Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն
17 Սեպտեմբեր 2026
Ակնկալելի էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերուն Դաշնակցութեան դէմ հռետորական համազարկի ուժգնութիւնը ուղղուած ըլլար Պաքուին դէմ, նկատի ունենալով ամբողջ հայկական մշակոյթի մը նենգափոխման դիւանագիտական տարողութիւնը:
Գործող իշխանութիւնները ընդհանրապէս շրջանցեցին Պաքուի կողմէ Շուշիի թէ Գանձասարի մէջ բեմադրած խեղաթիւրումները եւ նախընտրեցին թիրախաւորել Դաշնակցութիւնը:
Ուժգին հակազդեցութիւն կը սպասուէր տակաւին ԹՐԻՓՓ-ի ելքն ու մուտքը Ազրպէյճանի դարպասներով պայմանաւորող պաշտօնական Պաքուի ներկայացուցիչներուն յոխորտանքներուն: Այդ ալ տեղի չունեցաւ եւ խնամքով անուշադրութեան մատնուեցաւ:
Գանձասարի մէջ տեղի ունեցած պատմութեան նենգափոխման բեմադրութիւնները, Ազգային ժողովի նախագահին կողմէ պարզապէս նկատուեցան անպատշաճ խօսքեր, որոնք չեն նպաստեր այսօրուան գործընթացին:
Այս բոլորին փոխարէն վերագրումներու եւ ածականներու տարափ մը Դաշնակցութեան հասցէին, անոր պատմական գործունէութեան, ներկային, «հակաանկախական» ըլլալուն, «աղիտաբեր եւ հակամարտութիւն ծնող» ուժ ըլլալուն, որ «ախտահարած է» հայ քաղաքական միտքը:
Չներքաշուելով անհեթեթ եւ արուեստական վէճերու մէջ, իբրեւ փաստ պէտք է արձանագրել, որ` Արցախը Հայաստան է եւ վերջ, թէ բանակցութիւնները զերօ կէտին պէտք է վերադարձնել, յետոյ ալ Արցախը ընդունիլ իբրեւ Ազրպէյճանի մաս պարզապէս բաժին մըն են հակամարտութեան հրահրման եւ Ազրպէյճանի յարձակումներուն առիթ եւ հիմնաւորում տալու առումով:
Աղիտաբեր քաղաքականութեան արդիւնքներ եթէ կ՛ուզենք նկատել, ապա Արցախի շրջափակում, պատերազմ, սովամահութիւն, ցեղային զտում Արցախի Հանրապետութեան կորուստ, յիշելու համար ամէնէն ցցուն աղէտները, որոնք այսօրուան իշխանութիւններուն օրով իրականացան: Այս օրինակները կը տրուին, որովհետեւ Դաշնակցութեան հասցէին հնչած մեղադրանքները իբրեւ թէ կը հիմնուին առաջին հանրապետութեան ժամանակահատուածին տեղի ունեցածները հանրագումարի բերելով: Անտեսելով Դաշնակցութեան պետականակերտ, հայրենակերտ հանգամանք ունենալու փաստը: Ոչ թէ զերօ բանակցութիւններ այս պարագային, այլ զերոյէն անկախ հայրենիք կերտելու ճակատագրորոշ իրադարձութիւններու հեղինակը:
Հիմա գանք հայ քաղաքական մտքի «ախտահարման» ամբաստանութեան: Այստեղ իշխանութիւնները պէտք է ի վերջոյ դիրքորոշուին: Անոնց մէկ ներկայացուցիչը իր ուժը ժառանգորդ կը նկատէ Քաջազնունիներու, Վրացեաններու եւ Խատիսեաններու գաղափարախօսութեան, անշուշտ հակադրելու համար Դաշնակցութեան երէկն ու այսօրը եւ եզրակացնելու, որ այսօրուանները իբրեւ թէ հեռացած են երէկուաններու գաղափարախօսութենէն: Մինչ, ուրիշ մը «ախտահար» գործօն կը վերագրէ դաշնակցական գաղափարախօսութեան, պատմութեան ամբողջ ընթացքին: Իրար հակասող յայտարարութիւններուն շարժառիթը անշուշտ Դաշնակցութիւնը հարուածելն է, սակայն ինքնահակասումը այստեղ անհեթեթ կը դարձնէ արշաւը:
Դաշնակցութիւնը արմատախիլ ընելու կոչը «ֆունտամենտալ նախապայման կը նկատուի: Հիմնական նախապայմանը հայութեան հետ առնչուած գործընթացները բնականոն հուն վերադարձնելու ազգային պետականութեան վերակերտումն է: Ահա այստեղ , որ Դաշնակցութիւնը «ֆունտամենտալ» դերակատարութիւն ունի:
«Ա.»
«Ազդակ»
