանը հիմնաքարն է վաղուան կերտելի Հայաստանին, պատմական Հայաստանի վերականգումին։ Մոռնալ հայապատական տարածքները՝ կը նշանակէ արձանագրել երկրորդ յանձնուողականութիւնը Արցախէն ետք։

Գործող իշխանութիւնները սկսած են իրենց ճաշակով մեկնաբանել նաեւ Հայոց պատմութիւնը։ Դարձեալ կեղծ հակասութիւններով Հայոց պատմութիւնը վերածել Հայաստանի պատմութեան։ Հակադրել պետութիւնը ազգ եւ ժողովուրդ հասկացողութիւններուն։ Պետական շահերը զատորոշել ազգային շահերէն։ Ներկայանալ միայն Հայաստանի այսօրուան սահմաններուն մէջ ապրող հայութեան կառավարութիւն՝ անջատելով ամէն կապ հայկական կազմակերպուած սփիւռքին հետ։

Այս քարոզչական եւ քաղաքական բոլոր քայլերով իշխանութիւնները կը պատրաստուին փոխել սահմանադրութիւնը եւ Անկախութեան հռչակագիրի հետ սահմանադրական կապը վերացնել։ Այնտեղ ամրագրուած Արցախի վերամիաւորումը, Ցեղասպանութեան ճանաչման սատար կանգնիլը եւ պատմական արդարութեան վերականգնումը դուրս բերել սահմանադրութենէն՝ այդպիսով հաստատելու համար երկրորդ յանձնուողականութիւնը։

Այս ամբողջ ընթացքը կասեցնելու առիթը յառաջիկայ յունիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններն են։ Ընդդիմադիր ազգային բոլոր ուժերուն համախմբումը կրնայ կասեցնել այս գահավէժ ընթացքը։ Խորհրդարանական ընտրութիւնները առիթ են պետութիւնը վերստին ազգային ուժերուն յանձնելու եւ անկէ ետք ո՛չ ըսելու սահմանադրութեան փոփոխութեան։

Այո՛, Դաշնակցութիւնը առանցքային դեր վերցուցած է պետականութիւնը վերստին ազգայնացնելու այս պայքարին մէջ։

Սփիւռքի համայնքներուն հետ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին իշխանութիւններու ներկայացուցիչը յայտարարեց, որ վերանկախացումէն ետք 30 տարի Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը եղած է տիրական ե՛ւ բոլոր ուժերուն ե՛ւ կուսակցութիւններուն գաղափարախօսութեան մէջ առանցքային։ Ապա՝ յայտարարած, որ այժմ աւարտած է այդ գաղափարախօսութիւնը, եւ հիմա Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնն է, որ պիտի դառնայ առաջնահերթ բոլորին համար։

Ո՛չ կþըսենք այս մօտեցումներուն, վճռական ո՛չ, որովհետեւ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը ազգային գաղափարախօսութիւն է, որ գոյութիւն ունեցած է Հայկ նահապետի օրերէն մինչեւ Աւարայր, մինչեւ Սարդարապատ, մինչեւ Արցախ։

Այդ գաղափարախօսութիւնը ժողովուրդի եւ հայրենիքի պայքարին նուիրուած գաղափարախօսութիւնն է։

Ա՛յն ժողովուրդը, որ կը հաւատայ ամբողջական Հայաստանին։ Այն ժողովուրդը, որ կերտեց մայիսեան հերոսամարտեր։ Այն ժողովուրդը, որ ազատագրեց Արցախը։

Ա՛յն ժողովուրդը, որ վերանկախացուց մեր հայրենիքը։

Ա՛յն ժողովուրդը, որ հաւատարիմ պիտի մնայ Անկախութեան հռչակագիրին։

Ա՛յն ժողովուրդը, որ պիտի հեռացնէ ապազգային իշխանութիւնները։

Ա՛յն ժողովուրդը, որ Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ կը պայքարի վաղուան հզօր հայրենիքին եւ ազգային պետականութեան համար։

Նաեւ, միեւնոյն ժողովուրդին լիբանանահայ հատուածը, որ գիտցաւ բոլորուիլ մեր կառոյցներուն շուրջ, պահելու համար այս համայնքի անվտանգութիւնը, որ միշտ առաջին գիծերուն վրայ գտնուեցաւ Հայ դատի բոլոր տեսակի պայքարներուն, որ հասաւ Արցախի ազատամարտին, եւ համայն սփիւռքին, եւ որ իրաւամբ գրաւեց մեր պահանջատիրական զանազան աշխատանքներուն առաջին դիրքերը։

Ա՛յն լիբանանահայութիւնը, որ վճռած է բարձր պահել պայքարի դրօշը, Դաշնակցութեան դրօշը։

Կեցցէ՛ Դաշնակցութեան կողքին հայրենիքին համար պայքարող եւ յաղթանակներ կերտելու հաւատք ունեցող հայ ժողովուրդը։

12 դեկտեմբեր 2025, Պէյրութ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հորմոզի նեղուցը պատւար ԱՄՆ-Իսրայէլ տան

1. Հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամենէիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնները իրաւամբ վե

15 Հուլիս 2026
Իսրայելի համար հետեւանքները սարսափելի

Հորմուզի նեղուցի մերձակայքում իրականացված օդային հարվածներից հետո Միացյալ Նահա

15 Հուլիս 2026
Հայոց ցեղասպանութեան հարցը Հայաստանի ի

Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան միաձայն ճանաչումը նոր փուլ մ

15 Հուլիս 2026
Եվրոպական խորհրդարանը վերահաստատում է

ՀՅԴ Հայ դատի Եվրոպայի գրասենյակի աջակցությամբ և Եվրոպական խորհրդարանի պատգամավ

15 Հուլիս 2026
Պաքուի Մէջ Հայ Բանտարկեալներու Մասին Հ

Ժողովին ընթացքին խօսք առաւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի որդին

15 Հուլիս 2026
Գիտէ, Բայց Չէ Տեսած

Ամէն հինգշաբթի, կառավարութեան հերթական նիստէն ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ճեպ

15 Հուլիս 2026
Լավ լուր. ԵՄ-ն մտադրությունների հուշագ

Փաստաթղթում նշվում է, որ երկու կողմերը «հետաքրքրություն են հայտնում ուսումնասի

14 Հուլիս 2026
Ակնարկ. Հանրային կարծիքի նոր ճարտարապ

Նախորդ ակնարկում անդրադարձել էինք հանրային կարծիքի ձեւաւորմանը՝ որպէս ժամանակա

14 Հուլիս 2026
Ակնարկ. «Վերջապէս»

Թուրքիոյ նախագահին հրաւէրին ընդառաջումով Լիբանանի վարչապետին Թուրքիա կատարած ա

14 Հուլիս 2026
Միջազգային իրավունք․ երբ արժեքները դառ

Իրենց ժողովրդավար հռչակած պետություններն այսօր խոսում են ժողովրդավարության, մա

13 Հուլիս 2026
Օշականում նշվել է Քրիստոսի Պայծառակեր

Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության Երևանի գրասենյակի նախաձեռնությամ

13 Հուլիս 2026
Ակնարկ. Դեմոկրասիայի անունով՝ յանուն բ

Հասարակական կարծիքի ձեւաւորման մասին խօսելիս նախ պէտք է հասկանալ, թէ ինչի՞ համ

13 Հուլիս 2026
Ցավակցագիր

Խորը վշտով ու ցավով տեղեկացանք. - Մեր սիրելի հայրենակից, ազգային ու հասարակ

12 Հուլիս 2026
ՆԱԹՕ-ի Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Զարգացման Նոր Փու

Քաղաքականութեան կողքին ի յայտ եկած էր նաեւ նիւթական եւ տնտեսական թնճուկը, զոր

10 Հուլիս 2026
ՀՅԴ Բյուրոյի հայտարարությունը

Հունիսի 7-ին Հայաստանում տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրությունները մեր նորօր

09 Հուլիս 2026
Սա քաղաքական պատվերով դատավարություն է

Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դավիթ Իշխանյանի պատգամը Բաքվի բանտից.

09 Հուլիս 2026
Հակառակ Քոնկրեսական Ընդդիմութեան, Թրամ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ ՆԱԹՕի վեհաժողովին մասնակցելու հ

09 Հուլիս 2026
Ակնարկ. Ազատ Նաւարկութեան Քաղաքական Ըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը, թէ Իրանի հետ կնքուած հրադադարի

09 Հուլիս 2026
Միջազգային իրավունքը կորցնում է հեղինա

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ե

08 Հուլիս 2026
Պատնէշել Գահավիժումը

Ներելի՞ էր պատրանք ունենալ, որ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը օրէնքներու ճշգ

08 Հուլիս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company